ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՀԱՆԴԷՊ ԱՆԿԱՍԵԼԻ ՍԷՐ, ԳՈՒՐԳՈՒՐԱՆՔ ԵՒ ԿԱՐՕՏ. ԺԱԳ ԵՈՒՐԷՃԵԱՆԻ ՄԱՍԻՆ, ՈՐ ՄԻԱՅՆ ԲԱՐԵՐԱՐ ՄԸ ՉԷ

«Մէջէս դող մը անցաւ, երբ Հացիկ դպրոց մուտք գործեցի եւ այդ դողը երկար ժամանակ իմ հետս մնաց…» այս բառերով է, որ ամերիկահայ Ժագ Եուրէճեան կը նկարագրէ այն պահը, երբ ան առաջին «տաք» հանդիպումը ունեցաւ Հայաստանի հետ։ Հանդիպումը միայն հայրենի հողին հետ չէր, միայն զինք շրջապատող եւ սիրող մարդոց հետ չէր, հայրենի սարերուն, կանաչ բնութեան, բլուրներուն ու խորունկ ձորերուն հետ չէր միայն, այլ աւելին։ Հայրենիքի հանդէպ սէրը նման է փոքրիկ ոստի մը, որ եթէ պարարտ հողի մէջ դրուի, կ՚ապրի, կ՚աճի, կը մեծնայ, հասակ կ՚առնէ եւ յետոյ միրգեր կու տայ։ Այդպիսին եղած է Ժագ Եուրէճանի պարագան, որուն մակութիւնը, պատանեկութեան տարիները, ապրումները եւ կեանքի մեծ պայքարը տարած են զինք մէկ ուղիով։ Այդ ուղին զինք բերած է Հայաստան հայրենիք, ուր տեսնելով, շփուելով այն դպրոցները, դպրոցներու սալաքարերը, աստիճաններն ու բակը՝ դարձեալ վերապրած է Երուսաղէմի Սրբոց Թարգմանչաց վարժարանի ամբողջ հմայնքն ու մեծ խորհուրդը։ Ու հիմնականը այդ խորհուրդին մէջ իր ծնողներէն իրեն փոխանցուած աւանդի մեծ ներուժն է, որ կաթիլ-կաթիլ կուտակուելով եւ աճելով դարձած է մեծ հայրենասիրութեան իրական վկայութիւն։

Այս բոլորը պատմելէ առաջ, հիմա երբ Ժագ Եուրէճեանի հետ կատարուած զրոյցը մարմին ստացած է, կը մտաբերեմ այն նուրբ պահերը, երբ խօսակիցիս աչքերը քանի-քանի անգամներ լեցուեցան, որովհետեւ ան կը վերյիշէր իր հանգուցեալ մայրը՝ տիկին Մարկարիթիը, որ իր կեանքի կարեւոր օրերը նուիրումով ընծայաբերած է հայրենի Կիւմրի քաղաքին։

Շատ էին յուզառատ պահերը եւ ես ամէն անգամ կը փորձէի նիւթը դարձեալ «ցրել», մինչ խօսակիցս ամէն անգամուան պէս «կը ճամբորդէր» իր հոգելոյս մայրիկի ճանապարհներով, ձեռքին օգնութեան պայուսակը, որու մէջ նոյն մեր հայրենակիցի ընկերներուն եւ մերձաւորներէն հանգանակուած գումարները հասցնելու համար այդ սիրելի քաղաքի կարիքաւորներուն։

Ժագ Եուրէճեան մէկն է այն հազարաւորներէն, որոնք հազարաւոր մղոններ հեռու են մեզմէ, կեանքը ժպտացած է իրենց, ունին ամէն տեսակի հնարաւորութիւն, բայց անհանգիստ են։ «Յաւիտենական անհանգստութեան» վիճակ մըն է իրենց ապրածը, իրենց ապրումը եւ իրենց մեծ սէրը, որուն մէջ ոսկեայ տառերով փորագրուած է հայրենիք՝ Հայաստան։ Անբացատրելի սէր մը, որ նոյնպէս անկասելի է, անհատնում է եւ անվերջանալի։

Մեր հարցումներուն կը պատասխանէ ամերիկահայ բարերար տքթ. Ժագ Եուրէճեան:

*

-Դուք երկար ճանապարհ անցած անձնաւորութիւն էք։ Ունեցած էք մեծ ձեռքբերումներ ու չէք մոռցած այդ յաջողութենէն մասնիկ մըն ալ յատկացնել մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին։ Ի վերջոյ ի՞նչ է ձեր յաջողութեան գաղտնիքը։

-Ծնած եմ Երուսաղէմի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ 1948-ին, պատերազմի տարին, քաղաքի ռմբակոծման օրը: Երջանկայիշատակ Տ. Եղիշէ Պատրիարքը (տակաւին վարդապետ) ինք որոշած է անունս։ Թերեւս օրհնուած եմ, որովհետեւ կեանքս հեշտ անցած է՝ մանաւանդ, որ հարուստ ընտանիք մը չէինք, մայրս ու հայրս միջին խաւի դերձակներ էին: Մանկութենէս մտքիս մէջ միշտ դրոշմուած է մէկ բան՝ օգնել ուրիշին, օգնել կարօտեալին, օգնել քեզմէ տկարին եւ այդ մէկը մեզի փոխանցուած է մօրմէս։ Այդ մեր համեստ վիճակին մէջ իսկ ան միշտ կը խօսէր ու կը խրախուսէր, որ ուրիշին պէտք է օգնենք, ինք իր կեանքով մեզի այդ ճամբան ցոյց տուաւ: Մայրս Լոս Անճելըսէն Կիւմրի գնաց 1988-ի երկրաշարժէն վերջ, այնտեղ մնաց տասն տարի։ Այնտեղի «տոմիկներ»ուն (թիթեղեայ տուներ) մէջի ընտանիքներուն հետ ապրեցաւ: Յաճախ կ՚այցելէր Ամերիկա ու առիթով մը երբ իրեն ըսի, թէ շատ յոգնած կ՚երեւիս, այս անգամ յետաձգէ երթալդ, ան պատասխանեց. «եթէ չերթամ, այնտեղի երեխաներուն դէմքերը շարժանկարի պէս աչքիս առջեւէն կ՚անցնին, չեմ կրնար հանգիստ ընել, պէտք է երթամ»: Ամերիկայի մէջ հանգանակութիւն կ՚ապահովէր մեր բարեկամներէն, կազի լիցքաւորման կայաններէն, խանութներէն: Օր մը լսեցի բարեկամներէս, որ դրամահաւաք կ՚ընէ, զարմանքով հարցուցի. «մեր բարեկամներէն դրամ կ՚ուզե՞ս», ըսաւ՝ «տղաս ինծի համար չէ, հայրենիքի մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն համար է»։ Եւ այդպէս հաւաքած գումարները պայուսակը լեցուցած կ՚երթար Հայաստան: Այնտեղ ալ հիւանդութենէ վարակուեցաւ, ինչ որ պատճառ եղաւ իր մահուան: Երբ ես առաջին անգամ Կիւմրի այցելեցի, ի դէպ հոն շատ գործ ըրած եմ, այն զգացումը ունեցայ, որ մայրս հետս կը քալէ Կիւմրիի փողոցներուն մէջ, շատ յուզուեցայ եւ մինչեւ հիմա կը յուզուիմ։ Անշուշտ, մարդոց օգնելու շնորհը ծնողներուս, բայց մանաւանդ մօրս կը պարտիմ։ Ես Երուսաղէմի մէջ Թարգմանչաց վարժարանը աւարտեցի, շատ լաւ ուսում ստացայ: Այն տարին երբ սկսայ AUB (Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանը) յաճախել, իմ հետ նոյն համալսարանը ընդունուած էին հինգ անձեր՝ բոլորն ալ Թարգմանչաց վարժարանէն։ Շատ հզօր վարժարան էր եւ միշտ կը հպարտանամ իմ դպրոցով։ Երբ Երուսաղէմէն Պէյրութ գացի, կրթաթոշակի առաջին եռամսեակը ծնողներս վճարեցին, յաջորդ եռամսեակին օգնութիւն ստացայ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութենէն (ՀԲԸՄ): Ապա «Կիւլպէնկեան» հիմնարկէն սկսայ կրթաթոշակ ստանալ: Ստացայ դեղագործութեան մագիստորոսի աստիճան ու փոխադրուեցայ Ամերիկա, ուր յաճախեցի «Southern California» համալսարանը՝ ստանալով տոքթտորայի տիտղոս։ Շրջան մը հիւանդանոցի մէջ աշխատեցայ: Բայց ետքը սեփական դեղարանս բացի, նոր տուն գնած էինք ու մեծ վարկեր ունէի, աղջիկս դեռ երեք ամսական էր, բայց եւ այնպէս, դեղարանի գործը մեծցուցինք ու ուրիշ դեղարան ալ բացինք: Այն ատեն Պարսկաստանէն ու Հայաստանէն գաղթականներ սկսած էին գալ եւ ես միակ հայախօս դեղագործն էի: Բախտը մեծ դեր խաղաց կեանքիս մէջ, երբ առանց գիտնալու նշանաւոր վայրէ գնեցի տուն մը, որու գինը բարձացաւ ու սկսայ դեղարաններու ցանց մը հիմնել։ Նաեւ աշխատանքը մեծ դեր ունի, ես 15 տարի օրական 16 ժամ աշխատած եմ: Ծնողքս ինձմէ առաջ հասած էին Ամերիկա, ուր գործ մը ճարելս շատ ժամանակառաւ։ Չէի ուզեր ծնողքիս բեռ ըլլալ, այդ մէկը իր ազդեցութիւնը ունեցաւ, որ շատ աշխատիմ: Փարիզի վրայով պիտի երթայի Ամերիկա: Պաղեստինեան անձնագիր ունենալուս համար 4 օր օդակայանը մնացի, 5-րդ օրը Լոս Անճելըս կրցայ մեկնիլ: Այդ 5 օրերու ընթացքին ունեցած գումարս ծախսեցի եւ միայն 8 տոլարով հասայ Ամերիկա: Երկար ժամանակ աշխատանք փնտռեցի, մինչեւ որ հայ դեղագործի մը հանդիպեցայ։ Ան խրատեց, որ տեղ մը 6 ամիս ձրի աշխատիմ, որպէսզի փորձառութիւն ունենամ եւ գործ ճարեմ։ Այդպէս ալ եղաւ, երկու աշխատանք ճարեցի։ Անկէ ետք դռները սկսան բացուիլ: 5 աշխատաւորով սկսանք մեր գործը, իսկ այժմ 300 պաշտօնեայ եւ 12 մասնաճիւղ ունինք: Բացի դեղարանէն նաեւ ճիւղաւորուեցանք եւ սկսանք վաճառել բժշկական սարքեր: Աշխատանքներուս եւ յաջողութիւններուս մէջ մեծ դեր ունեցաւ կինս, որ մինչեւ հիմա աշխոյժ կերպով կը մասնակցի մեր գործունէութեան։ Ընտանիքիս անդամները՝ քոյրերս ալ գործին մէջ ներգրաւեցինք, իսկ վերջին տարիներուն տղաս դարձաւ մեր ընկերութեան գործադիր տնօրէնը եւ ան բացառիկ ունակութիւններով տնտեսվար-գործարար մըն է:

-Երուսաղէմի ձեր մանկութենէն ի՞նչ կը յիշէք:

-Մենք շատ պարզունակ կեանք մը ունէինք Երուսաղէմի մէջ: ՀՄԸՄ-ի սկաուտ էի, ՀԵՄ-ի ակումբը կար, մեր կեանքը բոլորուած էր ակումբին շուրջ: Կ՚երթայինք ճատրակ կը խաղայինք, փինկ-փոնկ կը խաղայինք: Յաճախ յեղափոխական երգերու երեկոյթներ կը կազմակերպէին, սեղաններու շուրջ նստած կ՚երգէինք: Բայց երեկոյեան ժամը 8.30-ին վանքին դուռը կը փակուէր, պարտաւոր էինք տուն վերադառնալ։ Շատ լաւ կը յիշեմ, որ դպրոցի գրադարանէն գիրքեր կը վերցնէի, շատ կը սիրէի կարդալ: Մենք կեդրոնացած էինք մեր դասերուն ու դպրոցին վրայ: Այն ժամանակ Երուսաղէմի կեդրոնը, ուր կ՚ապրէինք, ո՛չ հարուստներ կային, ո՛չ ալ շատ աղքատներ։ Ընկերային մակարդակը գրեթէ հաւասար էր, հետեւաբար մրցակցութիւն չկար, ցուցադրութիւն չկար: Մենք նոյնիսկ չէինք գիտեր, որ հարուստ ու աղքատ կար, այդ մէկը առաւելութիւն էր մեզի համար: Մեր դպրոցի դաշտը քարքարոտ էր, մեր սկաուտապետը նաեւ մեր մարզիչն էր, առաւօտ ժամը 5-ին կ՚արթննայինք ու մինչեւ ժամը 6 հորէն ջուր կը քաշէինք, որպէսզի դաշտը ջրէինք ու 6-6.30-ի միջեւ կէս ժամ միայն ֆութպոլ կը խաղայինք: Ամենայն աշխուժութեամբ ամէն երեքշաբթի, հինգշաբթի ու շաբաթ օրերը նոյն բանը կ՚ընէինք: Մանկապարտէզի գոգնոցնիս կարմիր էր, շատ լաւ կը յիշեմ: Դպրոցի ուսուցիչները խիստ էին, պարտաւոր էինք միշտ հայերէն խօսիլ։ Դպրոցի նիւթերը ծանր էին ու մեծաւ մասամբ անգլերէնով: Նոյնիսկ դաս մը ունէինք, որ այն ատեն, Հայաստանի բոլոր եկեղեցիներու մանրակերտերը կը շինէինք: երբ Հայաստան եկայ, արդէն բոլոր եկեղեցիները ծանօթ էին ինծի:

-Ինչպէս՞ կայացաւ ձեր կապը Հայաստանի հետ:

-1992-ին առաջին անգամ Հայաստան եկայ, պարզապէս այցելութեան մը համար։ Այն ատեն կարողութիւն չունէի գործ մը ընելու։ Շատ գէշ օրեր էին, ինչպէս կ՚ըսեն՝ սեւ օրեր: Երկրորդ այցելութեանս, իմ սանուկը՝ Հայկ Պոյաճեան, COAF-ի (Children of Armenia Fund) կազմակերպութեան մէջ կ՚աշխատէր, զիս տարաւ Հացիկ գիւղի դպրոցը: Երբ հոն հասայ, կարծես իմ դպրոցը՝ Թարգմանչացը մտայ, միեւնոյն նստարանները, նոյն ձեւի դասարանները: Տնօրէնուհին ալ շատ բացառիկ անձանւորութիւն մըն էր։ Շատ լաւ կազմակերպուած դպրոց մըն էր՝ անգլերէնի դասարաններով, ուր աշակերտները այնքան լաւ անգլերէն կը խօսէին: Իմացայ, որ նիւթականի կարիք ունին, տեղւոյն վրայ օգնեցի: Բայց վերջը իմացայ, որ նկատի ունենալով որ դպրոցը COAF-ի հովանաւորութեան տակն է, պէտք էր անոնց ճամբով կատարէի նուիրատուութիւնս: Եւ այնտեղէն ընթացք առին Հայաստանի մէջ ծրագիրներ իրականացնելու իմ երթը։ Մինչ այդ, մէջս միշտ փափաք եղած էր, որ եթէ օր մը ի վիճակի ըլլամ, ես ալ պիտի օգնեմ եւ կարիքաւոր աշակերտներուն կեանքին մէջ տարբերութիւն բերեմ, որպէսզի իրենք ալ իրենց ուսումը շարունակեն: Եւ երբ վիճակս լաւացաւ, սկսայ COAF-ին նուիրատուութիւն ընել: Յետոյ կապուեցայ «Փարոս»ին, նաեւ «Շիրակ» կեդրոնին հետ, որուն կառավարիչն է Վահան Թումասեան, որ բացառիկ անձնաւորութիւն մըն է։ Ապա սկսայ Կիւմրիի «տոմիկներ»ուն մէջ բնակող ընտանիքներուն կահաւորուած տուներ գնել եւ զիրենք հոն փոխադրել: Նախապատուութինը այն ընտանիքներուն էր, որոնք առնուազն 3-4 երեխայ ունին, մինչեւ 8 տարեկան: Եւ պայմանս այն էր, որ չեն կրնար այդ տունը վաճառել կամ վարձու տալ՝ մինչեւ ամենէն փոքր երեխան 18 տարին բոլորէ: Մօտաւորապէս 40 տուն գնեցի: Վահանը կ՚առաջարկէր ընտանիքներ, ես անձամբ կ՚երթայի, կ՚այցելէի եւ կը տեսնուէի ընտանիքներուն հետ: Մինչեւ հիմա կը կապուիմ հետերնին ու կը հարցնեմ անոնց երեխաներուն որպիսութիւնը: Ի վերջոյ այդ երեխաներու երեսին ժպիտ մը տեսնելը ինծի համար մեծ ուրախութիւն է եւ «միլիոն կ՚արժէ»:

-Ի՞նչ զգացումներ կ՚ունենաք, երբ այսքան բարերարութիւն կ՚ընէք:

-Ես ամէն տեսակի կեանք տեսած եմ: Այն տունը, ուր կ՚ապրէինք, փոքր էր եւ մենք 4 զաւակ էինք: Բայց մեր ծնողները մեր մէջ սերմանած էին, որ պէտք է տարբերութիւն մը բերես մարդոց կեանքին մէջ, այս մէկը կարծես կնքուած էր մեր մէջ: Հայրս, Ամերիկայի մէջ գործարան մը կ՚աշխատէր, վստահ, որ այնքան մեծ չէր ստացած աշխատավարձը, բայց ամէն ամիս առանց բացառութեան երկու «չէք» կը ստորագրէր. առաջինը՝ Լոս Անճելըսի տնազուրկներու հիմնադրամին, իսկ միւսը՝ «Ararat home»ին: Անշուշտ, այդ բոլորը իմ մէջ մեծ ազդեցութիւն թողած էին։ Եւ այսօր ալ ծնողներուս գծած ուղիով կը քալեմ։ Ինծի համար մեծ ուրախութիւն է մեր հայրենակիցներու դէմքերուն ժպիտ մը տեսնել։

-Այս անգամ ի՞նչ առիթով եկած էք Հայաստան: Ի՞նչ էին ձեր կատարած օժանդակութիւնները:

-Ինչպէս ըսի, ես սկսած եմ նուիարտուութիւններս ընել COAF-ին հետ աշխատակցելով: Երեք տարիէ ի վեր կ՚աշխատակցիմ նաեւ «Scholarship Fund»ի հետ: Այս հիմնադրամով ուսանողներուն կրթաթոշակ կու տանք, բոլորն ալ գիւղերէն են եւ Երեւան կու գան ուսանելու Պետական համալսարանի, AUA-ի (Հայաստանի Ամերիկեան համալսարան) կամ Պրիւսովի համալսարանին մէջ: Մեր կրթաթոշակառուներէն մէկուն շրջանաւարտութեան հանդէսին ներկայ եղայ: Իմ նպատակս այն է, որ ինչպէս ես օգտուած եմ ուրիշներու օժանդակութենէն, նոյնը ընեմ ուրիշ աշակերտներու, որպէսզի կարենան իրենց ուսումը շարունակել։ Ի վերջոյ առանց օժանդակութեան դժուար թէ աշակերտ մը գիւղէ մը Երեւան գայ ու ծախսերը հոգայ: Ես առիթ կու տամ, որպէսզի ուսանին: Միայն մէկ խնդրանք ունիմ իրենցմէ, եթէ կարենան քիչ մը իրենց ժամանակէն իրենց գիւղին տալ, ինչ-որ ձեւով օգնել յաջորդ սերունդին: Կ՚ուզեմ, որ այս օժանդակութեան շրջանակը անընդհատ դառնայ, յիշեն, որ ինչպէս մէկու մը օգնութեամբ տեղ հասան, իրենք ալ նոյնը ընեն: Եթէ օգնեն յաջորդ սերունդին, այդ մէկը մեծ գոհունակութիւն պիտի տայ ինծի: COAF-ին հետ, Հացիկի եւ Արագածաւանի դպրոցին օգնեցի: Արագածաւան դպրոցին մէջ ջեռուցիչ համակարգ տեղադրեցինք: Ինծի համար ամենէն էականը կրթութիւնն է: Վերջերս ՀՕՄ-ին ալ կատարեցի մեծագումար յատակցում մը, որ պիտի տրամադրուի զինուորներու վերականգնողական կեդրոնին: Գիտեմ, Արցախէն ընտանիքներ այստեղ եկած են եւ վիրաւոր զինուորներ շատ կան: Նաեւ ՀՄԸՄ-ի Նաւասարդեան խաղերուն համար կարեւոր նուիրատուութիւն մը ըրի։ Պէտք է շեշտեմ, որ ՀՄԸՄ բացառիկ գործունէութիւն կը ծաւալէ Լոս Անճելըսի մէջ: Միշտ կը քաջալերեմ ՀՄԸՄ-ը։

-Ինչպէ՞ս տեսաք Հայաստանը այս անգամ:

-Վերջին անգամ Հայաստան եկած էի 2019-ին: Այն ատեն որքան խանդավառուած էի: Երիտասարդներուն դէմքերը կը նայէի, ժպիտ մը կար, խանդավառութիւն կար, յոյս կար, ճամբաները մարդիկ խնդումերես կը քալէին: Յետոյ սակայն պատերազմը տեղի ունեցաւ եւ մնացեալը գիտէք։ Շատ կը մտածեմ, թէ ինչու պատերազմին մենք այնչափ վնասեցինք...: Դժուար է ինծի համար ընդունիլ Ատրպէյճանի հետ խօսիլը, որովհետեւ վստահութիւն չունինք իրենց հանդէպ: Մենք ասիկա պէտք է ընէինք Արցախի առաջին պատերազմին: Եթէ այն ատեն խելացի քաղաքական գործիչներ ու դիւանագէտներ ունենայինք, կրնային բանակցութիւններու նստիլ եւ թելադրել մեր ուզած պայմաները: Հիմա, այս պատերազմէն ետք, երբ այսքան երիտասարդ կորսնցուցինք, արդէն ուշ է: Այն ժամանակ «տաքը տաքին» պէտք է բանակցութիւններու երթայինք, բայց չըրինք, չեմ գիտեր ինչու։ Մէկ բանի կը հաւատամ, որ մեր հայրենիքը անմեռ է եւ անպայման օր մը, ուշ կամ կանուխ, դարձեալ արեւը պիտի ծագի։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Մայիս 23, 2022