ՌԱԶՄԱԿԱՆԷՆ ԵԼԵՒՄՏԱԿԱՆ. Ի՞ՆՉ ՊԱՅՔԱՐ Կ՚ԸՆԹԱՆԱՅ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ

Սուրիոյ մէջ սկիզբ առած նախ քաղաքացիական բնոյթ ունեցող ու ապա տարբեր պայքարներու ձեւափոխուած պատերազմը այսօր փոխադրուած է այլ հարթակ։

Խօսքը երկրին պաշարուած ըլլալու մասին է, որուն հետեւանքով ալ Սուրիան մտած է բաւական բարդ դրութեան մը մէջ։ Տնտեսական պայքարի երկու հիմնական օրակարգերը կը վերաբերին նաւթի ու նաեւ ելեւմտական-ֆինանսական ոլորտին։

Մինչ շրջան մը առաջ արեւմտեան երկիրներ գլխաւորութեամբ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, հազարումէկ ճիգ կը բանեցնէին, որպէսզի իրանեան նաւթը Սուրիա չհասնէր, այսօր պայքարը կ՚ընթանայ ֆինանսական ոլորտին մէջ։ Այս պայքարին հետեւանքով է, որ այսօր Սուրիոյ մէջ ամերիկիկեան տոլարին սակը հասած է 700 սուրիական լիրայի։ Եւ այս իրավիճակն է նաեւ, որ կ՚անդամալուծէ երկրի տնտեսական համակարգը, պատճառ դառնալով, որ պատերազմական իրավիճակէն դուրս գալ փորձող Սուրիոյ ընդհանուր համակարգը ապրի նոր տեսակի ճգնաժամ։

Ուշագրաւ է նաեւ, որ տարբեր եւ բազմապիսի բնական հարստութիւններ ունեցող երկրին ղեկավարութիւնը կը նախընտրէ Միացեալ Նահանգներու կողմէ պարտադրուած այս խաղին մօտենալ համեմատաբար սառն վերաբերմունքով, պահելով իր բոլոր տիպի զէնքերը եւ սպասելով աւելի յարմար ժամանակներու։

Սուրիոյ տնտեսական դրութեան մասին աւելի յստակ պատկերացում ունենալու համար յաջողեցայ կարճ զրոյց մ՚ունենալ Դամասկոս ապրող մեր հայրենակիցներէն՝ Վահէ Մահշիկեանին հետ։

Մահշիկեան, որ ձեռներէց է, եւ լաւ գիտէ, թէ ինչ տիպի դժուարութիւններու առջեւ յայտնուած է Սուրիան, հակառակ բոլոր խնդիրներու՝ լաւատես է։ Լաւատես է Սուրիոյ ապագայով ու կը հաւատայ, որ շատ մօտ է երկրին վերականգման գործընթացի սկիզբը։ Ան նաեւ առիթէն օգտուելով կոչով մը հանդէս կու գայ եւ կը դիմէ բոլոր սուրիահայերուն (յատկապէս ձեռներէցներուն եւ ունեւոր խաւին) արագօրէն Սուրիա վերադառնալ եւ մաս կազմել երկրի վերականգնումին միտուած ճիգերուն։

Մեր հարցերուն կը պատասխանէ դամասկահայ գործիչ Վահէ Մահշիկեան:

-Տեղեակ ենք, որ ամերիկեան տոլարի գինը Սուրիոյ մէջ անցաւ 700 սուրիականը, ի՞նչ է պատճառը այս անընդհատ մագլցումին:

-Ճիշդ էք, երէկ գիշեր տոլարը 750 սուրիականը անցաւ, ոսկին ալ՝ 30 հազար արձանագրեց։ Այս մէկը շատ վտանգաւոր երեւոյթ է, բայց ես այս սղաճը կը վերագրեմ Լիբանանի տագնապին, որովհետեւ սուրիացիներու մեծ մասը, մանաւանդ վաճառական դասը, իրենց առեւտուրը տոլարով կ՚ընեն, դուրսէն ներածելիք ապրանքներուն արժէքը տոլարով կը վճարեն։ Սուրիացի վաճառականներուն գործարքները տեղի կ՚ունենան Լիբանանի ճամբով, որովհետեւ Սուրիոյ մէջ օրէնքը կ՚արգելափակէ արտաքին աշխարհին հետ գործարքները կատարել ամերիկեան տոլարով։ Եւ անոնք՝ սուրիացի վաճառականները Լիբանանի դրամատուներուն մէջ դրած են իրենց գումարները, իսկ ներկայիս Լիբանանի տագնապին հետեւանքով դրամատուները կը դժուարացնեն այդ փոխանակումները։ Կ՚ըսուի, որ սուրիացիները 30 միլիառ տոլարի չափով դրամ ունին լիբանանեան դրամատուներուն մէջ, սակայն իրականութեան մէջ, ես կը կարծեմ, որ սուրիացիներու պատկանող գումարները կը հասնին 300-400 միլիառի։ Կան տուեալներ, որ այդ գումարները ընդհանրապէս սառեցուած են, եւ այդ մէկը անշուշտ պիտի ազդէ Սուրիոյ տըն-տեսութեան վրայ։ Կան նաեւ տեղեկութիւններ, թէ այս վիճակէն դուրս գալու համար վաճառականները սկսան սեւ շուկայէն տոլար հաւաքել, որեւէ գինով, որուն հետեւանքով ալ տոլարին արժէքը աւելիով բարձրացաւ։

-Այսօր ինչպիսի՞ն է Սուրիոյ տնտեսութեան ընդհանուր վիճակը:

-Սուրիոյ տնտեսութիւնը յենած էր նաւթին, կազին, հողամշակութեան վրայ, շատ մեծ քանակութեամբ ցորեն, բամպակ, շողգամ, նարնջեղէն, ամէն տեսակի պտուղ ունի Սուրիան, ինչ որ մեծ առաւելութիւն է, մանաւանդ որ Սուրիոյ անձրեւային տեղումներու քանակը բարձր է: Իսկ առեւտուրի կողմէ Սուրիան ունի շատ մը թեթեւ արդիւնաբերութիւններ, զորս դէպի դուրս կ՚արտածէ, կը վաճառէ, այս ալ մեծ եկամուտներ կ՚ապահովէ: Հիմնական խնդիրը Սուրիոյ շրջափակումն է Եւրոպայի, Միացեալ Նահանգներու եւ արաբական երկիրներու կողմէ։ Զբօսարջութիւնը դադրած է, ընդհանրապէս զբօսաշրջութիւնը եւս մեծ եկամուտներ կը բերէր: Այնուամենայնիւ, դեռ կարելի է դիմանալ, բայց մինչեւ ե՞րբ... հոս է հարցը։ Տագնապի առաջին շրջանին տոլարը 50 սուրիական էր, այսօր՝ 750 է, 15 անգամ սղած է, այս մէկը անշուշտ մտահոգիչ երեւոյթ է:

-Նկատառելի է նաեւ, որ ոսկին նոյնպէս կը բարձրանայ եւ այդ մէկը շատեր կը վերագրեն պատերազմի դեռ աւարտած չըլլալուն, արդեօք ճի՞շդ է այդ մօտեցումը:

-Ոսկին տոլարին հետ կապուած է, այսինքն ոսկիին արժէքը տոլարով է, երբ տոլարը կը բարձրանայ, ըսել է ոսկին ալ պիտի բարձրանայ: Սուրիա ունի ոսկիի շուկաներ, բայց ներկայիս անոնք սառած վիճակի մէջ են, որովհետեւ սուրիացին այլեւս դժուար թէ ոսկի գնէ։ Ծոցի երկիրներու արաբ ժողովուրդն ալ, որ մեծաքանակ ոսկի կը գնէր, Սուրիա մուտք չեն գործեր տագնապին պատճառով, ուստի ոսկիի շուկան մեռած է, իսկ արժէքը, ինչպէս ըսի, տոլարէն կախեալ է:

-Պատերազմական վիճակը, որ մաշեցուց Սուրիոյ տնտեսութիւնը, ինչպէ՞ս կրնայ աւարտիլ, ինչպիսի՞ն պիտի ըլլայ ելքը այս տագնապէն։

-Անշուշտ պատերազմը չէ աւարտած, ընդհակառակը, պատերազմը երթալով աւելի ծաւալ ստացաւ, այսինքն, սկիզբը պարզ սահմանափակ ցոյցեր էին, տարածուեցան, յետոյ զինեալ խմբաւորումներ մէջտեղ եկան, պետութեան դէմ կռուեցան, յետոյ, գիտէք, պետութիւններ դաշինք կազմեցին Սուրիոյ իշխանութիւններուն դէմ պատերազմելու, օգնեցին, որ աւելի քան երեք հազար զինեալ խմբաւորումներ ստեղծուին, բայց չյաջողեցան, որովհետեւ Սուրիոյ ժողովուրդին մեծամասնութիւնը իր իշխանութիւններուն հետն է, որովհետեւ լաւ գիտէ, որ եթէ ներկայ իշխանութիւնները հեռանան, ապա վիճակը աելի պիտի վատթարանայ ու ատոր համար ալ երկրին մէջ մնացողներ միակամ են։ Անշուշտ կային նաեւ մարդիկ, որ իրենք զիրենք այլ երկիրներու դաւանող կը համարէին ու անոնք բոլորն ալ Սուրիայէն մեկնեցան։

Իսկ թէ ո՞ւր կ՚երթայ Սուրիոյ տնտեսութիւնը, իրականութեան մէջ, Սուրիոյ պետութիւնը տոկուն է, կրնայ յանկարծ 180 աստիճան ետդարձի ճամբան բռնել, այսինքն տոլարը 750 սուրիականի հասնելէ ետք, կրնայ իջեցնել մինչեւ կէս արժէքին՝ 400-ի կամ 375-ի. ամէն ինչ հնարաւոր է, անկարելի բան չկայ Սուրիոյ մէջ: Բայց ժողովուրդին վիճակը, մանաւանդ աշխատաւոր խաւը, շատ տխուր վիճակի մէջ է, անոնք 40-50 հազար սուրիական ամսականով կ՚ապրին, բան մը որ հեշտ չէ։ Իսկ ան որ անձնական գործ ունի, անշուշտ սղութեան պայմաններէն կ՚օգտուի, որովհետեւ ազատ շուկայ է, ան որ սուղ կը ծախէ, շատ դրամ կը շահի:

-Ի՞նչ տեղեկութիւններ ունիք սուրիացի վաճառականներու, մեծահարուստներու ընդհանուր իրավիճակին մասին:

-Վերջին շրջանին քանի մը շատ մեծ վաճառականներու ունեցուածքները պետութիւնը սառեցուց, գրաւի տակ դրաւ, այն հիմքով, որ անոնք «սեւ շուկայ»էն մեծ քանակութեամբ տոլար կը գնեն եւ այդպէսով կը նպաստեն տոլարի գինի բարձրացման։ Չենք գիտեր հիմա դատական գործընթաց պիտի ընթանա՞յ այդ հարցերով, թէ ոչ, դեռ յստակ բան չկայ: Անշուշտ վաճառականներուն մեծ մասը երկրէն դուրսն են, Ծոցի երկիրներ գացողներ եղան, Լիբանան անցնողներ եղան, Թուրքիա 2 միլիոն սուրիացի կայ. կ՚ըսուի, որ հինգ հազար նոր ընկերութիւն հիմնուած է Թուրքիոյ մէջ, սուրիացի վաճառականներու կամ գործարարներու գումարներով:

Վերջաւորութեան, կ՚ուզեմ ըսել, որ այսօր Սուրիոյ մէջ, անշուշտ տոլարի արժէքով, ամէն ինչ շատ աժան է, հետեւաբար կոչ կ՚ուղղեմ հայ առեւտրականներուն եւ ունեւորներուն, գործատէրերուն, թող Սուրիա գան, որովհետեւ հիմա ճիշդ ժամանակն է։ Սուրիոյ վերաշինութիւնը շուտով պիտի սկսի, անշուշտ ամէն ինչ ծրագրուած է, թող գան իրենց մասնակցութիւնը ունենան, աշխատին եւ շահին:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2019