ԵՐԵՒԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԸ 1921 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 23

ՈՍԿԵԴԱՐԵԱՆ ՈՒՂԻՈՎ

Հարիւր տարի առաջ Երեւանի Պետական համալսարանի բացման մեծագոյն բարիքը այն եղաւ, որ մինչեւ Խորհրդային կարգերու հաստատուիլը հայ ուսանողութիւնը ստիպուած էր Ռուսաստան, Գերմանիա եւ Արեւմտեան Եւրոպա մեկնիլ համալսարանական ուսմանց հետեւելու համար։ Հարիւրամեակ մը առաջ առիթը կը ներկայանար, որ անոնք հայրենիքի մէջ ստանային իրենց բարձրագոյն եւ մասնագիտական ուսումը մայրենի լեզուով ու հաստատէին հայկական վաւերական եւ ակադեմական դրութիւն մը սերունդներու յաջորդականութեամբ, թէ՛ հայրենիքի եւ թէ արտասահմանի հայութեան համար, ի պարծանս հայ մտաւորական եւ մասնագիտական գիտութեանց։ Ինչ որ Ոսկեդարուն ստեղծեցին մեր նախնիք, նման դաժան պայմաններու տակ Արշակունեաց թագաւորութեան 428 թուի անկման որպէս պատասխան, հայորդիք մեր շատ մօտաւոր անցեալին՝ 1921 թուին, նորաստեղծ Հանրապետութեան անկման օրերուն ռահվիրաները հանդիսացան Համալսարանի բացման եւ յաջորդող տասնամեակներու հայ մատենագրութեան եւ մասնագիտական ճիւղերու կատարեալ վերազարթօնքին։

ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ

Երբ 1920 նոյեմբեր 28-ին Հայաստան մաս կազմեց Խորհրդային Ռուսաստանի իշխանութեան որպէս Հայաստանի Բ. Հանրապետութիւն, ամիս մը ետք, դեկտեմբերին հիմը դրուեցաւ Երեւանի Պետական համալսարանին, որ դարձաւ Հայաստանի բարձրագոյն ուսման հաստատութիւնը։ Իսկ 1921 թուի յունուար 23-ին կատարուեցաւ Համալսարանին պաշտօնական բացումը՝ Ս. Էջմիածնի Գէորգեան Հոգեւոր ճեմարանի երեւելի հայագէտ շրջանաւարտներու հաւաքական աջակցութեամբ՝ գլխաւորութեամբ Համալսարանի առաջին տնօրէն Յակոբ Մանանդեանի։

Այդ փաղանգը կազմեցին Մանուկ Աբեղեան, Ստեփան Մալխասեան, Գարեգին Եպսկ. Յովսէփեան, Հրաչեայ Աճառեան, Առաքել Բաբախանեան (Լէօ), Ա. Տէրտէրեան, Պ. Քալանթարեան եւ Մ. Թումանեան, հարազատ յաջորդները Սահակ-Մեսրոպեան առաջին դպրոցի Սուրբ Թարգմանիչներուն, 1925 թուին պետութեան կողմէ արժանացան փրոֆեսէօրի կոչման։ Յիշեալ երախտաւոր մտաւորականները իրենց մասնագիտական ուսմանց հետեւած էին եւրոպական յայտնի համալսարաններէն ներս եւ այժմ պատրաստ էին Հայաստանի Պետական համալսարանը ընծայելու մեր ազգին։

ՊԱՏՄԱԳԷՏ ՓՐՈՖ. ՅԱԿՈԲ ՄԱՆԱՆԴԵԱՆ

Երեւանի Պետական համալսարանի առաջին տնօրէնն էր ակադեմիկոս Յակոբ Մանանդեան, որ իր նախկին տարիներու բեղմնաւոր պատրաստութեան եւ հեղինակութեան տարիներէն ետք, 1920 թուին Երեւան կը հաստատուէր եւ Խորհրդային Հայաստանի պետութեան յաջորդ տարուան յունուար 7-ի հրամանագրով Երեւանի Պետական համալսարանի տնօրէն կը նշանակուէր, մնայուն կերպով վարելով հայ ժողովուրդի պատմութեան կաճառի վարիչի եւ դասախօսի, ինչպէս նաեւ արեւելագիտութեան եւ պատմագրութեան բաժնի պաշտօնները։

Սկիզբէն Յակոբ Մանանդեան Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Մկրտիչ Ա. Խրիմեան Կաթողիկոսի կողմէ հայրենիք եւ Սուրբ Էջմիածին կը հրաւիրուէր, որպէս դասախօս Գէորգեան ճեմարանին 1900-1905 թուականներուն իր տարեկից երախտաւորներուն՝ Հրաչեայ Աճառեանի, Մանուկ Աբեղեանի եւ Ստեփան Մալխասեանի հետ միասին։ Ան կը վարէր նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Արարատ» ամսագրի փոխ-խմբագրի պաշտօնը՝ խմբագիր Գարեգին Վրդ. Յովսէփեանի կողքին, յետագային ՏՏ Գարեգին Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ։ Աճառեանի հետ Մանանդեան հրատարակած են «Հայոց նոր վկաներ» գիրքը Մայր Աթոռի ձեռագիր մատեաններու ընդմէջէն, լման տասնհինգ տարի մեծ վաստակ ձգելով Մայր Աթոռէն ներս, աւարտելով ու հրատարակելով «Մեկնութիւն ստորոգութեանց Արիստոտէլի» աշխատութիւնը։ Մանանդեան տասն տարի հեռացած է Հայաստանէն եւ զբաղած՝ որպէս հաւատարմատար փաստաբան։

Հայրենիք եղած միջոցին ու վերադարձէն ետք Համալսարանի տնօրէնը հեղինակած է շարք մը բարձրագոյն մակարդակի հայագիտական եւ աղբիւրագիտական գիրքեր՝ «Յունաբան դպրոցը եւ նրա զարգացման շրջանները», «Կշիռները եւ չափերը հնագոյն հայ աղբիւրներում», «Ֆէոտալիզմը հին Հայաստանում», եւ բոլորին պսակը եղող «Քննական տեսութիւն հայ ժողովրդի պատմութեան» չորս հատորները, միջնադարեան Հայաստանի այլապէս անծանօթ նիւթերու շարքին, որոնք եւս կը կազմեն փունջ մը անկրկնելի ուսումնասիրութիւններ պատմագէտ Յակոբ Մանանդեանի հեղինակութեամբ։

ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՈՒՍՄԱՆ ԱՌԱՐԿԱՆԵՐԸ  ՈՒՍԱՆՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Երեւանի Պետական համալսարանի հաստատման առաջին տարին ճարտարագիտական, մանկավարժական եւ շինարարական բաժինները սկզբնական առարկաները եղան։ Հետզհետէ աւելցան պատմագիտական, գիւղատնտեսական, եւ 1922 թուի մարտ ամսուն՝ բժշկագիտութեան ճիւղը աւելցաւ։ Նոյն տարին բացուեցան Համալսարանի տպարանը, գիտական աշխատանոցները եւ գրականութեան ու արուեստի գրադարաններն ու առաջին հրատարակութիւնները սկսան լոյս տեսնել։

Ուսանողներու թիւը զգալիօրէն կ՚աւելնար 255-էն 1160-ի, եւ 1925 թուականին թիւը հասած էր 1300-ի։ Առաջին շրջանաւարտները հասան տարի մը ետք՝ թիւով 37 աւարտականներ։ Առաջին հնգամեակին ուսանողութեան թիւը արդէն 3500-ի կը հասնէր, երբ 1927-ին Պետական համալսարանը դոկտորական աստիճանի թեկնածուներու պատրաստութեան կաճառը կը հաստատէր։ Աւելի կանուխ, 1923-ին, բացումը կը կատարուէր Երեւանի Պետական երաժշտանոցին, որ իսկոյն Կոմիտաս Վարդապետի անուամբ կոչուեցաւ։

Համալսարանի սկիզբի շրջանի աւարտականներէն աւելի քան 1500 մասնագէտներ, որոնց կարգին հասան 435 մանկավարժ, 296 բժիշկ, 130 ճարտարագէտ, 324 գիւղատնտես, 93 անասնաբոյժ, 252 տնտեսագէտ եւ 11 արուեստագէտ շրջանաւարտներ։ Անոնց կողքին առաջին հնգամեակին Պետական համալսարանը հազարաւոր դասախօսներ եւ ուսուցիչներ ընծայած է հայրենիքին, ինչպէս նաեւ տարբեր մասնագէտներ՝ քիմիագէտ, թուաբանագէտ, իրաւաբան եւ աշխարհագրագէտներ։

ՍԿԶԲՆԱԿԱՆ ՏԱՐԻՆԵՐԸ

Համալսարանը իսկոյն դարձաւ նաեւ գիտական հետազօտութիւններու կեդրոն, ստեղծելով Պետական ակադեմիան, ուսումնասիրութիւններ կատարելով վերոյիշեալ բոլոր բնագաւառներուն վերաբերեալ, հրատարակելով զանոնք եւ սփռելով Խորհրդային Միութեան միւս հանրապետութիւններէն ներս որպէս ակադեմական տուրք եւ իմացական ու մտաւորական ատաղձ։

Առաջին երկու տասնամեակներուն Համալսարանը հազարէ աւելի գիրք եւ գիտական հանդէսներ հրատարակած է. ինչպէս՝ «Բանբեր Երեւանի Համալսարանի», «Գիտական Տեղեկագիր», «Երիտասարդ Գիտաշխատող», եւ «Երեւանի Համալսարան» պարբերաթերթերը։ Հայերու կողքին արտասահմանէն, նոյնիսկ օտարազգի ուսանողներ ակնառու թիւ մը կը կազմէին Պետական համալսարանէն ներս։ Սփիւռքէն հայ ուսանողներ դարձան բժիշկներ, ճարտարագէտներ, երաժշտագէտներ եւ ուսուցիչներ ու վերադառնալով ոռոգեցին արտասահմանի խոպան դաշտերը։

ԵՐԿՈՒ ՀՍԿԱՅ ՀԱՅԱԳԷՏՆԵՐ
ԳԱՐԵԳԻՆ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԵՒ ՅԱԿՈԲ ՄԱՆԱՆԴԵԱՆ

Դպրեվանքի ընծայարանի Ա. կարգի ուսանող էի, երբ դասի պահուն մատենագրութեան մեր ուսուցիչը՝ Սիմոն Սիմոնեան տեղեկացուց դարասկիզբի ներհուն բանասէր եւ պատմագէտ Յակոբ Մանանդեանի մահը, 79 տարեկանին, պատահած Երեւանի մէջ 1952 փետրուարին։ Սիմոնեանէն մնայուն կերպով կը լսէինք նոյն անունը յարատեւ իր լիաբուռն թաւ ձայնով եւ շեշտով, բայց այս վերջին անգամ ցաւով եւ ափսոսանքով, միշտ յիշեցնելով մեզի անպայման կարդալ յայտնի պատմագէտ փրոֆեսէօրին «Քննական տեսութիւն հայ ժողովուրդի պատմութեան» չորս հատորեակը, որպէս հայ դասական մատենագիրներու պատմագրական ամենէն ճիշդ եւ լրիւ քննարկումը։ Անկասկած իմ յետագայ բանասիրական աշխատանքներու ընթացքին հիմնական տեղ ունեցաւ Մանանդեանի «Քննական տեսութիւն»ը։

Չորս ամիս ետք՝ յունիսին, Անթիլիասի հայրապետական իր բնակարանին մէջ կը վախճանէր հայագիտութեան հսկայ մը եւս՝ յանձին երանաշնորհ Տ.Տ. Գարեգին Ա. Յովսէփեանց Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին։ Երկուքն ալ, ինչպէս յիշեցի, եղան հիմնադիր գիտնականները Երեւանի Պետական համալսարանին։ Երկուքին մահը ծանր կը ճնշէր մեր ուսուցչին՝ Սիմոն Սիմոնեանի վրայ, որ հանգուցեալ հայրապետին կողմէ իրեն որպէս գիտական աշխատակից կարգած էր 1946 թուականէն ի վեր, երբ հայրապետը պիտի հրատարակէր իր մեծածաւալ «Յիշատակարանք ձեռագրաց» հատորը։ Ուսանողներս անուղղակիօրէն մտաւոր կապ մը կը հաստատէինք Երեւանի Պետական համալսարանին հետ իմանալով երկու հայագէտ հիմնադիրներու վախճանումի մասին, յատկապէս երանաշնորհ Տ.Տ. Գարեգին Ա. Յովսէփեանց Կաթողիկոսին, որուն հայրական հովանիին տակ ստացանք մեր կրօնական դաստիարակութիւնը։

ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Կլենտէյլ

«Պայքար», Պոսթոն

Շաբաթ, Նոյեմբեր 23, 2019