ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԼՈՒՐ

«Մենք հոս գործ ունինք ընելու»:

Պետրոս Ալթունեանը ծնած է Շումէն, Պուլկարիա: Անոր մեծ ծնողքը եկած են Կեսարիայէն: Ան հոգեւոր եւ ձեռնադրեալ հովիւ է Հայ աւետարանական եկեղեցիին մէջ եւ միեւնոյն ժամանակ ստանձնած է նոյն համայնքի համայնքապետի պատասխանատու պաշտօնը: Պուլկարիոյ մէջ կը գործեն չորս հայ աւետարանական եկեղեցիներ:

Պետրոս ապրած է Պուլկարիոյ համայնավար վարչակարգի օրերը, երբ իր կեանքը այդքան ալ «դիւրին» չէ եղած այդ ժամանակահատուածի ընթացքին:

«Մեր օրերուն եկեղեցական առաքելութիւնը բաւական դժուար էր», ըսաւ Պետրոս: Բայց ան դիմագրաւած է բոլոր մարտահրաւէրները, քանի որ հաւատացած է առաքելութեան: «Հայրս ալ հոգեւոր-եկեղեցական գործի մէջ էր»,- շարունակեց Պետրոս:- Յիսունական տարիներուն հայրս առիթը ունեցած է Պուլկարիայէն դուրս գալու եւ Ամերիկա մեկնելու: Բայց ան մերժած է»: Իսկ հօրը մերժե՞լը… «Մենք հոս գործ ունինք ընելու»:

Եւ այս «գործը» այսօր Պետրոս պահած է որպէս իր հօրմէ աւանդ: Ան այսօր կը շարունակէ հաւատքով աշխատիլ իր երկրին ու անոր մէջ ապրող հայ իրականութեան համար: Իսկ Պետրոսի հաւա՞տքը: «Մեր հայ ազգը մեծ հարստութիւն մը ունի, որ Աստուածաշունչն է»,- ըսաւ Պետրոս: Աստուածաշունչը եւ անոր մէջի ապրող հաւատքը մեզ կենդանի պահած են մինչեւ այսօր: Պէտք է շարունակենք տարածել զայն մեր ժողովուրդին մէջ»:

Պետրոս կը խօսի հայերէն: «Բայց կը ցաւիմ, որ զրկուեցայ սորվելէ հայերէնի բառապաշարի հարստութիւնը: Մեր օրերուն շատ դժուար էր ազգային լեզու եւ պատմութիւն իւրացնելը», ըսաւ ան:

Պուլկարիա այսօր մաս կը կազմէ Եւրոպական Միութեան: Բայց կար մէջս հետաքրքրական զգացում, որ շատ զգուշաւոր ձեւով փորձեցի բաժնեկցիլ տեղացիներուն հետ իմ կեցութեանս ընթացքին: Կրնայի տեսնել, թէ Պուլկարիա, այսպէս ըսած, «անուանական» ձեւով անցած է համայնավար վարչակարգէն դէպի Եւրոպական Միութիւն: Շատ մը ձեւերով տակաւին կը զգաս, որ երկիրը պահած է իր անցեալի դիմագիծը… Պուլկարիա հինգ հարիւր տարի մնացած է օսմանեան տիրապետութեան տակ եւ այդ ժամանակաշրջանը առիթ չէ տուած, որ երկիրը բարգաւաճի՝ ըստ պատշաճի: Պետրոս չուշացաւ կիսելու իմ ստացած տպաւորութիւնը: «Պուլկարացիները միշտ ալ երախտապարտ մնացած են Ռուսաստանին», ըսաւ Պետրոս:

«Նմանութիւններ կան պուլկարերէնի եւ ռուսերէնի միչեւ՝ որպէս սլաւոնական լեզուներ: Եւ այս իմաստով երկիրը կը մնայ այդ անցեալի խորհրդային-ռուսական շուքին, բայց նաեւ՝ երախտագիտական մթնոլորտին տակ», ըսաւ ան:

Սոֆիա՝ Պուլկարիոյ մայրաքաղաքը ունի հազար ու քիչ մը աւելի հաշուող հայութիւն: Բայց հայութեան կարեւոր մէկ մասնիկը կեդրոնացած է Փլովտիւ, որ երեւի կը հաշուէ մօտաւորապէս վեց հազար հայ:

Փլովտիւ ունի մշակութային մեծ եւ հին պատմութիւն: Ան այս տարի հռչակուած է Եւրոպայի մշակոյթի մայրաքաղաք: Բայց Փլովտիւը ունի իւրայատուկ աշխարհագրական տարածք. քաղաքը կազմուած է վեց բլուրներէ, որոնցմէն մին կը կոչուի Հայկական բլուր: Հոն, ուր հայեր համախմբուած են ու կ՚ապրին մինչեւ այսօր, եւ ուր նաեւ կան՝ Սուրբ Գէորգ հայկական եկեղեցին, հայկական վարժարանը, մշակութային կեդրոնը, խաչքար ու տակաւին… Վերջապէս, Հայկական բլուրը փոքր Հայաստան մըն է… Փլովտիւի մէջ:

Տէր Հրաչը հոգեւոր հովիւն է Սուրբ Գէորգ եկեղեցիին: «Աստուծոյ ծառայ ըլլալը պատիւ է», տէր հայրն է խօսողը: Կը զրուցէի երիտասարդ կղերականի մը հետ, որ եկած է Հայաստանէն: Անոր աչքերուն մէջ կրնայի տեսնել նուիրում՝ իր հաւատքին ու ծառայութեան նկատմամբ: «Պատարագը ամբողջութեամբ հայերէնով է», ըսաւ ան: Բայց Տ. Հրաչ չի բաւականանար միայն պատարագի արարողութեամբ:

«Պատարագէն ետք ժողովուրդը կը հաւաքեմ քովի սրահը՝ հաղորդակցութեան համար, բայց նաեւ՝ հոգեւոր, եկեղեցական եւ ազգային այլ նիւթերու սերտողութեան համար», ըսաւ Տ. Հրաչ:

Հայը գոյապայքարի ընթացքին պէտք ունի յաւելեալ միջոցառումներու եւ զոհողութեան: Տ. Հրաչ ապրող մէկ լաւ օրինակն է այդ զոհողութեան…

Բայց այս զոհողութիւնը ան ժառանգած է իր եկեղեցւոյ պատմութենէն: Տ. Հրաչին հետ շրջագայեցայ եկեղեցւոյ թանգարանի տարբեր բաժինները, բոլոր մասունք-սրբութիւնները, զորս հայեր տեղահանութենէն ետք իրենց հետ «շալկած» եւ բերած են Փլովտիւ…«Ռոտոսթոյէն եւ Մարկալայէն հայեր տեղահանուած են եւ հասած՝ Փլովտիւ», ըսաւ Տ. Հրաչ: «Բայց անոնք իրենց հետ նաեւ բերած են իրենց ազգային սրբութիւններն ու հարստութիւնները: Դիտելով այդ բոլոր ցուցադրուած եկեղեցական-պատմական իրերը՝ կը սքանչանաս հայուն մշակոյթով եւ ազգային «արժանապատուութեան» պահպանման համար: Հայը ոչ միայն իր անձին փրկութեան մասին մտածած է մեծ եղեռնի եւ տեղահանութեան օրերուն, այլ նաեւ՝ իր մշակութային արժէքներուն: Այս ի՞նչ քաջութիւն եւ անձնազոհողութիւն, որ անոնք այս բոլորը բերած են իրենց հետ մինչեւ… Փլովտիւ: Բերած են, որպէսզի հայը շարունակէ ապրիլ… Ապրիլ իր ինքնութեան եւ մշակոյթի հարազատութեան մէջ:

«Այս ամբողջ հարստութիւնը պահուած մնացած է համայնավար վարչակարգի օրերուն», ըսաւ Տ. Հրաչ: «Հայ ժողովուրդի քրիստոնէական պետական կրօն հռչակման 1700-ամեակի տօնակատարութիւններուն առիթով էր, որ դուրս հանուեցաւ եւ կազմակերպուեցաւ այս թանգարանը», ըսաւ ան:

Փլովտիւի այս թանգարանը հինգերորդ տեղը կը գրաւէ աշխարհի հայկական եկեղեցական բոլոր թանգարաններուն մէջ՝ իր հաւաքածոյի հարստութեամբ:

Եւ կային իմ մտորումներս: Իսկ մենք այսօր… Հապա՞ վաղը… Պիտի կարենա՞նք պահել այս ամբողջ հարստութիւնը… ժառանգը… ոչ միայն ֆիզիքական իմաստով… այլ՝ անոնց հոգին… ինքնութիւնը…: Ու տակաւին՝ այն քաջութիւնը եւ զոհաբերութիւնը, որ մեր մեծ ծնողները ստանձնեցին, որպէսզի մենք ապրինք… «Տոն Քիշոթին նման պայքար կը մղենք», ըսաւ Սիմոն Թիւթելեան՝ Ազգային Վիքթորիա եւ Գրիգոր Թիւթիւնճեան վարժարանի տնօրէնը: Ասիկա միակ հայկական վարժարանն է Պուլկարիոյ մէջ: 280 աշակերտ ունեցող այս վարժարանը շաբաթը միայն չորս ժամ հայերէն կը դասաւանդէ: Չկայ հայոց պատմութեան, կրօնի ու քրիստոնէական դաստիարակութեան դասապահ:

«Աշակերտները դպրոցի բակին մէջ արդէն պուլկարերէն կը խօսին իրարու հետ,- ըսաւ Սիմոն:- Այս ձեւով լեզու մը չենք կրնար պահել»: Սիմոնի հետ մեր զրոյցը մէկ-մէկ կ՚անցնէր յուսահատական մթնոլորտներէ, որոնցմէ մէկը. «Բոլոր յոյսերը թող անցեալին անցնին»: Բայց այս բոլորին մէջէն չուշացաւ նաեւ վճռակամութիւնը: «Ես իմ ճակատագիրս ունիմ եւ պիտի շարունակեմ»:

«Վահան» շաբաթաթերթը հիմնուած է 1991 թուականին: Սահակ Չալըքեան խմբագրական կազմի անդամներէն մէկն է: Տան դաստիարակութիւնը մեծ եղած է, ուր ան հայերէնին լաւ տիրապետած է: «Ազգային կեանքը մարդը կը դաստիարակէ,- ըսաւ Սահակ: Բայց կարեւոր է, որ հետեւիս կարգ ու կանոնին»: Իսկ թէ ո՞րն է կարգ ու կանոնը… տո՞ւնը… հետեւողական դաստիարակութի՞ւնը… «Մամուլը ուղղակի կապն է ազգին հետ», կը հաւատայ Սահակ: «Վահան» շաբաթաթերթը տասներկու էջ է եւ կը պարփակէ իր մէջ չորս էջ հայերէն: «Եթէ մէկ հայ պիտի փրկենք, պէտք է զայն ընենք», վճռականօրէն ըսաւ Սահակ՝ հաւատալով իր ու մամուլի առաքելութեան:

Վարդանոյշ Թոփաքպաշեան խմբագիրն է «Երեւան» թերթին, որ հիմնուած է 1944 թուականին: Թերթը ստիպուած է իր մէջ ներառել պուլկարերէն բաժինը, բայց Վարդանոյշ հայերէն բաժինը միացուցած է տեղական լեզուին եւ նոյն էջին. «Այս ձեւով հայը, որ պուլկարերէն բաժինը կը կարդայ, կրնայ նոյն էջին վրայ տեսնել նաեւ հայերէնը եւ փորձէ կարդալ», ըսաւ Վարդանոյշ, բայց չուշացան նաեւ անոր մտահոգութիւնները:

«Երեւի տակաւին երկու տարի մը եւս կրնանք տոկալ տպագիր այս մեր թերթը հրատարակելու մէջ,- ըսաւ Վարդանոյշ:- Բաժանորդներուն թիւը կը նուազի, բայց նաեւ՝ նուիրատուներուն»: Վարդանոյշին մտահոգութիւնները մեր համահայկական տպագիր մամուլի մարտահրաւէրներէն են: Ինք բացառութիւն չէր կրնար կազմել:

Սօնա Աւագեան-Պետրոսեան նախագահն է Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Սոֆիայի մասնաճիւղին: Միութեան եւ գաղութի կարգ մը անդամներուն հետ մեր հանդիպումին ան ընդգծեց. «Հայը պէտք է վերապրի իր հաւատքը, որպէսզի վերագտնէ իր ինքնութիւնը, իր պատմութիւնը եւ յուշերը: Հաւատքն է, որ մեր «ես»երը պիտի ուղղէ ճիշդ ճամբուն մէջ»:

Ռատի Ափոսթոլով Պուլկարիոյ մեր Աստուածաշունչի ընկերութեան գրասենեակի տնօրէն գործակիցն է: Ան ընկերակցեցաւ իմ հանդիպումներուս՝ Պուլկարիա այցելութեանս ընթացքին: Բայց Ռատին ալ ունէր իր վկայութիւնը: «Դպրոցական տարիներէս արդէն լսած էի հայերու մասին»,- ըսաւ ան:- Մենք սորված ենք պուլկար գրող Փէյօ Եաւորոֆի մէկ բանաստեղծութիւնը՝ «Արմէնսէ» (Հայեր) գրական գործը: Փէյօ գրած է այս բանաստեղծութիւնը մեծ յարգանքով եւ սքանչացումով՝ հայ ժողովուրդին նկատմամբ», եզրափակեց Ռատին:

Փէյօ Եաւորոֆի կիսանդրին կանգնած է այսօր Հայկական բլուրին վրայ: Եթէ պուլկար բանաստեղծը սքանչացած է հայուն եւ անոր մշակութային արժէքին վրայ, հապա մե՞նք, հայե՞րս: Պուլկարիա ու տակաւին քիչ մը ամէն տե՞ղ…

Հայն ալ պարտի ու պիտի «սքանչանայ» իր մշակոյթով: Հայն ալ պարտի ու պիտի տածէ իր «յարգանքը» իր արժէքներով լեցուն կեանքին վրայ: Թէ՛ «սքանչացումը», թէ «յարգանքը» ունին կարեւոր պարտականութիւն եւ պարտաւորութիւն:

Հայկական բլուրը, հոն, ուր հայուն արժէքի եւ ինքնութեան կեանքերը կը կերտուին: Եւ այս բոլորը պէտք է պահպանուին:

Եւ Հայկական բլո՞ւրը: Եթէ Փլովտիւ է, բայց քիչ մը՝ ամէն տեղ, հոն ուր հայ կայ:

«Մենք հոս գործ ունինք ընելիք»:

Իսկ գո՞րծը…

Հայկական բլուրը ամուր պահելն է: Փլովտիւ, բայց՝ ամէն տեղ, ուր որ հայեր եւ հայկական բլուրներ կան:

Եւ Հայկական բլուր(ներ)ը ամուր պահելով է, որ կը շարունակուի հայուն երթը…

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Ուրբաթ, Մարտ 22, 2019