ՄԵԾ ՊԱՀՔ (Բ.)

Մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ Հայրերը Մեծ պահքի իւրաքանչիւր Կիրակին յատուկ անունով մը կոչած են, որոնց միջոցով հաւատացեալներուն առիթ տուած են մտածելու, ուսումնասիրելու եւ ինքնաքննութիւն կատարելու հոգեւոր առումով, որպէսզի Մեծ պահքի ճանապարհորդութեան իւրաքանչիւր հանգրուանը ճիշդ ճանապարհով անցնինք, յաղթահարելով ամէն տեսակի դժուարութիւն, փորձութիւն եւ չարին կողմէ իրագործուած իւրաքանչիւր յարձակում՝ երեւելի կամ աներեւոյթ:

Այսպէսով, մեր Եկեղեցւոյ Հայրերը այս կերպ կոչած են Մեծ պահքի իւրաքանչիւր Կիրակին:

Արտաքսման Կիրակի:

Անառակի Կիրակի:

Տնտեսի Կիրակի:

Դատաւորի Կիրակի:

Գալստեան Կիրակի:

Այս գրութեամբ պիտի անդրադառնամ առաջին երկու կիրակիներուն՝ Արտաքսման եւ Անառակին:

Սկսինք «Արտաքսման Կիրակի»ով: Անունը որոշակի կերպով կը բացայայտէ անուանումին իմաստը: Արտաքսել, այսինքն՝ վռնտել, տեղէ մը դուրս դնել:

Արտաքսման Կիրակիի Աստուածաշնչական աղբիւրը Ծննդոց գիրքի երրորդ գլուխին մէջ արձանագրուած հետեւեալ տողերն են. «Եւ Տէր Աստուած ըսաւ. «Ահա Ադամ մեզմէ մէկուն պէս եղաւ՝ բարին ու չարը գիտնալով եւ հիմա պիտի չթոյլատրեմ որ ձեռքը երկնցնէ ու կենաց ծառէն ալ առնէ եւ ուտէ եւ յաւիտեան ապրի»։ Ուստի Տէր Աստուած Եդեմի պարտէզէն դուրս ըրաւ զանիկա, որպէսզի երկիրը մշակէ, ուրկէ առնուեցաւ։ Այսպէս վռնտեց Ադամը ու Եդեմի պարտէզին արեւելեան կողմէն քերովբէներ ու ամէն կողմ դարձող բոցեղէն սուրը դրաւ, կենաց ծառին ճամբան պահելու համար» (Ծն 3.22-24)։

Այս տողերէն արդէն յստակ կը դառնայ անուանման դրդապատճառը, որն էր Ադամին ու Եւային դրախտէն արտաքսումը, ընդ որում ամբողջ մարդկութեան Աստուծոյ ներկայութենէն զրկուելու փաստը։ Ադամն ու Եւան մինչեւ արգիլուած ծառէն ճաշակելը, Աստուծոյ ներկայութեան մէջ կ՚ապրէին երանական վիճակով, սակայն, հետաքրքրասիրութիւնը, որ չարը մտցուց Եւայի մէջ, պատճառ դարձաւ կորսնցնելու եւ զրկուելու Աստուծոյ ներկայութենէն եւ այդ երանական վիճակէն։ Մենք եւս, Ադամի ու Եւայի ժառանգորդները ըլլալով, միշտ ենթակայ ենք Աստուծոյ ներկայութենէն հեռանալու եւ զրկուելու Անոր շնորհած երանութենէն: Աստուած մարդը չի՛ վռնտեր, Աստուած մարդը չի՛ հեռացներ, այլ՝ մարդն է, որ իր ազատ կամքով, իր մտածելու ինքնիշխանութեամբ, իր գործած արարքներուն պատճառով կը հեռանայ Աստուծմէ եւ կը զրկուի Անոր ներկայութենէն:

Կ՚ապրինք այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, որ մոռցած է ու իրմէ հեռացուցած է ամէն տեսակի սկզբունք, արժէք ու բարոյականութիւն։ Նիւթը դարձած է բոլորին տէրն ու տիրականը եւ բոլորը ստրկացուցած է։ Անդին, յայտնի թէ անյայտ կազմակերպութիւններ, ամէն ջանք կը թափեն մարդիկը դատարկելու ամէն տեսակի արժէքէ, սկզբունքէ ու բարոյականութենէ եւ զայն վերածելու ուղղակի շարժող կենդանիի մը՝ առանց տրամաբանութեան։ Այլ խօսքով, այսօր մարդիկ իրե՛նք են, որ իրենք զիրենք արտաքսած են Աստուծոյ ներկայութենէն. մոռցած են Աստուծոյ իրենց պարգեւած շնորհները. մոռցած են, որ մօտաւորապէս աւելի քան երկու հազար տարի առաջ, Ամենաբարին Աստուած նոյնիսկ իր Միածինը աշխարհ ղրկեց, փրկելու համար մեզ՝ մարդկութիւնը եւ վերստին վերադարձնելու Աստուծոյ որդեգրութեան՝ Աստուծոյ ներկայութեամբ ապրելու եւ գոյատեւելու։ Այս բոլորը մոռցած, մարդը դարձած է անզգայ, եւ հետեւաբար ոչինչով տարբերուող միւս կենդանի էակներէն, որոնք բնազդով կ՚ապրին։

Կ՚ուզե՞նք Աստուծոյ մօտ մնալ եւ վայելել Անոր ներկայութիւնը: Եթէ այո, հետեւաբար Մեծ պահոց այս ժամանակաշրջանը հրաշալի առիթ մըն է սկիզբ դնելու այդ երանական վիճակը ձեռք բերելու։ Առիթ մը, որ կը սկսի Մեծ պահքի այս շրջանին եւ կ՚երկարի ամբողջ մարդ արարածին ապրած օրերու ընթացքին, որովհետեւ անգամ մը, որ մարդ զգայ Տիրոջ ներկայութիւնը, համտեսէ Անոր քաղցրութիւնը, դժուար կ՚ըլլայ ատկէ ետք հրաժարիլ այդ անգտանելի եւ անգին հարստութենէն:

Արդարեւ, Արտաքսման Կիրակիին խորհուրդը այն է, որ մարդ վերյիշելով իր նախնիներուն ապրած արտաքսումը Աստուծոյ ներկայութենէն, ամէն ջանք թափէ, որպէսզի ինք եւս այդ վիճակին չհասնի, այսինքն՝ չարտաքսուի Աստուծոյ ներկայութենէն, այլ՝ մնալով Աստուծոյ ներկայութեան մէջ, աճի հոգեւորապէս՝ կարենալ յաղթահարելու համար երեւելի եւ աներեւոթ թշնամիներէն եկած բոլոր յարձակումները:

Անցնինք Անառակի Կիրակիին:

Մեծ պահքի երրորդ Կիրակին «Անառակի Կիրակի» կը կոչուի։ Ղուկաս Աւետարանին 15.11-32-ին մէջ, արձանագրուած է մեր Փրկիչին պատմած՝ «Անառակ որդիին առակը», ուր կը նկարագրուի, թէ հայր մը երկու զաւակ ունէր. զաւակներէն փոքրը իր ժառանգութեան բաժինը խնդրելով հօրմէն, կ՚առնէ ու կը հեռանայ հայրենի տունէն եւ օտարութեան մէջ կը մսխէ իր ունեցուածքը։ Երբ դժուարութիւններու կը հանդիպի օտարութեան մէջ, կը մտածէ, թէ ինչպէս իր հօր տան ծառաներն անգամ կ՚օգտուէին իր հօր բարիքներէն, ու կը մտածէ վերադառնալ։ Երբ կը վերադառնայ, հայրը հեռուէն տեսնելով զինք, վազելով կ՚երթայ ու կը դիմաւորէ, եւ զաւակին խնդրանքին թէ զինք իր գործաւորներէն մէկը ընէ, հայրը իր ծառաներուն կը հրամայէ որ պատուեն զինք ու նախկին փառքին վերադարձնեն։ Մեծ եղբայրը իմանալով այս մէկը կը սրտնեղի, սակայն հայրը մխիթարելով զինք կ՚ըսէ, թէ իմ ամբողջ ունեցուածքս քուկդ է, մինչ «այդ եղբայրդ մեռած էր՝ ողջնցաւ, կորսուած էր՝ գտնուեցաւ» (Ղկ 15.32)։

«Անառակ որդի»ի առակէն կարելի է բազմաթիւ հոգեւոր եւ բարոյական դասեր քաղել: Այստեղ քանի մը կէտեր կ՚առանձնացնենք:

ա) Շատ յաճախ ապաւինելով աշխարհիկ մեր ունեցած հարստութեան, կը լքենք մեր Ճշմարիտ Հարստութիւնը եւ կը հեռանանք Անկէ, կարծելով, թէ առանց Անոր կրնանք գոյատեւել, առանց Անոր կրնանք բարօր կեանք ապրիլ. սակայն, չարաչար կը սխալինք, որովհետեւ առանց Ամենաբարի Աստուծոյ շնորհքին ու ողորմութեան, այս աշխարհին մէջ մեր ձեռք բերած իւրաքանչիւր յաջողութիւն եւ դիզած հարստութիւն, պարզապէս խաբկանք է եւ ոչ աւելին, հետեւաբար պէտք է մեր անձերը խոնարհեցնենք Աստուծոյ դիմաց, որպէսզի Ան մեզ բարձրացնէ եւ ուժ ու կամք տայ յաղթահարելու ամէն տեսակի դժուարութիւն ու փորձութիւն։

բ) Մեզմէ շատեր կը մտածեն, թէ որովհետեւ Աստուած ողորմած է, միշտ պատրաստ է ընդունելու մեզ: Այս իրողութիւնը կը հիմնաւորենք առակին մէջ նշուած հօր սիրալիր ընդունելութեան իր անառակ որդիին։ Այո՛, Աստուած ողորմած է ու գորովագութ, բայց Աստուած մարմնաւոր էութիւն մը չէ, որուն հետ կրնանք սակարկել։ Աստուած ամէն ինչի Արարողն ու Արարիչն է, եւ որպէս այդպիսին մենք պարտաւոր ենք պաշտել ու սիրել զԻնք։ Եթէ մէկ անգամ սխալինք եւ իյնանք ու անդրադառնալով վերստին կանգնինք, մեր աղօթական կեանքը առաւել աճեցնենք եւ խնդրենք Ամենակալէն, որպէսզի մեր հաւատքը զօրացնէ, վերստին չսայթաքելու համար, եւ ոչ թէ անտարբերութեամբ եւ թեթեւութեամբ վերաբերինք մեր սայթաքումներուն հետ։ Եթէ անտարբերութեամբ ու թեթեւութեամբ վերաբերինք մեր սայթաքումներուն հետ, ժամանակի ընթացքին անոնք սայթաքում ըլլալէ կը դադրին եւ կը վերածուին՝ սովորութիւններու, որոնցմէ ձերբազատիլը գրեթէ անհնար կ՚ըլլայ: Աւելի՛ն. իրա՛ւ է, որ Աստուած ողորմած է, բայց միաժամանակ նաեւ Աստուած մարդոց «սիրտերն ու խորհուրդները քննող Աստուած» է։ Այնպէս որ, երբ թեթեւութեամբ վարուինք մեր արարքներուն հետ, մտածելով, թէ Աստուած միշտ կը ներէ, կը սխալինք, որովհետեւ Աստուած մեր ազատ կամքով եւ մեր գիտակցութեամբ գործած մեղքերուն դիւրութեամբ չի՛ ներեր, հետեւաբար պէտք է զգոյշ ըլլանք մեր գործած իւրաքանչիւր արարքին, որպէսզի այն Աստուծոյ կամքին հակառակ չըլլայ, այլ՝ Աստուծոյ հաճելի, իսկ մենք չյայտնուինք անառակ որդիի կարգավիճակին մէջ, այլ՝ բարի եւ հաւատարիմ զաւակի:

գ) Աստուծմէ հեռանալով մարդ կը պարպուի ամէն տեսակի ունակութիւններէ։ Ինչպէս կրտսեր որդին, երբ նոր բաժնուած էր հօրմէն, տակաւին զինուած էր անոր տուած զինամթերքով, սակայն ժամանակը երկարելով իր զինամթերքը սպառեցաւ եւ ոչ-փափաքելի իրավիճակի մը մատնուեցաւ։ Նոյնն է պարագան Աստուծմէ հեռացած մարդուն. սկիզբը այդքան չի զգար, որովհետեւ իր միտքին մէջ տակաւին թարմ են Աստուծոյ պատուիրաններն ու ուսուցումները, սակայն հեռանալով Աստուծմէ, հեռանալով առաքինի մարդոցմէ, հեռանալով Սուրբ Գիրքի ընթերցանութենէն, հեռանալով աղօթական կեանքէն, հեռանալով եկեղեցական հոգեպարար արարողութիւններէն, կը զինաթափուի, կը սպառի, կը տկարանայ, որովհետեւ կեանքէն եկած փոթորիկներն ու հարուածները ուժաթափ կ՚ընեն զինք, եւ որովհետեւ Աստուծմէ հեռացած է եւ չունի Անոր օգնականութիւնը, չի՛ կրնար յաղթահարել դժուարութիւնները եւ կը խեղճանայ, երբեմն ալ ահաւոր վիճակներու կը հասնի, ինչպէս նկարագրուած է առակին մէջ՝ խոզերուն յատկացուած ուտելիքներէն ուտելու աստիճան:

դ) Մարդ երբ գիտակցի իր սխալ վիճակին, այսինքն՝ մեղքին մէջ թաղուած վիճակին, եւ երբ որոշում կայացնէ սրբագրուելու ու վերադառնալու իր նախկին վիճակին, այսինքն՝ վերադառնալու Աստուծոյ մօտ, առաջին քայլը, զոր անհրաժեշտ է առնել, պէտք է ըլլայ զղջումը։ Մարդ պէտք է զղջայ իր գործածներուն համար, ու զղջայ՝ գիտակցաբար ու չկրկնելու վճռակամութեամբ։ Զղջալը առաջին քայլն է, որուն կը յաջորդէ խոստովանութիւնը իր ոչնչութեան, իր անարժանութեան. «Հա՛յր, մեղանչեցի Աստուծոյ եւ քեզի դէմ. այլեւս արժանի չեմ քու որդիդ կոչուելու» (Ղկ 15.21)։ Այս խոստովանութիւնը խոր ինքնաճանաչում կը պահանջէ. ճանչնալ, թէ հեռանալով Աստուծմէ ունայնացած ենք եւ վերածուած ոչնչութեան, այնքան որ Աստուծոյ որդի ըլլալու մեր արժանութիւնն իսկ կորսնցուցած ենք։ Այս երկու արարքները պայմաններն են վերադառնալու որոշումը գործադրելու՝ զղջալ եւ խոստովանիլ մեր վիճակը։

ե) Երբ կը զղջանք ու կը խոստովանինք մեր ամբողջ սիրտով, միտքով ու հոգիով, Ամենաբարին Աստուած անպայման կը ներէ մեզի եւ կ՚ընդունի մեր զղջումն ու խոստովանութիւնը, որով կը լսենք երանական պատուէրը. «Անմիջապէս բերէք լաւագոյն պատմուճանը եւ հագցուցէք իրեն. մատանի անցուցէք իր մատին եւ կօշիկ տուէք իրեն։ Բերէ՛ք պարարտ հորթը, մորթեցէք, ուտենք ու ուրախանանք։ Որովհետեւ իմ այս զաւակս մեռած էր՝ ողջնցաւ, կորսուած էր՝ գտնուեցաւ» (Ղկ 15.22-24)։ Այսինքն, երբ Հայրն Աստուած տեսնէ մեղաւոր մարդուն անկեղծ զղջումն ու խոստովանութիւնը, կը քաւէ անոր մեղքերը եւ զինք իր նախկին վիճակին կը դարձնէ, որովհետեւ իր Էութիւնն է Սէր ու Ներողամտութիւն:

զ) Առակին մէջ կը տեսնենք, թէ աւագ եղբայրը նեղացաւ հօր վերաբերմունքին համար։ Այս երեւոյթը յատուկ է հաւատքի թերի կամ պակասաւոր կեանքով ապրողներուն, որով երբ նորադարձ մը կամ հաւատքի կեանքին նոր անդամագրուած մը մտնէ հոգեւոր կեանքով ապրողներու բանակէն ներս, հաւատքի թերի եւ պակասաւոր կեանքով ապրողները կը սկսին նախանձիլ, երբ տեսնեն, թէ նորեկները աւելի զօրաւոր հաւատքի տէր մարդիկ են եւ կը սկսին նեղութեան նշաններ ցոյց տալ։ Զգոյշ պէտք է ըլլանք, եթէ անդրադառնանք, որ այդ իրավիճակին մէջ ենք, պէտք է խնդրենք մեր Հօր Աստուծմէ, որպէսզի զօրացնէ մեզ, որովհետեւ արդէն իսկ մենք Իր օրհնութիւններուն արժանացած ենք։

Տայ Աստուած, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը, որ իր մէջ անառակութիւն ունի, կարենայ ձերբազատուիլ այդ անառակութենէն, որպէսզի արժանի ըլլանք յաւիտենական բարիքներուն, որոնց խոստումը արդէն իսկ ստացած ենք մեր Փրկիչէն։

ՎԱ­ՐԱՆԴ ՔՈՐԹ­ՄՈ­ՍԵԱՆ

Վաղարշապատ, 19 Փետրուար 2018

Հինգշաբթի, Փետրուար 22, 2018