ՊՍԱԿԱՁԵՒԻՆ ՔՈՎՆ Ի ՎԵՐ. ԳՈՐՏԻՆ ԱՉՔԸ ԴՈՒՐՍ ՉԳԱՅ…

Ինչպիսի՞ աշխարհ մը կը սպասէ մեզի՝ պսակաւոր ժահրի փոթորիկէն ետք:

Արդէն իսկ բազմաթիւ նախատեսութիւններ կը կատարուին, սակայն ամբողջական պատկերը պիտի յստականայ, երբ փոթորիկը անցնի ու մարդիկ վերագտնեն իրենց բանականութիւնը, դուրս գալով իրական ու չափազանցեալ խուճապի կացութենէն:

Աւելի քան 80 տարի առաջ, Ալտըս Հոկզլի անունով գրող մը պատմութեան յանձնեց «Արի, նոր աշխարհ (մը)» անուն գիտաերեւակայական վէպ մը (Brave New World): Անոր մէկ տարբերակը խմբագրուելու ընթացքի մէջ է հիմա:

Սպասելով այդ օրուան, արձանագրենք քանի մը դիտարկում:

***

Առաջին փուլը պիտի ըլլայ նոր կենցաղավարութեան մը նուիրականացումը: Մարդիկ շրջան մը պիտի գործածեն դիմակներ ու պիտի պահպանեն նախազգուշական կարգ մը միջոցառումներ, որպէսզի իրենց իսկ ձեռքով պատճառ չըլլան վարակին վերածաղկումին:

Հարազատներ ու բարեկամներ զիրար պիտի ողջունեն կարօտով, սակայն պիտի չփորձուին գիրկընդխառնուիլ, համբուրուիլ: Պարտադիր խզումէ ետք մարդիկ իրարու պիտի ուղղեն անխուսափելի հարցում մը. «Այս որքա՜ն փոխուեր ես…»: Սա աւելի զգալի պիտի ըլլայ մանկահասակ մը տեսնող երէցին համար…

Համակարգչային արհեստագիտութիւնը, որ արդէն իսկ բաւականաչափ կը տիրապետէ մեր կեանքին, աւելի անպարագիծ պիտի դարձնէ իր մականը: Ներկայիս, հարկադրաբար օգտագործուող աշխատանքի ձեւերէն մաս մը պիտի դառնայ մնայուն: Կեանքն ու աշխատանքի մարզերը իրենք զիրենք պիտի գտնեն նոր հորիզոններու դիմաց, անկախ անկէ, թէ եկողը փափաքելի՞ կամ նախընտրելի՞ է, թէ՞ ոչ: Նոր սովորամոլութիւնը պիտի դառնայ «բնական»:

Պիտի կարօտնանք հրապարակային ու հեռարձակուող երգահանդէսներն ու նուագահանդէսները: Գործազուրկերէն մաս մը պիտի կարօտնայ աշխատանքի միջավայրը…

Ընդհանուր առմամբ, եւ հակառակ այսօրուան կարգ մը տեսութիւններուն, մարդիկ հոգեբանականօրէն աւելի՛ առողջ պիտի ըլլան, քան վարակին տարածումէն առաջ կամ անոր ընթացքին: Փաստօրէն, տագնապները եթէ առաջին հարուածով շփոթ եւ դժուարին վիճակ կը ստեղծեն, ատեն մը ետք, մարդիկ պիտի զարգացնեն իրենց դիմադրականութիւնը եւ հոգեկան այս տագնապը պիտի յաղթահարեն աւելի՛ ուժեղ կամքով ու պատրաստութեամբ: Ասոր համար, պէտք է խուսափիլ «հոգեբանական հիւանդները պիտի բազմանան» հաւաստիքներու ճիրաններուն մէջ բռնուելէ եւ ապաւինիլ Մարդուն ամենէն կարեւոր հարստութիւններէն մէկուն՝ Բանականութեան: Չէ՞ որ վարակուածներն ալ, երբ դարմանուին, ֆիզիքական դիմադրականութիւն շահած կ՚ըլլան՝ կ՚ըսեն բժիշկները: Օրինա՞կ կ՚ուզէք. ահաւոր տագնապներ ապրող լիբանանցիք, սուրիացիք, իրաքցիք եւ ճակատագրակից երկիրներու բնակիչները հոգեպէս աւելի՛ ուժեղ են, եթէ չըլլան… ապրուստի սղութեան ու վարակին հետ կապ չունեցող այլ տեսակի «սուրերը»:

Տագնապի օրերուն զգալի դարձած միասնութեան եւ կարեկից ըլլալու տրամադրութիւնները պիտի շարունակուի՞ն: Բնականաբար սա բարի բաղձանք է: Սակայն հաւանաբար զուր պիտի անցնին այն սպասումները, որ մարդիկ աւելի իմաստուն դառնան եւ վերջ դնեն մահասփիւռ պատերազմներու: Վկա՛յ՝ աշխարհամարտերուն եւ աւելի փոքր պատերազմներուն յաջորդած փուլերը:

***

Բոլորին պէս, ես ալ հազուադէպօրէն կը համարձակիմ դուրս գալ տունէն, առաւելաբար՝ հարկադրանքի մը պատճառով: Չես գիտեր ինչպէ՞ս, հիմա կը տեսնեմ բաներ, որոնք նախապէս շատ ընթացիկ էին եւ բնականաբար աչքաթող կ՚ընէի: Գիտեմ, որ եզակի երեւոյթ չեմ:

Երբ ինքնաշարժս նստիմ, երբեմն դիմացս կ՚ելլէ դրացիս, որուն հետ հեռուէ հեռու գլխու, ձեռքի շարժումներով եւ ժպիտով կը բարեւէինք: Հիմա մեր ժպիտը տեղափոխած ենք մեր աչքերուն: Գիտէի՞ք, որ կարելի է աչքով ժպտիլ…

Քալելու ելած եմ: Ահա դիմացէս կու գայ մարդ մը, որ պտոյտի հանած է երկու պզտլիկ շուն: Մարդը դիմակ կը կրէ, շուները դիմակ չունին…: Շուներէն մէկը քիչ մը կը մօտենայ եւ լեզուն դուրս կախած՝ կարծէք թէ կը ժպտի: Մարդուն շրթունքը ծածկուած է: Հոս ալ աչքերով կը ժպտինք իրարու եւ ձեռքի շարժումով զիրար կը բարեւենք: «Ո՞վ զով պտոյտի հանած է», կը կատակեմ դիմակիս ետեւէն: «Իրենք են զիս պտտցնողը», կը պատասխանէ՝ արձագանգելով կատակիս: Աչքերուն ժպիտը կը լայննայ: Շուները կարծես աւելի բացայայտ կերպով կը ժպտին, կ՚անցնինք-կ՚երթանք:

Դիմակի գործածութիւնը այլապէս ուշագրաւ երեւոյթ մը կը ստեղծէ: Դիմացէդ եկողին ուղղակի աչքերուն կը նայիս հիմա, որովհետեւ… դէմքին մնացեալ մասերը անտեսանելի են: Իսկ եթէ Պետրոս Դուրեան մեր օրերուն ապրած ըլլար, հաւանաբար տարբեր յղացքով գրէր «Թրքուհին» բանաստեղծութիւնը, իր տեսողութեան դաշտին մէջ առնելով դիմակով շրջող՝ «գեղեցիկ սեր»ի ներկայացուցիչները:

***

Մե՜ծ գիւտ մը ըրի: Հասկցայ, որ քանի մը հարիւր անմիտ ցուցարարներ կրնան աւելի՛ մեծ աղմուկ ստեղծել եւ ուշադրութիւն գրաւել, քան բանականութեան եւ զգուշութեան հրաւէր ուղղողները: Քանի մը տխմար (ան)պատասխանատուներու թելադրութեան արձագանգելով, ցուցարարներ հոս-հոն Ազատութիւն արժէքը կ՚այլափոխեն, կը բռնաբարե՛ն, իսկ լրագրողներ իրենց ոսպնեակներով անոնց լայն տեղ կու տան մամուլի տարբեր կալուածներու մէջ: Պսակաձեւ ժահրը, կ՚ըսեն կարգ մը բժիշկներ, կ՚ազդէ նաեւ ուղեղին, սրտին, երիկամներուն, լեարդին եւ այլ գործարաններուն: Այդ ցուցարարներն ու անոնց արձագանգողները հաւանաբար իրենց «ուղեղներէն զարնուած են»: Հոգեբանական հիւանդները յոյս ունին բուժուելու: Ասո՞նք…

***

Վարակին զօրութիւնը արդէն սկսած է նահանջ արձանագրել կարգ մը երկիրներու եւ շրջաններու մէջ: Պետութիւններ կ՚աշխատին զանգուածներուն ապրուստի տագնապները մեղմացնող գործնական քայլեր առնել, տնտեսութիւններ փրկելու ձգտող ծրագիրներ մշակել: Զուգահեռաբար, գիտնականներ ազնիւ մրցումի մէջ են, պատուաստ ու դեղ գտնելու համար: Զուգահեռաբար, անազնիւ մրցակցութիւն տեղի կ՚ունենայ սակարանային աշխարհին մէջ, ուր նիւթական մեծ կարողութիւններով օժտուածներ կ՚աշխատին կուլ տալ նուազ կարողները: Քարիւղի, օդանաւային ընկերութեանց եւ բազմաթիւ այլ համակարգերու վիճակը մեկնաբանութիւն չի վերցներ: Մարդիկ ականատես են բաժնետողներու անկումին եւ փութկոտ վաճառքին, սակայն հարց չեն տար, թէ վաճառողին դիմաց՝ կայ աժան գնողը (այլապէս, վաճառողը ուրո՞ւն կը վաճառէ…):

Ու համատարած կը դառնայ մաղթանք մը. մինչեւ առուն ջուր գայ, գորտին աչքը դուրս չգայ…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

«Եռագոյն»

Շաբաթ, Ապրիլ 25, 2020