ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ-ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ (Ա.)

Մարդկային պատմութեան ընթացքին պետութեան մը կայացման փուլերը երկար ու տարողունակ եղած են, բայց ամենաընդունուած եւ համատարած ձեւը ազգ-ժողովուրդ հասկացութեան կազմութենէն բխած է:

Ժողովուրդները երբ առաւելապէս վերածուած են ազգերու, կրցած են պետութիւններ ստեղծել: Բնականաբար, մարդկային քաղաքակրթութեան սկզբնական շրջաններուն անտեսելի չեն այն ընկերային, տնտեսական, մշակութային եւ կրօնական հոլովոյթները, որոնք տարած են դէպի պետութիւններու ստեղծում ու կայացում: Շատ մը պարագաներու որեւէ թագաւորութեան մը ստեղծումը եղած է մէկ թագաւորի կամ նուաճողի-արշաւողի գործունէութեան եւ յաճախ ալ նուաճումներու արդիւնքով (նուաճումները կրնան թէ՛ հին եւ թէ՛ մասնաւորապէս արդի համամարդկային ու միջազգային օրէնքի չափանիշներուն համաձայն զաւթողական եւ գրաւման-կոտորման հաշւոյն ըլլալ): Հոս բոլոր կայսրութիւններու պատմականութիւնը կրնանք կապել այս իրողութեան հետ եւ հարկ է նշել, որ կայացած կայսրութեան կամ թագաւորութեան մը հիմքին մէջ եղած է պարզ պետականաշինութիւն մը, որքան որ անոր յետագայ զարգացումը եղած ըլլայ նուաճողականութեան մը արդիւնք:

Ճիշդ այս կէտին է, որ ինքնաբերաբար թագաւորի կամ նուաճողի մը կերպարն ու գործունէութիւնը երեւան կու գան մշտապէս: Այսինքն շատ մը պարագաներու ո՛չ միայն պետական միաւորի կազմումի հիմքը եղած է անհատ-կերպար առաջնորդ մը, այլ նոյն այդ անհատի ապագայ գործունէութեան եղանակէն (առաւելապէս նուաճողական) կախեալ եղած է հիմնադրուած կայսրութեան մը կազմաւորումը եւ զարգացումը: Այստեղ կայսրութիւնները կրնանք դասակարգել երկու տեսակով.

Առաջինը՝ կրօնական հենքով կայսրութիւններ, ուր անոնց հիմնադրման ու գործունէութեան հիմքը եղած է կրօնքը, իսկ շարժիչ ուժն ու նպատակը տուեալ կրօնքի տարածումը: Ցայտուն ու հակիրճ օրինակներն են իսլամական կայսրութիւնները եւ աւելի մեղմը՝ Վատիկանը: Երկրորդը՝ քաղաքական հենքով կայսրութիւններ են, որոնք մեծամասնութիւնը կը կազմեն մարդկութեան պատմութեան ընթացքին ստեղծուած պետութիւններուն-կայսրութիւններուն: Որքան ալ այսպիսի պետութիւններու-կայսրութիւններու կազմաւորման ողնաշարը կը համարուի ազգ-պետութիւնը, կը մնայ տնտեսական շահն եւ զուգահեռաբար այդ շահու ապահովումը:

Մարդկային պատմութիւնը հիմնուած է պետութիւններու-կայսրութիւններու պատմութիւններուն վրայ, իսկ անոնցմով կատարուած իրադարձութիւնները տեւաբար վճռած են թէ՛ անհատներու եւ թէ ազգերու-հաւաքականութիւններու ճակատագրերը:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Յունուար 23, 2024