ԱՌԱՋԻՆ ՈՐՍԸ

Ձկնոր­սը նստած է գե­տա­փին, կող­քը լամբ մը, դոյլ մը, կար­միր հո­ղով լե­ցուն թի­թե­ղեայ տուփ մը, ուր­կէ որ­դե­րը մէկ-մէկ գլուխ կը ցցեն ու կը մխրճուին հո­ղին մէջ, կարթ մը, կե­ռիկ­նե­րու տու­փիկ մը ու իր հա­ցա­մա­նը շա­րուած են: Յար­մար տեղ մը ընտ­րած են ձկնորս բա­րե­կամ­նե­րը ի­րեն հա­մար ու սոր­վե­ցու­ցած, թէ ինչ­պէս պէտք է գոր­ծա­ծէ կար­թը ու այլ անհ­րա­ժեշտ բա­ներ:

Ան հաստ որդ մը կը քա­շէ հո­ղին մէ­ջէն ու կ­­՚ան­ցը­նէ կե­ռի­կին վրայ, կե­ռիկն ալ կը տե­ղա­ւո­րէ կար­թին վեր­ջա­ւո­րու­թեան ու օ­դին մէջ դարձ­նե­լով կը նե­տէ գե­տը: Ա­ռա­ջին փոր­ձը չի յա­ջո­ղիր կար­ծես, երկ­րոր­դը, եր­րոր­դը ու ի վեր­ջոյ կը յա­ջո­ղի կամ կը գո­հա­նայ իր նե­տած ձե­ւէն, որ այս ան­գամ քիչ մը ա­ւե­լի հե­ռուն կրցաւ հասց­նել, քա­նի որ­քան հե­ռա­նայ կե­ռի­կին ին­կած վայ­րը, այդ­քան ա­ւե­լի հա­ւա­նա­կան կ՚ըլ­լայ որ­սը ձեռք ձգել, կը խո­րա­նայ գե­տին յա­տա­կը, ուր ա­ւե­լի կ­­՚ըլ­լան ձու­կե­րը: Այս­պէս խոր­հե­լով կար­թին յար­մար յե­նա­րան մըն ալ կը պատ­րաս­տէ ու ինք ծխա­խոտ մը վա­ռե­լով կը հե­տե­ւի կար­թին վեր­ջա­ւո­րու­թեան կա­խուած թե­լի շար­ժում­նե­րուն:

Որ­քան խորհր­դա­ւոր լռու­թիւն մ՚է, որ կը տի­րէ, ան­խօս բնու­թեան ձայ­նէն բա­ցի ոչ մէկ շշուկ, ոչ մէկ աղ­մուկ: Ոչ քա­ղա­քի խճո­ղուած պո­ղո­տա­նե­րուն ան­հանգս­տու­թիւն պատ­ճա­ռող ան­ցու­դար­ձե­րը, ոչ ինք­նա­շարժ­նե­րու ճչակ­նե­րը, ոչ ալ իր խա­նու­թի դրա­ցի ար­հես­տա­ւոր­նե­րուն աղ­մու­կը կը լսուի: Ու կ՚ափ­սո­սայ, որ նա­խա­պէս չէ ըն­դա­ռա­ջած ըն­կեր­նե­րուն ա­ռա­ջար­կին, ո­րոնք ա­մէն Շա­բաթ օր կը մեկ­նին գե­տափ ու շատ յա­ճախ ալ խօ­սած ու պատ­մած են ի­րեն այս մա­սին, բայց այս ան­գամ հա­մո­զե­ցին ու բե­րին զինք ու ա­հա մերկ բնու­թեան գիրկն է ան ու շատ գոհ, որ ե­կած է:

Թե­թեւ զե­փիւռ մը մանր ա­լիք­ներ կը գո­յաց­նէ գե­տի մա­կե­րե­սին, ա­նուշ ձայն մըն ալ խշշշ՜շշ, հա­ճե­լի, նոյն հա­ճոյ­քով հիա­ցած ճպուռ մը թու­փե­րուն մէ­ջէն կը ձայ­նակ­ցի ջու­րին, գորտ մըն ալ կը կռկռայ ան­դիէն, ինչ ա­ղուոր ե­րաժշտու­թիւն, տե­սո­ղու­թեա­նը հո­րի­զո­նը կա­նա­չա­պատ ծա­ռեր, թու­փեր ան­հա­մար, ջու­րին զո­վու­թիւ­նը կու գայ ու կը դպչի այ­տե­րուն, կ՚ա­խոր­ժի ան, շատ կ՚ա­խոր­ժի ու կար­ծես այս խորհր­դա­ւոր տե­սա­րա­նին գիր­կը մտա­ծում­նե­րը մէկ մէկ կը յայտ­նուին, խա­ղաղ մտա­ծե­լու ա­ռիթ մ­­՚է, որ ներ­կա­յա­ցած է ի­րեն:

Մտո­վի կը ծրագ­րէ գալ շաբ­թուան բո­լոր գոր­ծե­րը, կը թուագ­րէ սկսե­լով ա­ռաջ­նա­յի­նէն, կը խոր­հի ըն­տա­նի­քին մա­սին, ման­չու­կին մա­սին, ու ա­հա առ­ձեռն հե­ռա­ձայ­նէն զանգ մը կը լսուի, նա­մակ մըն է, որ կը փո­խան­ցէ ման­չու­կին հրճուան­քը. «Պապ, ձուկ բեր, հա՛, որ­սա­ցած ժա­մա­նակդ ալ նկա­րէ, որ տես­նենք, վա­ղը բե­րած ձուկդ պիտ՚ ու­տեն­ք», ժպի­տը դէմ­քին կը շա­րու­նա­կէ խո­կալ, մտա­յին մար­զանք մ՚է կար­ծես տե­ղի ու­նե­ցա­ծը:

Խո­կում­նե­րուն հետ կը սա­հին ժա­մե­րը ու կը սկսի մթնիլ: Մու­թը կար­ծես կը ճնշէ ա­նոր վրայ, ափ­սո­սանք մը կը պա­տէ յան­կարծ ու նո­րէն կը կար­դայ ման­չու­կին նա­մա­կը: Հի­մա ե­թէ տու­նը ըլ­լար ման­չու­կին հետ ժա­մա­նակ կ­­՚ան­ցը­նէր ու կը ծրագ­րէին միա­սին Կի­րա­կի օրուան այ­ցե­լու­թիւն­նե­րը, պտոյտ­նե­րը:

Լամ­բին կայծ մը կու տայ, ո­րուն ա­ղօտ, պլպլա­ցող լոյ­սին հետ մու­թը կը սկսի խո­րա­նալ ու տա­րա­ծուիլ, ստուեր­նե­րը կը խտա­նան, բե­ւե­ռա­յին աստ­ղին պայ­ծա­ռու­թիւ­նը հետզ­հե­տէ կը յստա­կա­նայ, քիչ ան­դին՝ երկն­քին մէջ կը փայ­լի մա­հի­կը, բա­րակ, շատ բա­րակ, նոր, այ­սօր սկսած է ե­րե­ւիլ: Ու ա­հա ճայ մը կար­ծես ճամ­բան կորսն­ցու­ցած կը թա­փա­ռի ջու­րին մա­կե­րե­սին: Մա­հիկ ու ճա՞յ, ինչ­պէս կրնայ ըլ­լալ: Ճա­յե­րը ցե­րե­կը կ­­՚ե­րե­ւին, ա­րե­ւուն շո­ղե­րուն հետ կը շրջին ջու­րին մա­կե­րե­սին, կեր կը փնտռեն ա­նոնք ցե­րե­կով: Կե՞ր, կ՚անդ­րա­դառ­նայ յան­կարծ ու կը նկա­տէ, որ թռչու­նը կը շրջի ճիշդ կար­թին թե­լին ին­կած վայ­րին շուրջ: Նշան մ­­՚է տրուա­ծը, բնու­թիւ­նը կ­­՚օգ­նէ ի­րեն, ան­փորձ որ­սոր­դին փոր­ձա­ռու­թիւն կ՚ու­սու­ցա­նէ: Կը նկա­տէ թե­լին թե­թեւ շար­ժում­նե­րը, չի գի­տեր ի՞նչ ը­նէ, ձու­կը կե­րը նկա­տած ու ե­կած է ու­տե­լու, պէտք է զգոյշ ըլ­լալ, այն­պէս մը շար­ժել կար­թը, որ ձու­կը չփախ­չի, չան­հե­տա­նայ:

Խու­ճա­պի մատ­նուած, շփո­թած, հրճուած կա­մա­ցուկ մը կը վերց­նէ ան կար­թը իր յե­նա­րա­նէն ու կը սկսի ո­լո­րել թե­լը եւ ջու­րէն դուրս քա­շել որ­սը: Ճիշդ այն­պէս ինչ­պէս մէ­կը նոր գոր­ծի մը ձեռ­նար­կած՝ ջանք չի խնա­յեր այդ գոր­ծը յա­ջո­ղու­թեամբ պսա­կե­լու հա­մար: Խան­դա­վա­ռու­թեամբ կը շա­րու­նա­կէ ո­լո­րել կար­թէն կա­խուած թե­լը: Ծան­րու­թիւն մը կը զգայ, ի­րար կ­­՚անց­նի, բայց ո՛չ, պէտք է զուսպ ըլ­լալ, ի­րար չանց­նիլ: Ար­դեօք կան­չե՞մ բա­րե­կամ­ներս, կը խոր­հի: Ու կ­­՚ու­զէ ա­նոնց ա­նուն­նե­րը յի­շել. հոգ չէ ո­րե­ւէ ա­նուն, ո­րե­ւէ բա­ցա­գան­չու­թիւն, միայն լսեն ա­նոնք ու գան ի­րենց փոր­ձա­ռուի շար­ժում­նե­րով յա­ջո­ղին հա­նել որ­սը ջու­րէն, ու կը պո­ռայ՝ ՚Վար­դա՛ն, Յա­կո՛բ, Օ­հա՛ն, ե­կէք, կար­ծես որս մը բռնե­ցի, կար­թիս կե­ռի­կին կա­խուեր է, հա­սէ՜­ք», կ՚անդ­րա­դառ­նայ, որ իր թուած ա­նուն­նե­րէն ոչ մէ­կը բա­րե­կամ­նե­րուն ա­նուն­ներն են, բայց գո­նէ ձայնս լսեն ու գան, կը խոր­հի ու միեւ­նոյն ա­տեն հան­դար­տու­թիւն մը կը տի­րէ, ոյ­ժե­րը կը ժո­ղվէ ու կը շա­րու­նա­կէ ծան­րա­ցած թե­լը ո­լո­րել. թե­լը կ­­՚ո­լո­րէ վար­պետ ձկնոր­սի մը նման, ու ա­հա ջու­րէն կը յայտ­նուի ձու­կը, որ կը թփռտայ ամ­բողջ մարմ­նով, ո­րուն պատ­ճա­ռով ալ ա­ւե­լի կը ծան­րա­նայ, կե­նաց մա­հու պայ­քար կը մղէ կեն­դա­նին, հո­գի կու տայ:

Ձկնոր­սը ա­րագ-ա­րագ կ՚ո­լո­րէ թե­լը, որ­սը տե­սած է ար­դէն, բա­ւա­կան ալ մեծ է: Բա­րե­կամ­նե­րը ը­սած էին ի­րեն, թէ ա­ռա­ջին ան­գամ ան­պայ­ման կ­­՚որ­սաս, հա­ւատք չէր ըն­ծա­յած ինք այս խօս­քին, ծի­ծա­ղով մը պա­տաս­խա­նած էր, թէ ար­դեօք ձու­կե­րը կը զգա՞ն ա­ռա­ջի­նը կամ վեր­ջի­նը, բայց ա­հա­ւա­սիկ փաս­տը դէմն է, ծանր ձուկ մը օ­դին մէջ կը խա­ղայ ու ինք կը մօ­տեց­նէ կար­թը ու կը քա­շէ որ­սը:

Ա­հա ար­դէն թե­լը ամ­բող­ջու­թեամբ ո­լո­րուե­լու վրայ է ու որ­սը՝ շատ մօտ: Այդ­պէս՝ որ­սը կար­թէն կա­խուած վի­ճա­կով կը նկա­րէ ու իս­կոյն կը ղրկէ ման­չու­կին եւ եր­ջան­կա­ցած կը հե­ռա­ձայ­նէ ու յա­ջո­ղու­թեան ցնծու­թիւ­նը կը փո­խան­ցէ.

-Տղա՛ս, տե­սա՞ր բռնած ձուկս, վա­ղը կ՚ու­տենք ա­ռա­ջին որսս եւ գալ ան­գամ միա­սին կ­­՚եր­թանք որ­սա­լու, շա՜տ հա­ճե­լի է:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Հինգշաբթի, Փետրուար 23, 2017