ԱՆԱՐԻՒՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄ

Հաւանաբար այս տողերը շատերուն համար քիչ մը տափակ «հնութիւններ» թուին:

Բայց անպայման կ՚ուզեմ ըսել, որ թէեւ կ՚ապրինք 21-րդ դարու մէջ, սակայն տակաւին իր քառորդին չհասած, արդէն ան մեզ ազգովին սկսած է կրկին անգամ համտեսել տալ կամ՝ ճանչցնել տառապանքն ու սարսափը, ահն ու մահը, աւերակն ու ջարդը ու նոյնիսկ պատերազմն ու կոտորածը:

Սարսափելի է: Բայց ամենէն սարսափելին այն է, թէ մարդկութեան կեանքին հետ մեր կեանքն ալ ներքնապէս սկսած է հիւծել մեր ազգին մարմինը:

Ըսի չէ՞, ամէն կողմ պատերազմ կայ: Ատելութիւն: Հիւսիս, հարաւ, Ափրիկէ, Եւրոպա, Ասիա, Միջին Արեւելք: Կը լսենք: Կը դիտենք: Կը տեսնենք: Կը կարդանք: Կը վախնանք:

Տողերուս սկիզբին յիշեցի, որ աշխարհ պատերազմներով սկսած է զբաղուիլ, բայց մոռցայ ըսելու, որ մեր տան մէջ ալ այդ «պատերազմ» ըսուածը պատահեցաւ: Այո՛, մեր տան մէջ: Մի՛ զարմանաք: Թէեւ այս մասին թերթերը բան մը չգրեցին, ոչ ալ «թի վի»ներէն լսեցի՛ք, եւ կամ «ֆէսպուք»ներու վրայ կարդացիք, բայց ըսածներս իրականութիւն ըլլալէ չեն դադրիր: Հոգ չէ. ես կը տեղեկացնեմ:

Տակաւին մտքիս մէջ թարմ է, թէ ինչպէս օր մը, պարզ երեկոյ էր եւ դուրսը ծոյլ ու տաք քամի մը կար, ու ես մեր տան բակը խոր ընթերցումով զբաղուած պահուս, յանկարծ կնոջս պոռչտուքը լսեցի, որ կու գար ներսէն, իր սենեակէն, նոյնիսկ մեր քովի դրացիներու ականջները խլացնելու աստիճան:

-Ո՞ւր ես. մա՛րդ, շուտ հասիր, եկո՛ւր, հիմա կարդալու ժամանակը գտա՞ր:

Կռահեցի: Ի տես այս անօրինակ ու անժամանակ տագնապին, դարձեալ միտքս լեցուեցաւ վախով մը: Մտովի ըսի, որ այս տան մէջ ինծի համար հանգիստ նստիլ չկայ: Վազեցի իր մօտ:

-Տե՛ս,- ըսաւ սարսափած աչքերով,- ա՛յս էր պակաս, մեր տան մէջ մրջիւն... լսուա՞ծ է. ի՞նչ կեցած ես, բան մը ըրէ՛:

Անբնական կացութեան իբրեւ հետեւանք կը պոռար, կը բացագանչէր: Թերեւս վախէն: Ի՞նչ պէտք էր, որ ընէի չէի գիտեր: Ես ալ շուարած էի: Աւելի ճիշդ իր պոռչտուքէն ծնունդ առած վախէս շուարած էի: Իսկապէս, որ նախ կարծեցի ծանր «բան» մը, «հեռու ըլլայ» այնպէս բան մը…: Միտքս ծուռ տեղերը գնաց: Բայց փառք Աստուծոյ, ինք բան մը չունէր, ողջ էր եւ միայն մրջիւնի խնդիր մը կար չլուծուած:

Նայեցայ չորս կողմս: Երեք-չորս մրջիւն, դէպի պարտէզ նայող մեր պատուհանին եզերքը, անհոգ կը պտտէին: Ասոնք էին աղմուկին պատճառը: Խնդիր «հանողները»: Երանի ինծի պէս մրջիւններն ալ արագ մը լսած ըլլային կնոջս պոռչտուքը, արդէն իրենց սարսափէն խոյս պիտի տային ինքնաբերաբար: Ժպիտ մը ինկաւ դէմքիս վրայ:

-Ա՞յս էր կնիկ.- ըսի մտովի, ասոր համա՞ր էր, որ զիս անհանգիստ ըրիր: Ու փորձեցի ես զիս զսպել: Շուտով լաթ մը առնելով սկսայ ճզմել այդ անպիտանները, որոնք օրուան այս ժամուն սարսափեցուցած էին խեղճ կողակիցս:

-Սատկեցո՛ւր, բոլորն ալ.- հրահանգեց կինս, ռազմադաշտին վրայ հսկող զօրավարի մը նման: Հնազանդեցայ: Միւս կողմէ աչքիս ծայրովը տեսայ, որ մրջիւններէն մէկը դուրս խոյս կու տար խելայեղօրէն:

-Լաւ է.- ըսի.- ազատեցանք: Անմիջապէս «դիակները» հաւաքեցի ու շիտակ աղբաման:

Ապա հերոսական արարք մը կատարողի մը նման դարձայ կնոջս, աչքերովս հասկցուցի, թէ եղածը անկապ ու անիմաստ տագնապ մըն էր եւ այդչափ աղմուկ անիմաստ էր: Մէկ խօսքով եղածը հանգիստ ու խաղաղ լճակին մէջ, փոքր ալիք մը:

-Մի՛ մտահոգուիր կնիկ, ամէն բան «օ քէյ» է.- ըսի հնազանդ զինուորի նման, որ իր պաշտօնը կատարած էր խղճմտօրէն եւ որ կ՚ուզէր վայրկեան առաջ, ռազմադաշտէն տուն դառնալ:

Կամաց մը հեռացայ: Հաստատօրէն ստեղծուած սարսափը մնաց ետեւ ու խաղաղութիւնը կրկին անգամ տիրեց: Ներքին հաշտութեամբ մը, գիրքս վերցնելով փորձեցի ընթերցումս շարունակել: Ու «Քաջ Նազար»ը յիշեցնողի մը նման, այդ գիշեր հանգիստ մը քնացայ: Մեծ «հերոս» մըն էի: Միշտ հնազանդ:

Առաւօտուն սակայն, անբնական կացութեան մը իբրեւ նոր հետեւանք, այդ խաղաղութիւն ըսուածը, յանկարծ սուտ դարձաւ: Կրկին պոռչտուք եւ աղմուկ: Կրկին անգամ կնոջս հոգին պաշարուած էր նախկին երկիւղով ու կսկիծի նման բան մը կը հոսէր սրտէն: Միայն լացը պակաս էր: Դարձեալ ներքին պրկում մը կար: Վազեցի դէպքին վայրը, աւելի ճիշդ՝ աղմուկին ուղղութեամբ:

Աստուած իմ, հարիւրաւոր մրջիւններ, խօսքերնին մէկ ըրած, անկանոն շարքերով կարծես ցոյցի կամ բողոքի եկած էին եւ նոյն տեղը հաւաքուած էին:

-Քեզի կ՚ըսեմ, ձեռքէդ բան չի գար. չես հաւատար. ահա՛, տե՛ս, այս ի՞նչ է: Հասի՛ր, բան մը ըրէ՛, ի՜նչ կեցած ես ու կը դիտես: Ասանկ պաղապուր մարդ չեմ տեսած: Հայտէ՛, շարժէ՛.- կը կրկնէր կողակիցս շարունակ:

Կնոջս ջղայնութիւնը հաստատապէս հասած էր իր գագաթնակէտին: Կը հաւատայի, որ այդ վայրկեանին ինծի համար լռելը լաւագոյն ելքն էր: Ուստի…: Բայց ներքնապէս վիրաւորուած էի: Կրնայի ջղայնութենէս «պայթիլ»: Սակայն դարձեալ կացութիւնը մեղմացնելու համար ինքզինքս զսպելով ըսի.

-Ա՜յ կնիկ, ասոնք բոլորն ալ երէկուան «զոհուածներուն» հարազատները ըլլալու են. բոլորն ալ հաւաքուած եկած են անոնց յուղարկաւորութեան ներկայ գտնուելու: Բան մը չկայ, հիմա կ՚երթան, սա թոռնիկներուդ թափած կարկանդակի, շաքարի եւ շոքալայի փշրանքները, իբրեւ հոգեճաշ վերցնելէ ետք կ՚երթան. հոգ մի՛ ըներ:

Այսքան: Կատակեցի: Յանկարծ կինս ինծի դառնալով երեսիս նայեցաւ: Վերէն վար զիս չափեց: Զգացի, որ դաժան գաղափարի մը լոյսը կար դէմքին վրայ:

-Հիմա ապուշ կատակի ատե՞ն է.- ըսաւ արագ մը, առաւել յուզուած ձայնով:

Իրապէս, որ լուռ երկչոտութիւն մը կար մէջը: Անզուսպ ցանկութիւն մը, ոչնչացնելու այս բոլոր մրջիւնները: Ուստի առանց իր հրահանգին սպասելու վազեցի «կարաժ», մեր կանգառը: Շուտով վերցուցի քիմէական զէնքը, այդ «Ռայտ» կոչուած եւ մրջիւններ բնաջնջող դեղը ու վերադարձայ դէպքին վայրը:

Խեղճ մրջիւններ: Տակաւին կը շարունակէին իրենց իրարանցում հապճէպ վազքը: Անկանոն ցոյցի իսկական պատկերը: Կնոջս հրահանգին հնազանդեցայ: Չարութեան դեւը ներսս սողաց ու «զէնքս» կեդրոնացնելով խումբին վրայ, սկսայ յարձակումիս: Անխնայ: Աջ ու ձախ: Անձայն կոտորած: Երեւոյթը գեղեցիկ չէր: Անհամար զոհեր քանի մը վայրկեաններու մէջ: Ի՞նչ ընէի: Այդպէս էր հրամանը:

-Հոս փչէ՛, հոն փչէ՛, շատ փչէ՛, տե՛ս, տե՛ս դուրս կը վազեն, յարձակի՛ր, դեղը մօտէն փչէ՛...:

Ինք գլխուս վրայ կեցած կը հրահանգէր: Իր արտասանած բառերը ինծի համար պարզապէս բառերու հեղեղ մըն էին: Իմ «ջարդարար» արարքիս մէջ, ինք սովորական աղօթքի նման, արագ արագ բառեր կ՚արտասանէր ու գետինը կը սրբէր:

Ու կրկին անգամ կացութիւնը մեղմացնելու համար, կնոջս դառնալով անմեղօրէն ըսի, թէ այսօր երթանք եւ մողէզ մը գնենք, չէ՞ որ այս կենդանիները մրջիւններով կը սնանին... այս ձեւով մեր գործը կը դիւրանայ... ու ամենէն լաւը, այս մրջիւններուն անհետացման «մեղքը» մողէզին վիզը կը մնայ, փոխանակ իմինիս:

Ճիշդ էր, որ ես իրենց համար բռնակալ մը կամ բարբարոս մըն էի, բայց այդ մէկը իմ կամքովս չէր: Ես պարզապէս հնազանդ զինուոր մըն էի: Բայց ո՞վ կը հասկնայ: Ո՞վ պիտի յիշէ այս կազմակերպուած ջարդը:

Կատակս «չստացուեց»: Միւս կողմէ ալ մրջիւններուն չնահանջող կամքը, զիս աւելի «կը կատղեցնէր»: Գիտէի, որ ձախողութեանս պարագային ամօթով պիտի մնայի եւ օրերով նախատինքի նման իր յանկերգը պիտի լսէի: Յանկարծ չեմ գիտեր ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս յիշեցի արաբ հզօր խալիֆա՝ Սալահետտինի մէկ խօսքը, ուղղած իր զաւկին.

«Տղաս, զգուշացի՛ր արիւն թափելէ, որովհետեւ թափուած արիւնը չի քնանար, կը բարձրանայ, կը յորդի, կը հեղեղի եւ կը խեղդէ...»:

Լաւ որ մրջիւնները անարիւն էին.- ինքզինքս համոզեցի:

Ու այսպէս, ամբողջ շաբաթը, թոռնիկ խաղցնելու տեղ, մրջիւններու ետեւէն «վազեցի»:

Այս տարիքիս՝ մրջիւն «խաղցուցի»:

Է՜հ աշխարհ...:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Ուրբաթ, Մարտ 24, 2023