ՆՈՐ՝ ՍԱԿԱՅՆ ԽՈՏՈՐ ԵՐԵՒՈՅԹՆԵՐ

Պարզ իրականութիւն է, թէ որքան մխրճուինք եւ խորանանք մեր ազգային հասարակական կեանքին մէջ, այնքան շօշափելի կը տեսնենք մեր իրականութիւնն ու մեր գիտակցութեան չափն ու աստիճանը:

Վերջերս, Երեւանէն սկսած են լսելի դառնալ «նոր կարգաւորումներ», «դրական քայլեր», «խաղաղութիւն», «բարի դրացի եւ դրացնութիւն», «կառուցողական մօտեցում ցուցաբերող կարգաւորում», «դրացի երկրի յարաբերութիւն...» ու նման բառեր, նախադասութիւններ, մեծ ու փոքր ազդանշաններ, որոնք իրապէս շատերուս կը ստիպեն խորհիլ այս «նոր» եւ կասկածելի երեւոյթի մասին: Ու վայրկեանին կ՚եզրակացնես, թէ բան մը փլած է մարդոց մտքերուն եւ հոգիներուն մէջ: Զարմանալի:

Մարդիկ չեն անդրադառնար, որ այդ բառերուն ետին թաքնուած փոքրիկ եւ ժամանակաւոր ուրախութիւնները մեծ բարդոյթներու հետեւանք կրնան դառնալ: Այլ խօսքով, այդ մարդիկ մեզի համար պատրանք մըն է, որ կ՚ապրին, որովհետեւ իրենց համար կարեւորագոյնը դարձած է արտաքին երեւոյթը եւ ոչ թէ միջուկը, որովհետեւ գրուած կամ արտասանուած ամէն մէկ բառ, դէպք եւ կամ դէմք գոյն ունի: Անոնք մոռցած են էականն ու հիմնականը՝ մեր ազգովին պահանջատէր ըլլալը: Այս է, որ կանգնած է հայութեան առջեւ, ինչպէս հրեան «Լացի պատ»ին առջեւ:

Ահա այս է մեր դիմաց տեսանելի բառը: Լուրջ եւ միաժամանակ արդար: Կարծես այս օրերուն մեր երկրի պատասխանատու մարդիկ, անձնատուր եղած են անմիտ գաղափարներու եւ սին ցանկութիւններու: Ահա թէ ինչո՞ւ մեզմէ շատեր կորսնցուցած են իրենց ներքին անդորրութիւնն ու հոգեկան խաղաղութիւնը:

Իմ պարագայիս, անկեղծօրէն ըսեմ, որ ի տես այս «նոր եւ սակայն խոտոր երեւոյթներուն», յանկարծ ներքին ձայն մը կը սկսի յուշել զիս ու առաջնորդել վայրկեաններս:

Ու կարծես նախակրթարաններու աշակերտներու նման, ամէն առիթով պէտք է այս մարդոց անպայման յիշեցնել, թէ ենթադրութիւններու, կեղծ խոստումներու, նախապաշարումներու, սնաբանութիւններու եւ իրականութեան աղաւաղուած պատկերներու վրայ հիմնուած մտածումներն ու գաղափարները՝ լաւագոյն պարագային ձախողութեան կրնան առաջնորդել։ Բանականութիւնը կը թելադրէ կազմակերպուածութիւն եւ հաւատք՝ արտասանուած բառին եւ կատարուող գործին հանդէպ։

Պատմական որեւէ նոր եւ մեծ որոշում մը առնելէ առաջ, նախապայման է հայ ժողովուրդի կարծիք-տեսակէտը ունենալ եւ հաշուի առնել:

Այս պարագային ազգային պատմութիւն գիտնալը լուսաւոր լապտեր է բոլորին համար: Որովհետեւ, իբրեւ ուղեցոյց, ազգային մեր պատմութիւնը գիտնալը, յիշելը եւ սորվիլը կը կապեն մեզ մեր ժողովուրդին: Մեզի համար մեր պատմութիւնը, մեր անցեալը մեր ժողովուրդի կատարած փորձերուն իմաստուն ուղեցոյցն է: Ու չիմանալ այդ անցեալը, չունենալ անցեալի կատարած փորձերը, կը նշանակէ ինքզինք մոռնալ: Պատմութիւն ստեղծողը ինքը մարդն է: Ան նաեւ ազգին անցեալի գործունէութեան ճշմարիտ շարադրութիւնն է, գիտելիքներու ներդաշնակ ու շաղկապուած հետաքրքրիր ու ճոխ հանրագիտարան: Ու վերջապէս մեր պատմութիւնը մեր անցեալի, տնտեսական ձեւերու, դէմքերու եւ դէպքերու, ընկերային կարգերու, կենցաղի, հոգեկան զարգացման եւ մեր դրացիներուն հետ ունեցած փոխյարաբերութեան, ինչպէս մեր ժողովուրդի ստեղծած մշակոյթի եւ արժէքներու նկարագրութիւնն է: Աւելին՝ ազգային մեր իրաւունքներու հետապնդման գործընթաց: Նոյնիսկ՝ ազգային դաստիարակութիւն: Եւ վերջապէս պէտք է նաեւ գիտնանք, որ պատմութիւնն է, որ կը ճանցնէ ժողովուրդի թշնամիներն ու բարեկամները, ազգային մշակոյթն ու արժէքները: Պատմութիւնը հայու մեր ինքնութեան անբաժանելի մասն ու արմատն է: Իւրաքանչիւր անհատ իր ազգային եւ պատմական բազմաթիւ կէտերով կապուած է իր ժողովուրդին:

Կեանքը, իսկական կեանքը, միայն գաղափարներու կուտակում չէ: Եւ մեր կեանքը, իբրեւ հաւատք եւ հաւաքական ապրում, մեզի համար ազգային է, կրկնած ենք միշտ:

Արդ, այս բոլորէն առաջ եւ ետք, ժամանակն է հասնելու խոր գիտակցութեան: Այն ատեն միայն կը գտնենք մեր ճամբան: Ժողովուրդները ողջ են, երբ կը հետապնդեն իրենց ներքին խոր օրէնքը, ըսած են մեր գիրքերը: Իւրաքանչիւր պետութիւն ինք պէտք է պաշտպանէ իր ազգային ու պետական շահերը։ Այսինքն, Հայաստանը ինքը պէտք է կատարէ իր ազգային ծրագրուած առաքելութիւնը։

Եւ որովհետեւ մեր ճակատագիրը մեր ձեռքն է, ուստի մեր մօտեցումները, ըմբռնումներն ու մեթոտները պէտք է վերանայումի ու վերարժեւորումի ենթարկենք։ Հայու ինքնութիւնը հարկ է կազմաւորել այնպիսի ձեւով, որ ան ներկայ աշխարհի ծաղկաստանին անբաժանելի մասը դառնալով հանդերձ՝ կարենայ պահել իր առանձին գոյնը:

Անկեղծօրէն, այս տողերուն ծնունդ տուողը մտքիս անկիւնը նստած կասկածներ են: Անոր համար անզուսպ ցանկութիւն մը ունիմ տեսնելու մեր դատին ամբողջական թղթածրարը, ուր պահ դրուած են արդարութիւնն ու պահանջատիրութիւնը: Կարեւոր է եւ էական ըլլալ այն՝ ինչ որ իսկապէս ենք։ Մեր դատը եւ մեր պահանջատիրութեան աշխատանքներն են, որոնք մեզի նոր յոյսեր պիտի բերեն: Մենք միայն ճանաչում չենք պահանջեր, այլեւ արդարութիւն եւ հատուցում: Տխուր է ներկայ մեր իրականութիւնը: Յիշենք, որ խաղաղ կեանք չկայ, որովհետեւ այսօրուայ աշխարհը կը տառապի քաղաքական, տնտեսական, ընկերային, բարոյական ճգնաժամերէ, որոնցմէ դուրս գալու համար անհրաժեշտ փոփոխութիւններ պէտք են եւ արագ:

Հայաստանի ազատ եւ անկախ հանրապետութիւնը իրաւատէրն է միջազգային ատեաններուն մէջ հնչեցնելու հայոց պահանջատիրութեան ձայնը: Ուրեմն, դուրս գանք մեր բոլոր ոչ միայն նշմարելի, այլեւ տեսանելի թերութիւններէն: Դառնանք անկախ մտքով եւ սրտով, եւ աշխարհին առջեւ դնենք մեր նահանջները: Մեզի կ՚իյնայ կրկին ու կրկին անգամներ վերանայիլ մեր հիմնախնդիրները, մեր ներկայ իրավիճակը ճիշդ գնահատելու եւ մեր դիրքերը որոշելու ու չզիջելու համար:

Գալիք օրերուն, ամիսներուն կամ տարիներուն, Աստուած գիտէ, ապահովաբար ամէն բան կախեալ է մեր մտածելակերպէն, մեր ծրագրումներէն եւ մանաւանդ մեր միասին եւ համախմբուած գործելու եղանակէն։ Մեծ եղեռնի յաղթահարման մարտահրաւէրը միշտ այժմէական է հայկական սփիւռքին համար, որ ինքնին հետեւանքն է անոր։ Հարկ է միշտ միասին մտածել, ծրագրել, բարձրաձայնել, պահանջել: Ցանկութիւն մը, որ կասկած չ՚ընդունիր: Պարտաւոր ենք անպայման զօրակոչի ենթարկել մեր կամքն ու մեր անզուսպ ցանկութիւնը եւ մեր ազգային գիտակցութիւնը։

Լաւ յիշեցէ՛ք, հայութիւնը, եթէ կ՚ուզէ իր վերջնական յաղթանակը տանիլ, պէտք է իր պողպատեայ կամքով զօրակոչի ենթարկէ իր ոգին: Մեր պատմութեան ընթացքին մենք երբեք մեր յոյսն ու լոյսը չենք կորսնցուցած: Անոր համար գոյատեւած ենք: Այս մասին հայրենական պետութեան իշխանութիւններն ալ պարտաւոր են մտածել: 

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 25, 2021