ՆԵՐԿԱՅ ՓՈՒԼԻՆ ՍԱԱՏ ՀԱՐԻՐԻՆ ԱՅԼԸՆՏՐԱՆՔ ՉՈՒՆԻ

Անկախ Սէուտական Արաբիոյ ոչ-խանդավառ եւ նոյնիսկ «գաղջ» մօտեցումներէն, Լիբանանի նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրին կը շարունակէ մնալ երկրի վարչապետի պաշտօնի համար թիւ մէկ յաւակնորդը։ Ներսիւննիական խոհանոցին մէջ կայուն դիրք ունեցող Հարիրին իր վերջին տարիներու կեցուածքով կը շարունակէ համարուիլ ո՛չ միայն սիւններու «սիրուած» առաջնորդը, այլ նաեւ վստահելի գործընկերը երկրի շիի-զոյգին, այսինքն «Հիզպուլլահ»ին եւ «Ամալ» շարժումին։ Ի դէպ Հարիրիի հանդէպ իր հերթական վստահութիւնը յայտնելով օրեր առաջ ընթացք կու տար նոր նախաձեռնութեան մը, որուն «կեդրոնական դէմք»ը Սաատ Հարիրին էր։

Պըրրի, որ կը համարուի Լիբանանի ներքաղաքական կեանքի հիմնական «տինամօ»ն, միշտ ալ անզիջող է իր տեսակէտներուն մէջ ու յստակ է նաեւ, որ անոր ունեցած երկար տարիներու «քաղաքական հոտառութիւն»ը միշտ ալ տուած է դրական արդիւնքներ։

Շատեր հարց պիտի տան, թէ ի՞նչ պատճառներու բերումով Հարիրի կը շարունակէ վարչապետի պաշտօնին համար «վազող» գլխաւոր յաւակնորդը դառնալ եւ ինչո՞ւ իր հօր սպանութեան խնդրով «Հիզպուլլահ»ի հետ մեծ տարակարծութիւն ունեցող ղեկավարը կը համարուի այդ կազմակերպութեան բարեկամ-գործիչ մը։ Պարզ այն պատճառով, որ հակառակ իր դէմ եղած մեծ ճնշումներուն, Հարիրի չգնաց մեծ բախումներ հրահրելու ճանապարհով։ Իբր այդ ալ ձեւով մը պատժուեցաւ, երբ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Պին Սելմանի ճնշումներով հրաժարական տուաւ եւ հանդէս եկաւ յատուկ յայտարարութեամբ, ուր բացայայտեց, որ «Հիզպուլլահ» չի յարգեր խաղի այն կանոնները, որոնց հիմքով շիի կուսակցութիւնը պիտի որդեգրէր եւ գործի դնէր «չէզոք երկիր» մը դառնալու հիմնարար կանոնները։

Անշուշտ սէուտցիներու ուզածը միայն Հարիրիի հրաժարականը չէր։ Դժուար է ըսել, որ Սուրիոյ մէջ սէուտցիներու կրած մեծ հարուածներէն ետք, անոնք կը փորձէին Պէյրութը նոր խաղադաշտ մը դարձնել եւ Սուրիոյ մէջ մեծ իրագործումներ իրականացուցած «Հիզպուլլահ»ը պատժել այս անգամ իր տան՝ Պէյրութի մէջ։

Չյաջողեցաւ այդ քայլը եւ Հարիրի հակառակ իր ունեցած ամենատարբեր հաշուարկներուն եւ նոյնիսկ «Հիզպուլլահ»ի հանդէպ որդեգրուած բացայայտ վերապահութիւններուն՝ մերժեց քալել Պին Սելմանի գծած ճանապարհով ու այդ պատճառով ալ մեծ վնասներ կրեց։ Վնասներ, որոնց դիմաց մեծագոյն շահողը Լիբանանի անվտանգութիւնն ու մանաւանդ ապահովական կայունութիւնն էր։

Բացի այս կարեւոր մանրամասնութիւններէն, արդէն իսկ յստակ դարձած է, որ հակառակ սէուտական կողմին Հարիրիէն «մասնակի» երես թեքելուն, ան կարողացաւ պահպանել սիւններու միակ ղեկավար ըլլալու հանգամանքը։ Նիւթականով ոչ այնքան ուժեղ, բայց եւ այնպէս ներքին քաղաքական մակարդակի վրայ ունենալով կարեւոր նեցուկ եւ յենարան։

Այսօր ալ Հարիրիի հանդէպ առկայ ժողովրդային նեցուկը եւ վստահութիւնը գրեթէ նոյնն են, ինչ որ էին այն օրերուն, երբ ան նախագահ Մաքրոնի աջակցութեամբ դուրս կու գար իր «աքսոր»էն եւ ափերու վրայ կը վերադառնար Պէյրութի իր նստավայրը՝ Քըրայթէմ։

Չմոռնանք նաեւ, որ ներկայ փուլին Լիբանանի շուրջ քաղաքական լուծում մը ապահովելու համար կարեւոր գործ տանող միակ առաջատար ղեկավարը Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնն է, որ նոյնպէս կը համարուի Հարիրիի մեծ նեցուկը եւ ձեւով մը քաղաքական կնքահայր-հովանաւորը։ Նոյն Մաքրոն, որ կարեւորեց ազգային կառավարութիւն մը կերտելու ընկալումը, իր մօտեցումներով եւ առանց անուն տալու լիբանանցիներուն յիշեցուց, որ արեւմտեան ճակատին վրայ Սաատ Հարիրի կը շարունակէ մնալ միակ ընդունելի լիբանանցի գործիչը։ Այս վերջինը աւելի ընդունելի է, քան երկրի նախագահ զօրավար Միշել Աունը, քրիստոնեայ ղեկավար Սամիր Ժաաժահը, կամ ներքին-քաղաքական կեանքին եւ արաբական աշխարհին համար ընդունելի համարուած խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին։

Այս պատկերէն անդին երեւելի է, որ երկրի նախագահը ու մասնաւորապէս յառաջիկայ նախագահական ընտրութեան կարեւոր թեկնածուն՝ նախագահի փեսան՝ Ժըպրան Պասիլի համար Հարիրիի անունը ընդունելի չէ։ Բայց եւ այնպէս, այս կարծր կեցուածքը կրնայ շատ արագօրէն փափկիլ, ինչ որ պայմանաւորուած է Պէյրութը աղէտահար դարձուցած «անորոշ» պայթումով, որ պատճառ դարձաւ այդ երկրի առկայ պաշարումներէ դուրս գալուն։

Անշուշտ, հարկ է ըմբռնել ու հասկնալ, որ Պէյրութի զարգացումները կը կատարուին Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններու մեծ սեղանին, որու վրայ են նաեւ մէկ կողմէ արաբ-իսրայէլեան «լճացած վիճակ»ը կոտրելիք Թրամփի վարչակարգի ճիգերը (օրինակ՝ Պարսից ծոցի երկիրներու եւ Իսրայէլի միջեւ ոչ-բնականոն եւ բաւական շինծու յարաբերութիւններու բնականոնացումը), իսկ միւս կողմէ՝ Ուաշինկթըն-Թեհրան հաւանական համաձայնութեան մը համար ընթացող գաղտնի բանակցութիւնները, որոնց շնորհիւ ալ Թրամփ պիտի փորձէ իր ընտրական հաշիւին վրայ կուտակել քորոնայի ու անոր տագնապին պատճառով կորսնցուցած միաւորները։

Ուրեմն, այս վիճակին մէջ Հարիրի կը շարունակէ մնալ նախասիրուած թեկնածու մը եւ առկայ հարցերուն առընթեր, անոր խուսանաւելու կարողութիւնը լաւագոյնս պիտի օգնէ, որպէսզի Պէյրութ թեթեւ շունչ մը քաշէ, դուրս գայ տագնապահար վիճակէն եւ կամաց-կամաց մտնէ ներքին տան խնդիրները կարգի բերելու հունին։

Այլ խօսք, որ այս լուծումներու փուլին մէջ կարեւոր դեր պիտի ունենայ «Հիզպուլլահ», որուն Եմէնէն եւ Սուրիայէն դուրս գալու ընտրանքները կրնան փարատել Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան գործով դատավճիռէն մնացած մեծ հարցականները եւ նոյնիսկ պահանջները։

Յաճախ ներքին ճակատի մեծ իրադարձութիւնները կրնան ստեղծել քաղաքական նոր օրակարգ ու աւելի քան բացայայտ է, որ արդէն իսկ կ՚երեւի յառաջիկայ օրակարգը, որուն համար ալ Սաատ Հարիրի գլխաւոր դերակատար-միջնորդ դառնալու բոլոր նախադրեալները ունի։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Օգոստոս 25, 2020