«ԳՆԱ՛ ՄԵՌԻՐ, ԵԿՈ՛ՒՐ ՍԻՐԵՄ»

​«Որքան լաւ է մեծարել նուիրեալ մը ողջութեան
ու յաւետ մոռացութեան տալ.-
Գնա՛ մեռիր, եկուր սիրեմ ասացուածքը»
(Թորոս Թորանեան)

Արտայայտութիւն մը, որ շա՜տ կը լսենք, տեղի կամ անտեղի:

Արտայայտութիւն մը, որ իր մէջ կը պարունակէ կեանքի խոր փիլիսոփայութիւն:

Արտայայտութիւն մը, որ ապրուած դաժան ու ծանր կեանքի մը ծաղր ու ծանակն է:

Արտայայտութիւն մը, որ ղեկավարներու համար ա՜յնքան սիրելի ու սրտամօտիկ է, որովհետեւ այս արտայայտութիւնը իրենց առիթ կու տայ անմարդկային կերպով մարդկային իրենց քմահաճոյքներուն, փառասիրութիւններուն եւ եսականութեան յագեցում տալ:

Արտայայտութիւն մը, որ ո՛չ միայն անցաւորներուն, այսինքն՝ արդէն իսկ այս կեանքէն մեկնողներուն կը վերաբերի, այլ՝ առաւել եւս ողջ-մեռածներուն, անշնչացածներուն:

Վերջին երկու միտքերն են, որ այսօր ամենէն շատ կը մտատանջեն մեզմէ շատերը: Կը մտատանջեն, որովհետեւ ականատեսը կը դառնանք այնպիսի երեւոյթներու, որոնք այսպէս կամ այնպէս վնաս կը պատճառեն ո՛չ միայն անհատներու, այլ՝ այդ վնաս կրած անհատներուն ընդմէջէն մեր միջավայրին, ընկերութեան, եւ վերջին հաշուով՝ մեր ժողովուրդին, մեր հայրենիքին, սփիւռքի մեր գաղութներուն:

Պահ մը եթէ մեզմէ իւրաքանչիւրս իր շրջապատը ուսումնասիրէ, փորձէ արժեւորում մը կատարել ու եզրակացութեան մը հասնիլ, վստահաբար, որ շա՜տ-շատեր ահաւոր եզրակացութիւններ պիտի ունենան, անդրադառնալով, կամ գիտակցելով, թէ մարդկային անարդարութեան, աւելի՛ն, մարդկային սին հաշիւներու պատճառով ի՜նչ-ինչ գանձեր ու հարստութիւններ թաղած ենք գիտակցաբար, կամ անգիտակցաբար: Մարդիկ, որոնք ոչինչէն բանով մը չեն տարբերիր, հասած են բարձունքներու, աթոռներու վրայ նստած են, «ղեկավարող»ի կարգավիճակ ստացած են ու անոնց «որոշում կայացնելու» կանաչ լոյս տրուած է… Պահ մը պատկերացուցէք, թէ այդպիսիները ի՜նչ աւերներ գործելու ընդունակ են, ի՜նչ տաղանդներ գերեզմանելու անմարդկային մեթոտներու տէր են եւ ի՜նչ անխղճութեամբ ու քարսրտութեամբ առանց դագաղի իսկ կը գերեզմանեն մարգարիտներ ու թանկարժէք «քար»եր: Անդին, սակայն, պարզ, խոնարհ, ՄԱՐԴկային ու բարոյական յատկութիւններով եւ արժէքներով հարուստ մարդիկ անշքութեան, անուշադրութեան մատնուած են, կամ անտարբերութեան ովկիանոսին մէջ նետուած: Անհատներ, որոնք իրենց լուռ ու մունջ պահուածքով ու բնաւորութեամբ, ատակ են «լեռներ տեղափոխելու», հրաշքներ գործելու, Արամ Հայկազի ըսելով՝ «իրենց ուղեղով, իրենց դիմաց եղող քարէ պատը քանդելու», բայց «չես գիտեր» ինչու, ինչ-ինչ պատճառներով այդպիսիները միշտ կ՚անտեսուին, անուշադրութեան կը մատնուին, ինչո՞ւ, պարզապէս որովհետեւ համարձակած են ըսել, թէ՝ «մածունը սպիտակ է եւ ո՛չ թէ սեւ»

Այսօր, քանի՜-քանի արժանաւորներ անշուքութեան ու անուշադրութեան մատնուած են: Քանի՜-քանի տաղանդաւորներ մոռացութեան մատնուած են: Քանի՜-քանի մտաւորականներ եւ ուսուցիչներ վարագոյրներու ետեւ նետուած են: Քանի՜-քանի հասարակական-ազգային-մշակութային-քաղաքական գործիչներ գերեզմանուած են: Այս բոլորին փոխարէն աթոռներ ու գահեր գրաւած են միջակութիւններ, անտաղանդներ եւ շատ յաճախ պարզապէս ոչնչութիւններ: Վերը յիշատակուածներէն ոմանք, հաւատարիմ մնալով իրենց մէջ եղող ձայնին, կոչումին, նախընտրած են այդ անարդարութեան զոհ չերթալ ու իրենց մէջ եղող ատաղձը օտարին ծառայեցնել: Իսկ ուրիշներ, նախընտրած են մնալ այնտեղ՝ ուր որ են, եւ լռութեամբ տառապիլ ու այդ տառապանքին մէջէն արարել, ստեղծագործել, յոյս ունենալով, որ իրենցմէ ետք իրենց ձգած աւանդը բարի ու լաւ նպատակի մը ծառայէ, օգուտ տայ:

Միւս կողմէ, եթէ փորձենք հասկնալ այդ միջակութիւններուն, անտաղանդներուն, ոչնչութիւններուն այդպիսի դիրքերու եւ աթոռներու հասնիլը, պատասխանը շատ պարզ ու յստակ է: Այսինչը այսինչ կուսակցականին եղբօր տղան է. այնինչը այն ինչ կուսակցականին քրոջ ամուսինն է. միւսը, այսինչին նշանածն է. մէկ ուրիշը անհատականութիւնն ու նկարագիրը ծախած է, յանուն այդ աթոռին ու մի քանի ղրուշին՝ որ կը նետեն իր դիմաց. մէկ ուրիշը անինքնասիրութեամբ իր վերադասին բոլոր հրահանգները «հլու հնազանդ» կատարած է ու արժանացած՝ այնպիսի դիրքի, աթոռի կամ պաշտօնի, ինչ բանի մասին տարրական գիտելիքն անգամ չունի… Եւ այսպէս կարելի է շարքը երկարել ու երկարել:

Շարք մը, սակայն, որ մեր համազգային ողբերգութեան ամենէն գերագոյն նմոյշն է:

Շարք մը, որ մեր համազգային երազանքներուն շիրմաքարն է դարձած:

Շարք մը, որ անմարդկայնութեան իւրայատուկ տիպար մըն է, ինչ բանը դժուար թէ կարենանք գտնել ուրիշ ազգերու ու ժողովուրդներու մէջ [ո՛չ թէ բացառուած է գտնելը, այլ՝ մերինին հաստատ չի՛ հասնիր]:

Շարք մը, որ ո՛չ թէ արժէնքերու, տաղանդներու, ընդունակութիւններու համաձայն կ՚առաջնորդուի, այլ ընդհակառակը՝ շահի, հաշիւի, ստրուկ դառնալու ընդունակութեան, աննկարագիր ու անհատականութենէ զուրկ ըլլալու կարողութիւններով:

Շարք մը, որ կ՚առաջնրդուի՝ «ինձմէ ետք անապատ է» կարգախօսով:

Թերեւս կոշտ ու կոպիտ հնչեն ընթերցողներու ականջին վերը արձանագրուած տողերը, սակայն մեր ցաւալի, միաժամանակ՝ առանց արիւնի արիւնոտ, թարախակալած իրականութիւնն է:

Գրութեան սկիզբը անդրադարձանք, որ «գնա՛ մեռիր, եկուր սիրեմ» արտայայտութիւնը ղեկավարներու համար ալ հաճելի է: Շատերուն համար կրնայ տարօրինակ թուիլ այս մէկը, սակայն դարձեալ եթէ մեր չորս կողմը ուշադրութեամբ ուսումնասիրենք, պիտի համոզուինք, որ այդ եւս ցաւալի իրականութիւն մըն է, մանաւանդ մեր օրերուն: Միւս կողմէ, եթէ փորձենք հասկնալ դրդապատճառը նման պահուածքի մը, կարիք չունինք շատ չարչրկելու մեր միտքը, որովհետեւ պատասխանը շատ պարզ եւ յաստակ է. երբ աթոռը, գահը, ղեկավարի ու առաջնորդի պաշտօնը նպատակ է եւ ո՛չ թէ միջոց, արդիւնքը կ՚ըլլայ այն՝ ինչ ոչ վերը նշեցինք, որովհետեւ մարդկային սին եսը, թոյլ չի՛ տար նոյն այդ եսին տիրոջ, որ առաջնորդուի իրմէ դուրս եղող որեւէ մէկ բանով, տակաւին չեմ խօսիր արժէքներու ու գաղափարներու մասին: Այդ պատճառով ալ նմանատիպ մարդիկ միշտ իրենցմէ քիչ «գիտուն», իրենցմէ ունակութիւններով «նուազ կամ տկար» մարդոցմով կը լեցնեն իրենց չորս բոլորը, որպէսզի կարենան դիւրութեամբ իշխեն եւ իրենց ուզածը, աւելի ճիշդ՝ իրենց քմահաճոյքը պարտադրեն եւ ի կատար ածեն: Այդպիսի մարդիկ չեն ուզեր, որ իրենց ենթակայութեան տակ եղողները իրենցմէ աւելի բան գիտնան, կամ իրենց ունակութիւններով եւ գիտելիքներով աւելի փայլին, եւ փոխանակ այդ մարդոց ունակութիւններն ու գիտելիքները գործածեն ի շահ ընդհանուրին եւ, ի մասնաւորի, ի շահ իրենց աթոռի ամրացումին եւ իրենց վարկի բարձրացումին, իրենց ենթակայութեան տակ եղողները կը նկատեն իրենց մրցակիցները ու ամէն ինչ կ՚ընեն, որպէսզի չէզոքացնեն զիրենք, խոչընդոտեն անոնց աշխատանքը, որպէսզի յանկարծ անոնք գովասանքի չարժանան: Այդ հիւանդութեամբ տառապող ղեկավարներն ու առաջնորդները սակայն, շատ պարզ ու յստակ ճշմարտութիւն մը կ՚անգիտանան, որ իւրաքանչիւր ղեկավարի կամ առաջնորդի լաւ կամ վատ, զօրաւոր կամ տկար, յաջողակ կամ ձախողակ ըլլալու նշանակէտը՝ իր աշխատողներն են, այլ խօսքով՝ եթէ տուեալ հաստատութեան մը, ընկերութեան մը կամ կուսակցութեան մը ղեկավարը կամ առաջնորդը յաջողի ճիշդ կերպով ղեկավարել իրենց վստահուածը, ապա իր աշխատողներէն միայն դրական արդիւնք կը ստանայ, բայց այդ դրական արդիւնքին հասնելու համար, տուեալ առաջնորդը կամ ղեկավարը նախ եւ առաջ պէտք է հրաժարի իր եսէն, իր անձնական հաշիւներէն եւ իր ղեկավարած կառոյցին շահերը առաջ մղէ ամէն բանէ առաջ, ի շահ այդ կառոյցին ու այդ կառոյցին ընդմէջէն այդ կառոյցի աշխատողներուն, ընկերութեան ու ժողովուրդին:

Եթէ կ՚ուզենք մեր մեռելները սիրել՝ սիրենք, ո՛չ ոք կրնայ արգիլել մեզի, բայց մեռելները սիրելէն առաջ պէտք է սորվինք մեր հետ եղողները սիրել, արժեւորել: Պէտք է, ի վերջոյ հասկնանք, որ մարդկային հասկցողութեամբ մարդ իր կենդանութեան ժամանակ է, որ արժէք է, հարստութիւն է, մեռնելէն ետք մեծարելը, գովաբանելն ու փառաբանելը, մի միայն ապրողներուն կողմէ գործի դրուած ինքնախաբէութիւն մըն է, այն ալ այնքան գեղեցիկ ու տպաւորիչ ինքնախաբէութիւն: Մեծաշուք յուղարկաւորութիւնները, ճոխ դագաղներն ու բազմաթիւ ծաղկեպսակները, մեր՝ ապրողներուս աչքերը շոյելուն համար են, իսկ մեկնողներուն համար այլեւս ոչինչ են, անարժէք են:

Մարդուն պէտք է իր կենդանութեան ժամանակ յարգել ու սիրել, գնահատել ու արժեւորել իր տաղանդն ու ունակութիւնները, եւ զանոնք տուեալ անձէն, այլ խօսքով՝ եսէն հանելով, ծառայեցնել ընդհանուրի շահերուն:

Մարդուն մէջ ո՛չ թէ ծանօթութիւնը պէտք է փնտռել, այսինքն՝ որո՞ւ ծանօթն է, բարեկամը կամ ազգականը, այլ՝ մարդուն մէջ պէտք է արժէքն ու արժանիքը, ունակութիւնն ու տաղանդը փնտռել ամէն բանէ առաջ, եթէ կ՚ուզենք ունենալ առողջ հասարակութիւն մը եւ տրամաբանող ժողովուրդ մը, այլապէս կը վերածուինք վատառողջ ու տրամաբանութենէ զուրկ հասարակութեան մը, որ զուրկ կը մնայ մարդկային ամէն տեսակի արժէքէ ու արժանիքէ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

12 սեպտեմբեր 2021, Վաղարշապատ 

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2021