ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԸ «ԹԱՒՇԵԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ» ՎԱՅՐ ՉԷ

Աւա՜ղ, Լոս Անճելըսի մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մսխեց սփիւռքահայուն հետ սրտբաց զրուցելու ոսկէ առիթը։ Հանրահաւաքին ներկայ թէ եթերային միջոցով վարչապետի պատգամին հետեւող սփիւռքահայը իր հայրենիքի առաջնորդէն կ՚ակնկալէր ազգային հեռանկար, հաւաքական աշխատանքի ծրագիր, հայրենիքը եւ սփիւռքը հզօրացնելու տեսութիւն։

Դժբախտաբար, չստացուեցաւ։ Վարչապետը մնաց հաւատարիմ իր դեմակոկական յատկութեան։ Փչեց լոզունգներ, ըստ սովորութեան։ Թուեց ուրիշներու, հայրենական թէ սփիւռքեան, աշխատանքները, առանց անդրադառնալու վերջին մէկուկէս տարիներուն ժողովուրդի յեղափոխութեան անյարիր իր կատարած եւ չկատարած աշխատանքներուն մասին։ Ուժը տուաւ ամբոխավարական պոռթկումներու՝ շփոթելով Լոս Անճելըսի «Կրանտ փարք»ը Ազատութեան հրապարակին հետ եւ հայրենիքով տառապող սփիւռքահայը հայրենիքի անկեղծ քաղաքացիին հետ։

Վարչապետի շփոթին մէջ ահռելին այն էր, որ հայրենիքի հանդէպ սփիւռքահայուն աւանդական հաւատարմութիւնը շփոթեց իր կարծեցեալ «թաւշեայ յեղափոխութեան» հաւատարմութեան հետ։ Ան չկրցաւ ըմբռնել, որ Լոս Անճելըսը «թաւշեայ յեղափոխութիւն» լոզունգին վայրը չէր։

Այս բոլորը համեմելու համար, ան փորձեց ձախաւերօրէն արտասանել մեր մեծ բանաստեղծին՝ Պարոյր Սեւակին «մենք քիչ ենք բայց հայ ենք» քերթուածը։ Երանի չարտասանէր, որովհետեւ առանց Պարոյր Սեւակի ոգիին եւ մտքին իւրացման կարելի չէ անոր խօսքերը արտասանել հարազատօրէն, անկեղծօրէն։ Օտարալեզու միջավայրի մէջ դաստիարակուած հինգերորդ սերունդի սփիւռքահայ պարմանուհին անգամ գիտէ ճիշդ արտասանել Պարոյր Սեւակը, որովհետեւ սփիւռքահայ պատանին իր ընտանիքին մէջ կը մեծնայ ու կը դաստիարակուի Քրիստափորի, Սերոբ Աղբիւրի, Սողոմոն Թէհլիրեանի, Դանիէլ Վարուժանի, Սիամանթոյի, Յովհաննէս Թումանեանի, Եղիշէ Չարենցի, Յովհաննէս Շիրազի, Համօ Սահեանի եւ Պարոյր Սեւակի ոգիով ու մտքով։

Հայաստանի վարչապետը օտար շրջանակներու գովասանքին կարիքը չունի, պէտք չէ ունենայ։ Օտարի, ներառեալ իմ Գալիֆորնիա նահանգիս եւ Լոս Անճելըս քաղաքիս ղեկավարներու գովքն ու նեցուկը, պայմանական են։ Բայց երբեք պայմանական չէ եւ պիտի չըլլայ սփիւռքահայուն գովքն ու նեցուկը իր հայրենիքին ու հայրենի պետութեան։

Սփիւռքահայը, Լոս Անճելըսի հայն է, Հալէպի եւ Քեսապի հայն է, Պուրճ Համուտի եւ Պէյրութի հայն է, Փարիզի եւ Սթոքհոլմի հայն է, Մոսկուայի եւ Կրասնոտարի հայն է։ Վերջապէս, ան հայն է աշխարհով մէկ ցրուած մեր բոլոր գաղթօճախներուն։ Այս հայերն են Հայաստան աշխարհի եւ պետութեան հաւատարիմները։ Անոնք են մեր ուժին կռուանը։ Անոնք պիտի մնան ըլլալ մեր ապագայի կերտման ներշնչումին եւ ուժին աղբիւրը՝ մեր հայրենի ժողովուրդին հետ ու անոր կողքին։

Ճիշդ այս իրողութիւնը կը վրիպի եւ կը շարունակէ վրիպիլ մեր վարչապետէն եւ իր շրջապատէն։

Բայց սփիւռքահայը անտեղեակ, ապաքաղաքական, ապագաղափարական եւ անփորձ հայ չէ։ Հայրենի հողին վրայ հայեցի ինքնութիւն պահպանելը, նոյնիսկ պոլշեւիկեան պայմաններու տակ, կարելի չէ բաղդատել օտար ափերուն, օտար մշակոյթներուն եւ պետութիւններուն ճնշումներուն տակ հայեցի ինքնութեան պահպանման հետ։

Մենք կը խօսինք հայու ա՛յս տեսակին մասին, գործ ունինք հայու ա՛յս տեսակին հետ, որ մնաց հայ՝ հինգ սերունդներ։ Մնաց հայ՝ Հայաստանին համար։ Այս հայուն համար հայ մնալը սեփական որոշումի հարց էր։ Ան որոշեց մնալ հայ, որովհետեւ իրեն համար սփիւռքը ժամանակաւոր կայան մըն է, ուրկէ ան պիտի մեկնի հայրենիք, մանաւա՛նդ ամբողջական հայրենիք։

Հայ մնալու որոշումը կատարող սփիւռքահայը, նաեւ այն հայն է, որ քաղաքականացուց եւ յեղափոխականացուց գաղթօճախները՝ ի խնդիր իր իրաւազրկուած գոյութեան։ Ան չհամակերպեցաւ պարտադրուած օտարութեան։ Երբ հայրենի հայը բռնատիրական պայմաններու տակ անկարող էր, սփիւռքահայը շարունակեց պայքարը՝ խօսքով, դրամով եւ նաե՛ւ զէնքով՝ վերացնելու համար հայուն իրաւազրկումը։

Վարչապետը եւ իր համախոհները գործ ունին ոչ թէ «թուխով» մակդիրով գլխարկ հագնողներու գնայուն տարրերուն հետ, այլ՝ սփիւռքահայու այս տեսակին հետ, որոնք ողնաշարը, կամքը եւ ուժը կը կազմեն սփիւռքին։ Ա՛յս սփիւռքահայերն են անկախացած հայրենիքի եւ ազատագրուելիք հայրենիքի յենարանները՝ միշտ հայրենի եւ Արցախի հայութեան կողքին։

Վարչապետը ի զուր կը պնդէ, թէ Հայաստանին ի՞նչ պէտք է տա սփիւռքահայը։ Սփիւռքահայը արդէն իսկ կու տայ եւ պիտի շարունակէ տալ հայրենիքին։

Սփիւռքահայը երբեք չէ պնդած, թէ ի՞նչ կրնայ իրեն տալ հայրենիքը, այլ՝ միշտ հարց տուած է, թէ ի՛նք ինչ կրնայ տալ հայրենիքին։ Նոյնիսկ նման հարցումի անգոյութեան, Սփիւռքահայը քառապատիկ անգամ եւ կամովին տուած է ու պիտի տայ իր բոլոր կարողութիւնները Հայաստանին եւ ազատագրելի հայրենիքին։

Վարչապետին կողմէ Սփիւռքահայուն հայրենիքին տալու պնդումը անտեղի էր։

Այս այցելութեան առիթով, Լոս անճելըսի մէջ, բուն հարցը այն էր որ, իր կարգին, հայրենի պետութիւնը ի՞նչ պիտի կարենայ տայ Սփիւռքահայուն՝ աջակցելու համար Սփիւռքահայութեան համրանքի պահպանման, կառոյցներու աւելի ուժեղացման, քաղաքական պահանջատիրութեան եւ Հայ Դատին։

Վարչապետը լուռ էր այս մասին։

ՍԵԴՕ ՊՕՅԱՃԵԱՆ

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 24, 2019