ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԲԱՐՔԵՐ

ԱՆՀԱՒԱՏԱԼԻ, ԲԱՅՑ ԻՐԱՒ…

Շատ տարիներ առաջ՝ երբ տակաւին կ՚աշակերտէի Հալէպի Կրթասիրաց վարժարանը, «Բուրաստան» անունով աշակերտական պարբերաթերթ մը կը հրատարակուէր ուսուցչական միութեան կողմէ։ Անոր խմբագիրներ էին՝ ի միջի այլոց, Հայկ Պարիկեանն ու իմ ուսուցիչ Յովակիմ Պագգալեանը։

Այդ պարբերաթերթի թիւերէն մէկուն մէջ՝ «Անհաւատալի, բայց իրաւ» խորագրով յօդուած մը կար հետեւեալ բովանդակութեամբ։ Ուրեմն՝ յօդուածագիրը իրենց տան պարտէզը կը մտնէ եւ կը տեսնէ, որ հոն գտնուող ծաղիկներէն մանուշակն ու շուշանը իրարու հետ կը զրուցէին… Սա ըլլալի՞ք բան է։

Խորքին մէջ՝ յօդուածագիրին մայրը Մանուշակն ու մօրաքոյրը՝ Շուշանը, նախաճաշէն ետք սուրճ կը խմէին եւ կը խօսակցէին իրարու հետ։ Եւ ահա «Անհաւատալի, բայց իրաւ» փոխաբերական նշանակութեամբ պատմութիւն մը՝ որ կլանած էր մեզ բոլորս։

Հիմա անցնինք մեր բուն նիւթին։ «Անհաւատալի» այս դէպքը պատահած է Ֆլորիտա նահանգի Մայամի Պիչ քաղաքին մէջ։ Արդարեւ՝ Art Basel անունով ցուցահանդէսի ընթացքին “Comedian” խորագրով հետեւեալ պաստառը (տես նկարը) ծախուած է 120 հազար տոլարի…

Այդ պաստառի հեղինակն է իտալացի արուեստագէտ Մորիզիօ Քաթելան, իսկ գնորդը՝ ֆրանսացի «տխմար» մը։ Նոյն պաստառի երկրորդ օրինակի գնորդը դարձեալ ֆրանսացի «տխմար» մըն է։ Աւելին՝ այս գնումներէն քաջալերուելով՝ պաստառին գինը բարձրացած է 150 հազար տոլարի։

Գնորդները «Տխմար» կոչեցի, որովհետեւ այդ պաստառը կրնայ ոեւէ անձ մը կազմել։ Նպարատունէն գնէ պանան մը եւ զայն փակցնելիքով ամրացուր պաստառին եւ ահա քեզի թանկագին արուեստի կտոր մը։ Ինչո՞ւ այդքան դրամ յատկացնել բանի մը՝ որ դուն շատ դիւրաւ կրնաս կազմել, տանդ հանգստաւէտ պայմաններուն մէջ եւ վերջ։

Հոս պէտք է յիշեմ, որ Art Basel կոչուած ցուցահանդէսը տեղի կ՚ունենայ տարին երեք անգամ՝ Զուիցերիոյ Պազէլ քաղաքին, Միացեալ Նահանգներու Մայամի Պիչ քաղաքին եւ Հոնկ Քոնկի մէջ։ Ուրեմն՝ եթէ ձեզմէ մէկը նմանօրինակ չնաշխարհիկ գաղափար մը ունի, թող պատրաստուի գալ տարի մասնակցելու այդ ցուցահանդէսներէն մէկուն։ Առ այդ՝ յաջողութեան մաղթանքներ, բոլորին։

ՅԻՍՈՒՍԻ ԾՆՆԴԵԱՆ ԱՐՏԱՍՈՎՈՐ ՏԵՍԱՐԱՆԸ…

Հոս սովորութիւն դարձած է, որ դեկտեմբեր ամսուան մէջ, Կաղանդի տեսարաններու կողքին՝ ցուցադրուի նաեւ Յիսուսի ծննդեան տեսարաններ, ըլլայ եկեղեցիներու շրջափակերուն մէջ կամ բնակարաններու յառաջամասերը։

Մինչեւ հոս՝ արտասովոր ոչ մէկ երեւոյթ։ Սակայն եկուր տես, որ Գալիֆորնիոյ Գլերմանթ քաղաքի Methodist եկեղեցին խախտած է այդ բարեբեր սովորութիւնը, քաղաքական բնոյթ տալով անոր։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ, թէ ի՞նչ ըրած է այդ եկեղեցին, որ զայրոյթ պատճառած է կարգ մը եկեղեցասէր մարդոց։

Ծննդեան տեսարանը՝ որ կ՚ընդգրկէ Յովսէփը, Մարիամն ու Յիսուսը, բաժնուած է երեք վանդակներու եւ իւրաքանչիւրին մէջ զետեղուած են անոնք առանձին-առանձին (տես նկարը)։ Ցարդ՝ սովորութիւն էր, որ այդ տեսարանը ընդգրկէր զանոնք միասին։ Բայց ինչո՞ւ այս շեղումը՝ ընդունուած սովորութենէն։

Վերոյիշեալ եկեղեցւոյ հովիւը՝ Քերըն Քլարք Ռեսթին, հետեւեալ ձեւով կ՚արդարացնէ իրենց արտասովոր որոշումը։ Անոնք Յովսէփը, Մարիամն ու Յիսուսը կը ներկայացնեն որպէս բանտարկուած գաղթականներ, ժողովուրդին ուշադրութիւնը դարձնելու Միացեալ Նահանգներու մէջ տիրող՝ անարդարութեան, հանդէպ քաղաքական ապաստան խնդրող գաղթականներուն՝ որոնք ապօրէն կերպով մուտք գործած են երկիրը եւ առ այդ բանտարկուած, զաւակները բաժնելով իրենց ծնողներէն։

Բայց ո՞ւր մնաց երկրին օրէնքը՝ որ պետութիւնը կը բաժնէ եկեղեցիէն, ինչպէս յստակօրէն կ՚ըսէ սահմանադրութիւնը (separation of state and religion)… Եկեղեցին չ՚ուզեր, որ պետութիւնը միջամուխ ըլլայ իրենց գործերուն, սակայն իրենք ալ փոխադարձաբար պէտք չէ միջամուխ ըլլան պետութեան գործերուն, միթէ այնպէս չէ՞! 

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 21, 2019