ԵԿԵՐ Է

Եկեր է։

Մի քանի օր է արդէն, որ գոյները տարբեր են։

Տարբեր է երկինքը, ուրիշ է հողը, այլ է օդը։

Մարդիկ են տարբեր, դէմքերն են ուրիշ, յոյսերն են նոր։

Դարձեալ կ՚արթննայ մեր կողմերն այս մոլորակի, պարոքեան մեղեդիով մը կարծես։ Արեւը մէկ այլ դեղինով կը ներկէ մայթերը, լանջերը լեռներուն, դէմքերը մարդոց։

Հեռուն, գագաթներուն թառած ձիւները կը հրճուին երեւի, յուզմունքով կ՚ընկալեն շողքն արեգակին, կը ներծծեն զայն, կ՚արցունքոտին, կը ծորին, կը հոսին քիչ-քիչ, նախ մինակ, յետոյ խմբովի, մինչեւ փոքրիկ հոսիկ մը կազմեն։ Ու հոսի այն դէպի քոյրերն ու եղբայրներն իր մօտակայ, գրկախառնուի անոնց հետ, դառնան ընտանիք, թափով վազեն դէպի ձոր, դէպի առուակներ, գետակներ... անցնին դաշտերով, տան համբոյրը ծլող կանաչին, որ ապրի ան ա՛յս տարի եւս, որ փոխուի ամէն ինչ, որ զարթնի հողը, որ բերկրան ծառերն եւ հաւքին հիւր ընդունին...

Ծլող կանաչը մինչդեռ, դեռատի, դուրս կու գայ հողէն, եւ առաջին հերթին գլուխը կախ կը նայի անոր, ձմրանն ամբարած ջուրէն խմելուն համար շնորհակալութիւն յայտնելով։ Յետոյ վեր, դէպի արեւը կը դառնայ, անոր մէջ նոր երազ մը փնտռելով։ Ջերմութեան տակ գինովցած, թեւերը լայն կը բանայ, սիրտը դուրս կը հանէ, կու տայ հովին, կը պարէ...

Նորէն եկեր է։

Եկեր է, քեզի կը նայի։ Քեզի կը սպասէ, դուրս կը կանչէ, հետդ խաղ կ՚ընէ՝ մէկ արեւ, մէկ կարճաժամ ստուերներ նետելով։ Ե՛լ, գնա՛ մօտը, խօսէ՛ իրեն հետ, յիշէ՛ որ մարդ ես, եւ որ ի՞նչ է մարդ ըլլալը։ Յիշէ՛ որ հողն է քեզ տուողը, հողն է որմէ դուն կ՚առնես ամէն օր, եւ հողն է որ դուն պիտի ըլլաս օր մը, քու կարգիդ։ Արեւն է, որ ամէն բանէ, ամէն միտքէ, ամէն գործէ աւելի հարազատ է քեզի եւ բոլորին, եւ քեզ ու բոլորը զիրար կապող, նոյնացնող, մէկ դարձնող, մարդ դարձնող։

Արեւն է, որ եկեր է, կանաչն է, որ եկեր է, ջուրն է, որ կու գայ շուտով լեռներէն, թիթեռներն են, որ կու գան, եւ ծիծեռնակներ աներամ։

Եկեր է Գարունը։

Քեզի կը նայի...

ԵՐԱՄ

Չորեքշաբթի, Մարտ 25, 2020