ՄԱՆԿԻԿ. ՓՈՔՐ ԵՐԵԽԱՆԵՐՈՒ ԽՆԱՄԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ՝ ԾՆԱԾ ՎԱՅՐԿԵԱՆԷՆ ՄԻՆՉԵՒ 3-4 ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՍԱԿԸ

Դ.

ԵՐԵԽԱՅԻՆ ՀԱԳՈՒՍՏՆԵՐԸ

Հագուստին նշանակութիւնը: Ինչպէ՞ս պէտք է պարուրել: Մեր պարուրներուն վնասակարութիւնը: Հագուստէն եւ պարուրէն ի՞նչ կը պահանջուի: Փաթաթաններն ու հագուստը ի՞նչ կտորներէ պէտք է ըլլան: Շապիկը, բաճկոնը եւ երեխային փաթթելու ձեւը,- Ծրարը: Գլուխը պէտք չէ սեղմել: Անգլիական ձեւը: Գուլպաները: Դուրսի հագուստները: Մաքրութիւն: Երեխային հագուստներուն լուացումը: Մէզէն պահպանելը:

Վերը նկարագրուած ձեւով փաթթուած երեխան ծրարի մէջ կը դնեն:

Ծրարը (ինչպէս կ՚երեւի նկարին մէջ) 2 մասէ կազմուած է. իսկական ծրարէ եւ ներքնակէ (տոշակ): Ներքնակը մէկ արշին երկարութեամբ, վեց վերշոկ լայնութեամբ կ՚ըլլայ, վերի կողմը աղեղնաձեւ: Զայն պինդ կտորէ կը կարեն, որպէսզի լաւ մը լուացուի, մէջը բուրդ կամ ձիու մազ կը լեցնեն ու մէջտեղերէն լաւ մը կը կարեն, որպէսզի լուացած ատեն բուրդը կամ մազը անկիւնի մը մէջ չհաւաքուի:

Անհրաժեշտ է մի քանի ներքնակ ունենալ, որպէսզի կարելի ըլլայ աղտոտած ժամանակ փոփոխել:

Երեխան ծրարին մէջ դնելէ առաջ, ծրարին վրայ (ուրեմն երեխային տակը) անգլիական մոմաշոր (կլէյոնկա) կը փռեն, որպէսզի ծրարը շուտ-շուտ չաղտոտի եւ չթրջի: Իսկ տակաշորն ու փաթաթաշորերը թրջուելէն պաշտպանելը աւելորդ է, հետեւաբար ատոնցմէ պէտք է մեծ պաշար ունենալ, որպէսզի կարելի ըլլայ ամէն անգամ անհրաժեշտ պարագային փոխել:

Ծրարը թէ՛ երեխային եւ թէ՛ մօր համար մեծ յարմարութիւն կը ներկայացնէ:

Երեխան ծրարին մէջ ինքզինք բաւականին ազատ, տաք եւ հանգիստ կը զգայ: Ան կրնայ շարժիլ ինչպէս որ ուզէ եւ չի՛ բացուիր:

Ծրարած երեխան գրկելն ալ յարմար է, որովհետեւ ան ներքնակին վրայ պառկած կը մնայ: Եթէ մայրը կը կասկածի, թէ երեխան տակը թրջած է, բաւարար է ծրարի թեւերէն մէկը բանալ, որպէսզի կարենայ ձեռքով ստուգել իր կասկածը. կարիք չկայ երեխան ամբողջապէս բանալ:

Քանի որ ծիծ ուտող երեխան օրական 10-15 անգամ կը միզէ, այդ պատճառով անհրաժեշտ է անոր համար մեծ քանակութեամբ տակաշորեր եւ փաթաթաշորեր պատրաստել, ամէն մէկէն շուրջ 20-30 հատ:

Երեխան երբ քիչ մը կը մեծնայ, անոր հագուստին ձեւն ալ պէտք է փոխել, ձգելով փաթաթաշորերը, տակի շապիկին վրայէն արդէն ուղղակի երկար՝ նուրբ գործուած բամպակէ կամ բուրդէ (ֆլանել) կամ մէկ երեսը մազեղէն խաւով պատուած բամպակեայ գործուած շապիկ մը կը հագցնեն: Այդ շապիկով նոյնիսկ կարելի է երեխան քնացնել, եւ ի զուր տեղ զինք վերմակով չծածկել, որովհետեւ այսպէս կամ այնպէս, ան իր վրայ վերմակ չի՛ պահեր: Եւ որպէսզի երեխային ոտքերը վարէն չբացուին, կարելի է շապիկին ծայրերը անգլիական քորոցով միացնել: Այդպիսի շապիկը, անշուշտ, դիւրութեամբ կը լուացուի:

3-4 ամսական ժամանակը երեխային բերանէն մեծ քանակութեամբ լորձունք կը թափի ու կը թրջէ կուրծքը: Ատոր առաջքը առնելու համար երեխային կուրծքին կրծքաշոր կը կապեն: Երբ երեխան արդէն կանգնիլ կը սորվի ու կը քալէ, այն ատեն դարձեալ անոր հագուստներուն ձեւը կը փոխուի: Երկար հագուստները կը խանգարեն անոր քալել, ուստի անհրաժեշտ է կարճ հագուստներ հագցնել:

Գլուխը պէտք չէ սեղմել. մենք այն ձեռնահարումներու մասին խօսեցանք, որոնք կը գործածուին որպէս թէ երեխային գլուխը շտկելու նպատակով: Ըսինք, որ ատիկա շատ վախնալիք է: Նոյնպէս սովորութիւն կայ երեխան փաթթելէն ետք անոր գլուխը գլխակապերու մէջ սեղմել եւ նոյնիսկ պինդերով կապել: Մենք դարձեան այս բարբարոս սովորութեան դէմ կը բողոքենք, որմէ, բացի վնասը, օգուտ չկայ եւ չի՛ կրնար ըլլալ: Այսպիսի երեխաները յաճախ ուղեղային հիւանդութիւններ կը ստանան եւ նոյնիսկ խելագարութեան կը հասնին: Մանուկին գլուխը ինքն իրեն բաւականաչափ կերպով կ՚ուղղուի, եւ կարիք չկայ այդպիսի վախնալիք միջոցներու դիմել: Երեխային աւելի հաճելի է՝ երբ գլուխը բաց է, սակայն նորածինին գլուխին կարելի է թափանցիկ բարակ կտոր մը փաթթել, իսկ ձմրան, եթէ սենեակը ցուրտ է, կամ երեխան դուրս հանած ատեն, անոր գլուխին գլխանոց մը կը կապեն, զանազան կտորներէ կամ ֆլանելէ, նայելով եղանակին:

Ֆրանսայի մէջ երեխաները այսպէս կը պարուրեն:

Անգլիական ձեւը. անգլիացիները վարտիք կը հագցնեն, որ երեխային ներքին մասերը ցուրտէն կը պատսպարէ: Նախ լաթը կը վերցնեն, եռանկիւնի կը ծալեն եւ այնպէս կը դնեն, որ լայն մասը կռատակերով անցնի, իսկ տակի անկիւնը շէքի միջով (ոտքերու միջով), եւ ապա բոլոր երեք անկիւնները փորին վրայ կը ծալեն: Պարուրը գրեթէ վերը յիշած ձեւով կը կազմուի: Այսպէս փաթթելէ ետք վարտիքը կը հագցնեն: Վարտիքը վերը՝ փորին վրայ կը կապուի եւ առջեւէն ու կողքէն կը կոճկուի: Այսպէսով, ան երեք ճեղքուածք ունի, երկուքը՝ կողքերուն, մէկը՝ մէջտեղը, եւ հագցնելու կարիք չ՚ըլլար, այլ՝ կը փռեն, երեխան կը պառկեցնեն եւ յետոյ վրան կը բերեն ու կը կոճկեն: Մէջի ճեղքուածքը անոր համար է, որպէսզի կարելի ըլլայ փռել եւ երեխան ալ վրան պառկեցնել, իսկ կողքերունը՝ որպէսզի կարելի ըլլայ քանդել՝ տունէն դուրս գալու համար: Ձմեռը երկու վարտիք կը հագցնեն.- մէկը՝ քաթան, միւսը՝ ֆլանել: Մանուկին բոլոր հագուստները պէտք է արձակ ըլլան ու չսեղմեն ո՛չ անդամները, ո՛չ ալ մարմինը: Այս նպատակով ամէն տեսակ կապեր, գօտիկներ, ժապաւէններ, վնասակար պիտի համարուին, եւ մանուկին վարտիքները, գուլպաները, եւ այլն, պէտք է կոճակներու միջոցով ամրացուին վերի բաճկոնին կամ կիսաշապիկին:

Երեխային ոտքերուն երկար գուլպաներ կը հագցնեն, որ մինչեւ սրունքները պիտի հասնին: Գուլպան ձմեռը բուրդէ պէտք է ըլլայ, իսկ ամառը՝ բամպակէ. վրայէն, անշուշտ, մեծերուն մահուտէ եւ կաշիէ կօշիկներ կը հագցնեն, մէջը բուրդով պատուած: Կօշիկները պէտք է նոյնպէս ազատ ըլլան, որպէսզի չխանգարեն ոտքերուն զարգացումը եւ չծռեն զանոնք: Դատապարտելի է վարմունքը այն ծնողներուն, որոնք նեղ կօշիկներ կը հագցնեն իրենց երեխաներուն, ու կը պարծենան, թէ ասոնք մանր ոտքեր ունին. բայց աւելի եւս դատապարտելի են այն մայրերը, որոնք կը սեղմեն, կը ճնշեն իրենց փոքրիկ աղջիկներուն իրանը, բարակ տեսք պատրաստելու համար:

Այս բոլորին վրայէն, թէ՛ դուրս հանած ատեն եւ թէ՛ սենեակէն ներս պաղ եղած ատեն, լաւ է երկար դէյրա [ամբողջական երկար հագուստ մը] մը հագցնել, որ պիտի ծածկէ թէ՛ մարմինը եւ թէ՛ ոտքերը:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 8

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Փետրուար 22, 2023