ՍՈՉԻԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԻՏԼԻՊԻ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ

Սուրիոյ օրակարգին մէջ կարեւորագոյն տեղ զբաղեցուցած հարցը կը վերաբերի Իտլիպ նահանգին։ Վերջին երեք շաբաթներուն ընթացքին տեղի ունեցած խմորումներէն ետք Սուրիոյ կառավարութեան ու անոր մօտիկ դաշնակիցներուն համար խնդիր դրուած էր ռազմական ամէն տեսակի միջոցներու դիմել՝ նպատակ ունենալով Իտլիպը ազատագրել այդ շրջանին մէջ եղող արմատական տարրերէ, որոնց մէկ տոկոսը կը համարուի Անգարայի համար կարեւոր հատուած մը։

Ի դէպ, երբ Իտլիպի հարցով Թեհրան-Դամասկոս աշխոյժ քննարկումներ տեղի կ՚ունենային, Մոսկուա կը նախընտրէր կարծիք չյայտնել ու պարզապէս «հեռու»էն հետեւիլ ընթացող զարգացումներուն։

Հակառակ անոր, որ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով «բացէ ի բաց» կը յայտարարէր, որ Իտլիպի մէջ գտնուող զինեալները անխտիր բոլորն ալ ահաբեկիչներ են, բայց եւ այնպէս, երբ մարտական գործողութիւններու սկսելու համար որոշ ահազանգային նշաններ երեւելի կը դառնային, Մոսկուա անտես առնելով այդ իրավիճակը՝ կը յայտարարէր, որ Իտլիպի հարցը պիտի հանդիսանայ Փութին-Էրտողան Սոչիի հանդիպման գլխաւորագոյն օրակարգերէն մին։

ՓՈՒԹԻՆ-ԷՐՏՈՂԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Եւ այսպէս սեպտեմբերին Թուրքիոյ նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան կը ժամանէր Սոչի։ Տեղի կ՚ունենար երկու առաջնորդներուն միջեւ «սպասուած» հանդիպումը եւ Էրտողան-Փութին տեսակցութիւնը կը տեւէ շուրջ 2 ժամ։

Այստեղ հարկ է յիշեցնել, որ նախքան Սոչիի մէջ կայացած հանդիպումը, այս անգամ եռակողմանի հանդիպման ձեւաչափով Փութին, Էրտողան եւ Ռուհանի տեսակցած էին Թեհրանի մէջ։ Այդ հանդիպումը, ըստ երեւոյթին, բարեյաջող չէր ըլլար ու գոյութիւն ունի տեսակէտ մը, որ Սոչիի հանդիպումը տեղի կ՚ունենար «մաքրելու» կամ «ցրուելու» համար Թեհրանի գագաթին ամպոտ եւ անյստակ վիճակը։ Թէ որքանով Սոչիի ժողովը բարեյաջող կերպով կը կատարէր այդ մէկը՝ ցարդ յստակ չէ, սակայն յայտնի է, որ շնորհիւ Սոչիի ժողովին, սուրիական Իտլիպի մէջ առկայ «մեծ հրդեհ»ի մը պատրոյգը կը քաշուէր, տեղ տալու բանակցութիւններու եւ հարցերը բանականութեան ճամբով լուծելու ընտրանքներուն։

Ու հակառակ յատկապէս ամերիկեան կողմին «Իտլիպի համաձայնութեան» մասին արտայայտած զգուշաւոր գնահատականներուն՝ յստակ է, որ շրջանը մտած է նոր փուլ մը, որ ամենէն աւելի իմաստ կը ստանայ Մոսկուա-Անգարա փոխգործակցութեան նոր մակարդակի բարձրացման, ինչ որ ընթացք առած է Իտլիպէն եւ որուն շնորհիւ ալ մենք կրնանք ականատես ըլլալ կարգաւորման նոր փուլի մը, յատկապէս Սուրիոյ այն շրջաններուն մէջ, ուր տակաւին պատերազմական գործողութիւններու վերսկսման հաւանականութիւնը շատ մեծ է։

Եթէ Իտլիպի մէջ զինուորական գործողութիւններու փուլը ընթացք առնէր, ապա յստակ պիտի դառնար, որ Սուրիոյ իշխանութիւններուն համար ետդարձ ընելու կամ իրավիճակը հաւանական աղէտէն դուրս բերելու բոլոր միջոցները սպառած են։

Մինչ Միացեալ Նահանգներ եւ եւրոպական շարք մը երկիրներ կը զգուշացնէին, որ Իտլիպի դէմ որեւէ զինուորական քայլ կրնայ աղէտալի հետեւանքներ ունենալ, անդին քիմիական զէնքեր գործածելու եւ այդ միջոցներուն դէմ ամերիկեան հաւանական հարուածի մը գոյութեան մասին խօսքերը կը դառնային տեսանելի։

Խնդիրը այս պարագային միայն ուժի գործածութեան կամ անոր դէմ ըլլալիք հակազդեցութեան հարցը չէր, այլ՝ սուրիական տագնապի այս փուլը անգամ մը եւս արիւնալի բախումներու տանիլն էր։

Եւ հիմա, երբ արդէն Իտլիպի մէջ առկայ պատրոյգը գրեթէ հանուած է, բոլոր կողմերուն համար աւելի քան կարեւոր է իմանալ, թէ ի՛նչ հունի մէջ դրուելով է, որ պիտի լուծուի այս հարցը։

ՀԱՅ ՄԱՍՆԱԳԷՏԻՆ ՏԵՍԱԿԷՏԸ

Իտլիպի նիւթին եւ խնդրի տարբեր երեսակներուն մասին յաջողեցայ շահեկան զրոյց մը ունենալ վերլուծաբան եւ քաղաքագէտ Արմենակ Թոքմաճեանի* հետ։ Ուշագրաւն այն է, որ Թոքմաճեան հարցաշարը ստացաւ Սոչիի ճակատագրական գագաթէն շաբաթ մը առաջ, բայց եւ այնպէս անոր ունեցած մօտեցումները բաւականին խորքային եւ ժամանակավրէպ ըլլալու վտագներէն զերծ մնացող մօտեցումներ են։

-Ի՞նչ է պատճառը, որ Իտլիպի խնդիրը այսքան ծանրակշիռ դարձաւ։ Ձեր կարծիքով, ինչո՞ւ միջազգային հանրութեան եւ գերպետութիւններու ուշադրութիւնը այսքան Իտլիպի վրայ է։ Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք այս իրավիճակը:

-Իտլիպի հարցը կարեւոր է տարբեր պատճառներով. առաջինը՝ որ Իտլիպը այսօր կը համարուի ընդդիմադիր ուժերու ամենակարեւոր կեդրոնը։ Երկրորդը՝ որ ընդդիմադիր ուժերու ձեռքը գտնուող ամենամարդաշատ շրջանն է:

Ռազմական տեսանկիւնէն եթէ նայինք, եթէ պետական զօրքերը եւ իրենց դաշնակիցները կրցան Իտլիպը եւ անոր յարակից տարածքները վերադարձնել՝ ռազմական մեծ յաղթանակ կ՚ըլլայ իրենց համար, իսկ ընդդիմադիր ուժերուն համար՝ ռազմական մեծ պարտութիւն: Իսկ մարդասիրական տեսանկիւնէն՝ եթէ Իտլիպի վրայ լայնածաւալ յարձակում մը ըլլայ, շատ արիւնալի պիտի ըլլայ։ Պարզ այն պատճառով, որ այդ շրջանը մարդաշատ է։ Եթէ օրինակ մը տալով՝ համեմատութիւն կատարենք 2016 թուականի արեւելեան Հալէպի վիճակին հետ, ապա պիտի նկատենք, որ այն ժամանակներուն ընդդիմադիրներու տիրապետութեան տակ եղած այդ հատուածներուն մէջ ապրող բնակչութեան թիւը 150-200 հազար էր, իսկ այսօր Իտլիպի եւ յարակից տարածքներուն մէջ կ՚ապրին մօտաւորապէս 3 միլիոն անձեր. բնականաբար այդ շրջանին մէջ լայնածաւալ ռազմական գործողութեան արդիւնքը շատ արիւնալի պիտի ըլլայ:

-Արաբական լրատուական ծառայութիւններ, նոյնիսկ վերլուծաբաններ կ՚ըսեն, որ Իտլիպի հարցը այս օրերուն Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ կը գտնուի։ Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանես այս մօտեցումը:

-Այո, համաձայն եմ, որ այդպէս է: Այսօր լայնածաւալ պատերազմի սկսելու որոշումը ռուսերուն ձեռքն է, հետեւաբար ամենակարեւոր դերակատարը Իտլիպի հարցին մէջ ռուսերն են: Թուրքիոյ տեսանկիւնէն կարելի է ըսել, որ թուրքերը այսօր Իտլիպի մէջ միջազգային դերակատարներէն ամենաազդեցիկն են, բայց անոնք յառաջիկայ ամիսներուն պիտի փորձեն իրենց վնասները կարելի չափով նուազագոյնի հասցնել։ Այլ խօսքով՝ յստակ է, որ այսօր Թուրքիոյ դիմաց լաւ տարբերակներ չկան, կան վատ եւ շատ աւելի վատ տարբերակներ: 

Վերջին ամիսներուն Թուրքիան կ՚օգտագործէ Մոսկուայի հետ լաւ յարաբերութիւններ ունենալու փաստը, որպէսզի որեւէ միջանկեալ լուծումի հասնի եւ իր վնասները շատ մեծ չըլլան:

-Ի՞նչ շահեր ունի Թուրքիան Իտլիպի մէջ եւ իսլամամէտներու հետ բանակցութիւններ կատարելու Անգարայի ճիգը ի՞նչ արդիւնքի կրնայ յանգեցնել:

-Իտլիպի խնդրով Թուրքիան մտահոգող պատճառները շատ են։ Բնականաբար, կարեւոր պատճառներէն մէկը այն է, որ եթէ լայնածաւալ յարձակում մը ըլլայ Իտլիպի վրայ, մեծ թիւով մարդիկ պիտի ուղղուին դէպի թրքական սահման: Երկրորդ տարբերակը այն է, որ անոնք փախչին դէպի Աֆրին, որ կը գտնուի Թուրքիոյ օժանդակութիւնը վայելող ընդդիմադիր ուժերուն տիրապետութեան տակ, ինչ որ նոյնպէս Թուրքիոյ համար մեծ խնդիր է:

-Միացեալ Նահանգներ ձեռք բարձրացնելով եւ ջղային շեշտով Սուրիոյ իշխանութիւններուն կտրականապէս ըսաւ, որ քիմիական զէնքի օգտագործումը շատ ծանր կրնայ ըլլալ իրենց համար։ Ի՞նչ կը կարծես, արդեօք Միացեալ Նահանգներ կը պատրաստուի հարուա՞ծ մը տալ Սուրիոյ, մանաւանդ որ Իտլիպը այսօր կը համարուի վերջին կարեւոր շրջանը, որ կը գտնուի Սուրիոյ տիրապետութենէն դուրս եւ անոր գրաւումով Էսատ կարեւոր նուաճում մը արձանագրած պիտի ըլլայ:

-Այո՛, Ամերիկան եւ տարբեր եւրոպական երկիրներ նշեցին, որ իրենք քիմիական զէնքի կիրառման կտրականապէս դէմ են։ Յամենայնդէպս կարեւոր հանգամանքը այն է, որ ամերիկացիները դեռ յստակ ռազմավարութիւն մը չունին Իտլիպի հարցին վերաբերեալ: Հետեւաբար Իտլիպի հարցի վերաբերեալ ամերիկացիներու եւ եւրոպացիներու դերը քիչ մը երկրորդական է եւ հիմնականին մէջ ռուսները եւ թուրքերն են, որ Իտլիպի ապագան պիտի որոշեն:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան


*Արմենակ Թոքմաճեան. «Միջազգային ճգնաժամային խումբ»ի՝ Միջին Արեւելքի բաժնի վերլուծաբան։ Ան միաժամանակ կը վարէ «Ֆրետրիխ Էպերտ Շտիֆտունկ»ի մէջ կրտսեր գիտաշխատողի պաշտօն։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 24, 2018