ՄԻՋԱՆԿԵԱԼ ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐ

Սփիւռքահայ հեղինակաւոր գիտնական Արա Սանճեան, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ իր գործունէութիւնը կը շարունակէ, կը դիտարկէ, թէ այսօր Միջին Արեւելքի մէջ յայտնի չեն բարեկամները կամ թշնամիները։ Տքթ. Արա Սանճեանի կարծիքը շօշափեցինք տարածաշրջանային իրադարձութիւններուն շուրջ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք իր խորհրդածութիւններուն սղագրութիւնը։

*

-Դուք Մերձաւոր Արեւելքէն էք, ինչպէս՝ ես։ Մենք կամայ թէ ակամայ հետեւած ենք Պաղեստինի պայքարին, հակամարտութեան զանազան փուլերուն, նոյնիսկ ապրած ենք այդ բոլորը։ Այսօր ի՞նչ փուլի մէջ ենք եւ ինչպէ՞ս կը գնահատէք Պաղեստինի խնդիրը։

-Այսօր միայն մէկ կողմի համար կարծեմ յստակ է, թէ ինչ կ՚ուզէ ընել՝ այն ալ Իսրայէլն է։ Իսրայէլ այսօր ունի իր պատմութեան ամենաաջակողմեան, ամենածայրայեղ կառավարութիւնը։ Պատահածը Պաղեստինին զօրաւոր հարուած մը հասցնելն է եւ այդ կերպով մէկ-երկու տասնամեակ շունչ քաշել, որովհետեւ Իսրայէլ հակուած չէ որեւէ զիջումով բաժնելու Պաղեստինի պատմական տարածքը, այսինքն՝ 1918-1948 թուականներու Իսրայէլի տարածքը արաբներու եւ հրեաներու միջեւ։ Ան կ՚ուզէ տիրանալ ամբողջ Պաղեստինին եւ այնտեղ ունի մեծ խնդիր՝ Պաղեստինի արաբ ժողովուրդին ներկայութիւնը։ Թէ ինչպէ՞ս պիտի կարենայ զանոնք ենթարկուած պահել՝ չհրաժարելով իր ազգային երազանքներէն, այդ է իր մտահոգութիւնը։ Արաբներուն մեծ մասը կ՚ուզէ բաժնել Պաղեստինի տարածքը Իսրայէլի եւ արաբական պետութեան մը միջեւ, սակայն «Համաս»ը այդ խումբին մէջ չէ։ Եթէ այդպիսի ծրագիր մը առաջարկուի, կը կարծեմ, թէ պաղեստինցիներուն մեծամասնութեան աջակցութիւնը կ՚ունենայ, սակայն սա իրականանալիք բան մը չէ։ Այստեղ տարբեր պատճառներ կան՝ արաբական աշխարհի պառակտուած վիճակը, արաբական զանազան վարչակարգերու Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն կախուածութիւնը՝ իրենց գոյութիւնը պահպանելու համար, Իրանի քաղաքականութեան սխալ շեշտադրումները։ Եթէ Իրանի կառավարութեան նպատակը իր դիրքորոշումը խստացնելով պաղեստինցիներուն օգնելն է, ապա փաստօրէն այնպիսի վիճակ մը ստեղծած է, որ Ծոցի երկիրներուն հարուստ իշխանութիւնները վազեցին դէպի Իսրայէլի գիրկը։ Այսինքն, արդարացուց, որ իրենք իրենց պաշտպանութիւն ապահովեն։ Հիմա, երբ կ՚արծարծուի՝ Ծոցի արաբական երկիրներու եւ Իսրայէլի միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւելու խնդիրը, ըստ էութեան, կ՚ուզեն արաբ-իսրայէլական տագնապը լուծել՝ առանց Պաղեստինի բնակիչ արաբ ժողովուրդին։ Ձեւով մը նաեւ արաբ ժողովուրդի հարցը ետ մէջտեղ բերելու նպատակ կը հետապնդէ։ Առայժմ, գոնէ ամերիկեան դիրքին պատճառով, Իսրայէլի կառավարութիւնը այնպէս տպաւորուած է, թէ իրեն ժամանակ սահմանուած է՝ «Համաս»ը ճզմելու համար։ «Համաս»ը ճնշելը այլ բան է, պաղեստինցի ժողովուրդը այդտեղէն հեռացնելը՝ բոլորովին ուրիշ բան։ Իսրայէլի մէջ կայ նաեւ էթնիք զտում իրականացնելու գաղափարը։ Անոնք «տեղափոխում» կամ «թրանսֆէր» եզրոյթները կը գործածեն, ինչ որ, ըստ էութեան, բռնագաղթ կը նշանակէ։ Կասկած չկայ, թէ Իսրայէլի այժմու կառավարութեան մէջ կան շատ նախարարներ, որոնք կ՚ապրին այդ երազով։ Հաւանաբար, վարչապետն ալ շատ հեռու չըլլայ այդ տեսակէտէն։ Այս հանգրուանը եւս պիտի չլուծէ Պաղեստինի հարցը եւ տակաւին երկար ժամանակ խլրտման պատճառ պիտի դառնայ։

-Կազզէի սպանդները, կարծէք, թէ խլրտումներ կը յառաջացնեն արաբ, պաղեստինցի, իսլամ եւ դիմացը՝ հրեայ հաւաքականութիւններու միջեւ՝ յատկապէս ԱՄՆ-ի մէջ։ Սա քաղաքական առումով հանրային տրամադրութիւն կրնա՞յ ստեղծել, ազդեցիկ գործօն մը կրնա՞յ դառնալ Ուաշինկթընի արտաքին քաղաքականութեան տեսակէտէ։

-Ես շատ առանձնայատուկ տեղ մը կ՚ապրիմ ԱՄՆ-ի մէջ՝ քաղաքի մը մէջ, ուր արաբները բնակչութեան կէսէն աւելին են։ Գլխաւոր շաբաթաթերթը վերջերս գրած էր, որ իսլամներն ու արաբները որոշած են Պայտընը հեռացնել 2024-ին։ Ըսելը շատ դիւրին է, բայց այլընտրանքը ի՞նչ է։ ԱՄՆ-ի Հանրապետական կուսակցութեան մէջ արաբին բարեկամ գտնելը շատ դժուար է։ Դեմոկրատական կուսակցութեան մէջ, ի հարկէ, խնդիրը արդէն տարբեր է։ Իսրայէլի նկատմամբ համակրանքը ԱՄՆ-ի մէջ շատ մեծ է։ Բայց եթէ համեմատենք, Պաղեստինին ի նպաստ այսքան մեծ աջակցութիւն երբեք չէ եղած։ Այս երեւոյթը լուրջ խնդիր դարձած է համալսարանական շրջանակներէն ներս։ Իսրայէլի բարեկամներու եւ հարուստ հրեաներու կոչերը բազմացած են՝ սպառնալով, որ համալսարանի օժանդակութիւնները կը դադրեցուին եւ այլն։ Վերջին հինգ-տասն տարիներուն, մարդիկ կ՚ըսեն, թէ Իսրայէլի հանդէպ վերաբերմունքը երկկուսակցական ըլլալէ դադրած է եւ, փաստօրէն, դեմոկրատական կուսակցութիւնը սկսած է աւելի ու աւելի հեռանալ Իսրայէլի աջէն, իսկ հանրապետական կուսակցութիւնը շատ աւելի մօտենալ։ Այս անգամուան տարբերութիւնը այն էր, որ Սպիտակ տան մէջ թէեւ դեմոկրատականները կը ղեկավարեն, սակայն ան ամբողջութեամբ Իսրայէլի դիրքը բռնած է։ Բայց արդէն միջոցէ մը ի վեր յարաբերաբար ձախակողմեան լրատուամիջոցները սկսած են տարածել լուրեր, ըստ որոնց երեք տեղ դժգոհութիւն կայ արաբական աշխարհի դեսպանատուներէն, նոյնինքն վարչակարգի պաշտօնեաներէն, որոնք կուսակցականներ չեն եւ տեղ մը նաեւ ժողովրդավարական կուսակցութեան շարքերէն։ Այսօր, կրնայ ըլլալ՝ արաբները կրթական ու տնտեսական այդ մեծ ուժը չունին ԱՄՆ-ի մէջ՝ ազդելու համար զանգուածային լրատուամիջոցներու վրայ եւ ընտրապայքարներու ժամանակ մեծ գումարներ ծախսելու համար, սակայն, երբ քուէատուփը զետեղուի, բոլորի քուէն մէկ է։ Հարուստին ու աղքատին քուէն հաւասար է եւ օրէ-օր ԱՄՆ-ի մէջ կ՚աւելնան նոր քաղաքացիները, որոնք դուրս են այն եւրոպական շրջանակներէն, որոնք կը կարեկցին Իսրայէլին՝ կապուած հրէական ողջակիզման հետեւանքներուն հետ։ Հասարակական կարծիքին մէջ այդ իմաստով որոշակի փոփոխութիւն մը կայ, բայց դէպքերը ցոյց կու տան, որ Իսրայէլի դիրքերը կառավարական վարչամեքենային մէջ տակաւին շատ ուժեղ են։

-Կարծէք, թէ Իսրայէլի հզօր պետութիւն մը ըլլալու առասպելը տապալեցաւ։ Հիմա Իսրայէլի մէջ կեանքը բնականոն չէ՝ օդակայանի փակում, գործազրկութիւն եւ այլն։ Համակարգը փլուզմա՞ն ենթակայ է, թէ ան շատ աւելի հզօր կը դառնայ այս պատերազմէն ետք։ Մեզի համար կարեւոր է իմանալ այս բանը, որովհետեւ Արցախի պատերազմին Ատրպէյճանին ռազմական առաջին աջակցութիւնը ցուցաբերուած էր Իսրայէլի կողմէ։

-Դժուար է այս հարցումին պատասխանելը, որովհետեւ Իսրայէլի հարցերու մասնագէտ մը չեմ եւ երբեք այդ երկիրը չեմ այցելած։ Արդարեւ, Լիբանանի քաղաքացի եմ։ Եբրայերէն ալ չեմ գիտեր, որպէսզի ներքին բանավէճերուն հետեւիմ։ Բայց կրնամ ըսել, որ Իսրայէլ փլուզման եզրին չէ, այլ ան շատ աւելի հզօր դառնալու հաւանականութիւնը ունի իր ռազմական եւ գիտական կարողութիւններով՝ քան որեւէ արաբական երկիր։ Բայց Իսրայէլ ունի երկարաժամկէտ ժողովրդագրական հարց մը։ Այդ սպասուած հաւաքական ներգաղթը հիմա կարծես թէ այլեւս չկայ։ Այն հրեաները, որոնք հանգիստ են այլ երկիրներու մէջ, դժուար թէ մեծ զանգուածայնաբար ներգաղթեն, ինչ որ Խորհրդային Միութեան վերջին տարիներուն ըրին այդ տեղի հրեաները, որոնց մէջ կային նաեւ տասը հազարէ աւելի՝ մեր հասկացութեամբ հայեր, որոնք Իսրայէլ գացին իբրեւ հրեաներ։

Գալով Հայաստան-Ատրպէյճան տագնապին, ես անձնապէս, եթէ այդ անկիւնէն նայիմ, ի հարկէ, ո՛չ համակրանք ունիմ Նեթանիյահուի եւ անոր անզիջող դիրքորոշման, ո՛չ Պաղեստինի ազատագրական կազմակերպութեան ղեկավար Մահմուտ Ապպասի եւ ոչ ալ «Համաս»ի ղեկավարութեան հանդէպ։ Գուցէ անոնց ակնկալութիւնները շատ աւելի մեծ էին ու չիրականացան։

Վիճակը տարբեր է Սուրիոյ պարագային, ինչպէս նաեւ Լիբանանի շիիներու պարագային, որոնք իրենց ազդանշանները Թեհրանէն կը ստանան։ Այս վերջինները միջանկեալ դիրքի մը վրայ են։ Այսօր, Միջին Արեւելքի մէջ չենք գիտեր, թէ ո՞վ որո՞ւն բարեկամն է եւ ո՞վ որո՞ւն թշնամին է. օրինակ՝ յստակօրէն գիտե՞նք, թէ Ռուսաստանի դիրքը ի՛նչ է այս հարցին մէջ։ Ճիշդ է, որ մեծ աշխատանք կայ Ռուսաստանը «Համաս»ի կողքին ցոյց տալու համար, բայց սա կրնայ աշխատիլ ԱՄՆ-ի մէջ, միւս կողմէ դժուար թէ աշխատի Իսրայէլի մէջ։ Արդարեւ, Իսրայէլի կառավարութիւնը բաւականին գոհ է Ռուսաստանի քաղաքականութենէն՝ յատկապէս Սուրիոյ պարագային։ Արաբական բոլոր երկիրները պատրաստ են նաեւ Թուրքիոյ հետ ողջագուրուելու, եթէ ան լուրջ քայլերու դիմէ։

Այս ամբողջին մէջ կը կարծեմ՝ Հայաստան մեծ ակնկալութիւններ պէտք չէ ունենայ՝ իբրեւ պետութիւն։

-Ի վերջոյ, սա պիտի ազդէ՞ Մերձաւոր Արեւելքի՝ արդէն վիրաւոր հայկական գաղութներուն վրայ։ Ինչպէ՞ս կը դիտարկէք հարցը։

-Բնականաբար պիտի ազդէ։ Մենք պէտք չունէինք այս վերջին տագնապին, երբ մեր հիմնական երեք գաղութները՝ Լիբանանը, Սուրիան եւ Իրանը տարիներէ ի վեր կը հիւծուին զանազան պատճառներով։ Իսկ Երուսաղէմի մէջ, մենք գիտենք, որ, ըստ էութեան, երկու գաղութ ունինք։ Վերադառնալով Հայաստանին, այնտեղ եւս խնդիրներ կան՝ արտագաղթ, անապահովութիւն եւ այլն։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 23, 2023