ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԹՈՒԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ՝ VLUME-Ը ԵՒ «ԳԱՆՁԵՐՈՒ ԿՂԶԻՆ» ՀԱՅԵՐԷՆ ՖԻԼՄԱՇԱՐԸ

Նախ ըսեմ, որ համաճարակի այս օրերուն, երբ բախտաւոր օր մը կարողացայ մեր տան մէջ ինը տարեկան թոռնիկիս՝ Հայկին ներկայութիւնը քանի մը ժամով վայելել, առաջին իսկ հերթին եւ իբրեւ լաւագոյն զբաղում, միասին համակարգիչիս վրայ քիթ-քիթի դիտեցինք «Գանձերու կղզին»ի ձայնագիրքի գծագիր եւ խօսուն ֆիլմին հայերէն տարբերակը:

Բայց անցնելէ առաջ այս ֆիլմի զանազան մանրամասնութիւններուն, կ՚ուզեմ անպայման երախտապարտօրէն անդրադառնալ հայկական ամենամեծ թուային գրադարանին՝ Vlume-ին:

Կարելի է նաեւ ըսել, որ Vlume-ը հայ ընթերցողի աշխարհին մէջ նորութիւն մը ըլլալով հանդերձ միաժամանակ կարեւոր հարթակ մըն է բոլոր ընթերցասէրներուն:

Այնտեղ կարելի է գտնել, ծանօթանալ, լսել կամ ընթերցել հայ եւ օտար գրականութեան գոհարներէն նմոյշներ, իրենց արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն տարբերակներով:

Մէկ խօսքով «Ե. գիրք» մը կամ «ելեկտրոնային գիրք» մըն է Vlume-ը, որուն, այս օրերու անհրաժեշտութենէն մղուելով, միացած են տասնէն աւելի հրատարակչատուններ Հայաստանէն եւ սփիւռքէն՝ ներառեալ «Ռոսլին Փրես»ը, «Անտարես»ը, «Համազգային»ը, «Զանգակ»ը, «Էջ»ը եւ այլ ուրիշներ:

Այս հաստատութիւնները, հաւատալով Vlume-ի անհրաժեշտութեան եւ անոր մատուցած գործնական ծառայութիւններու միջոցաւ հետապնդած վեհ նպատակններուն, տրամադրած են իրենց հրատարակած հին եւ նոր գիրքերն ու հատորները:

Աւելորդ պիտի ըլլայ եւ նոյնիսկ կրկնութիւն՝ այս տողերէն յիշել, մատնանշել եւ խօսիլ գիրքի եւ մանաւանդ հայ գիրքի կարեւոր դերին մասին: Շատ լաւ գիտենք այս բոլորը:

Հետեւաբար, երբ իսկապէս գիտենք հայ գիրքի առանձնայատկութիւններուն եւ արժէքին մասին եւ լաւատեղեակ ենք անոր դրական արդիւնքներուն, ահաւասիկ տարիներէ ի վեր Vlume-ը, որ մեզի՝ ընթերցասէր հայերուս, հայ գիրին ու գրողին ծանօթանալու առիթ կու տայ, փորձելով գոհացնել բոլորը՝ երեխայ, պատանի եւ կամ տարեց:

Կ՚արժէ անգամի մը համար այցելել Vlume-ի հարթակը, ուր պիտի հանդիպիք եւ աւելի մօտէն ծանօթանաք հայ թէ օտար հեղինակներու յուշերուն, գեղարուեստական, բանաստեղծական, թատերական գործերուն, կատակերգութիւններուն, առեղծուածային ստեղծագործութիւններուն, պատմական, սիրային, կրօնական, մանկապատանեկան, մասնագիտական եւ կենցաղային նիւթերու՝ գրուած բազմաթիւ հեղինակներու կողմէ:

Այսպէս, հոն կը հանդիպիք Թումանեանին, Չարենցին, Բակունցին, Եսայեանին, Դէմիրճեանին, Պարոնեանին, Ռուբէն Սեւակին, Մեծարենցին, Թէքէեանին, Արմէն Անուշին եւ շատ ուրիշ հեղինակներու, որոնց երկերու տողանցք կը կատարուի այս հարթակին վրայ:

Հոն պիտի հանդիպիք արհեստավարժ հայ դերասաններու եւ ասմունքողներու բացառիկ կատարումներուն, որոնք գեղեցիկ եւ մաքուր հնչեղութեամբ մեզի կը հրամցնեն արեւմտահայ եւ արեւելահայ գրական գոհարներ:

Սքանչելի գործ, մեծ աշխատանք եւ մեծածախս նախաձեռնութիւն մըն է Vlume-ը, որ ոչ միայն այս օրերուն սկսած է ընդարձակել իր «ընտանիքը», այլ ան արդէն հարազատօրէն մուտք գործած է հարիւրաւոր հայ բնակարաններէն եւ մանաւանդ հայ մարդոց հեռախօսներէն ներս, լոյս եւ գաղափար, յուշ եւ սէր ցանելու բոլորի մտքերուն մէջ:

Ուրեմն՝ միայն կարելի է երախտապարտ զգացումներով մօտենալ եւ արտայայտուիլ: Իրապէս, որ պարզ գովասանքի տողեր չեն այս բոլորը: Այս օրերուն յատկապէս, երբ մեր տուներուն մէջ փակուած ենք, ահա այս հարթակը կու գայ բոլորիս տալու համար բարձրորակ, հաճելի եւ գործնական ժամանց մը, որ նաեւ բովանդակալից է ամէն առումով:

Իսկ գալով «Գանձերու կղզին»ին, ստորեւ կը ներկայացնեմ անոր ընկերացող յայտարարութիւն-բացատրութիւն, որ ինքնին յաւելեալ մեկնաբանութեան չի կարօտիր.

«Ռոսլին» հրատարակչութիւնն է, որ կը հրապարակէ հայ իրականութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով հայերէն խօսող «Գանձերու կղզին» արկածախնդրական շարժապատկերի ֆիլմաշարը, 26 բաժիններով, որ արտադրութիւնն է Օսամու Տեզակիի։ Այս եզակի նախաձեռնութիւնը, 21-րդ դարու սփիւռքի ոգիին հարազատ, հայերէնի երկու ճիւղերուն՝ արեւմտահայերէնին եւ արեւելահայերէնին գրեթէ հաւասար տեղ կու տայ։ Շնորհիւ եւ շնորհակալութեամբ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան եւ յատկապէս սոյն հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեանի լուրջ եւ գործնական համագործակցութեան եւ ներդրում-քաջալերանքին, այսօր, աշխարհի չորս ծագերուն գտնուող հայ պատանիները կրնան Ճիմ Հոքինզի հետ եօթ ծովերը նաւարկել՝ թաղուած գանձի փնտռտուքին մասնակցելու։

«Գանձերու կղզին» մէջտեղ կու գայ բփիւռքի ճգնաժամային հանգրուանին։ Ո՞վ կրնայ ժխտել, թէ սփիւռքեան համայնքները լեզուի պահպանման դժուարին պայքարի մէջ են։ Մեր կարծիքով, պատանի եւ երիտասարդ սերունդը հայերէնին կառչած պահելու գլխաւոր լուծումը կը կայանայ որակաւոր զբաղում ապահովելուն մէջ. զբաղում, որ ունի գրական լուրջ հիմք։ Մանուկները պէտք է զուարճութիւն ունենան, սակայն նոյն ժամանակ առիթ ունենան բարդ մտածողութեան, զգացական պահերու եւ նիւթերու հանդիպելու։ «Գանձերու կղզի»ին հայերէնով նոր արտադրութիւնը իր մէջ կ՚ընդգրկէ այս բոլորը, նոյն ատեն հոյակապ գնահատականով եւ գեղեցիկ շարժանկարներով։

«Գանձերու կղզին»ի թարգմանութեան մէջ արեւելահայ եւ արեւմտահայ ճիւղերը շատ բնական կերպով կը հոսին։ «Ռոսլին»ի եւ «Թեքնոլինկուիսթիքս»ի խումբերէն իւրաքանչիւր անհատ, որ ներդրում կատարեց «Գանձերու կղզին» մէջտեղ բերելու գործին, իր ետին սիրոյ անջնջելի հետքեր թողուց։

Իմ կարգին աւելցնեմ, որ «Գանձերու կղզին» արդէն Vlume-ի մէջ է, նոր ինքնակառոյց հարթակ մը՝ աշխարհի չորս ծագերուն հայերէն խօսող հաւաքականութեան համար։ Ու այս մէկը իբրեւ նոր ֆիլմաշար, թուայնացած հազարաւոր ժամերու ձայնային գիրքերու կողքին կ՚աւելնայ եւ կու տայ նոր շունչ եւ որակ «աննախադէպ համայնքային զգացումներով եւ բացառիկ մաքրութեամբ ձայնային բովանդակութեամբ» հարստացնելով հայկական այս հարթակը:

«Գանձերու կղզի»ին հայերէն այս նոր արտադրութիւնը իր մէջ կ՚ընդգրկէ այս բոլորը։ Հերոսները իրենց տեղական խօսելաձեւով կը գործեն հոն, իրենց հնչելաձեւով եւ ոճով, քաջալերելով մեր մատղաշ սերունդը, որ միաձուլուի հայերէնի տեսակաւորութեան մէջ։

Անհրաժեշտ կը նկատեմ աւելցնել քանի մը ծանօթ եւ հարազատ անուններ, որոնց շնորհիւ եւ աշխատանքով կարելի եղաւ լոյս աշխարհ բերել «Գանձերու կղզին»: Այս գործի արտադրութեան ղեկավարն է ինծի շատ ծանօթ եւ Հալէպի Ազգ. Ք. Եփփէ ճեմարանի աշակերտուհիներէս՝ Պերճուհի Աւետեանը: Դերակատարներէն կը յիշեմ արհեստավարժ դերասան եւ դարձեալ ինծի ծանօթ Զարեհ Փայասլեանը: Նիւթը արեւմտահայերէնի վերածած է՝ Նանոր Միքայէլեանը, իսկ թէեւ այս ֆիլմաշարի հայերէն տարբերակը հնարաւոր դարձած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» ֆոնտին շնորհիւ եւ արտադրութիւնը Roslin Press-ին, բայց բաշխման բացարձակ իրաւատէրն է Vlume Inc., որուն համար կրկին ու կրկին շնորհակալութիւն կը յայտնենք, իբրեւ մեծ ծնողք, ուսուցիչ կամ իբրեւ ընթերցասէր հայ մարդ:

Vlume Inc., նաեւ բոլորի նման ունի ծառայութեան յատուկ պայմաններ, վճարովի եւ անվճար:

Փորձեցէ՛ք, փնտռեցէ՛ք եւ պիտի համոզուիք:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Երեքշաբթի, Յունիս 23, 2020