ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ ԺԲ.

ԻՒՂՈՎ ՕԾԵԼՈՒ ՄԱՍԻՆ

Խօսք. «Իսկ Մարիամ մէկ լիթր իւղ առաւ» (տե՛ս Յհ 12.3):

Մեկնութիւն. այս մասը երեքը կը բաժնուի, որովհետեւ նախ Մարիամի սպասաւորութեան մասին կը ճառուի: Երկրորդ. Յուդայի տրտմութիւնն ու բամբասանքը. «Աշակերտներէն մէկը ըսաւ» (տե՛ս Յհ 12.4): Երրորդ. Քրիստոսի յանդիմանութիւնը. այնտեղ. «Յիսուս ըսաւ. ազա՛տ ձգեցէք զինք» (Յհ 12.7):

 

Առաջինին համար կ՚ըսէ. «Իսկ Մարիամ մէկ լիթր իւղ առաւ»:

Մեկնութիւն. Այս Մարիամը Ղազարոսի եւ Մարթայի քոյրն էր. հոլովը անկատար կ՚ընէ, որովհետեւ «Մարեմայ» կ՚ըսէ եւ ոչ՝ Մարիամու, որպէսզի չկարծես, թէ Աստուածածինն էր: Մարիամներու եւ օծող կիներու մասին Ղազարոսի հիւանդութեան առիթով ըսուեցաւ:

 

Խօսք. «Լիթր մը ազնիւ եւ սուղ նարդեան [նարդոսի] իւղ առնելով» (տե՛ս 12.3):

Մեկնութիւն. մէկ լիթրը կը ցուցնէ իրին քանակութիւնը, բայց պէտք չէ իմանալ, թէ այդ իւղը թանձրանիւթ էր, ինչպէս այն, որով վէրքերը կ՚օծեն, կամ այն, որ մարդոց կողմէ կը գործածուի, այլ՝ անօսր, պարզ ու վճիտ, որովհետեւ կարելի չէր թանձր եւ կոպիտ իւղով Քրիստոսի գլուխը օծել:

Իսկ իւղ կը կոչուի, որովհետեւ պատուական եւ անուշահոտ նիւթէ հանուած օծանելիք էր, ինչպէս վարդաջուրը վարդէն հանուած:

Նարդեան կ՚ըսէ նարդոսին. ոմանք կ՚ըսեն Հնդկաստանի մէջ աճող ծառ, որու ճիւղը կը կտրեն ու շիշի մէջ վրայ կը կապեն, որպէս բալասանի, իսկ արցունքը կ՚իջնէ ու կը լեցնէ շիշը եւ կամ բնական հոսումէն որոշ ժամանակէ մը. իսկ ոմանք կ՚ըսեն, թէ նարդոսը դալար խոտ է, սեւագոյն եւ անուշահոտ եւ անոր մէջէն կ՚ելլէ որպէս հասկ մը, զայն կ՚առնեն ու կ՚եփեն, ասոր զօրութիւնը նախ զովացուցիչ է, երկրորդ՝ անուշահոտ, երրորդ՝ ջարդուած ու տրորուած անդամներուն հաստատիչ:

Ազնիւ ըսելը նախ պարզութիւնը կը ցուցնէ, երկրորդ՝ որովհետեւ պատուական է:

Սուղ կ՚ըսէ, քանի որ այս օծումը աւելի կ՚արժէր, քան երեքհարիւր դենար [արծաթ դահեկան], կ՚ըսէ Մարկոս (հմմտ. Մր 14.5):

 

Խօսք. «Օծեց Անոր ոտքերը եւ իր մազերով սրբեց զանոնք» (Յհ 12.3):

Մեկնութիւն. ո՛չ միայն ոտքերը, այլեւ գլուխն ալ օծեց, ինչպէս Մատթէոսն ու Մարկոսը կ՚ըսեն (հմմտ. Մտ 26.7: Մր 14.3), որովհետեւ բազմաթիւ բաներ Աւետարանիչները կամաւորաբար չգրեցին Քրիստոսի գործերէն ու խօսքերէն, ինչպէս Աւետարանին վերջաւորութեան կ՚ըսէ (հմմտ. Յհ 20.30-31): Իսկ ոտքերը կ՚օծէր, որովհետեւ Քրիստոս յոգնած էր քայլելէ, իսկ Աւետարանիչը հակառակ կողմէն կը պատմէ, քանի որ նախ ոտքերը լուաց, ապա մազերով սրբեց եւ ապա օծեց, ինչպէս մենք ոտնլուան կը կատարենք:

Իսկ օծելու ժամանակ անուշահոտութիւն բուրեց եւ լեցուց տունը, նախ՝ իւղի տարածման պատճառով:

Երկրորդ. քանի որ աստուածային գագաթին [գլուխին] մօտեցաւ, ինչպէս խունկը կրակին կը մօտենայ:

Երրորդ. որովհետեւ զգալի օծումը իմանալի օծումին մօտեցաւ: Իսկ այս օծումը չորս բան կը նշանակէր. նախ՝ Մարիամին մեծ հաւատքը: Երկրորդ. առաւել սէրը: Երրորդ. շնորհամատոյց ըլլալը եղբօր համար: Չորրորդ. պատանքին ի նշան կ՚ըսէ Տէրը (հմմտ. Մր 14.8):

Եւ մազերով կը սրբէր. նախ՝ խոնարհութեամբ երկիրպագանելը: Երկրորդ. քանի որ ուրիշ պատուական բան չունէր բացի գլուխի մազերէն, որովհետեւ իւրաքանչիւր զգեստ արտաքին նիւթերէ է, իսկ մազերը՝ մարդու պատուական մարմինէն:

 

Ապա կը ճառէ Յուդայի տրտմութեան ու բամբասանքի մասին:

Խօսք. «Աշակերտներէն մէկը՝ Յուդա Իսկարիոտացին, որ զայն մատնողը պիտի ըլլար, ըսաւ» (Յհ 12.4):

Մեկնութիւն. Երկու Յուդաներ կային առաքեալներուն մէջ: Ասոր Իսկարիոտացի կը կոչէ, որ գիւղէն էր, իսկ միւսը՝ Յուդա Յակոբեանն է, որ Թադէոս կը կոչուի:

ԱԳԱՀՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՐԾԱԹՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Այս Իսկարիոտացի Յուդան նախապէս բարի էր, երբ Քրիստոսի կողմէ առաքելութեան հրաւիրուեցաւ, սակայն ետքէն ագահութեան մեղքին մէջ ինկաւ, որ էր՝ արծաթսիրութիւն, իսկ Յիսուս համբերութեամբ կը տանէր օրինակ ըլլալու համար մեզի, որպէսզի մենք եւս համբերենք մեղուցեալ եղբօր ինչքան ալ ծածուկ ըլլայ, ու սպասենք անոր դարձին:

Այստեղ նշանակելի է, որովհետեւ երբ ագահ մարդիկ պատճառաբանելով կը ծածկեն իրենց ագահութիւնը, որպէսզի ինչ որ բան չտան, նախ, կ՚ըսեն, թէ պէտք է եւ առանց ասոր չեմ կրնար մնալ: Երկրորդ. ուրիշ պատճառ մըն ալ կը դնեն, թէ բարի է այսպիսի իրեր ծախել, եւ ոչ՝ այլ բաներ: Երրորդ. ագահ մարդը երբ կը կամենայ փարթամութիւն շահիլ, ուրիշներուն պէտքերը պէտք չի՛ համարեր, որպէսզի դէպի իրեն քաշէ, այդպէս ալ Յուդային խօսքերը:

Եւ տե՛ս արծաթսիրութեան ախտը, որ ատելի ու չար է քան միւս բոլոր մեղքերը տասն պատճառով. նախ՝ որովհետեւ մեղք եւ չարիք է բոլոր մեղքերու կարգին մէջ, ինչպէս կ՚ըսենք՝ գինեսէր, կնասէր, եւ այլն, նոյնպէս արծաթասէր կ՚ըսենք: Երկրորդ. քանի որ միւս բոլոր մեղքերը չարերուն է, իսկ արծաթսիրութիւնը՝ չարերուն ու բարիներուն կը պատահի, ինչպէս Յուդային եղաւ: Երրորդ. միւս մեղքերը մարդ կրնայ կտրել, իսկ արծաթսիրութիւնը՝ ոչ, որովհետեւ ան մէկ կողմ դնելու կը մնայ: Չորրորդ. քանի որ միւս մեղքերը կրնան Աստուծոյ ծառայել, իսկ արծաթասէրները՝ ոչ, ըստ այնմ. «Չէք կրնար Աստուծոյ ծառայել եւ դրամին» (հմմտ. Մտ 6.24: Ղկ 16.13): Հինգերորդ.  արծաթսիրութիւնը տրտմեցուց Յուդան, որ բամբասեց Մարիամն ու Տէրը: Վեցերորդ. արծաթսիրութեան պատճառով իւղին գինը երեքհարիւր դենարէ աւելի ըսաւ, իսկ Տիրոջ՝ դիւրութեամբ երեսուն արծաթով ծախեց: Եօթներորդ. արծաթսիրութիւնը Յուդան գող ու աւազակ ըրաւ, ինչպէս այստեղ կ՚ըսէ: Ութերորդ. արծաթսիրութեան պատճառով Տիրոջ մահուան մատնեց եւ խաչողներուն հետ դասուեցաւ: Իններորդ. դարձեալ արծաթսիրութիւնը Գէեզը բորոտ դարձուց, որ  Նէեման Ասորիէն արծաթը առաւ ու ծածուկ պահեց իր Եղիսէ վարդապետէն, ինչ բանի պատճառով ալ բորոտեցաւ (հմմտ. Դ. Թգ 5.20-27): Տասներորդ. արծաթին պատճառով, որ գողցաւ նզովուած Երիքովի Աքար Զարմեանէն, իր տունով ու ընտանիքով քարկոծուեցաւ Յեսուի՝ Նաւէի որդիին հրամանով (հմմտ. Յես 7):

Արդարեւ, սոյնպէս չար է ագահութեան ու արծաթսիրութեան ախտը, ինչպէս ցոյց տրուեցաւ:

 

Հարցում. ի՞նչ է, որ միւս Աւետարանիչները՝ Մատթէոս եւ Մարկոս, բոլոր աշակերտները կ՚ըսեն (հմմտ. Մտ 26.8-9: Մր 14.4-5), իսկ Ղուկաս չի յիշեր, բայց «աշակերտներէն մէկը» կ՚ըսէ, որ էր Յուդան:

Պատասխան. երեք պատճառով. նախ՝ որովհտեւ այդ բանը Յուդան ըսաւ եւ միւսներուն ալ ըսել տուաւ, այդ պատճառով միւս աւետարանիչները բոլորը կ՚ըսեն, եւ որովհետեւ Յուդան սկիզբը եղաւ միւսներու բամբասանքներուն, այդ պատճառով Յովհաննէսը միայն ասիկա կը յիշէ: Երկրորդ. թէեւ բոլորին խօսքերը նոյնն էին, սակայն ո՛չ խորհուրդը, քանի որ անոնք բարեմտութեամբ՝ աղքատասիրութեան պատճառով ըսին՝ Տիրոջմէ սորված ըլլալով, իսկ Յուդան ագահութեան պատճառով ու չարամտութեամբ ըսաւ, այդ պատճառով միայն զինք կը յիշէ: Երրորդ պատճառը. քանի որ Տէրը մեզի պատուիրեց վեց տեսակի ողորմութիւն կատարել, որոնք ասոնք են՝ անօթեցայ, եւ ուտելիք տուիք, ծարաւցայ՝ խմցուցիք, օտար էի՝ պատսպարեցիք, մերկ էի՝ հագցուցիք, հիւանդ էի ու բանտարկուած՝ այցելութեան եկաք ինծի (հմմտ. Մտ 25.35-36): Վերջին երկուքը միասին կ՚ըսէ, որովհետեւ ինչպէս հիւանդը ցաւերով բանտարկուած է, այդպէս ալ ան որ բանտին մէջ է՝ կապանքներով, ապա ուրեմն ասոնց համար չըսաւ Յուդան, այլ՝ արծաթսիրութեան պատճառով ըսաւ, այդ պատճառով առանձինն կը յիշէ:

 

Եւ ետքէն չար դիտաւորութիւնը, ինչպէս կը ցուցնէ.

Խօսք. «Ասիկա ըսաւ՝ ո՛չ թէ անոր համար որ կը մտահոգուէր աղքատներով, այլ որովհետեւ գող էր: Իր քով կը գնտուէր գանձանակը եւ ի՛նչ որ հոն կը ձգուէր՝ անկէ կ՚օգտուէր» (Յհ 12.6):

Մեկնութիւն. ահա յայտնուեցաւ ըսուածին իմաստը, որովհետեւ Յուդան այդ բանը չըսաւ՝ աղքատներուն մասին մտածելով, այլ՝ աղքատները յիշելով ագահութիւնը կը ծածկէր:

Իսկ Յուդան գող էր նախ՝ որովհետեւ առանց Տիրոջ հրամանին ինչքեր կը ծախէր: Երկրորդ. գող կ՚ըսուի, քանի որ ինչ որ աղքատներու պէտքերուն համար կ՚առնէր՝ չէր տար, այլ՝ իր քսակին մէջ կը պահէր: Եւ ասիկա Քրիստոսի կողմէ  նշանակուեցաւ, որպէսզի մարդիկ ինչ որ կու տային Քրիստոսի՝ աղքատներուն բաշխելու համար, ասիկա կ՚ընդունէր զայն, թէեւ հաւատարմութեամբ չէր կատարեր իրեն [վստահուած գործը]: Իսկ գանձանակը քսակն է:    

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 116

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 24, 2021