ԻՆՉՈ՞Ւ ՑԵՂԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻՏՔԻ՛ ԵՒ ՈՉ ՄՈՐԹԻ ԳՈՅՆԻ ՄԱՍԻՆ Է

ՑԵՂԸ ԲՆԱԿԱՆ Է, ՑԵՂԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՈՉ

Առաջին անգամ երբ տղաս հանդիպեցաւ ափրիկեան ծագումով ամերիկացի երեխայի մը, ցնցուեցաւ: «Արեւը չափազանց տաք է հոս: Նայէ՛ այդ տղուն մորթին», ըսաւ ան:

Հինգ տարեկան տղաս ժամեր շարունակ կը խաղար այս տղուն հետ, որուն ան հանդիպեցաւ Փուէրթօ Ռիքոյի լողափին վրայ: Ատիկա տղուս առաջին հանդիպումն էր սեւ մորթ ունեցող մէկու մը: Մենք նոր տեղափոխուած էինք Արժանթին, ուր մարդոց միայն երկու առ հարիւրը մթագոյն մորթ ունի: Ան չէր հասկնար, որ միւս տղան կը տարբերի իր գոյնին պատճառով. տղաս միայն նկատած էր անոր մորթին վրայ արեւու ազդեցութիւնը: Այս դիտարկութիւնը ինծի դաս մը տուաւ: Ցեղը ընկերային հասկացողութիւն է. ատիկա մեր DNA-ին մէկ մասը չէ, մենք ատիկա կը սորվինք մեծնալու ատեն: Մեր միտքը ցեղի անգիտակ է, քանի տակաւին հասարակութիւնը մեզի չի սորվեցներ, որ մորթի բոլոր գոյները հաւասար են:

ՄԵՐ ՄԻՏՔԵՐՈՒ ԳՈՅՆԸ

Երեխաներու միամտութենէն անկախ՝ մեր մորթին գոյնը իսկապէս կ՚որոշէ արեւը: Ես չեմ խօսիր թխանալու մասին: Բնութիւնը իմաստուն է. մարդկային մորթը դարեր շարունակ յարմարած է, քանի որ մեր նախնիները գաղթած են մեր մոլորակին բոլոր կողմերը:

Ուղղակի կապ կայ մորթի գոյնի, տարածութեան եւ կլիմայի միջեւ: Որքան հասարակածին մօտ ըլլայ բնակչութիւն մը, այնքան աւելի թուխ կ՚ըլլայ անոր մորթը: Մարմինը կը ստեղծէ վահան՝ ինքզինք արեւու անդրմանիշակագոյն ճառագայթներէն պաշտպանելու համար: Այն վայրերուն մէջ, ուր ձմեռները աւելի խիստ են, իսկ արեւոտ օրերը սահմանափակ են, ինչպէս՝ Շիքակոյի մէջ, աւելի սպիտակ մորթը կ՚օգնէ աւելի շատ «Տէ» կենսանիւթ արտադրել:

Ժամանակակից ծինային (genetic) ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, որ բոլոր մարդիկ սերտօրէն կապուած են: Մենք բոլորս ունինք ծիներու նոյն հաւաքածոն, բայց՝ ատոնցմէ քանի մը հատին քիչ մը տարբեր վարկածները: Գիտութիւնը ապացուցեց, որ մորթի տարբեր տեսակները հետեւանք են այն բանին, թէ ինչպէ՛ս մեր նախնիները գործ ունեցած են արեւահարութեան հետ: Այդուհանդերձ, երբ մենք կը մտածենք ցեղի մասին, առաջինը, որ կու գայ մեր միտքը, մորթի գոյնն է: Եւ, ինչ որ նոյնիսկ աւելի վատ է, բոլորը հաւասար չեն. սպիտակ մորթը կարծես աւելի յատուկ է, քան մնացեալը: Այս նուիրապետութիւնը արհեստական է: Մէկը գիտութիւնը սխալ ըմբռնած է, եւ շատեր ատիկա դիւրաւ իբրեւ ճիշդ ընդունած են: Ատիկա օգնած է պատերազմ սկսելու:

Տքթ. Սամուէլ Մորթոն ուսումնասիրելով տարբեր ցեղային խումբերու գանկեր՝ սխալմամբ եզրակացուց, թէ որոշ ցեղեր կը գերազանցէին միւսները: 1820-30-ական թուականներուն Ֆիլատելֆիայէն այս բժիշկը հաւաքեց եւ չափեց մարդկային հարիւրաւոր գանկեր՝ հաստատելու, որ ցեղերու միջեւ կան տարբերութիւններ, մասնաւորապէս՝ ուղեղի չափի տարբերութիւն:

Մորթոն եւրոպացիներուն յատկացուց ուղեղի ամենէն բարձր կարողութիւնը. բոլորէն ամենէն բարձրը՝ անգլիացիներուն: Երկրորդը չինացիներն էին, երրորդը՝ հարաւ-արեւելեան ասիացիները, չորրորդը՝ ամերիկացի հնդիկները: Ուղեղի ամենէն փոքր կարողութիւնը բաժին կ՚իյնար ափրիկեցիներուն եւ Աւստրալիոյ բնիկներուն: Ամերիկեան քաղաքացիական պատերազմէն տասնամեակներ առաջ Մորթոնի գաղափարները օգտագործուած են ստրկութիւնը արդարացնելու համար:

Ժամանակակից գիտութիւնը կը հերքէ այն առասպելը, որ որոշ ցեղեր աւելի շնորհալի ուղեղ ունին, քան միւսները: Այդուհանդերձ, շատեր տակաւին այդ նախկին համոզումը իբրեւ ճշմարտութիւն կ՚ընդունին: Մեր հասարակութիւնը այս պատճառով տակաւին բարձր գին կը վճարէ:

ՄԷԿ ԳՈՅՆԸ ԲՈԼՈՐԻՆ ՉԻ ՀԱՄԱՊԱՏԱՍԽԱՆԵՐ

Ցեղապաշտութեան զանազան դրսեւորումներ կան: Ատոնք հասկնալը կ՚օգնէ ձեզի՝ հասկնալու, թէ ինչ այլ միտքեր կան, երբ խօսքը կը վերաբերի ձեր մորթի գոյնին:

Ներքինացուած ցեղապաշտութիւնը (Internalized racism) կը վերաբերի ճնշուած խումբերու շրջանակին մէջ ինքզինք ատելու զգացողութիւններուն: Անոնց յատկութիւնները արժեզրկուած են արեւմտեան հասարակութիւններուն մէջ:

ԽՏՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՄՈՐԹԻ ԳՈՅՆԻՆ ՀԻՄԱՆ ՎՐԱՅ

(Colorism) . աւելի մթագոյն մորթ ունեցող խումբերը աւելի վատ վերաբերմունքի կ՚ենթարկուին սպիտակամորթներու կամ նոյնիսկ իրենց սեփական ցեղի անդամներու կողմէ:

Նուրբ ցեղապաշտութիւնը կը նկարագրուի իբրեւ անձնաւորութիւն, որ լռելեայն ցեղապաշտական կամ այլ բացասական վերաբերմունք ունի այլ խումբի նկատմամբ: Միշտ չէ, որ անիկա կը պարունակէ մեծամիտ արարքներ, եւ նոյնպէս կը ներառէ ամէնօրեայ վարք, ինչպիսիք են՝ անտեսելը, ծաղրելը կամ մարդոց հանդէպ աւելի նուազ արժանի յարգանք դրսեւորելը անոնց ցեղին պատճառով:

Բոլորովին վերջերս հակադիր ցեղապաշտութիւնը նոյնպէս գրաւեց լրատու միջոցներու ուշադրութիւնը: Սպիտակամորթները, որոնք պատմականօրէն առանձնաշնորհեալ էին, լուսանցքայնացած կը զգան, երբ հասարակութիւնը կը փորձէ փոքրամասնութիւններու խումբերուն դաշտը հարթեցնել: Այդուհանդերձ, բազմաթիւ հասարակական գործիչներ համաձայն չեն այս գաղափարին:

Մորթի գոյնին հիման վրայ խտրականութիւնը (Shadism and colorism) երկու երեւոյթներ են, որոնք նոյնպէս ծաղկած են ընկերային ճնշման պատճառով: Մարդիկ վստահ չեն իրենց տեսակէտներուն եւ կ՚ուզեն որդեգրել ընկերային գաղափարներ: Ֆէյսպուքի վրայ մորթի սպիտակեցման ծրագիրին (app) նման, որ «Վազելին»ը գործարկած է Հնդկաստանի մէջ, թոյլ կու տայ գործածողներուն սպիտակեցնել իրենց Ֆէյսպուքի փրոֆիլի նկարները:

ԱՆՀԱՆԴՈՒՐԺՈՂԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՐՈՒԵՍՏԸ

Մենք կը դժուարանանք հասկնալ եւ ընդունիլ անոնք, որոնք տարբեր են, կամ՝այն բանին պատճառով, թէ ինչպէ՛ս անոնք կը նային կամ կը մտածեն: Անհանդուրժողականութիւնը բնական է, անյայտը մերժելը ինքնամեքենականութեան մէկ մասն է: Այդուհանդերձ, նկատի առնելով կրթութեան եւ տեղեկատուութեան անսահման մատչելիութիւնը, դժուար է հաւատալ, որ ցեղապաշտութիւնը կը շարունակէ մնալ այդքան տիրական: Անընդունելի է, որ 21-րդ դարուն մէջ առաջնորդները կը շարունակեն խուսանաւումի ենթարկել մարդիկը՝ վերածելով ցեղապաշտական խումբ մը հասարակաց թշնամիի. անոնք անհանդուրժողականութիւնը արուեստի վերածած են:

Սան Ֆրանսիսքոյի Պետական համալսարանի դասախօսական կազմին կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց կու տայ ենթագիտակցական կողմնակալութեան փաստը, ուր կրթուած սեւամորթները կը յիշուին իբրեւ աւելի նուազ թուխ մորթ ունեցողներ: Արդիւնքները նոյնպէս կը հաստատեն, որ յաջող սեւամորթները կը նկատուին իբրեւ բացառութիւն իրենց ցեղէն:

Բնազդական կողմնակալութիւնը, որ նոյնպէս կը կոչուի (Անգիտակից կողմնակալութիւն), կը ներառէ ուրիշներու վերաբերեալ մեր դիրքորոշումը: Ատիկա զտիչ մըն է, որ կ՚ամփոփէ մեր եզրակացութիւնները՝ այլ խումբերու կամ ցեղերու վերաբերեալ:

Վեց տարեկանին մենք կը սկսինք անգիտակցական առնչութիւններ ընել: Թէեւ գիտնականները ցեղային կողմնակալութիւնը կը կապեն ուղեղին մէջ աշխուժացման այն տարրին, որ մեր վախերուն կը հակազդէ, կարծրատիպային պատկերները առաւել ուշագրաւ ազդեցութիւն կ՚ունենան շարժապատկերները, թերթերը, նորութիւնները, քանի մը հատը նշելու համար, մեր միտքը կը սնուցանեն աղաւաղուած խորհրդանիշներով, որոնք կը ձեւաւորեն ցեղի մեր բնորոշումը:

ԳՈՒՆԱԿՈՒՐՑԱԾ, ՈՉ ԹԷ ԳՈՒՆԱԿՈՅՐ (COLOR BLIND)

«Այն, որ չենք գիտեր, չենք գիտեր»ը մեզ դժբախտութեան կ՚ենթարկէ:

Ձեր կողմնակալութիւնները ձեզի համար ակներեւ չեն: Այդուհանդերձ, ձեր կոյր կէտերը միշտ տեսանելի են ուրիշներուն համար: Տեղեակ ըլլալը կարեւոր է, բայց բաւարար չէ:

Սթարպաքսի դէպքը շատ լաւ օրինակ է: Շիքակոյի դատական ատեանը կ՚ըսէ, որ իրադարձութիւնը ոչ թէ «Անգիտակից կողմնակալութեան» մասին էր, այլ՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ ցեղապաշտական վարքի: Այնպէս չէր, որ աշխատաւորները տեղեակ չէին իրենց կողմնակալութեան մասին. անոնք գործեցին ատոր հիմամբ:

Վերջին տասնամեակներու ընթացքին բացայայտ կողմնակալութեան միջոցառումները նուազած են: Օրինակ՝ խառն ամուսնութիւնները: Հարցախոյզի մը մասնակցողներուն միայն 11 առ հարիւրը ըսած է, որ ատիկա չ՚ընդունիր: Այդուհանդերձ, մարդիկ, հակառակ իրենց ըսածին, այնքան հանդուրժող եւ բաց մտածող չեն: Ամերիկացիները ուշադիր կ՚ըլլան, որ ընկալուին իբրեւ ոչ նախապաշարեալ:

Վերջերս Սթարպաքսը յայտարարեց, որ պիտի փակէ իր խանութները՝ իր բոլոր աշխատաւորներու վերապատրաստման համար, որ կը կոչուի «Ցեղապաշտական կողմնակալութեան կրթութիւն»:

Ըստ վերջին ուսումնասիրութիւններուն, քիչ ապացոյցներ կան, որ անգիտակից կողմնակալութիւնը փոփոխութեան ենթարկելը կ՚առաջնորդէ վարքի փոփոխութեան: Գիտակցիլը, որ շատակեր էք, ձեզի չի ստիպեր դադարեցնել ուտելը՝ ճաշի ժամերու միջեւ:

Ամենէն վատը այն է, որ ամբողջ պատասխանատը-ւութիւնը անգիտակցական կողմնակալութեան վրայ դնելը կը ջնջէ անձնական պատասխանատուութիւնը: Մարդիկ կրնան ենթադրել, որ իրենց մեղքը չէ, եթէ կուրցած են ուրիշի մորթին գոյնէն. ատոր համար պէտք է մեղադրուի անգիտակից կողմնակալութիւնը:

Հաւասարութեան գաղափարը նոյնպէս չ՚օգներ: Նախընտրելի է խումբին ներառելը, ընդունիլը: Հաւասարութիւնը գունակոյր ըլլալու մասին է. բոլորս նոյնն ենք: Խնդիրն այն է, որ մեր տարբերութիւնները նշելու փոխարէն՝ մենք կը զգանք, որ մենք կը փորձենք ատոնք ջնջել: Մենք բոլորս եզակի ենք, ոչ՝ իւրայատուկ: Տարբեր ըլլալը պէտք է մեզի ստիպէ հպարտանալ, ոչ թէ՝ ամչնալ:

Մենք պէտք է յաղթահարենք մեր կոյր անհանդուրժողականութիւնը, որպէսզի կոյր չըլլանք մեր տարբերութիւններուն: Մտածողութեան բազմազանութիւնը հասարակութիւնը կը դարձնէ աւելի հետաքրքրական, բազմակարծիք եւ բարգաւաճ: Մենք պէտք չէ ստիպենք մարդոց մեզի նմանիլ, այլ՝ ընդունելու իրենց եզակիութիւնը:

ՄԻ՛ ՄՈՌՆԱՔ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԿՈՂՄՆԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Նախապաշարուած ըլլալը ընկերային կեանքին մէջ անընդունելի է, այդ իսկ պատճառով մարդիկ կ՚ըսեն, որ իրենք այդպէս չեն: Դուք թերեւս տեղեակ չէք, որ ձեր կողմնակալութիւնը ինչպէս կ՚ազդէ ձեր վարքին lշար. Գ. էջէն

վրայ, բայց ատիկա հսկայական ազդեցութիւն կ՚ունենայ աշխատավայրին եւ ձեր առօրեայ կեանքին մէջ:

ՄԵՆՔ ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՆՔ, ՈՐ ՄԵՐ ԱՊՐԵԼՈՒ ՁԵՒԻՆ ՆՄԱՆ ՊԷՏՔ Է ԱՊՐԻՆ ԲՈԼՈՐԸ

Մշակութային կողմնակալութիւն. մեր մշակոյթի անհատական նախասիրութիւններու հիման վրայ այլ մշակոյթներ կամ խումբեր դատելը նոյնպէս թիւրիմացութիւն կը յառաջացնէ: Ատիկա կը սահմանափակէ այլ կերպ ապրող մարդոցմէ սորվելու ձեր ունակութիւնը:

Ethnocentrism-ը այն գաղափարն է, որ մարդու ազգային, սեփական մշակոյթը եւ ապրումները չափանիշ են: Մենք կը հաւատանք, որ մեր խումբը ամէն բանի կեդրոնն է: Այս հաւատքը հիմնուած է անհատին գերակայութեան զգացողութեան վրայ: Օրինակ՝ կրօնակեդրոն կառոյցները, որոնք կը յաւակնին աստուածային առընչութիւն, ինչպիսիք են ՝ «Աստուծոյ ընտրեալ մարդիկ» կամ «Աստուծոյ խոստացած երկիր»:

Մենք կողմնակալութիւններ ունինք, հիմա ի՞նչ:

Արժէքները դժուար է փոխել. ուրեմն, այսպէսով, ինչպէ՞ս կրնանք փոխել կեցուածքը՝ առանց մարդոցմէ խնդրելու փոխել իրենց արժէքները: Ընկերային չափանիշները կ՚ազդեն մարդոց վրայ, բայց չեն փոխեր իրենց մտածողութիւնը: 1960-ականներէն ի վեր քաղաքացիական իրաւունքի մասին օրէնսդրութիւնը ցեղապաշտութիւնը աւելի նուրբ դարձուց, ոչ միայն այն պատճառով, որ անբարոյականութիւն է, այլեւ ապօրինի դարձաւ խտրական ըլլալը: Սովորութիւն մը արմատացած է գիտակից կամ անգիտակից ձեւով մեր վարուելակերպին մէջ: Ատիկա կախուած է արտաքին եւ ներքին գործօններէ: Նախապաշարուած սովորութեան արդիւնաւէտ կանխարգիլումը կը պահանջէ անդրադառնալ անձնական եւ ընկերային ըմբռնումի:

Կ՚առաջարկուի հինգ ռազմավարութիւն.

- Կարծրատիպի փոխարինում.

Եկէք՝ ըսենք, որ կը հանդիպիք հարաւ-ամերիկացիի մը, եւ ձեր անմիջական արձագանգը՝ այդ անձը կրնայ ապօրինի բնակիչ ըլլալ: Ի՞նչ ընել: Նախ ճանչցէք ձեր ինքնագործ արձագանգը: Դուք ձեզ դատելու փոխարէն՝ գիտակցեցէք, որ այդ արձագանգը կարծրատիպէ կ՚առաջնորդուի: Երկրորդ՝ միտքը նշեցէք իբրեւ «կարծրատիպային»: Երրորդ՝ մտածեցէք, թէ ի՛նչ բան կը յարուցէ ձեր պատասխանը: Այս հոլովոյթը կոչուած է ետ մղելու ձեր ինքնագործ արձագանգը եւ մարտահրաւէր նետելու ձեր գլխուն մէջ գոյութիւն ունեցող կարծրատիպերուն:

- Հակակարծրատիպային պատկերացում

Կոշտ գաղափարներ եւ պատկերներ, որոնք դուք ունիք ձեր միտքին մէջ մարդոց մասին: Ասիկա կարծրատիպ է: Այս պատկերները յաղթահարելու համար փնտռեցէք օրինակներ, որոնք կը քանդեն այդ կարծրատիպը: Ինչպէս նախապէս նշուեցաւ, գիտութիւնը սխալմամբ որոշեց, որ ափրիկեան ծագումով ամերիկացիները աւելի նուազ խելացի են, քան սպիտակամորթները: Լա՛ւ, մտածեցէք լաւ կրթուած եւ յաջող օրինակներու մասին: Պարաք Օպաման եւ Օփրան հզօր դրսեւորումներ են այն մասին, որ սեւ ըլլալը չի զիջիր ցեղին, ինչպէս ոմանք հակառակը կը մտածեն:

- Անհատաւորում

Նախապաշարումները հիմնուած են այն բանին վրայ, որ իւրաքանչիւր անձ, որ խումբի մը մաս կը կազմէ, կը վարուի ըստ կարծրատիպային կեցուածքի: Մենք կը գնահատենք մարդիկը այն ցեղին կամ խումբին համար, որ անոնք կը պատկանին, ոչ թէ անոր համար, որ ով են: Անհատաւորումը կը վերաբերի իւրաքանչիւր անձ գնահատելուն, թէ որոնք են անոնք: Իւրաքանչիւրը գնահատել անձնական հմտութիւններու, արժանիքներու եւ վարքի հիման վրայ. ոչ թէ՝ խմբային յատկանիշներու ոսպնեակներու միջոցով:

- Հեռանկարային մօտեցում

Նախապաշարումը հիմնուած է թիւրիմացութիւններու վրայ, բայց նոյնպէս՝ մեր մշակութային նախասիրութիւններու միջոցով ուրիշները տեսնելուն վրայ: Հեռանկարային մօտեցումը համակրական հասկացողութեան արարք, կարեկցանք մըն է. դուք ձեզ ուրիշին տեղը դրէք: Մտածեցէք իբրեւ մարդաբան: Դիտարկեցէք՝ առանց դատելու: Երբ դուք ձեզ կ՚երեւակայէք կարծրատիպային խումբի անդամ, դուք մօտիկ կը զգաք այդ խումբին:

- Ուղղակի կապի կարելիութիւններու յաւելում

Մարդաբաններու մտածելակերպը նոյնպէս կը գործէ հոս: Հաղորդակցեցէք, կապեր հաստատեցէք ցեղային այլ խումբերու մարդոց հետ: Միացէք անոնց տօնակատարութիւններուն կամ ընկերային ձեռնարկներուն: Ըմբռնեցէք ձեր տեսածը՝ առանց եզրակացութիւններու շտապելու: Կեդրոնացէք այն մասին, թէ ինչն է եզակի իրենց փորձին մէջ: Նախ ապրեցէք ատիկա: Կեդրոնացէք իրենց մշակոյթի նոր երեւոյթները սորվելու վրայ, խուսափեցէք ձեզի անծանօթ կամ ձեր «չափանիշներուն հակառակ» եղած նորութիւնները հերքելէ:

Ասիկա կրնայ ծանր ըլլալ. այլ կենսակերպի յարմարիլը միշտ այդպէս է: Վերածեցէք ատիկա սորվելու փորձի: Ոչ միայն ուրիշներուն մասին, այլեւ՝ ձեր սեփական նախապաշարումները վիճարկելու համար: Սորվեցէք ըլլալ աւելի ընդունող եւ բաց մտածող: Այդ ջանքը կ՚արժէ: Շատ աւելի լաւ է ճանչնալ, որ մէկը սխալ է, քան՝ շարունակել թոյլ տալ, որ ցեղային խտրականութիւնը առաջնորդէ ձեր կեանքը:

ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

Իմ տղաս ճիշդ կ՚ըսէր՝ մեր մորթին գոյնը արեւուն պատճառով է:

Երբ կը հասկնաս, որ մորթի գոյնը այլ բանի հետ կապ չունի, աւելի դիւրին կ՚ըլլայ անդրադառնալ, որ աշխարհը չի դառնար քու շուրջդ:

Գունակոյր (color blind) ըլլալը սխալ է, ո՛չ ցանկալի է, ո՛չ ալ կարելի: Մենք պէտք է գիտակցինք եւ ընդունինք տարբերութիւնները: Եկէք՝ նշենք իւրաքանչիւրին իւրայատկութիւնը եւ նպաստենք այնպիսի մշակոյթին, ուր մտածողութեան (եւ տեսքի) բազմազանութիւնը աւելի կը գնահատուի, քան կը գրաքննուի:

Բաց խօսակցութիւններ ունենալը կ՚օգնէ: Կողմնորոշումներ ունենալը բնական է, ինչպէս՝ ձեր մորթին գոյնը: Այդուհանդերձ, մորթի գոյներով կուրանալը ընկերային եւ արհեստական բան է: Ժամանակակից գիտութիւնը խարխլած է ցեղապաշտ կարծրատիպերը:

Մեր մորթին գոյնը շատ բան կ՚ըսէ մեր միտքին մասին: Ես ընտրեմ իմս բաց պահել: Ուղեղը ճկուն մկան է, թոյլ մի՛ տաք, որ կարծրատիպերը կարծրացնեն ձեր միտքերը:

ԿԻՒՍԹԱՒՕ ՌԱԶԵԹԹԻ, «ԼԻՊԵՐԷՅՇԸՆԻՍԹ»

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 21, 2019