ԱՆԳԱՄ ՄԸ ԵՒՍ. ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆԸ ԿԱՐՄԻՐ ԳԻԾ Է

Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միջեւ յառաջացած տարաձայնութիւններուն արձագանգները կը շարունակուին սփիւռքեան մամուլին մէջ։ Պէյրութի «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեան վերջերս այս նիւթին կապակցութեամբ գրի առաւ յօդուած մը։ Ան միեւնոյն ժամանակ Ռամկավար ազատական կուսակցութեան (ՌԱԿ) Լիբանանի շրջանային վարչութեան ատենապետն է ու մինչեւ մօտաւոր անցեալը եղած է նոյն կուսակցութեան կեդրոնական վարչութեան ատենադպիրը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք իր յօդուածը։

*

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ հոգեւոր եւ վարչական կեդրոնն է։

Մայր Աթոռը աշխարհասփիւռ հայութեան գերագոյն մասին սրբազան ուխտատեղին է եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան դարաւոր նստավայրը։

Մայր Աթոռի հովանիին ներքոյ կը գտնուին Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւնը ամփոփող պատմական յուշարձաններ, թանգարաններ, գրադարաններ, վեհարանն ու  նոյնինքն՝ Մայր Տաճարը, որոնք կը ներկայացնեն հայոց բազմադարեան պատմութիւնը, գրականութեան եւ արուեստի բացառիկ արժէքներն ու հոգեւոր մշակոյթի գանձերը:

Մայր Աթոռի գահակալը՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ  հոգեւոր եւ նուիրապետական գերագոյն իշխանութիւնը կը ներկայացնէ ու անոր խորհրդանիշն է, ինչպէս Հայ Եկեղեցւոյ միւս նուիրապետական աթոռներն ու անոնց խորհրդանիշները հանդիսացող գահակալները կը ներկայացնեն Հայ ժողովուրդի խիղճն ու անոր ազգային պատկանելիութեան ու հաւատքին կողմնացոյցերն ու սիւները:

Հիմնուելով վերոյիշեալներուն վրայ մեզի համար սրբապղծութիւն է ցեխարձակում կատարել ազգային ժառանգութիւն ներկայացնող ոեւէ հաստատութեան կամ խորհրդանիշի մը վրայ: Մենք չենք կրնար հանդուրժել ժողովրդային աժան դատումներով եւ առանց յստակ փաստարկումներու ու վաւերական յստակ տուեալներու կողմնորոշումներ եւ կեցուածքներ ու բամբասանք:

Այս մասին պէտք է միանգամընդմիշտ իմանան մօտիկն ու հեռաւորը, որ մեզի համար Մայր Աթոռը կարմիր գիծ է:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Ատենապետ
ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան նախկին ատենադպիր (2016 -2019)

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2020