Ո՞ՐՆ Է ԱՅԼԸՆՏՐԱՆՔԸ

Ապրիլ 13-ին, կառավարութեան կողմէ 2021 թուականի ծրագրի գործադրութեան քննարկման ժամանակ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Ազգային ժողովին ներկայացուցած զեկոյցը անկիւնադարձային էր՝ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի հրաժարականէն ի վեր, Հայաստանի իշխանութեան բարձրագոյն անձնաւորութեան մը կողմէ արտայայտուած։ Վարչապետ Փաշինեան ամփոփելով տարին, անթաքոյց կերպով բազմաթիւ հարցերու անդրադարձաւ։ Յատկանշական է միջազգային յարաբերութիւններու մէջ Հայաստանի ապագային նկատմամբ լրջագոյն մարտահրաւէր հանդիսացող Արցախի կարգավիճակի խնդրին արծարծումը, որ խիստ հակազդեցութիւններու թիրախ դարձաւ, յա՛տկապէս ընդդիմութեան կողմէ, որ պատրաստ է Արցախի կարգավիճակի մասին իւրաքանչիւր քննարկումէ դաւաճանութեան նոր փաստարկ ձեւակերպելու։

Ինչպէս Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի 1997 թուականին լոյս ընծայած «Պատերա՞զմ, թէ՞ խաղաղութիւն. լրջանալու պահը» յօդուածին մէջ արծարծած հարցը եւ նշած ուղին, թէ՝ Արցախի կարգավիճակը պետք է լուծուի միայն ու միայն խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով, թէ սթաթիւքոն երկար ժամանակ պահպանել կարելի չէ, որովհետեւ այդ թոյլ չեն տար ո՛չ միջազգային հանրութիւնը, ո՛չ ալ Հայաստանի տնտեսական կարողութիւնները, եւ որ Ղարաբաղին եւ Հայաստանին ձեռնտու չէ հարցին չկարգաւորուած վիճակը... Փաշինեան եւս յանդգնեցաւ Հայաստանի ու Արցախի ապագային վերաբերեալ ռազմավարական կարեւորագոյն հարցը արծարծելու, փակագիծերը բանալով։

Ճշմարտութիւններ ըսելը դիւրին գործ չէ, մա՛նաւանդ քաղաքական ու ազգային սուր բովանդակութիւն կրող հարցի շուրջ։ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան իր պաշտօնէն հրաժարելու գինով վճարեց զայն։ 23 տարուան հեռաւորութեամբ դիտուած՝ իրատեսական այդ յօդուածը շատեր մարգարէական կը նկատեն։

44-օրեայ պատերազմին պարտութենէն ետք, Փաշինեանի յայտարարութիւնը, թէ «խաղաղութիւնը այլընտրանք չունի», բաղդատած Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի յօդուածին բովանդակութեան՝ պարզապէս ձախողութեան մը խոստովանութիւնն է։ Եւ պէտք է ըսել, որ ներկայ պարագային երկրի բարձրագոյն քաղաքական դէմքին կողմէ յանդգնութիւն է խոստովանիլ իր ձախողութիւնը, երբ դիմացը դեռ կան քաղաքական ուժեր, որոնք պարտութիւնը կ՚ուզեն բարդել մէկ անձի վրայ, առանց խնդրոյ առարկայ դարձնելու իրենց նախապատերազմական ու պատերազմի ընթացքին թերացումները, եւ որոնք տակաւին կը լողան ինքնախաբէութեան մէջ, Հայաստանի ռազմական ու դիմադրական կարողութիւններուն նկատմամբ իրենց յոխորտանքներով, յաւակնութիւններով, առանց խնդրոյ առարկայ դարձնելու, քննելու, վերլուծելու ձախողութեան իսկակա՛ն պատճառները։ Առանց աչքի առջեւ ունենալու Ատրպէյճանի ոտնձգութիւններու դիմաց միջազգային հանրութեան անզօրութիւնը...։ Առանց նկատի առնելու Ռուսաստանի խաղաղապահ ուժերու երկդիմի ներկայութիւնը։

Վարչապետը բացայայտ կերպով ներկայացուց Արցախի կարգավիճակի նշաձողը իջեցնելու պահանջը միջազգային հանրութեան կողմէ, այսինքն՝ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքէն, կամ անկախութենէն հրաժարումը...։ Պատշաճ լուծում գտնելու համար՝ շատ կարեւոր է միջազգային հասարակութեան պահանջը քննարկել հրապարակայնօրէն, մտաւորականութեան եւ փորձագէտներու մասնակցութեամբ եւ հասարակութիւնը տեղեակ պահել։

Միջազգային հանրութեան սոյն պահանջը նորութիւն չէ։ Երեսուն տարիէ ի վեր ան կը գերադասէ Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին, սակայն Հայաստանի եւ Արցախի իշխանութիւնները զայն անտեսեցին, բացի Լեւոն Տէր-Պետրոսեանէն։

Եւ զարմանալիօրէն, այսօր հակառակ իր պայծառատեսութեան, Լեւոն Տէր-Պետրոսեան եւ իր քաղաքական ուժը քաղաքական դաշտին մէջ անշքացած են։ Շատեր զինք կը մեղադրեն 1998-ին են։ Շատեր զինք կը մեղադրեն 1998-ին քաղաքական պայքարէն հրաժարելուն համար։ Նոյնը՝ 2008-ի մարտի դէպքերու պարագային։ Իսկ Փաշինեան, հակառակ պատերազմին պարտութեան՝ արտակարգ ընտրութիւններուն յաղթանակ տարաւ, անդրադարձաւ իր սխալներուն, հետեւողական ու անզիջող կերպով պայքարեցաւ յանուն արդարութեան, օրէնքի երկրի կառուցման, բանակի վերակառուցման, ժողովուրդին բարօրութեան։ Արցախի հարցի լուծումը կը մնայ առկախ, որուն մինչ օրս որեւէ քաղաքական ուժ յստակ ու ընդունելի բանաձեւում չէ տուած։ Յամենայնդէպս, որեւէ լուծում պէտք է նկատի ունենայ Արցախի ժողովուրդին կամքը, ինքնապաշտպանութեան բնազդը, որոնք Հայաստանի պետութեան դիւանագիտական ու քաղաքական քայլերուն կողմնացոյցը պիտի հանդիսանան։

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Խմբագրական՝ Փարիզի «Նոր Յառաջ» երկօրեայ թերթի

Ուրբաթ, Ապրիլ 22, 2022