ՀՆԴԿԱՍՏԱՆԻ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԶՕՐԱՑՈՒՄԸ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց Աֆղանիստանի եւ Հարաւային Ասիոյ մէջ իր երկրին նոր ռազմավարութիւնը: Ան յայտնեց, որ իր երկրի դաշնակիցներէն, մասնաւորաբար Հնդկաստանէն կ՚ակնկալէ իր նոր ռազմավարութեան աջակցիլ եւ իրենց մասնակցութիւնը աւելցնել ամերիկեանին համահունչ: Ան նաեւ ընդգծեց. «Փաքիստան շատ պիտի օգտուի Աֆղանիստանի մէջ մեզի հետ գործակցելով, սակայն շատ բան պիտի կորսնցնէ, եթէ շարունակէ ոճրագործներուն եւ ահաբեկիչներուն ապաստան տալ»: Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետ Ռեքս Թիլըրսըն իր կարգին նշեց, որ Հնդկաստան պիտի ըլլայ շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան երաշխաւորման կարեւոր գործընկեր մը:

Իրեն ուղղուած զգուշացումին կողքին շրջանին մէջ իր հակառակորդին՝ Հնդկաստանի դերակատարութեան հզօրացման յայտարարումը, ինչպէս նաեւ ահաբեկչական ցանցերը հարուածելու ամերիկեան զինեալ ուժերու լիազօրութեան ընդլայնումը եւ անոր մէջ փաքիստանեան հողերուն վրայ գործողութիւններու նախադէպերուն ուրուականը պարունակող «շատ արագ վրէժ լուծելու» եւ «արագ պատերազմներ շղթայազերծելու» գաղափարներու ներառման նշումը չի կրնար չմտահոգել Փաքիստանը:

Միացեալ Նահանգներ-Հնդկաստան յարաբերութիւններու նոր տարազը նաեւ մտահոգիչ է վերջինիս հետ սահմանային վէճեր ունեցող Չինաստանի համար: Համաշխարհային մակարդակի վրայ «առաջին ջութակահար»ի դեր ստանձնելու ախորժակներ ունեցող Փեքինը դժուար, թէ հաշտ աչքով դիտէ իր քիթին տակ ընթացող այդ ախորժակի իրականացումը ականահարող, զինք «պաշարող» եւ «զսպող» ամերիկեան քայլը:

Միացեալ Նահանգներ-Հնդկաստան մերձեցումը կրնայ առաջնորդել Չինաստան-Փաքիստան մերձեցումի մը կամ անոր փորձին, որ սակայն պիտի մնայ խիստ սահմանափակ՝ նկատի ունենալով Իսլամապատի մէջ Ուաշինկթընի ունեցած ազդեցութիւնը եւ արագ իշխանափոխութիւն յառաջացնելու կարողութիւնը:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Ուրբաթ, Օգոստոս 25, 2017