ՀԱՐԿԸ ԿԸ ԼՈՒԾԷ ՕՐԷՆՔԸ

Երկուքի բաժնուած է Հայաստանն այսօր։ Այս տողերը գրողին համար պարզ չէ, տակաւին, թէ ո՛ր տոկոսն է աւելի գերակշռողը հասարակութեան մէջ։ Սակայն յստակ մէկ բան կայ. երկիրը կը գտնուի լուրջ շրջադարձային վիճակի մը մէջ։ Սա պայմանաւորուած չէ միայն Արցախի մէջ պատահածներով, այլեւ՝ Երեւան «հասած» խմորումներով, որոնք անխուսափելի հանգուցալուծումներ պիտի ունենան։ Բաժանումի ակնարկելով անպայման պէտք է հաշուի առնել հասարակութեան այն մեծ շերտերը, որոնք դժգոհ են իրավիճակէն, դժգոհ են Արցախի 45 օր տեւած պատերազմի հետեւանքներէն, սակայն կը նախընտրեն լուռ մնալ։ Պատկերը բաւական մտահոգիչ է եւ նոյնիսկ անհասկնալի, որովհետեւ հող կորսնցուցած եւ այսքան մեծ թիւով զոհեր ունեցած ժողովուրդը շատ ալ չ՚աճապարեր գետնի վրայ փոփոխութիւն մը բերելու փորձով։ Իսկ այն ինչ, որ կը կատարուի փողոցին մէջ, ըստ երեւոյթին, տակաւին հեռու է առկայ վիճակին ընդհանուր բիւրեղացում մը պարգեւելու բոլոր մակարդակի հնարաւորութիւններէն։ Գաղտնիք չէ՝ այսօր Հայաստանի մէջ կայ մեծ խաւ մը, որ կ՚ապրի «շոք»ի մէջ ինկած ըլլալու հոգեբանութեան մը բեռան տակ։ Արդարեւ, տագնապահար են բոլոր անոնք, որոնք սատարած էին Փաշինեանի իշխանութեան գլուխ գալուն։ Աւելի հեռուն երթալով ըսեմ, որ կորսնցուցած են իրենց ընելիքներուն առաջնահերթութիւնները։

2018-ին էր, երբ անոնք հարց չտուին, թէ Փաշինեան պիտի կարողանա՞յ ուժեղ դիրքեր ունելով՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի բանակցութեանց փակուղիին մէջ լոյսի նոր պատուհան մը բանալ... Այս հարցումի հետամուտներուն թիւը մեծ էր հաւանաբար։ Մէկդի նետուեցան այդ հարցումն ու պատուհանը եւ բոլորը փողոց իջան զօրակցելու համար Փաշինեանին, որ «փրկարարի» մը տարազը հագած էր։ Կարճ ժամանակ անց, Փաշինեան եւ իր նեղ շրջանակը մեծ ճիգեր գործադրեցին ու հաւատացուցին, թէ Հայաստանի «Թաւշեայ» յեղափոխութիւնը ունի ամէն հիմք բանակցութիւնները յառաջ տանելու։ Կեղծ վիճակներու ետին պահուըտելով տեղ մը փորձուեցաւ բացատրել, որ Երեւանի փոփոխութենէն գոհ են Պաքուի վարիչները եւ անձնապէս Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ։ Այս տպաւորութեան հաստատման համար անոնք ցուցանիշ դարձուցին Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումներու դրուագները։

Բաց աստի, Փաշինեան աւելի վտանգաւոր խաղ մը բանալով մէջտեղ հանեց (անցեալ օգոստոսին) Սեւրի պայմանագրով Թուրքիայէն պահանջներ ունենալու խնդիրը, ինչ որ, անշուշտ, ո՛չ միայն անհեռատես քայլ մըն էր, այլեւ՝ կը միտէր ստեղծել իրերու այնպիսի դրուածքներ, որոնք միայն ու միայն պիտի ծառայէին «ներքին օրակարգերու» սպառման։

Մնացեալը յայտնի է բոլորիս համար… Տաւուշի մէջ «մինի» պատերազմ, որու պատճառահետեւանքային խնդիրները մնացին բաց օրակարգի մը մէջ ու անկէ ետք անցեալ սեպտեմբերին ահասարսուռ եւ արիւնալի պատերազմ՝ Արցախի բոլոր ճակատներուն վրայ։ Որպէս հետեւանք կնքուած հրադադարի համաձայնութիւնը հայաստանցիներու մեծ տոկոսին համար «սեւ օր կը բերէ»։

Անշուշտ, մինչեւ համաձայնութեան կնքումը իրերու դրուածքները, խաղի ընդհանուր կանոնները եւ ամբողջ դրութիւնը կը գտնուէին Արցախի ճակատներուն վրայ եւ այսօր արդէն աւելի քան պարզ է, որ այդ ամբողջ օրակարգը փոխադրուած է մայրաքաղաք Երեւան իր սեւ ու մոխրագոյն կէտերով։ Այստեղ պէտք է նաեւ շեշտադրել, թէ Հայաստանի ժողովուրդի մեծամասնութեան համար այսօր էական խնդիր է, որ անցեալի իշխանութիւնները դարձեալ քաղաքական թատերաբեմի տէրերը չդառնան՝ հակառակ, որ անոնց մէկէ աւելի վառ դէմքերը յայտարարած են, որ իրենց համար էականը երկրի փրկութիւնն է եւ ո՛չ թէ իշխանական նոր խաղի մը մէջ յայտնուիլը։ 

Այս ընդհանուր պատկերը կը պարզէ Հայաստան։ Կը թուի, թէ այս վիճակին մէջ Փաշինեան, որ օրեր առաջ կը ստանար նաեւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի անուղղակի նեցուկը, պիտի փորձէ պահել իր իշխանութիւնը, եթէ իրեն զօրակցող «շքախումբ»ին մէջ մեծ փլուզումներ չերեւին ու ան կարողանայ ձեւով մը ծայր գտնել եւ մէկ կողմէ ընթացք տալ երկիրը բնականոն հունի մը վերադարձնելու բաւական դժուար առաքելութեան, իսկ միւս կողմէ աշխոյժ կերպով մասնակցիլ Արցախի բանակցութիւններու նոր հունաւորման։

«ՃԱՆԱՊԱՐՀԱՅԻՆ ՔԱՐՏԷՍ»ՆԵՐՈՒ... ՄԵՆԱԽՕՍՈՒԹԻՒ՞Ն

Հանրութեան ընդհանուր անտարբերութեան մթնոլորտին մէջ, նաեւ գլուխը «մոխիրներուն մէջ» պահելու քաղաքականութեամբ Փաշինեան հրապարակեց նոր ճանապարհային քարտէս մը, որով հանրութիւնէն կը խնդրէր իր պաշտօնավարութիւնը «երկարել» մինչեւ 2021 թուականի յունիսը։ Բազմապիսի ու բազմաշերտ հարթութիւններու վրայ մեծ տուայտանքներով գործած Փաշինեան անցեալ փուլին եթէ իր ձախողումներու գլխաւոր պատասխանատուն կը համարէր, կամ պիտի համարէր քորոնաժահրի համավարակը, ապա այսօր իր սեղանին վրայ ունի նաեւ անհաւասար պայմաններով մղուած եւ պարտութեամբ աւարտած պատերազմի ծանր ազդակը։ Այս անգամ, սակայն, անոր ուսերուն վրայ է հազարաւոր զինուորներու արեան գինը, որ ի վերջոյ բոլոր առումներով զինք պիտի տանի ինքնասպառման։ Անհատական վիճակին, առկայ վարկածներուն, արժեչափերուն կամ աներեսութեան մօտեցումներէն անդին կայ խնդիր մը, թէ Փաշինեան պիտի չկարողանայ խօսիլ ու շփուիլ իր ժողովուրդին հետ։ Ճիշդ է, որ այսօր հասարակութեան կարեւոր մէկ հատուածը (նաեւ ու յատկապէս անոնք, որոնք բաւարար ներուժ մը ունին երկիրը ամբողջապէս անդամալուծելու) հեռու են բողոքի հրապարակներէն։ Բայց եւ այնպէս, աւելի քան բացորոշ է, որ նոյն «անտարբերներու փաղանգները» կրնան յանկարծ փողոց իջնել եւ Փաշինեանը նեղ կացութեան մատնել։

Անշուշտ, այդ սպասելի ընդվզման «լարուած ժամացոյց»ին մեկնարկը կապ պիտի ունենայ Հայաստանի ընդհանուր վիճակին ու մանաւանդ Արցախի սպասուած իրադարձութիւններուն հետ։

Այստեղ ամենատխուր փաստերէն մին է, որ քաղաքական ընդհանուր պատկերին վրայ Փաշինեանի «դէմքերը» որոշիչ ոչ մէկ դեր ունին։ Երէկ այդպէս էր եւ այս պատերազմէն ետք ալ նոյնն է դրութիւնը։ Աւելի՛ն, անոնք մեծ սարսափ կ՚ապրին ո՛չ միայն իրենց վրայ եղած պատասխանատուութեան հետեւանքով, այլ նաեւ՝ իրենց գլխաւոր ղեկավարին իշխանութենէն հեռանալու վարկածները մտաբերելով։ 

Այս վիճակին մէջ բացայայտ է, որ քաղաքական անելէ դուրս գալու հետաքրքրական մօտեցում մը ունի Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան։ Հակառակ իր յաճախ ունեցած «վերերկրային» մօտեցումներուն, ան բացայայտօրէն պահանջեց Փաշինեանի կառավարութեան հրաժարականը, նաեւ արտայայտեց արտահերթ ընտրութիւններու անհրաժեշտութիւնը։ Ինչ խօսք, որ մինչեւ հիմա ձեւական (այդ մօտեցումը նաեւ կապուած է նախագահի «սահմանադրական սահմանափակումներ»ով) կեցուածքներով բոլորին քաջ յայտնի Արմէն Սարգսեանի ելոյթը ճամբայ մը բանալու ներուժը չունի։ Ժողովուրդին կողմէ մասամբ դրական արձագանգը կը զարնուի անոր կերպարին ու անընդհատ մէջտեղ կու գայ «մինչեւ հիմա ո՞ւր էիր» տեսակէտը։ «Ողբերգականութեան» մեծագոյն պատկերը ուրուագծուեցաւ, երբ նոյնինքն Սարգսեան յայտարարեց, որ 9 նոյեմբերին մէջտեղ հանուած «սեւ համաձայնութեան» մասին ինք իմացած էր մամուլէն։

«Ճանապարհային քարտէս»ով հարցերը լուծելու նախաձեռնութեան մէջ ներկայ է նաեւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, որու ձայնը լսելի դարձուեցաւ կուսակցութեան Հայաստանի մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանի կողմէ։ Հիմնական առաջադրանքներուն մէջ կային Փաշինեանի հրաժարականը, ժողովուրդի վստահութիւնը վայելող անցումային կառավարութեան մը ստեղծումը ընդհուպ մինչեւ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ։ Դաշնակցութեան կողմէ ներկայացուածը, անշուշտ, նաեւ ընդդիմադիր ուժերու առաջարկն է, որու հանդէպ անտարբեր մօտեցում մը ունին իշխանութիւններ։ Ընդդիմութեան կողմէ առնուած ամէն քայլին անոնք կը պատասխանեն յաւելեալ ճնշումներով, հարցաքննութիւններով, ձերբակալութիւններով եւ այլ զանազան կոպտութիւններով։

Ցարդ բոլոր կողմերը հեռու են ամբողջական բախումէ, բայց եւ այնպէս, յստակ է՝ որ Հայաստանի առկայ քաղաքական լարուածութիւնը կրնայ վերածուիլ ճակատումի մը, գլել-անցնելով ու ոտնակոխ ընելով ներքին համերաշխութեան խաղի բոլոր կանոնները։ Անշուշտ, այդ կանոններն ու անոնց փլուզումը պայմանաւորուած են Արցախի ճակատի մեծ ձախողումով, մարդկային եւ հողային կորուստներով եւ հոգեբանական ծանր ընկճուածութեամբ։

Այս համայնապատկերին վրայ շատ բան կախեալ է անձամբ Նիկոլ Փաշինեանէն, որ կը համարուի այս իրավիճակի գլխաւոր պատասխանատուն եւ այս պատճառով ալ պարտաւոր է ապահովել անցնցում իշխանափոխութիւն մը, որ դրական նոր վիճակի մը պիտի տանի երկիրը։

Թէ ո՞վ պիտի ըլլան Հայաստանի նոր իշխանութիւնները… Այդ մէկը արդէն հիմա էական չէ եւ ինչպէս կ՚ըսուի անհրաժեշտութեամբ պայմանաւորուած դէպքերու պարագային՝ «հարկը կը լուծէ օրէնքը»։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Նոյեմբեր 21, 2020