ԱՄՆ-Ի ԸՆՏՐԱԿԱՆ ՀՈՐԻԶՈՆ.․ ՍԿԻԶԲՆ ՈՒ ՎԱԽՃԱՆԸ ՅԱՅՏՆԻ ԺԱՊԱՒԷՆ ՄԸ

Միացեալ Նահանգներու քուէարկողները հազիւ երկուքուկէս ամիս հեռու են նախագահական ընտրութիւններէն: Դեմոկրատներու համագումարին վրայ վարագոյրը իջաւ եւ բացուեցաւ ընտրապայքարի «վերջին մրցավազք»ի բեմադրութիւնը, որ ունի բազմաթիւ ենթապատկերներ: «Վերջին մրցավազք»ի ազդանշանը կը նկատուի, ձեւով մը, Դեմոկրատ կուսակցութեան կողմէ Ճօ Պայտընի թեկնածութեան որդեգրումը: Քանի մը օրէն, Հանրապետական կուսակցութիւնը եւս պաշտօնապէս պիտի ճշդէ իր թեկնածուն, որ յայտնապէս պիտի ըլլայ անխուսափելի Տանըլտ Թրամփը, պիտի հետեւին մենամարտի իրերայաջորդ ռաունտերը եւ ամերիկացիներուն հետ, աշխարհն ալ պիտի հրճուի «ասի զարկաւան պատասխանեց»ի հեղեղով…

Եթէ պահ մը մեր աչքերը բարձրացնենք օր աւուր դրսեւորուող կեցուածքներէն, պարսաւանքներէն, փոխադարձ վարկաբեկումներէն վեր, կարելի կ՚ըլլայ պարզ աչքերով տեսնել, թէ ա՛յս ընտրապայքարն ալ, ինչպէս քանի մը նախընթացներ, նման է ժապաւէնի մը, որուն դիպաշարին սկի՛զբն ալ, աւա՛րտն ալ բացորոշ են, շնչասպառ ընող՝ սպասողական վիճակ չկայ: Այսպէ՛ս է, որովհետեւ ո՛վ որ ալ ըլլայ յաջորդ նախագահը՝ Թրամփ կամ Պայտըն, ան պիտի ըլլայ հլու կամակատարը ո՛չ թէ զինք ընտրող զանգուածին, այլ՝ այն ուժերուն՝ նիւթական աներեւակայելի ու անսպառ կարողութիւն կուտակած գերընկերութիւններուն, որոնք իրենց մականին տակ կը պահեն Միացեալ Նահանգնե՛րն ալ, Ռուսաստանն ալ, Եւրոպական Միութիւնն ու անոր անհատ երկիրնե՛րն ալ, առանց խնայելու Չինաստանին, Քորէային, Ճաբոնին եւ աշխարհի քաղաքական քարտէսին վրայ իբրեւ մեծ կամ ստորադաս ճանչցուած երկիր-պետութիւններուն: Մնացեալը՝ քուէարկողները պատրանքներով խանձարուրելու բեմադրութիւն մըն է:

***

Բեմադրութեան նախավերջին արարին ականտես եղանք վերջին օրերուն, Դեմոկրատ կուսակցութեան համագումարին առիթով: Կա՞յ մէկը, որ իր չգիտցածը-չսպասածը լսեց Պայտընի զօրակցողներէն: Առաջին կարգի քաղաքական ու պետական դէմքերէն սկեալ, մինչեւ համեստ քաղաքացիներ՝ բոլորն ալ խօսեցան Թրամփի ձախաւերութիւններուն, պսակաձեւ ժահրի նման պատուհաս մը ճիշդ ձեւով չդիմակալելու ապիկարութեան, երկիրը բաժանումի տանող արարքներուն, խտրականութիւնը իրողապէս քաջալերողի ընթացքին, երկիրը միջազգային ընտանիքէն մեկուսացնելու քայլերուն, ահաւոր մսխումներուն (ո՛չ միայն նիւթական), օր աւուր փքուող սուտերու տոպրակին եւ հազար ու մէկ աղաղակող ապիկարութիւններուն մասին: Այդ բոլորը նորութիւն չէին: Իսկ եթէ անպայման «զարտուղի» արտայայտութիւններ պէտք է փնտռենք, կրնանք արձանագրել, որ քանի մը ականաւոր հանրապետականներ երես դարձուցած են «նարնջագոյն մարդ»ուն: Այլապէս, Պայտընի թեկնածութեան ի նպաստ նուագախումբն ու մենակատարները գրեթէ միաձայն էին:

***

Այս հանգրուանին, կրնայ միամիտի եւ ուշացած հարցում թուիլ այն, որ Պայտըն ինչպէ՞ս շահեցաւ դեմոկրատներու մրցավազքը: Եկէ՛ք, պահ մը միամիտ ձեւանանք եւ սա դիտենք ընդհանուր պատկերին՝ ընտրապայքարին խորքը կազմող իրականութիւններուն լոյսին տակ, որպէսզի աւելի ետ երթալով՝ նման հարց տանք Թրամփի ընտրութեան մասին:

Եթէ մեր յիշողութեան զսպանակը քիչ մը դէպի ետ քաշքշենք, պիտի տեսնենք, որ ընտրապայքարի մեկնակէտին, անցեալ տարի, շուրջ 20 դեմոկրատ թեկնածուներ գրաւած էին կրկէսը. Պայտըն չէր գտնուեր վազողներու առաջին գիծին վրայ, ո՛չ ալ իր յայտարարուած ծրագիրները կը վայելէին այն ժողովրդականութիւնն ու համակրանքը, որ կը վայելէին այլ թեկնածուներու առաջադրանքները: Պահ մը մինչեւ իսկ շշուկներ շրջան ըրին, թէ տերեւաթափը պիտի ընդգրկէ նա՛եւ Պայտընը: Սական յետոյ պատահեցաւ… «հրաշքը»: «Աներեւոյթ աստուածներ»ը այնպէս մը դասաւորեցին, որ Պայտըն քանի մը օրուան մէջ ցատկեց առաջին դիրքին, մրցակիցները մէկ առ մէկ «թափեցան» եւ ահա, զինք ամենէն սուր քննադատութեան ենթարկողներն անգամ կը զօրակցին իրեն: «Վերերէն» այդպէ՞ս թելադրուած է, թէ յառաջիկայ կարկանդակէն բաժին ստանալու համար…: Թրամփի վրայ Պայտընի ձեռք բերած առաւելութիւնը այսօր կը թմբկահարուի մամուլին եւ քարոզչական աղբիւրներու կողմէ, մանաւանդ երբ ան իբրեւ փոխ-նախագահի թեկնածու ընտրեց երէկի մրցակիցներէն եւ սուր քննադատներէն Քամելա Հէրիսը:

…Նոյն «ծալքերն» էին, որ Թրամփի ինքնաշարժը հասցուցին Սպիտակ տուն:

***

«Պայտըն ընդդէմ Թրամփի» մրացավազքը ունի մէկ հիմնական խորագիր. ամէն բան ընել, որպէսզի «անկարող ու համբակ Թրափ»ը հեռացուի նախագահի աթոռէն: Փաստօրէն, մինչեւ իսկ նախագահին երէկի կարգ մը գործակիցներն ու համակիրները տեղ մը համակարծիք են, որ անոր անունը ո՛չ միայն պիտի արձանագրուի իբրեւ այս երկրի ամենէն ձախաւեր ու վնասակար նախագահը, այլ նոյնինքն պետական համակարգը եւ սահմանադրութիւնն ու ժողովրդավարութիւնը բզկտող, կառոյցներ քայքայող եւ մասնակի շահեր ընդհանրականէն վեր դասող… կամակատար մը: (Այս սակարանին նորագոյն խաղաքարտը եղաւ թղթատարական սպասարկութիւնը իրողապէս քայքայելու Թրամփի փորձը, ծանօթ պատճառներով: Յետոյ, չորեքշաբթի, 19 օգոստոսին արձանագրուած ետդարձը դիմաւորուեցաւ իբրեւ Թրամփի իրողական նահանջին մէկ արտայայտութիւնը):

Այս բոլորին մէջ անշո՛ւշտ որ կայ ճշմարտութեան շատ մեծ բաժին, սակայն եթէ թոյլ չտանք, որ յիշողութիւնը մեզի դաւաճանէ, պէտք է ընդունինք, որ այս երեւոյթը աննախընթաց չէ, ո՛րքան ալ որ մրցանիշային ըլլայ Թրամփի անբանութեան վաստակը: (Վերջերս, բարեկամ մը տեղին նկատողութիւն մը ըրաւ. «Կրնա՞ս երեւակայել, որ Չըրչիլ մը, Տը Կոլ մը, Փոմփիտու մը, Միթերան մը, Ատենաուըր մը, Ուիլսըն մը, Թէչըր մը, մինչեւ իսկ Կորպաչով մը եւ նմաններ ինչպիսի՛ ընկալում պիտի գտնէին իրենց ժողովուրդներուն եւ աշխարհի հանրութեան կողմէ, եթէ խօսէին-վարուէին Թրամփի ցուցադրածին միայն տասը առ հարիւրով»): Փաստօրէն, Պուշերէն մինչեւ Քլինթըններ եւ Օպամա, պատմութեան մէջ իրենց անունները արձանագրեցին այս կամ այն ձախաւերութեամբ ու քանդիչ արարքներով: Հիմա, կը ստեղծեն այն տպաւորութիւնը, որ Պայտըն պիտի գայ փրկարար սրբագրող մը ըլլալու: Եկո՛ւր տես, որ «հաւատքդ քեզ փրկեց»ի օրերուն մէջ չենք…

***

Յիշողութեան դարակները պրպտելով ու միայն չորս տարի ետ երթալով, կրնանք մեր սեղաններուն վրայ շարել պատկերներ, որոնց համագումարէն կը ծնի քիչ առաջուան հարցումը: Ինչպէ՞ս պատահեցաւ, որ նման արտառոց անձ մը շահեցաւ 2016-ի ընտրութիւնը:

Երեւութական պատճառներէն մէկը այն էր, որ իր շահատակութիւններով, ձախաւերութիւններով եւ տմարդիութեամբ ծանօթ Հիլըրի Քլինթըն մը նողկանք կը պարտադրէր զանգուածներուն: Այդ օրերուն ալ հարց ծագած էր, թէ դեմոկրատները ինչո՞ւ Քլինթըն մը նետած էին կրկէսին մէջ, ընդդէմ նուազ ծանօթ եւ այլապէս տարօրինակութիւններով (եւ ո՛չ թէ պետական մարդու կարողութիւններով) գրաւիչ նկատուող Թրամփին: Եւ ահա, չորս տարի ետք, քուէարկողը կը դրուի նման երկընտրանքի մը դէմ յանդիման. ի՞նչ ընել, որպէսզի այս այլանդակ «նարնջենին» չվերընտ-րըւի: Եւ իբրեւ փոխընտրանք՝ կը հրամցուի Պայտըն մը, այն «տրամաբանութեամբ, որ անբաղձալի դարձած-նկատուածին դէմ ո՛վ որ ալ բերուի, դժգոհներուն քուէն պիտի շահի, սակայն ո՛չ անոր համար՝ որ անոր ծրագիրներն ու առաջնորդողի կարողութիւններն են բաղձալին: Փաստօրէն, ո՛չ ոք կը բարձրաձայնէ անոր բերելիք սրբագրութիւններն ու բարելաւումը՝ մանաւանդ աշխարհի քարտէսը աչքի առջեւ ունենալով: Իսրայէլի բռնագրաւումներուն զօրակիցի Պայտընի կեցուածքը միայն մէկ օրինակ է:

***

Բնականաբար յառաջիկայ օրերուն, հանրապետականներն ու անոնց կողքին բանող քարոզչական մեքենան պիտի սկսին շատ աւելի թափանցող խորատումներ կատարելու: Թրամփ, համաձայն իր սովորութեան, իր «թռչնիկ»ը՝ Tweeter-ը կը գեղգեղեցնէ ամէն ժամ, 400-ը չանցնող իր բառամթերքով լուտանքներ եւ քննադատութիւններ շռայլելու համար ընդդիմադիրներուն-մրցակիցներուն հասցէին: Վաղը, պեղումներ պիտի ըլլան եւ յիշեցումներ պիտի կատարուին Պայտընի անկարողութեան, Օպամայի շուքն իսկ եղած չըլլալուն, կարգ մը ոչ-համակրելի ծրագիրներ հետապնդելուն եւ այլ տկարութիւններուն մասին, հիներու վրայ պիտի գումարուին նորեր. արդէն կ՚ըսուի, թէ ընտրապայքարը շահելու պարագային, երկիրը կառավարողը Պայտընը պիտի չըլլայ, այլ՝ Հէրիսը: (Անշուշտ պէտք չէ մոռնալ, որ սա ալ պատրանքի երես մը ունի, որովհետեւ ո՛վ որ ալ ըլլայ շահողը, կառավարողը մի՛շտ պիտի ըլլայ վարագոյրին ետին կանգնող(ներ)ը…):

Ընտրապայքարին արշաւը ո՛րքան խօլ ընթացք առնէ, աղմուկը ո՛րքան բարձրանայ, ԻՍԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐՆ ՈՒ ՄԱՐԴԿՈՒԹԻՒՆԸ (եւ ո՛չ միայն ամերիկացի ժողովուրդը) յուզող հարցերն ու տագնապները յետին բեմ պիտի հրուին, հակառակ յառաջամասին բեմադրուող արարներուն: Վաղը, Թրամփ պիտի սկսի յառաջ քշել իր արձանագրած «յաղթանակներն ու իրագործումները», որոնց վրայ քննական ակնարկ մը ցոյց պիտի տայ, թէ մեծ մասը ձախաւերութիւն են:

…Ու եթէ «աներեւոյթ աստուածներ»ը իրենց հաշիւներուն տեսանկիւնէն յարմար գտնեն այն՝ որ Թրամփի «Ֆեռարի»ն ետին ձգէ Պայտընի «Լամպուրկինի»ն, դեմոկրատ թեկնածուին խոստումներն ու ծրագիրները որքան ալ որ թուին նախընտրելի, որքան ալ որ Պայտըն մեծաթիւ կէտերով այսօր առաւելութիւն կը վայելէ մրցակիցին վրայ, պէտք չէ զարմանալ, որ Թրամփ եւ իր խմբակը պահեն Սպիտակ տան բանալիները:

Անկէ ետք (եւ ամէն պարագայի), աշխարհը ամերիկացի ընտրողներուն հետ պիտի բացագանչէ. «Կեցցէ՛ ժողովրդավարութիւնը, կեցցե՛ն անխարդախ ընտրութիւնները, կեցցե՛ն ազատութիւնն ու արդարութիւնը»: (Թրամփ արդէն չի ծածկեր իր այն դիտաւորութիւնը, որ չընտրուելու պարագային, պիտի չընդունի քուէարկութեանց արդիւնքը, մինչեւ իսկ կ՚երազէ երրորդ շրջան մը թագաւորելու մասին: Արդեօք Լուքաշենքոյի կամ Եւրոպական Միութեան կարծի՞քը ինչ պիտի ըլլայ…): Անդին, հայերուս պէս իսկական արդարութիւն եւ անսակարկելի իրաւունք հետապնդողներուն՝ պաղեստինցիներուն եւ այլ ժողովուրդներու ձայները պիտի խլանան այդ ցնծագին ու… թելադրեալ բացագանչութիւններուն մէջ:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Շաբաթ, Օգոստոս 22, 2020