ՄՆՋԵԼ

Դիմացը նկար մըն է։ Իրական նկար մը, տեսադաշտի բնական շրջանակին մէջ առնուած։ Ցուցասրահի մուտքն է, որ կ՚երեւի, այստեղէն՝ դուրսէն ներս։ Փայտեայ յատակը դատարկ ու մաքուր, երեք պատերը խոշոր, եւ անոնց վրայ կախուած պատկերներ, իրենց շրջանակներով։

Քայլ մը եւս կը յառաջանայ, կը տեղափոխուի շրջանակը պատկերին, իրմէ ներս կ՚առնէ աւելի մեծ մասեր սրահի կողքի պատերէն։ Կը նետէ եւս քայլ մը, եւ ներսն է արդէն։

Ձայնային այլ աշխարհ մըն է այստեղ, տեսողականի մէջ եւ շուրջն անոր։ Գրեթէ լուռ։ Բացառութիւններն են, որ կը խօսին իր ականջին. մթնոլորտը կ՚երանգաւորեն։ Կօշիկի մը ճպպոցը փայտեայ յատակին. արտաշնչում մը այն կողմէն. թուղթի մը ճմռթոցը ահա. շշուկային զրոյց մը այնտեղ։

Կը լողայ գրեթէ լուռին մէջ այդ, եւ կը սկսի գինովնալ արդէն, կը սկսի պոկ-ւիլ երկրայինէն, առօրեայէն. մտնելով այստեղ՝ դուրս կու գայ ժխորէ մը ու վազքէ մը ամբողջ. քայլ առ քայլ կ՚արտաքսէ ինքզինք ամէնօրեայ մարդկութենէն, կը դառնայ եզրային. եւ իրական։

Կը դիտէ։

Անխօս, անձայն, անաղմուկ, անբառ, անմիտք, անլուր պատկերներ։ Մունջ եւ զուսպ, իրենք զիրենք չպարտադրող։ Եղող պարզապէս, գոյութիւն ունեցող։ Կախուած պատերուն, գրեթէ օդէն, գրեթէ անծաւալ նոյնիսկ. կան ուղղակի։ Եւ իրեն կը մնայ մնացած ամէն ինչ. ընտրելը, մօտենալը, նայիլը այս կամ այն անկեան նկարին, նայիլը մօտէն կամ հեռուէն, կարճ կամ երկար։ Եւ նայիլը մունջ, անխօս, անարձագանգ. առանց որեւէ փոխադարձ ակնկալութեան. այսինքն ազատօրէն։

Այնքան յոգնած է խօսքէն. բառերէն, մտքերէն, հարցումներէն, զրոյցներէն, որոնք հատուցման պէս պատասխան մը կը սպասեն, կը պարտադրեն որ միտք ձեւակերպէ, անպայման խօսի, բան մ՚արտաբերէ ինք իր հերթին։

Այստեղ ազատ է, ոչինչ կայ զինք խանգարող։ Ոչ ոք հաշիւ պահանջող. թէ՝ ի՞նչ ըսիր, թէ՝ լսէ՛ տե՛ս ի՛նչ կ՚ըսեմ, թէ՝ արձագանգէ՛, մասնակցէ՛, կարծի՛ք տուր։ Այստեղ կարելի է նայիլ միայն. ոչ լսել, ոչ ըսել. ոչ կարդալ նոյնիսկ։ Այստեղ կարելի է մտաւոր ու զգարանային շփում ունենալ ձեւերու, գոյներու, չափերու հետ. ոչ մտքերու, որոնք անձնական են միշտ եւ, գրեթէ անխուսափելիօրէն, ինքզինք պարտադրող։

Այստեղ կարելի է մնջել եւ նայիլ մունջերուն։

Այստեղ լաւ է։

ԵՐԱՄ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Փետրուար 24, 2021