ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ Զ.

Դարձեալ, ըստ այլ վարդապետներու. «Փոխանակ կորստական ուտելիքը փնտռելու, ջանացէք ապահովել այն կերակուրը, որ յաւիտենական կեանքի մէջ կը մնայ» (Յհ 6.27): Գիտելի է, թէ հոգեւոր կերակուր, որ կ՚ըսէ, Ի՛նքն իսկ է մարդացեալ Աստուածը՝ Յիսուս Քրիստոս, որ մեր հոգիին կերակուր է առաւելաբար ըստ Իր Աստուածութեան, եւ ապա՝ ըստ Իր մարդկութեան, որ մեզի Պատարագին խորհուրդով կը պարգեւուի, այդ պատճառով Քրիստոս նախ մարմնաւոր կերակուրը ցոյց կու տայ, որ է Բանը, եւ ապա հոգեւոր կերակուրը ցոյց կու տայ, որ է Պատարագին Խորհուրդը, երբ կ՚ըսէ. «Հացը, որ Ես պիտի տամ՝ Իմ մարմինս է» (Յհ 6.51):

Ասիկա չորս մասի կը բաժնուի.

Նախ՝ կը յօժարեցնէ զանոնք խնդրելու համար հոգեւոր կերակուրը:

Երկրորդ՝ կը ցուցնէ կերակուրը գտնելուն կերպը, երբ Անոր կ՚ըսեն. «Ի՞նչ ընենք, որ Աստուծոյ ուզածը կատարած ըլլանք» (Յհ 6.28):

Երրորդ՝ ցոյց կու տայ, թէ ի՞նչ է հոգեւոր կերակուրը, երբ կ՚ըսեն. «Տէ՜ր, մի՛շտ տուր մեզի այդ հացը» (Յհ 6.34):

Չորրորդ՝ կը ցուցնէ, թէ որոնք են, որ կրնան այդ կերակուրը ճաշակել, մինչ կ՚ըսէ. «Բոլոր անոնք որ Հայրը Ինծի կու տայ՝ Ինծի պիտի գան» (Յհ 6.37):

Առաջինին համար գիտելի է, որ յանդիմանեց զանոնք, թէ՝ «գացէ՛ք յաւիտենական կերակուրը գործեցէք» (Հմմտ. Յհ 6.27), այսինքն՝ բարեգործութիւն, որով մարդիկ յաւիտենական կեանքին կը հասնին եւ թէ ոմանք չըսեն, թէ մեր մէջ կրնանք այս բարիքը գործել, այդ պատճառով Քրիստոս կը վերցնէ անոնց կասկածը՝ ըսելով. «Որ Մարդու Որդին պիտի տայ ձեզի» (Յհ 6.27), այսինքն՝ պատրաստ է տալու ձեզի: Եւ ապա Իր յօժարութիւնն ու կարողութիւնը ցոյց կու տայ, ըսելով.

ՎԱՍՆ ԿՆՔԵԼՈՅՆ ԱՍՏՈՒԱԾ

Խօսք. «Որովհետեւ Հայրն Աստուած Իր հաւանութեան կնիքը դրաւ Անոր վրայ» (Յհ 6.27):

Մեկնութիւն. Խոր է տեսութիւնը եւ կ՚ըսեմ հինգ միտքով: Թող անիծեալ Նեստորը, որ շնորհքով Որդի ըսաւ Քրիստոսի համար եւ յետոյ մկրտութեան՝ աստուածանալ շնորհքով,  իսկ յարութենէն ետք՝ մարմինով անապական ըլլալ, որովհետեւ ինչպէս մկրտուած մարդուն կնքուած կ՚ըսենք, քանի որ իր հոգիին անբաժանելի կնիք է,  այդպէս ալ Նեստոր ըսաւ, թէ Աստուած Քրիստոսի կնքահայրն է եւ ո՛չ թէ բնութեամբ Որդի է, որ Սուրբ Եկեղեցին բաժնելով կը նզովէ եւ այս պատճառով դրինք, որպէսզի չար հերձուածողներէն փախչինք:

Արդ, ուղղափառ վարդապետները երկու միտքով կ՚ըսեն.

Նախ՝ ինչպէս Մեկնիչդ [Նանան] կ՚ըսէ, Հայրը կնքեց, այսինքն՝ Յորդանանի մէջ յայտնեց Իր Սիրելի Որդին, էակից եւ հաւասար Աստուած վկայեց:

Երկրորդ՝ այսպէս կը մեկնեն, որովհետեւ Հայրն Աստուած Իր կնիքը դրաւ Քրիստոսի վրայ, այսինքն՝ Իր աստուածային բնութիւնը որպէս կնիք մը միաւորելով Անոր մարդկութեան, քանի որ Բանն Աստուածը Հօր էութեան կերպարանն ու նկարագիրն է, եւ Ան Հօր ղրկելով միաւորուեցաւ մարմինին, ապա՝ մէ՛կ է Աստուածութիւնը Հօր մէջ եւ Բանին մէջ եւ Քրիստոսի մարդկութեան մէջ:

Երրորդ՝ այսպէս կը մեկնեն, որովհետեւ Հայրն Աստուած Իր կնիքը դրաւ Որդիին վրայ, այսինքն՝ Քրիստոսի, քանի որ յատուկ նշան տուաւ Անոր աստուածային սքանչելիքներ գործելու, որ [մարդկային] բնութենէն վեր է, որովհետեւ մարդոցմէ ուրիշ մէկը չունէր:

Չորրորդ՝ Ոսկեբերանը այսպէս կը մեկնէ. «ԶՔրիստոս կնքեց», այսինքն՝ յատուկ առաքելութեամբ աշխարհ ղրկեց, մեզի հոգեւոր կերակուրը տալու համար, որ է՝ մեզի ճշմարտութիւն ուսուցանելը, ինչպէս Ինք ըսաւ, թէ՝ «ատոր համար իսկ ծնած եմ, որպէսզի ճշմարտութեան մասին վկայեմ» (Յհ 18.37):

Հինգերորդ՝ ոմանք այսպէս կը մեկնեն. «թէ Հայրը զՔրիստոս կնքեց», այսինքն՝ վկայութեամբ նշանեց զԻնք ճշմարիտ Քրիստոս եւ Աստուծոյ Որդի ըլլալը, եւ ատով հաւատալով Անոր, կրնանք Անկէ հոգեւոր կերակուրը ընդունիլ:

Ասիկա կնիքին մասին ըսուեցաւ առաջին հատորի համարին մէջ:

Խօսք. «Անոնք հարցուցին. Ի՞նչ ընենք, որ Աստուծոյ ուզածը կատարած ըլլանք» (Յհ 6.28):

Մեկնութիւն. Նախ՝ սորվելու համար չեն հարցներ, այլ՝ որպէսզի կերակուրի հանդիպին [ստանան]: Դարձեալ, երբ Քրիստոս յօժարեցուց մեզ հոգեւոր կերակուրը խնդրելու համար, հիմա ալ ցոյց կու տայ այդ կերակուրը ստանալու ձեւը, քանի որ հրեաները երբ լսեցին կերակուրի լաւութեան մասին, դարձեալ փափաքեցան ու հարցուցին Անոր. «Ի՞նչ պէտք է ընել, որպէսզի մնացական կերակուրին հասնինք»:

Խօսք. «Աստուծոյ ուզած գործը այն է, որ հաւատաք Անոր՝ որ Ինք ղրկեց» (Յհ 6.29):

Մեկնութիւն. Նոյն է ըսելը՝ «հաւատացէ՛ք Անոր, որ ուղարկեց զԱյն», որովհետեւ երբ Ղրկողին հաւատան, ղրկուածին ալ կը հաւատան:

Խօսք. «Ի՞նչ հրաշք [նշան] պիտի գործես» (Յհ 6.30):

Մեկնութիւն. Նախ՝ ուրացողներու խօսք է, որովհետեւ ո՛չ միայն հրաշքներու մասին լսողներ էին, այլ՝ տեսնողներ ու ուտողներ՝ ձեռքերով եւ որովայններով, իսկ հրաշքին ժամանակը մօտիկ էր: Դարձեալ, եթէ կ՚ուզես, որպէսզի հաւատանք Քեզի, եւ որպէս Աստուծմէ առաքուած համարենք, պէտք է մեզի համար հրաշքներ գործես, ինչպէս Մովսէս կատարեց, այդ պատճառով ապա կ՚ըսեն.

ՄԱՆԱՆԱՅԻ ՄԱՍԻՆ

Խօսք. «Մեր հայրերը մանանան կերան անապատին մէջ» (Յհ 6.31):

Մեկնութիւն. Չորս կերպով կ՚երեւի անոնց ծածուկ չարութիւնը. նախ՝ զՔրիստոս կ՚անպատուեն: Երկրորդ՝ հրաշքը կ՚անարգեն: Երրորդ՝ դարձեալ հաց կը խնդրեն: Չորրորդ՝ առաջին հարցումին պատասխանին չսպասեցին, ինչպէս կը յայտնէ մեկնիչդ:

Դարձեալ, մանանայով չորս կերպով կ՚արհամարհեն Քրիստոսի հրաշքը. նախ՝ Մովսէս մանանայ տուաւ, Դուն՝ գարեղէն [գարիէ] հաց: Երկրորդ՝ ան քառասուն տարի, Դուն՝ մէկ անգամ: Երրորդ՝ ան՝ երկինքէն հաց, Դուն՝ երկրէն տուիր: Չորրորդ՝ ան՝ մեր բոլոր հայրերը, Դուն՝ որոշակի խումբ մը կերակրեցիր:

Խօսք. «Ճշմարտութիւնը “ամէն, ամէն” կ՚ըսեմ ձեզի» (Յհ 6.32):

Մեկնութիւն. Հարցում. Այստեղ ինչո՞ւ համար չըսաւ. «Կրնամ Մովսէսին նման ընել եւ աւելիով ձեզի մանանայ տալ»:

Պատասխան. Երեք պատճառով. նախ՝ որովհետեւ անոնք ունայն եւ նանիր միտքով հրաշք կը հայցէին, եւ թէ Քրիստոս ըսած ըլլար՝ Ես ալ կրնամ, անոնց ունայնութիւնը աւելի կ՚աճէր: Երկրորդ՝ որովհետեւ փառասիրութեան ախտ չունէր, որպէսզի Ինքն Իր անձը գովէ: Երրորդ՝ որպէսզի Իր գործը աւելի ցոյց տայ [քան Մովսէսինը], որովհետեւ կ՚ուզէր արդարացնել եւ հոգեւոր կերպով կերակրել մարդիկը, ու ատով կը յայտնէ, թէ կրնար մանանան եւս տալ:

Խօսք. «Ինչ որ Մովսէս ձեզի տուաւ՝ երկինքէն իջած [ճշմարիտ] հացը չէր» (Յհ 6.32):

Մեկնութիւն. Կրկին կերպով ճշմարիտ կ՚ըսուի. մէկը այն, որ սուտէն կ՚որոշուի, եւ այնպէս մանանան ճշմարիտ էր: Երկրորդ՝ ճշմարիտ կ՚ըսուի ընդդէմ օրինակին: Եւ նոյնպէս մանանան օրինակ էր Քրիստոսի ճշմարիտ մարմինին:

Եւ երեք կերպով Քրիստոսի մարմինին օրինակ է. նախ՝ որովհետեւ երկինքէն իջած է, ինչպէս Ինք կ՚ըսէր. «Ա՛յս է երկինքէն իջած հացը» (Յհ 6.50, 58): Երկրորդ՝ մանանան, որ շատ հաւաքուեցաւ, չաւելցաւ ու պակասութիւնը չնուազեցաւ, իսկ Քրիստոսի մարմինին հացը, եթէ ամբողջ կամ մաս մը ճաշակէ, կեանքին հաղորդակից կը դառնայ: Երրորդ՝ քանի որ մանանան անապական էր, օրինակ՝ Քրիստոսի անապական մարմինին: Եւ յայտնի է ասկէ, որ սափորին մէջ անապական մնաց:

Զայն կրնաս տեսնել Հարցմանց Գիրքին, վեցերորդ հատորին քսանիններորդ համարին մէջ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 57

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Յունիս 23, 2020