«ՆԱԽ ՁԵՐ ՍԻՐՏԵՐԸ ՆԵՏԵՑԷՔ...»

Վերապատուելի Եսայի Սարմազեանն էր։ Կեանք մը՝ որ ապրեցանք եւ մեծցանք միասին, բայց ան նաեւ մեզ մեծցուց։ Այս կեանքի պատմութիւնը կը սկսի Պէյրութ՝ Հայ աւետարանական Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանին մէջ, երբ միջնակարգի աշակերտ էի, 1970 թուականներուն։

Երիտասարդ, կորովի եւ կեանքով լեցուն Պատուելին մեր պատանեկան տարիքէն դէպի երիտասարդութեան օրերը պիտի ուղեկցէր մեզի, առաջնորդէր եւ մեր «անհանդարտութիւններուն» պիտի համբերէր...։ Բայց նոյնքան նաեւ Էշրէֆիէի Ջանից երիտասարդաց ընկերակցութեան մէջ, երբ ան նշանակուած էր հոգեւոր առաջնորդ։

Պատուելին մեզի հետ էր։ Դպրոցական դասապահերուն, պաշտամունքներուն, Ջանից հաւաքներուն ու տակաւին պասքեթպոլի մեր մրցումներուն։ Ան միշտ ներկայ էր եւ իր կորովը կը բաժնէր մեզի հետ եւ կը քաջալերէր մեր մրցումներուն ընթացքին։ «Նախ ձեր սիրտը նետեցէք եւ ետքը գնդակը եւ տեսէք, թէ որքան կոլեր պիտի նշանակէք»։

Պատուելի Եսայիէն սորվեցանք, թէ ինչպէս մեր «սիրտերը» պիտի նետէինք։ Եթէ մէկ կողմէ պասքեթպոլի կողովին, բայց շատ աւելի՝ կեանքին։

Եւ տարիներու հետ Պատուելիին հետ միասին քալեցինք։ Եկեղեցական, կրթական, միութենական, համայնքային, հրատարակչական ու շատ մը այլ միջոցառումներու մէջ։ Սորվեցուց մեզի եւ առանց յոգնելու, թէ ինչ կրնայ նշանակել, ծառայել Քրիստոսի եւ Եկեղեցիին ու հայ ժողովուրդին։ Հպարտ քեսապցին էր ան, որուն կեանքը հոգեւորին եւ ազգայինին միաձուլումն էր՝ ուր ան կը տքնէր հայ երիտասարդին հոգեւոր եւ ազգային դաստիարակութեան համար։ Սերունդ եւ առաջնորդ պատրաստելու իր ջանքը յստակ էր եւ ան երբեք չդադրեցաւ, «ջանքի մէջ թուլասիրտ չըլլալու» իր կոչումին մէջ։

Աշխատեցանք եւ գործակցեցանք միասին։ Ես Էշրէֆիէի հայ աւետարանական եկեղեցիին մէջ, իսկ ան Ամանոս։ Այդ միայն աշխարհագրական դրուածք էր։ Կար կոչումը, նուիրումը եւ ծառայութեան գրաւականը, որ վեր էր ամէն տուեալներէ։

Պատուելին եղաւ նաեւ Լիբանանի հայ աւետարանական համայնքի համայնքապետ եւ թէ պատերազմի շատ դժուար օրերուն մէջ։ Իր ամուր նկարագրով՝ ան յոյս եւ համբերութիւն բաժնեց չորս դին։

Եկաւ օրը, երբ Պատուելին ստացաւ հրաւէր, ծառայելու համար Թորոնթոյի հայ աւետարանական եկեղեցիին մէջ։ Մեկնեցաւ Միջին Արեւելքէն, բայց սիրտը մնաց հոս...։ Վերջապէս, իր ակունքներն են, չէ՞։ Ու տակաւին իր հօտը, շրջանակը ու բոլոր անոնք, որոնք իր հետ մեծցան եւ ինք մեծցուց զանոնք։

Կը հեռաձայնէր Գանատայէն եւ իր ուրախութիւնը եւ հպարտութիւնը կը յայտնէր իմ հրապարակագրական գործունէութեան համար։ Հեռաձայններուն մէջէն կար միշտ քաջալերանքը։ «Հրայր, շարունակէ գրել»։

«Լեռները իրարու չեն հանդիպիր բայց մարդիկ՝ այո»։ Միջինարեւելեան այս խօսքը շատ դիպուկ է։ Հանդիպեցանք եւ բաւական յաճախ։ Հայաստան, Գանատա, Լիբանան ու տակաւին։ Ան մնաց մեր Պատուելին, որ չէր մոռնար մեր անհանդարտութիւնները։ «Ախ դուք, ախ...»։

Բայց այդ «ախերուն» մէջ ինչքա՜ն սէր կար ու տակաւին հպարտութիւն։ Կը տեսնէր այն հունտերը, որոնք ցանած էր եւ անոնք ծիլ կու տային եւ տուած են։ Եւ մենք չէինք մոռնար միշտ զինք կանչելով՝ «Պատուելի...»։

Յունուար 2023-ին, Փասատինայի մէջ հանդիպեցայ Զապէլ Բրուտեանին եւ հարցուցի Պատուելիին մասին։ «Առողջութիւնը շատ քաջալերական չէ», ըսաւ Զապէլ։

Բարեւներս ղրկեցի։ Բայց չէի գիտեր, թէ այդ վերջինն էր եղեր։

Բայց կայ տակաւին՝ «սիրտը»։

«Նախ ձեր սիրտերը նետեցէք եւ ետքը գնդակը՝ եւ տեսէք, թէ որքան կոլեր պիտի նշանակէք»։

Սիրելի Պատուելի,

Դուն սորվեցուր մեզի, թէ կեանքի մէջ ո՞ւր պիտի նետենք մեր սիրտերը։ Սորվեցուցիր մեզի թէ Քրիստոսի, Եկեղեցիին եւ հայ ժողովուրդին կողովներուն համար պէտք է նետենք մեր սիրտերը, որպէսզի «կէտեր» շահինք։ Շահինք «Կեանքը» եւ նաեւ օգնենք, որպէսզի հաւաքականութիւններ շահին նոյնը։

Վարձքդ կատար, Պատուելի։ Ընկերակցեցար մեզի հետ եւ նոյնքան առաջնորդեցիր մեր կեանքերը, որպէսզի տեսնենք, թէ ո՞ւր պիտի նետենք մեր սիրտերը...։

Եթէ տխուր ենք, որ ֆիզիքապէս մեկնեցար՝ բայց քաջ գիտենք, որ աւելի լաւ Տեղ մը գացիր։ Այն Տեղը՝ որուն համար անդադար քարոզեցիր եւ ապրեցար... Անոր համար։

Պատուելի, արտօնէ ինծի, որ ես ալ ըսեմ քեզի.

«Բարի պատերազմը պատերազմեցար, ընթացքը կատարեցիր եւ հաւատքը պահեցիր»։

Ցաւակցօրէն։

Եւ անպայմանօրէն՝ երախտագիտական զգացումներով։

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Մարտ 19, 2023, Քուէյթ

Շաբաթ, Մարտ 25, 2023