Կը ՅԱՂԹԱՀԱՐՈՒԻ՞Ն ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԸՆԿԵՐԱՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԵՒ ՀՈԳԵԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ԲԱՑԱՍԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

«Քաղաքականութիւնը, երբ արուեստ է եւ ծառայութիւն, երբեք շահագործում, աշխատանք է իտէալի մը համար՝ իրականութիւններու ընդմէջէն»:

Շարլ տը Կոլ

Ազատութիւն եւ անկախութիւն անբովանդակ եզրեր են առանց բարոյական արժէքներու: Հայաստան անկախացաւ, տեղի կ՚ունենան առաւել կամ նուազ արժէքով ժողովրդավարական ընտրութիւններ, հակառակ անբաղձալի ներքաղաքական մթնոլորտի խօսքի ազատութիւնը ցարդ անսահմանափակ է, յուսադրիչ՝ գալիքի:

Պէտք է խօսիլ Հայաստանի մէջ կրկնուող, նոյնիսկ բնական համարուող բռնարարքներու մասին, որոնք խօսքի կոպտութենէն կը հասնին կրկնուող քաղաքական անհանդուրժողութեան եւ քաղաքական ոճիրներու: Երբեմն պէտք է թարմացնել յիշողութիւնները, աչքի առջեւ բերել ոչ հեռաւոր անցեալը, կամաւոր կոյր չըլլալ անմիջական ներկային դիմաց:

27 հոկտեմբեր 1999-ին, Հայաստանի Ազգային ժողովի նիստի ընթացքին, սպաննուեցան Խորհրդարանի նախագահ Կարէն Դեմիրջեանը, վարչապետ Վազգէն Սարգսեանը եւ խորհրդարանի անդամներ՝ Եուրի Բախշեան (Ազգ. Ժողովի փոխ-նախագահ), Ռուբէն Միրոյեան (Ազգ. Ժողովի փոխ-նախագահ), նախարար Լէոնարդ Պետրոսեան, պատգամաւորներ՝ Արմենակ Արմենակեանը, Հենրիկ Աբրահամեանը եւ Միքայէլ Քոթանեանը:

Պարոյր Հայրիկեան նախագահական պաշտօնի թեկնածու էր եւ  յունուար 2013-ին, փողոցին մէջ, մահափորձի ենթարկուեցաւ: Դէպքը մոռցուեցաւ, արժանի գնահատանքի չարժանացաւ:

8 մայիս 2020-ին, Հայաստանի Ազգային ժողովի դահլիճը բեմ եղաւ ծեծկռտուքի. իրարանցում, նիստի ընդմիջում: Ընդդիմադիր Էդմոն Մարուքեան ենթարկուեցաւ ֆիզիքական յարձակման:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը սպառնայ «ասֆալտին փռել եւ պատերով տալ» անոնք, որոնք բռնութեամբ հարց կ՚ուզեն լուծել:

Այս տխրեցնող դէպքերը, երեոյթները եւ սպառնալիքները մտածելու կը մղեն Հայաստանի քաղաքացին եւ սփիւռքի հայը, ինչ ալ ըլլան համակրանքները եւ հակակրանքները:

Ի՞նչ սահմանում տալ կիրքի եւ ոչ-քաղաքակիրթ խօսքի այս կուտակումներուն: Ծաղրանկարիչը կրնայ արագ կրակող Ճեսի Ճէյմսի եւ Ռամպոյի տեսարաններ նկարել: Բայց իր հինգազարամեայ պատմութեամբ հպարտացող հայը ի՞նչ կը զգայ, ի՞նչ կը մտածէ եւ ի՞նչ պիտի ընէ, անշուշտ՝ Հայաստան, բայց նաեւ՝ սփիւռք(ներ): Քաղաքական ահաբեկչութիւնը ըստ ամենայնի մերժելի եւ դատապարտելի է, լուռ պէտք չէ մնալ անոր բոլոր ձեւերուն դիմաց: Յաջողած կամ ձախողած մահափորձեր եւ  սպառնալիքներ, կը վկայեն քաղաքական մշակոյթի եւ քաղաքացիական գիտակցութեան բացակայութեան մասին: Հայաստան այս պատկերով կը ներկայանայ, դժբախտաբա՛ր: Այս պէտք է ըսել ոչ թէ սեւցնելու կողմնապաշտական նկատումներով, այլ յառաջացնելու համար քաղաքական մշակոյթ, ըսենք՝ հասունութիւն:

Առաջին հերթին պէտք է գիտակցիլ այն առաքինութեան, որ քաղաքական աշխատանքը ծառայութիւն է: Երեսփոխան, նախարար, վարչապետ, նախագահ, իրենց դիրքին վրայ կը գտնուին ժողովուրդի ընտրութեամբ, անոնք ժողովուրդը կը ներկայացնեն, կոչուած են ժողովուրդի իրաւունքները պաշտպանելու եւ երաշխաւորելու անոր բարօրութիւնը: Անոնց համար, ինչպէս ֆրանսացի իմաստունը՝ Միշէլ Մոնթէնեը կ՚ըսէ, եսը ատելի պէտք է ըլլար եւ այդպէս չէ:

Քաղաքական մշակոյթի դպրոց է աշխարհը՝ իր զանազանութիւններով: Ոչ ֆրանսական, ոչ հայաստանեան, ոչ ամերիկեան եւ ոչ ալ արաբական աշխարհի հեռատեսիլի կայանները եւ թերթերը չեն սփռեր եւ հրատարակեր պատկերը Զուիցերիոյ նախագահին: Ի դէպ, այս տողերու ընթերցման պահուն, մենք մեզի հարց տանք, թէ ո՞վ է Զուիցերիոյ նախագահը: Իր երկրին ներկայացուցիչը եւ ծառան, որ լրատուամիջոցներու կարեւոր-անկարեւոր լուրերուն հերոսը չէ:

Բարոյագիտութեան մէջ կը խօսուի օրինակի արժէքի մասին (La valeur de l’exemple): Ի հարկէ Հայաստանը Զուիցերիա չէ, բայց օրինակը կրնայ ներշնչող ըլլալ: Շուէտ այցելութեան մը ընթացքին, հիւրընկալս ցոյց տուաւ կառավարական շէնքը եւ ըսաւ, որ վարչապետը, առանց պահակի, իր հեծիքով կու գայ աշխատանքի: Զոյգ օրինակները կը վկայեն քաղաքական մշակոյթի եւ քաղաքակիրթ քաղաքականութեան մասին: Հայաստանի պարզած տխրեցնող պատկերէն հեռանալով, ուզեցի ցոյց տալ քաղաքական ջարդի եւ սպառնալիքի վերաբերումէն տարբեր այլ ճանապարհներ ալ: Այս իմաստութեամբ խօսած են հիները: Առանց խորացումներ ընելու, պարզապէս կ՚ուզեմ յիշել Արիստոտէլի խօսքը, այս կարգի հարցերու մասին: Ան ըսած է, որ «իւրաքանչիւր անձ, որ կը ձգտի բռնակալութեան, պահակագունդ կը պահանջէ»… Կ՚ըսենք՝ թիկնապահներ…

Տարբեր մտածողը լռեցնել կամ հրապարակէն հեռացնել, ազատութիւններու կաշկանդում է, իսկ քաղաքական կեանքի մէջ պարզապէս հալածանք, անհանդուրժողութիւն, սեփական կարողութիւններուն հանդէպ կասկած, որ մեկնակէտն է բռնատիրական մղումներու:

Քաղաքական իրա՛ւ ղեկավարը, պաշտօնի վրայ ըլլայ թէ ոչ, իմացական որակ պէտք է որ ունենայ: Որակ՝ զոր կարելի է սահմանել հետեւեալ ձեւով. ան իր չըսելիքը պէտք է գիտնայ, որպէսզի երկփեղկումներու դուռ չբանայ, կամ պարզապէս խուսափի ծիծաղելիութենէ: Հայաստանի վարչապետը ամէն բանի մասին խօսելով, արագ խօսելով, ծիծաղելիութեան պատմական օրինակ մը տուաւ, երբ պսակաձեւ ժահրի (կորոնավիրուս) մասին խօսեցաւ, ըսելով. «… կորոնավիրուսն ո՞ւմ շունն ա, որ մեր կեանքում բան փոխի: Դրան պինցետով կը բռնենք, տնական արաղի մեջ կը թաթախենք ու…»… Արամայիս Սահակեան ողջ ըլլար, պիտի ըսէր. «Տո՛ւր պինցետդ, որ երթամ դարմանեմ հինգ հազար վարակուածները»: Թէեւ մէկն ալ պէտք է հայերէնի մարմնէն այդ պինցետը պէտք է հեռացնէ ինչպէս փտած ատամ մը… Վարակի դէմ պայքարը քաղաքականութիւն է, սրճարանային զուարճախօսութիւն չէ:

Ամէն անգամ որ քաղաքական ղեկավարի առաքինութեան եւ օրինակի մասին կը մտածեմ, կը յիշեմ ուսանողական օրերուս սորված ֆրանսացի թատերագիր Փիէր Քորնէյի «Սիննա» գործը, որուն մէջ, Օգոստոս կայսր կը ներէ իր դէմ դաւադրողներուն, եւ երբ իր կողմնակիցները դիտել կու տան, թէ ինչո՞ւ անցեալի իր խստութեամբ չի վերաբերիր, ան կը պատասխանէ ըսելով, որ «երբ բիրտ էի եւ կը պատժէի Օկտավիանոս էի, հիմա Օգոստոս եմ»: Այսինքն քաղաքական իրաւ ղեկավարի առաքինութիւնը մանրուքներու եւ քինախնդրութիւններու գերանցումն է:

Ժահրի պարտադրած գրեթէ ճգնաւորական մեկուսացման մէջ մտածելու իրաւունքս անխաթար պահեցի: Որքա՜ն լաւ պիտի ըլլար, յաղթահարելով կողմնապաշտութիւնները, իւրայիններու մէջ թշնամի տեսնելու ախտը, մեր կեանքը եւ երկիրը վստահէինք մարդոց, որոնք ազգը առաջնորդէին մեզ միացնող առաքինութիւններու լոյսով:

Ի դէպ, չխորհիք որ մոռցայ Զուիցերիոյ նախագահին պարագան: Պիտի տամ անունը, եթէ արդէն հետաքրքրուելով դուք չէք ծանօթացած անոր եւ իր անուան: Ան կին է եւ կը կոչուի Սիմոնետտա Սոմմարուկա: Իրապէս յարգելի, առանց աղմուկի եւ ասդին-անդին պտըտող լուսանկարներու:

Օրինակի արժէքը՝ նաեւ քաղաքականութեան մէջ: Բայց քաղաքականութիւնը չի պահանջե՞ր բարձրամակարդակ բարոյականութիւն:

Օրինակ մըն ալ տալու փորձութեան չեմ դիմադրեր: Ֆրանսայի վարչապետը վարչապետարանի դղեակին մէջ, Մաթինիոն չի բնակիր, չեմ ալ գիտեր, թէ ո՞ւր կը բնակի: Իր կինը չենք տեսներ հեռատեսիլի պաստառներուն վրայ: Հետաքրքրուեցայ եւ դիմեցի համացանցի օժանդակութեան: Ան համալսարանական է եւ քաղաքական գիտութեանց իրաւաբանական ճիւղի գործադիր տնօրէնն է: Ունին երեք զաւակներ, որոնք հեռատեսիլի պատուհանին հիւրերը չեն…

Միշտ մտածել օրինակի արժէքի մասին…

Եւ ղեկավարի օրինակելիութեան:

Աստ եւ անդ: Երէկ, այսօր եւ վաղը:

Շատ կը սիրենք հնչեղ եւ նորոյթ համարուող բառերը, որոնցմէ է յաճախ լսուող եւ գրուող մարտահրաւէրը: Այսօր, ազգին համար գոյութենական մարտահրաւէր է հայ ժողովուրդի հայրենիքին, համրանքին եւ ինքնութեան պաշտպանութիւնը: Ինչպէ՞ս կարելի է բարձրամակարդակ գիտակցութեամբ պատասխանել երրեակ մարտահրաւէրին:

Հայրենիքի պաշտպանութիւնը կ՚իրականանայ անոր իւրաքանչիւր թիզ հողի բնակութեամբ եւ զարգացումով:

Ազգի համրանք կը պաշտպանուի սեփական աշխարհի մէջ, ազգը տարաշխարհիկ (exotoque) բոյս չէ, զոր կ՚աճեցնենք տաքէն եւ ցուրտէն պաշտպանուած սենեակներու մէջ որպէս հետաքրքրութիւն եւ զարդ: Այսինքն՝ հայրենադարձութիւն եւ վերաբնակեցում, որպէսզի հայրենիքը չըլլայ միաքաղաք երկիր:

Ազգը պատահական անձերու գումարում չէ, ինքնութիւն ունի, որ կ՚ըլլայ պատմութեամբ, մշակոյթով եւ աղբաման չեղող լեզուով:

Այս մարտահրաւէրին այսօ՛ր պէտք է պատասխանել, մենք մեզի դէմ յաղթանակ տանելով:

Ճշմարիտ ղեկավարը պէտք է հրապարակ բերէ ո՛չ իր եսը, ո՛չ իր հետաքրքրութիւնները, այլ ընդգրկուի այս մարտահրաւէրի պատասխանին մէջ:

Մարտահրաւէր՝ որ գիւղական հարսանիք չէ, ուր Սարոներ եւ Մոսիներ զուարճութեան համար ըմբիշ կը դառնան, այլ ազգի լինելութեան հարց:

Պարզ. քաղաքական մշակոյթ, քաղաքացիական եւ ազգի գոյութենական գիտակցութիւն, մանրուքներու յաղթահարումով:

Այսօ՛ր:

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Երկուշաբթի, Յունիս 22, 2020