ՌԱՖՖԻ ՓՈԼԱՏԵԱՆ. «ԿԸ ԽՈՆԱՐՀԻՄ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ԿԱՄՔԻՆ ԱՌՋԵՒ»

Լիբանանահայ հասարակական գործիչ Տքթ. Ռաֆֆի Փոլատեան կը պատասխանէ մեր հարցումներուն։

-Մէկ ամիսէ ի վեր ամբողջ Լիբանանի տարածքին տեղի կ՚ունենան բողոքի ցոյցեր։ Ձեր կարծիքով՝ այդ ցոյցերը որեւէ բան փոխեցի՞ն երկրին մէջ։

-Մէկ ամիսէ ի վեր Լիբանանի տարածքին՝ հիւսիսէն հարաւ, արեւելքէն արեւմուտք, բոլոր շրջաններով միահամուռ եւ միակամ ցոյցեր կան: Այս ցոյցերը շատ բան փոխեցին: Կրնայ ըլլալ, որ մարդիկ անհամբեր են, կ՚ուզեն, որ ամէն ինչ արագօրէն լուծուի, սակայն այդպէս չեղաւ, որովհետեւ, մենք բոլորս շատ լաւ գիտենք, թէ Լիբանանի կառուցուածքը կազմուած է 18 համայնքներէ, որոնց միջեւ կան տարակարծութիւններ։

Ցոյցերը շատ բան փոխեցին, կառավարութեան կողմէ պարտադրուելիք տուրքերը բեկանուեցան, այս մէկը արդէն ինքնին մեծ յաջողութիւն մըն էր, երկրորդը՝ չեղարկուեցան 61 օրէնքներ, որոնք կառավարութեան ատեն սեղանի տակէ մութ համաձայնութիւններով պիտի անցնէին, բոլորը բեկանուեցան նախքան կառավարութեան հրաժարիլը: Երրորդ՝ ցոյցերը եւ համաժողովրդային բողոքի ալիքը ստիպեցին, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի հրաժարական տայ: Մեծ յաջողութիւն էր նաեւ այն, որ երբ երկրին մէջ տեղի ունեցող բոլոր հոսանքային եւ կուսակցական համաձայնութիւնները ջուրի երես ելան, մերկացուեցան եւ խայտառակուեցան: Նաեւ այն խօսքերը, թէ համաձայնութիւն եղած է քուլիսներու ետին, որպէսզի ըսեն, թէ այսպէս թէ այնպէս նոր կառավարութիւն մը կու գայ, նոյն դէմքերը կը վերարտադրուին դարձեալ, սոյն քայլն ալ այսօր լրիւ ձախողութեան մատնուեցաւ: Անշուշտ այս մէկ ամսուան ընթացքին բողոքի ցոյցերուն ուղղորդուեցաւ երկրի քաղաքական վերնախաւի ներկայացուցիչներուն պատկերասփռուած խօսքերը. այս առումով ալ ուշագրաւ էր երկրի նախագահ զօրավար Միշէլ Աունի ելոյթը, որու խօսքը թողուց այնպիսի տպաւորութիւն, թէ կարծես նախագահը լրիւ անջատուած էր իրականութենէն, եւ սխալ արտայայտութիւն մըն ալ ունեցաւ ու ըսաւ. «ով որ լիբանանեան ընտրանին, այսինքն քաղաքական խաւը չի հաւնիր, թող ձգէ երկիրը եւ հեռանայ»։ Այդ խօսքէն ետք ժողովուրդի ցասումը շատ ահաւոր էր, բռնկեցաւ ամբողջ Լիբանանը եւ ցուցարարները հասան մինչեւ նախագահական պալատ եւ նախագահը ստիպուած եղաւ ըսելու, որ ինք կ՚ուզէ այս շարժման ներկայացուցիչներուն հետ տեսակցիլ: Շարժումը ուրիշ ձեռքբերում մը եւս արձանագրեց. առաջարկուած վարչապետի (Մուհամմէտ Սաֆատիի մասին է խօսքը) անունը դուրս եկաւ շրջանառութենէն... Եւ աւելի ուշ ալ խորհրդարանի նիստը, որ խորքին մէջ «թատրերգութիւն» մըն էր, տապալեցաւ. ճնշման տակ յետաձգեցին: Բացի այս բոլորէն, տեղի ունեցաւ շատ կարեւոր իրադարձութիւն մը, երբ անցեալ կիրակի օր ցուցարարներու թեւին մօտիկ համարուող՝ Մըլհէմ Խալաֆ անունով փաստաբանը ընտրուեցաւ Փաստաբաններու պալատի նախագահ, բան մը անսպասելի էր ու նաեւ համարուեցաւ լիբանանցի յեղափոխականներու յաղթանակը։

-Արդարացի ե՞ն ցուցարարներուն պահանջները։

-Այո՛, որեւէ ծայրայեղ պահանջք չտեսանք այնտեղ. ցուցարարները կ՚ուզեն «անկախներու» կամ «թեքնոքրաթ» կառավարութիւն մը. մարդիկ նախ կ՚ուզեն կառավարութիւն մը կազմուի, որպէսզի կարենայ անկախ գործել, որուն մէջ ըլլան տնտեսագէտներ եւ ենթարկուած չըլլան որեւէ քաղաքական կողմերու կամ դաւանանքներու ներքին հաշիւներու։ Անոնք նաեւ կը պահանջեն երեսփոխանական արտահերթ ընտրութիւններ։ Կը խօսուի նաեւ նախագահը վար առնելու մասին, այստեղ հարկ կը համարեմ նշել, որ նախագահ Աուն ըլլալով 85 տարեկան, տարբեր հիւանդութիւններէ կը տառապի եւ իրապէս սթրեսի մէջ է։ Ան նաեւ չի կրնար քաղաքական ճիշդ հաւասարակշռուած որոշումներ առնել, մանաւանդ որ շրջափակուած է իր հոսանքի մարդոցմով:

-Տնտեսական իրավիճակը ներկայիս ինչպիսի՞ն է երկրին մէջ։

-Այսօր Լիբանանի տնտեսութիւնը իր յոռեգոյն վիճակին մէջ է. մարդիկ դրամատուներէն իրենց գումարները չեն կրնար ստանալ կամ վերցնել. պետականօրէն տոլարի սակը նոյնն է եւ ստիպուած են զայն պահպանել, կրնար փոխել, քանի որ եթէ տոլարի սակը այսօր արժեզրկման ենթարկուի, երկրին հիմնաքարերը լրիւ քարուքանդ կ՚ըլլան։ Օրինակ մը տալով ըսեմ. եթէ պետական պաշտօնեան, օրինակի համար՝ զինուորական մը, որ նուազագոյն ամսական կը ստանայ 1.795 հազար լիբանանեան, եթէ հաշուենք սեւ շուկայի վրայ եղած տոլարի գինով, որ 1850-1900 է, 30 տոկոսով արժեզրկում կը տեսնենք։ Այլ գետնի վրայ մարդիկ դրամական փոխանցումներ չեն կրնար ընել, չեն կրնար լիբանանեանէն տոլար կամ տոլարէն լիբանանեան փոխել, եւ ամենավատը, որ առ այսօր դրամատուները փակ էին, այսպէսով անոնք արդէն կ՚ըսեն, թէ իրենք պաշտպանողական համակարգի մը դիմած են, որպէսզի վատ հետեւանքներու չտանինք ելեւմատական ամբողջ համակարգը. կայ, գոյութիւն ունի նաեւ ապահովական մտավախութիւնը, որ դամոկլեան սուրի նման կախուած է լիբանանցիներու գլխուն վրայ։

-Մտահոգ է՞ք, որ այս ցոյցերուն ետին կան մութ ձեռքեր կամ ուժեր։

-Երբ նման ապըս-տամբութիւններ տեղի ունենան, կը գտնուին մարդիկ, որոնք կ՚ուզեն ապստամբութիւնները օգտագործել, ոտնձգութիւններ ընել, մութ ձեռքերով օրակարգը շեղել... Յետոյ ցուցարարներուն մէջ կը յայտնուին այնպիսի մարդիկ, որոնք լուտանքներ, հայհոյանքներ կ՚ընեն ոեւէ ղեկավարի կամ կրօնական պատկանելիութեան մը հասցէին, ինչ որ կրնայ վայրկենական հարց ստեղծել։ Նման բաներ, այո՛, եղան, չենք բացառեր, բայց իրապէս գնահատանքս պիտի տամ իրազեկ եւ արթուն երիտասարդութեան, որոնք կրցան իրենց մէջէն այդպիսի խառնակիչ տարրերը լրիւ դուրս հանել եւ վնասազերծել: Շատ տեղեր նոյնիսկ վախցնելու քաղաքականութիւն եղաւ, անկարգ տարրեր եկած եւ մտած էին, գաւազաններով եւ բիրերով հարցեր հանելու, երիտասարդ-երիտասարդուհիները կրցան անոնց դէմ կուրծք տալ։ Այսօր՝ երբ կիները դէմ դրին այդպիսի անձերու, կրնամ ըսել, որ իրապէս շատ մեծ գնհատական է:

Նախ ըսեմ, թէ ինչ բեմագրութիւններ կային: Առաջին բեմագրութիւնը, որ արդէն ձախողեցաւ, այն էր, թէ ինչ որ միագոյն, միակողմանի կառավարութիւն մը կազմուէր, սիւննի ղեկավարի մը անունը տրուէր, որպէսզի վարէ մէկ գոյնի կառավարութիւն, այս մէկը տեղական, մեկուսացման կառավարութիւն մը կրնար ըլլալ եւ օրինականութիւն պիտի չունենար։ Երկրորդը հետեւեալն էր՝ որ խառն կառավարութիւն կազմուի, որուն մէկ մասը ըլլայ թեքնոքրաթ, անկախ եւ միւս մասը ըլլայ քաղաքական բանալի դէմքեր. այս ալ ձեւով մը ձախողեցաւ, որովհետեւ բանալի անձերուն ներկայութիւնը ցանկալի չէ, նաեւ ինչպէս նախագահը ըսաւ, որ Լիբանանի կանոնագրին համաձայն, երեսփոխան մը չի կրնար նախարար ըլլալ, այսպէսով վերջ դրուեցաւ խառն կառավարութեան բեմագրութեան։ Իսկ վերջին՝ զոր լսեցինք, ուզեցին կազմել քսան հոգինոց կառավարութիւն մը, որուն վրայ աւելնան չորս քաղաքական անձեր։

-Լիբանանահայութեան մօտ ի՞նչ են ընդհանուր տրամադրութիւնները։

-Իմ ունեցած տուեալներով՝ լիբանանահայութեան կրօնական ղեկավարութիւնը մօտէն կը հետեւի զարգացումներուն ու ժողովներու մէջ է։ Անոնք կ՚ուզեն լիբանանահայութիւնը հեռու պահել բողոքի ալիքէն, սակայն իմ կարծիքով, շատ կարեւոր է, որ լիբանանահայութիւնը իր ներկայութիւնը բերէ այս համաժողովրդային ապստամբութեան։ Ի վերջոյ մենք ալ լիբանանցի ենք, միւսներէն պակաս լիբանանցիներ չենք, այո՛, ապստամբութեան ճամբան քարքարոտ է, բայց այսօր առաջին անգամ ըլլալով ես լաւատես եմ, քանի որ ըմբոստները կարողացան խաղաղ ճանապարհներով իրենց կարծիքը պարտադրել՝ մինչեւ հիմա խուլ ձեւացող քաղաքական վերնախաւի առաջին դէմքերուն վրայ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Նոյեմբեր 23, 2019