Վար­դա­վառ Կամ Պայ­ծա­ռա­կեր­պու­թիւն՝ Յի­սուս Քրիս­տո­սի

Հայ եկեղեցւոյ հինգ տաղաւարներէն մէկն է Յիսուս Քրիստոսի այլակերպութիւնը, քրիստոնէական հնագոյն ժամանակներէն ժողովրդային ամենասիրելի եւ աւանդական տօներէն ըլլալով՝ կոչուած է նաեւ Վարդավառ:

Մատթէոս, Մարկոս եւ Ղուկաս աւետարանիչները կ՚արձանագրեն մեր Տիրոջ եւ Փրկչին ինքնայայտնութիւնը որպէս Աստուծոյ, երկրաւոր առաքելութեանը երրորդ տարուան ամրանը, իր չարչարանքներուն, մահուան ու յարութեան մասին կանխասացութենէն վեց օր ետք, Թաբոր լերան վրայ, իր աշակերտներէն՝ Պետրոսի, Յովհաննէսի եւ Յակոբոսի առջեւ:

«Իր դէմքը արեւու նման լուսաւոր դարձաւ եւ հագուստները լոյսի նման ճերմակ եղան» (Մտ. 12.2) նախադասութենէն մեկնելով՝ Հայ եկեղեցին Յիսուսի աստուածային լուսաճաճանչ փառքով յայտնուիլը կոչեց Պայծառակերպութիւն, մինչ քրիստոնեայ բոլոր եկեղեցիները Այլակերպութիւն եզրով կը նշեն տօնը:

Դրախտային այդ պահուն երեւցան երկրի վրայ թաղուած Մովսէս մարգարէն՝ որպէս ներկայացուցիչը մեռելներու աշխարհին, եւ հրեղէն կառքով երկինք համբարձած Եղիա մարգարէն՝ ողջերուն: Ցոյց տալու համար, թէ ինքն է Տէրը երկրի եւ երկնքի, ողջերուն եւ մեռելներուն:

Առաքեալները երանական վիճակի ու աննկարագրելի զգացողութեան մէջ փափաքեցան երկարաձգել այդ պահը, որ համազօր էր անդենականի իրականութեան, ինչպէս ըսուած է. «Աստուած զինք սիրողներուն համար պատրաստեց այնպիսի փառք մը, որ որեւէ աչք չէ տեսած, որեւէ ականջ չէ լսած, եւ ոեւէ մէկուն միտքէն իսկ չէ անցած» (Ա. Կր 2.9):

Նախախնամութիւնը տնօրինեց, որ իր առաքեալներէն ոմանք ականատես ըլլան աստուածային փառքին, եւ ականջալուր՝ Հօր Աստուծոյ ձայնին, որ ըսաւ. «Այս է իմ սիրելի Որդիս, որուն ես հաճեցայ, անոր մտիկ ըրէք» (Մտ 17.5), որպէսզի յաջորդող օրերուն չտկարանային իրենց հաւատքին մէջ, երբ տեսնէին Յիսուսը կամաւոր կերպով բեւեռուած խաչին վրայ: Նախապէս տեսած ըլլային, թէ ինչպէ՛ս փառաւորեալ կերպով պիտի յայտնուէր իր յարութենէն ետք, ինչպէս նաեւ՝ Դատաստանին մեծ օրը:

Վարդավառը կը տօնենք Յիսուսի յարութենէն եւ համբարձումէն ետք, որովհետեւ ինք ըսած էր. «Մինչեւ որ Մարդու Որդին մեռելներէն յարութիւն չառնէ, ձեր տեսածը ոեւէ մէկուն մի՛ պատմէք» (Մտ 17.9):

Այս տօնը Հին Կտակարանի գիրքերուն եւ մարգարէութիւններուն մէջ նկարագրուած եւ կամ տիպաբանօրէն հաստատելի չենք գտներ, ինչպիսին է պարագան՝ ծննդեան, յարութեան եւ այլ տօներուն, որովհետեւ այս դէպքը գալիք իրականութիւններուն նախաօրինակն է, որ պիտի սկզբնաւորուի դատաստանի օրը:

Հայեր Տիրոջ այլակերպութիւնը Վարդավառ անուանած են՝ Յիսուսը համեմատելով վարդի հետ, ինչպէս վարդը նախքան բացուիլը՝ ծածկուած կ՚ըլլայ կոկոնի մէջ, եւ բացուելէն ետք միայն տեսանելի կը դառնայ բոլորին, այնպէս ալ Տէրը նախքան իր այլակերպիլը, իր մէջ պահած էր աստուածային պայծառութիւնը: Ուստի պայծառակերպուելով՝ յայտնեց իր աստուածութիւնը:

Աստուածաբաններէն ոմանք Վարդավառի տօնը խորհրդաբանօրէն կ՚առընչեն ջրհեղեղին եւ Նոյին, իսկ իրարու վրայ ջուր թափելն ու աղաւնի արձակելը՝ ջրհեղեղէն ազատագրուելուն:

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի տնօրինումով, Վարդավառը կը տօնուէր հայկական տոմարով տարուան առաջին օրը՝ Նաւասարդի 1-ին, որ կը համապատասխանէ Օգոստոսի 11-ին, փոխան՝ Նաւասարդի հեթանոսական մեծ տօնին:

Հայկական թուականի (551) հաստատումէն ետք Վարդավառի տօնը կապուած է Քրիստոսի յարութեան եւ սկսած է տօնուիլ Սուրբ Զատիկին յաջորդող տասնչորրորդ Կիրակին:

«Պայծառակերպութեան» տեսարանի հայկական ամենահին օրինակը Աղթամարի «Ս. Խաչ» եկեղեցւոյ որմնանկարն է:

ՄԻՒՌՈՆ ՔՀՆՅ. ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ 

Շաբաթ, Յուլիս 22, 2017