ՄԱՆԿԻԿ. ՓՈՔՐ ԵՐԵԽԱՆԵՐՈՒ ԽՆԱՄԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ՝ ԾՆԱԾ ՎԱՅՐԿԵԱՆԷՆ ՄԻՆՉԵՒ 3-4 ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՍԱԿԸ

Զ.

ԲՆԱԿԱՆ ՍՆՆԴԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ

Սննդատուութեան խնդիրին կարեւորութիւնը: Մանուկներուն մահանալը: Մանկիկին մարսողական գործարաններուն առաջնայատկութիւները: Անոր թուքը, ստամոքսը, աղիքները, կղկղանքը: Բնական սննդատուութիւնը.- կնոջ կաթը, անոր յատկութիւնները, անոր զանազանութիւնը միւս կաթնատու կենդանիներուն կաթէն: Ի՞նչ դէպքերու մէջ մայրը պէտք չէ կերակրէ իր զաւակը: Ի՞նչ փոփոխութիւններու կ՚ենթարկուի կնոջ կաթը զանազան պատճառներէ: Ծծմայրը եւ անոր ընտրութիւնը: Ծծմօր սնունդը եւ անոր առողջապահութիւնը: Դեղերուն ազդեցութիւնը: Կերակրումը կաթնատու կենդանիներու միջոցով: Լաւ սնուող երեխային յատկութիւնները:

Մանկիկը կերակրելու խնդիրը պէտք է մեզ շատ զբաղեցնէ, որովհետեւ անոր կանոնաւորութենէն կախուած է նորածին էակին կեանքը: Հիմա յայտնի է, որ մինչեւ մէկ տարեկան հասակը երեխաներուն կէսը (ըստ ոմանց նաեւ կէսէն աւելին) մարսողութեան խանգարումներուն զոհ կ՚երթայ: Իսկ եթէ գէշ սնունդէ չեն մեռնիր, հիւանդոտ կը դառնան, անգլիական հիւանդութիւն կ՚ունենան, սակաւարիւն կը դառնան, դանդաղ կ՚աճին եւ արատաւոր դուրս կու գան:

Ուրեմն, ինչպէ՞ս պէտք է կերակրել նորածին մանուկը: Այդ բանը հասկնալու համար անհրաժեշտ է գիտնալ, որ մանկիկին մարսողական գործարանները շատ բաներու մէջ տարբեր են մեծահասակներու մարսողական գործարաններէն:

Ամենէն առաջ նախ ըսենք, որ մանկիկը չի՛ կրնար ծամել, ո՛չ ալ կոշտ կերակուր կուլ տալ.- անոր կերակուր ընդունելու բնական ձեւը ծծելն է:

Ծծելը հետեւեալ կերպով կը կատարուի. շրթունքներով սեղմելով ստինքին պտուկը (այնպէս որ օդ չանցնի), երեխան լեզուին ու թշերուն շարժումով բերանին մէջի օդը կը նօսրացնէ ու այն ատեն կաթը կը ձգուի պտուկէն դէպի այդ անօդ տարածութիւնը, լեցուելով բերանին խորշին մէջ: Որպէսզի ծծելը կանոնաւոր ըլլայ, անհրաժեշտ է, որ լեզուն ազատ շարժումներ ընէ բերանին մէջ, իսկ երբեմն լեզուին շարժումնրը շատ սահմանափակ կ՚ըլլան, որովհետեւ «լեզուին սանձը կամ կապը» կարճ է: Այդ պարագային կ՚ըսեն. «Լեզուն կարճ է»: Լեզուն կարճ պէտք է համարել, երբ չի հասնիր շրթունքին, այն ատեն անհրաժեշտ է կապը քիչ մը կտրել: Բայց շտապելու կարիք չկայ, քանի որ ընդհանրապէս ծծելէն լեզուն ինքն իրեն կ՚երկարի: Մեր մօտ լեզուին կապը կտրելը շատ դիւրին բան մը կը համարուի եւ իւրաքանչիւր պառաւ իր կեղտոտ դանակով կը կատարէ այդ գործողութիւնը, բայց որքան ալ դիւրին բան ըլլայ այդ մէկը, եթէ անզգոյշ կերպով կը կատարուի, շատ վտանգաւոր հետեւանքներ կ՚ունենայ: Առաջին, որ դանակը աղտոտ ըլլալով, կրնայ մանկիկին արիւնը թունաւորել. երկրորդ, երբ շատ կը կտրեն, լեզուն առանց սանձի մնալով, ետ կը քաշուի դէպի բուկը եւ կը խեղդէ երեխան. երրորդ, արիւնահոսութիւն կը պատահի: Այս պատճառով, խորհուրդ կու տանք մայրերուն առանց բժիշկի այդ բանը չընել: Վատ կը ծծեն նաեւ շրթնատութիւն (ծուռ բերան - bec de liévre) ունեցող երեխաները, որովհետեւ անկարող են շրթունքներով ամուր գրկել պտուկը, քանի որ բերանին մէջ օդ կը լեցուի: Յիշենք ուրիշ, աւելի յաճախակի պատահող արգելք մը.- ատիկա քիթի բռնուած ըլլալն է (լորձունքներով կամ ուռուցքներով ու աղուամազերով): Այսպիսի երեխան չի կրնար բերանը փակ պահել ծծելու համար, որովհետեւ քիթով օդ չ՚անցնիր ու փոքրիկը կը խեղդուի: Այս պարագային պէտք է քիթի մէջ հաւաքուած լորձունքը մաքրել, եւ եթէ ատիկա չօգնէ, բժիշկի դիմել:

Թուքը. մինչեւ 6-8 ամսական հասակը երեխան իսկապէս թուք չունի եւ անոր բերանը գրեթէ չոր է: Իսկ քանի որ թուքն է, որ կը հալեցնէ-կը մարսեցնէ հացեղէն (օսլային) կերակուրներն ու շաքարեղէնը, ուստի անոր պէտք չէ կերցնել ո՛չ հաց, ո՛չ խմորեղէն, ո՛չ գետնախնձոր եւ ո՛չ ալ շաքար:

Նորածինին ստամոքսը գլանաձեւ է եւ ուղղակի վերէն վար կ՚իջնէ (մեծահասակներունը պառկած է), ուստի եւ յաճախ փսխում կը պատահի: Ան (ստամոքսը), թէեւ ստամոքսային հիւթեր կ՚արտադրէ, որ սպիտակային կերակուրներ (մսեղէն, հաւկիթ, եւ այլն) կը հալեցնէ-կը մարսեցնէ: Երկու տարեկան հասակին միայն մանուկին ստամոքսը ընդունակ կը դառնայ մարսել այն կերակուրները, ինչ որ կը մարսէ մեծահասակներունը:

Մանկիկին աղիքները շատ աւելի երկար են (համեմատելով անոր մարմինի չափին), քան մեծահասակինը, իսկ անոնց պատերը չափազանց նուրբ եւ թոյլ են: Այդ է պատճառը, որ աղիքները դժուարութեամբ դուրս կը հանեն կղկղանքը ու երեխաները յաճախ փորկապութիւն կ՚ունենան:

Կղկղանքը ծննդեան առաջին օրերը մուգ-կապոյտ եւ սեւ գոյնի զանգուած մըն է, որ իւղային նիւթերէ, լեղիէ եւ մեծ քանակութեամբ աղիքային բջիջներէ կը բաղկանայ: Ծծկեր երեխան օրական 2-4 անգամ դուրս կու գայ եւ կղկղանքը դեղին-նարնջագոյն է եւ թոյլ բնորոշ հոտ ունի: Թթու եւ նեխածի հոտը նշան է, որ մարսողութիւնը խանգարուած է:

Այսպէս, ուրեմն, մանկիկին մարսողական գործարաններուն կազմութիւնը եւ արտադրած հիւթերուն անզօրութիւնը հասկնալի կը դարձնեն մեզի, թէ ինչո՛ւ համար նորածինը միայն ծիծ կրնայ ծծել եւ միայն կաթ մարսել:

Բնական սննդատուութիւն. կնոջ կաթը իւրաքանչիւր կենդանիի կաթէն աւելի դիւրամարս է մատղաշ երեխային համար եւ մօր կաթը աւելի՝ քան մէկ ուրիշ կնոջ կաթը: Բարեբախտաբար, մեր ժողովուրդին մէջ տակաւին չէ ընդհանրացած ծծմայրներ պահելու կորստաբեր սովորութիւնը, եւ մայրերը իրենց համար անախորժ եւ ստոր բան չեն համարեր իրենց երեխային ծիծ տալը:

Սակայն, մեր «բարձր դասակարգի» տիկինները արդէն սկսած են իրենց զաւակները ծծմայրներուն ձեռքը տալ, վախնալով, չըլլայ թէ ծիծ տալով թառամին: Այսպիսի կիներ իրենց հանգստութիւնը մայրական պարտքէն աւելի բարձր կը դասեն: Բայց այսպիսիները պէտք է հասկնան, որ ծիծ տալը սերտ կապուած է ծննդականութեան հետ, եւ այդ կապը քակելը սուղ կը նստի թէ՛ երեխային եւ թէ նոյնիսկ մօր վրայ: Բազմաթիւ հիւանդութիւններ, թէ՛ ծիծերու եւ թէ՛ ընդհանուր, կը յառաջանեն անկէ, որ մայրերը կը խախտեն այս բնական օրէնքը եւ իրենք իրենցմէ կը հեռացնեն իրենց սեփական զաւակները: Այս առողջապահիկ տեսակէտէն բացի, կայ նաեւ բարոյական տեսակէտը, որ պէտք է նկատի ունենալ: Ատիկա այն է, որ երեխան առհասարակ իբրեւ մայր կը ճանչնայ այն կինը, որ անոր ծիծ կու տայ, եւ ուրեմն ան աւելի կը սիրէ ծծմայրը, քան իր սեփական մայրը: Մայրը ինքն ալ աւելի սիրտով կը կպչի իր այն զաւակին, որուն ինք կերակրած ու մեծցուցած է: Այսպիսով, մայր մը, որ իր որդիներէն մէկը ծծմօր յանձնած է, այսպէս ըսած, իր երեխայէն կը խորթանայ, ինչպէս նաեւ երեխան կը խորթանայ իր մօրմէն: Եթէ այս բոլոր ըսուածները ծոյլ մայրերը չեն համոզեր, թող իմանան անոնք, որ ծծմօր պահած երեխան աւելի վատ կը զարգանայ, աւելի հեշտութեամբ կը հիւանդանայ, քան մօր մեծցուցածը: Եւ ճշմարիտ է այն, որ հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, թէ այդպիսի երեխաները 3-4 անգամ աւելի կը մեռնին, քան մօր կաթով մեծցածները:

Ծնունդի առաջին օրը մօր կաթը, արաժանը, կ՚ազդէ մանկիկին վրայ իբրեւ մեղմ լուծողական, մաքրելով անոր աղիքները ծննդական աղբէն կամ մեկօնիումէն: Ուրեմն, սխալ է, թէ մօր արաժանը վնասակար է: Առաջին ծիծը երեխային կը տրուի ծննդեան առաջին օրը: Ոչինչ խմցնել հարկաւոր է անոր ծիծէն առաջ: Առաջին օրերը երեխան ուշ-ուշ ծիծ կը պահանջէ եւ ամէն անգամ քիչ կ՚ուտէ: Երկրորդ-երրորդ շաբաթէն ան արդէն խստապահանջ ըլլալ կը սկսի, եւ այն ատեն մօր համար ինքնազոհութեան, չարչարանքի շրջանը կը սկսի: Ճիշդ այդ միջոցին ալ մօր ստինքները կաթով կը լեցուին: Մանուկը կանոնաւոր կերակրելը մօրմէն մեծ զգուշութիւններ կը պահանջէ, քանի որ ուղղակի այս առաջին ամիսներն է, որ մայրերը, վախնալով թէ յանկարծ երեխան անօթի չմնայ, ամէն ժամ, երեխայի իւրաքանչիւր ճիչին, ծիծը բերանը կը դնեն: Ասկէ յառաջ կու գան անմարսողութիւն, անքնութիւն, անհանգստութիւն, ճիչեր: Եւ երկիւղալին այն է, որ մայրերը, չհասկնալով իրենց մանկիկին անհանգստութեան պատճառը, աւելի եւս եռանդով կը կերակրեն ու աւելի եւս կը հիւանդացնեն զինք: Երեխան կերակրելու եղանակին մասին պէտք է հետեւեալը ըսել:

Առաջին օրը պէտք է ծիծ տալ միայն մէկ անգամ, երկրորդը օրը՝ 2-3 անգամ, երրորդ օրը՝ 3-4 անգամ, ատկէ ետք 2 ժամը մէկ անգամ, բացի գիշերներէն, երբ երկու անգամը բաւական է. 24 ժամուան ընթացքին ընդամէնը 8-9 անգամ: Չորրորդ ամիսէն սկսած ծիծ կու տան երեք ժամը մէկ անգամ, եւ մէկ անգամ ալ գիշերը, իսկ 7-8 ամսականին գիշերը բոլորովին պէտք չէ ծիծ տալ, այլ՝ պէտք է երեկոյեան մէկ անգամ կերակրել՝ նախքան քնանալը, մէկ անգամ ալ առտու կանուխ: Հինգերորդ ամիսէն, ինչպէս կը տեսնենք յետոյ, բացի ծիծի կաթէն կարելի է նաեւ կովի կաթ ու ուրիշ բաներ ալ տալ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 12

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Մարտ 22, 2023