ՍՏԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՃԱՐՊԻՏՈՒԹԻ՞ՒՆ, ԹԷ՞ ՏԿԱՐՈՒԹԻՒՆ

«Սուտին պոչը կարճ է», բայց սուտը կենդանի, «բանաւոր» էակ մը չէ, որ պոչ ունենայ, բայց «բանաւո» ներկայութեամբ մտքիդ ու լեզուիդ համագոյակցութեան եւ միասնականութեան «արդիւնարար» արարքն է։ Այդ ժամանակաւոր պոչաւոր արարքին մշտակայ ուղեկիցը ճարպիկութիւնն է, որ յաղթական գոյերթով դէսուդէն կը շրջագայի եւ գլուխը բարձր պահելով՝ մարդոց հետ կը նստի, կարծիք կը փոխանակէ եւ նոյնիսկ վճիռներ կ՚արձակէ։ Պոչաւոր ճարպիկը երբեմն կը մոռնայ, որ իր ճարպիկութիւնը ժողովրդական բարբառով՝ «բոլորին վրայ չի՛ քալեր», որովհետեւ ուշ կամ կանուխ ստախօսութիւններու խարիսխը ջուրի երես կ՚ելլէ՝ ամօթահար վիճակի մէջ թողելով դերասան-պոչաւոր ստախօս-ճարպիկը, անշուշտ եթէ ամօթխածութեան զգացումը ունի։

Շատ յաճախ մարդիկ կը գերադասեն լսել «քաղցր» սուտը, քան՝ դառն ճըշ-մարտութիւնը։ Սուտին «քաղցրութիւնը» իսկութեան մէջ տկարութիւնն է, որ միայն յարիր է շողոքորթներուն։ Հաճելի դառնալու արուեստը, խաբելու եւ շողոքորթելու արուեստն է։ Իսկ շողոքորթներուն գործածած դիմակը ստախօսութիւնն է։ Ստախօսութիւնը մեծագոյն տկարութիւնն է, որ մարդս ներքնապէս կը կրծէ եւ մտային մշուշապատ գաղափարներով մեր կեանքը կ՚իմաստազրկէ։ Ստութեան այդ մառախուղը ժամանակաւոր է, որովհետեւ ոչ մէկ մէգ կրնայ դիմանալ ճշմարտութեան շողարձակ ճառագայթներուն դիմաց։ Ճշմարտութիւնը ի տարբերութիւն սուտին, սահմանուած ժամ չունի եւ ոչ ալ որոշ ուղեծիրով կը գործէ։ Ճշմարտութիւնը ստէպ ստութեան կ՚այցելէ անժամանակ՝ յիշեցնելու, որ իր երփներանգ ստախօսութիւնները խորքին մէջ անգոյն են եւ չունին հիմք ու կորիզ։ Աւետիք Իսահակեան կ՚ըսէ. «Ճշմարտութիւնը ոտքով կ՚երթայ. իսկ սուտը՝ թեւերով»:

Ստախօսութիւնը բոլոր չարիքներու աղբիւրն է եւ ծնուցիչ մայրը, որ շարունակ կը փորձէ վերացնել բարիքներու աղբիւրը՝ ճշմարտութիւնը։ Սուտը անէոյթ է, էութիւն չունի. իսկ իր ներկայութիւնը կը պայմանաւորէ ճշմարտութեան բացակայութեան «շնորհիւ». բայց քեզ՝ բանաւոր էակդ բարոյապէս անէութեան կը փոխարկէ եւ դատարկամտութեան գործիքի կը դարձնէ։ Որքան ալ տարօրինակ թուի, միշտ յիշէ, որ սուտը ճշմարտութեան վրայ յենուելով կը զօրանայ, որովհետեւ չունի արմատ, որմէ իր ուժն ու աւիշը կրնայ ստանալ։ Ստախօսութիւնը յաճախ կը հակառակի մտքիդ ճանաչողութեան եւ իմացողութեան հետ։ Եթէ ճիշդն ու ճշմարիտը գիտես եւ սակայն ստախօսութեամբ զայն կ՚աղաւաղես, դուն քեզ է որ խաբած կ՚ըլլաս, որովհետեւ քու իսկ ըմբռնումդ կեղծելով՝ մաքառած կ՚ըլլաս սեփական մտքիդ հաստատականութեան ու ճանաչողութեան դէմ։

Մանկավարժներ երիտասարդ ծնողներուն շարունակ կը յորդորեն, որ իրենց զաւակներուն մէջէն վանեն ստախօսութեան հակամէտ գծերը՝ անոնց փոխարէն ցանելով ճշմարտութեան եւ արդարամտութեան հունտերը։ Նախադպրոցական տարիքի երեխաներու մօտ սուտը երեւակայական բնոյթ ունի։ Այս տարիքի երեխաները իրենց երեւակայութեան շնորհիւ տարբե՜ր ու զարմանազան պատմութիւններ կը սկսին  հնարել եւ անոնցմով ապրիլ։ Ծնողներ պէտք է հետեւին իրենց երեխաներու երեւակայութեան՝ յանձնարարելով իրենց երեւակայական աշխարհը թուղթի վրայ գծել, այդպիսով իրենց երեխային հետ հոգեպէս կը մտերմանան եւ աւելի լաւ կը հասկնան անոնց երեւակայութեան ներքին բովանդակութիւնը։ Եթէ մայր մը ձեւացնէ, թէ իր փոքրիկին յօրինուած պատմութիւններուն կը հաւատայ, ապա անգիտակցաբար եւ անուղղակիօրէն թոյլ տուած կ՚ըլլայ իր զաւկին, որ ան անընդհատ շարունակէ երեւակայել եւ պատմութիւններ յօրինել։ Երեխան մեծնալով՝ կը սկսի պարսաւելի պատմութիւններ գծագրել իր մտապաստառին վրայ, որուն մեղաւորները իր քոյրը, եղբայրը, ընկերները կրնան դառնալ…։ Իսկ երբ աւելի կը հասուննայ եւ իր մեղքը բարդելու համար յարմար «զոհ» մը չի գտներ՝ կը սկսի իրականութիւնը իր ծնողներէն թաքցնել։

Ծնողներ երբեմն անզգալաբար իրենց երեխաները ստախօսութեան կը մղեն՝ անոնց դիմաց հսկայական մեծ պահանջքներու «ցուցակ» մը դնելով։ Երեխան կ՚ուզէ իր ծնողներու սպասումները արդարացնել եւ ի դերեւ չհանել, այդ իսկ պատճառով կը սկսի ստել իր յաջողութեանց մասին։ Ծնողքը իրական գետնի վրայ պէտք է գնահատէ երեխայի կարողութիւնները եւ պահանջքներ ներկայացնէ՝ հիմնուելով անոր բանականութեան հասողութեան վրայ։ Երեխան կրնայ նաեւ սուտ խօսիլ ուշադրութիւն գրաւելու, ինքզինք լիարժէք զգալու եւ պատիժէն փախուստ տալու համար։ Ծնողքը իր զաւակը պատժելով՝ խորքին մէջ երեխան առաջնորդած կ՚ըլլայ իր յանցանքը չընդունելու ցանկութեան։ Եթէ զաւակդ մանուկ հասակէն սկսեալ ստէ, անկասկած ստախօսութեան արմատացած ու ախտաւորուած սովորութիւնը իրեն համար կը դառնայ երկրորդ բնութիւն, իսկ երբ մեծնայ՝ ստախօսութեան ունակութիւնները ինքնաբերաբար իրեն հետ կ՚աճին ու «հասակ առնեն»։

Պատիւն ու համբաւ ունենալու մոլուցքը նոյնպէս աղերսուած է ստախօսութեան հետ։ Ստախօսութիւնը քու մէջդ ինքնագոյաւորուած լուսատու որդ է. որ ուշ գիշերին ուր որ սողայ՝ իր ետին արծաթի հեղանիւթի պէս փայլուն հետք մը կը ձգէ: Ո՞վ է այն կարճամիտ մարդը, որ փայլուն գիծը արծաթի հեղուկ կը համարէ։ Մի՛ կարծեր, որ մարդիկ կեղծուպատիր հեքիաթներդ չեն հասկնար եւ չեն կրնար տարբերել ուղղախօսը ստախօսէն: Պատիւ ու յարգա՞նք կ՚ուզես, նախ դուն քու նկատմամբդ անկեղծ եղիր, որովհետեւ ներաշխարհդ եւ միտքդ երկու ներհակ «անձերու» մէջ սկսած ես տարուբերել։ Զրախօսութեանդ պատճառով պատուի եւ համբաւի փոխարէն շրջապատէդ միայն անարգանք ու անպատուութիւն ամբարած կ՚ըլլաս եւ ուրիշ ոչ մէկ բան։ Եթէ կ՚ուզես պատիւ ունենալ՝ ուղղախօսութեան ջատագովը եղիր, որովհետեւ ճշմարտախօսներուն համար ճշմարտութիւնը փառք, պատիւ ու անկողոպտելի զարդ է։ 

Շատեր կ՚ուզեն իրենց եղածէն աւելի լաւ երեւիլ, արհեստական վարկանիշ ունենալ, պահանջարկուած ձեւանալ, ծածկել իրականութիւնը եւ գերգնահատել իրենց կարողութիւններն ու հնարաւորութիւնները…։ Պատրողական սուտը իր իշխանութիւնը նաեւ կը տարածէ եւ կը թագաւորէ տգէտներու, իրենք զիրենք ձախողութեան մատնած, մոլութեանց մէջ անձնատուր եղած երիտասարդներու վրայ: Տգէտը կը ստէ՝ իր տգիտութեան տգեղութիւնը ծածկելու, հողը տիղմով գեղերեսելու եւ տաղանդաւորի համբաւ ձեռք բերելու համար։ Առածը գեղեցկօրէն կ՚ըսէ. «Պերճախօսները առաքինութենէ զուրկ են»: Մարդոց առջեւ ստաբանութեամբ ճոռոմաբանելը քաջութիւն չէ, այլ տկարութիւն եւ ինքնապարսաւանք է։ Մարդիկ խօսքին չեն նայիր, այլ՝ գործին ու միջուկին։ Շատեր երբ սնապարծ-ստախօսին զրաբանութիւնները կը լսեն, կը լռեն եւ չեն հակառակիր, սա չի նշանակեր, որ իրենք իրադրութենէն անտեղեակ են եւ հլուհնազանդ սին ստախօսութիւններուն, դատարկալի խօսքերուն կը հաւատան։ Սակայն ցաւալին այն է, որ երբեմն այդ կենսափորձ ունեցող մարդոց լռութիւնը ստախօսը աւելի կ՚ոգեւորէ եւ առիթ կու տայ անվեհեր արշաւելու ստախօսութեան ու անսահման պարծենկոտութեան ասպարէզ. մինչեւ որ խայտառակութեան վիհին մէջ կը գլորուի։

Ստախօս-ճոռոմաբանը թէկուզ մակերեսային խօսքերով կը ներկայանայ, խրոխտ կը ճամարտակի. սակայն կարճ ժամանակ մը ետք ի սպառ կը նուաղի, որովհետեւ սուտ մը խօսելով՝ ստիպուած կ՚ըլլայ յաջորդ մտածումը սուտո՛վ պարուրելու։ Երկրորդ արտաբերուած սուտը ծածկելու համար՝ կը ջանայ դարձեալ այլ սուտ մը յօրինել, որպէսզի չպախարակուի եւ սուտասան անուան չարժանանայ։ Եւ այսպիսով մէկ սուտը քօղարկելով՝ միւս սուտին կը դիմէ եւ ստախօսութեան շարանը կ՚երկարի…։ Նանրախօսութեամբ եւ ստախօսութեամբ դուն քեզ է, որ խայտառակած կ՚ըլլաս եւ ուրիշ ոչ մէկը՝ գիտակցաբար ինքզինքդ ճշմարտութենէն օտարացնելով եւ միտքդ ու հոգիդ ստութեան շտեմարանի վերածելով։ Եթէ կ՚ուզես մտավախութեամբ չապրիլ եւ անդադար ստիպուած չստել, ճշմարտութիւնը սակաւ, թափանցիկ ու պարզ խօսքերով ներկայացուր. քան՝ ունայնաբանութեամբ շատախօսել եւ ստախօս երեւալով՝ այլոց ծաղր ու ծանակին արժանանալ:

Կայ աւելի ծիծաղելի երեւոյթ մը եւս. ստախօսութեան ծովափին մէջ «ընկողմացած» ստախօսը յետին անարգութեան մէջ կ՚իյնայ. երբ առանց գիտնալու կը ստէ այն մասին, որուն իսկութիւնը ունկնդիրը այլ տեղէ լսած կ՚ըլլայ, սակայն բնաւ չզգացնելով՝ կը սպասէ լոլոզուած, անրջային սուտեր լսել անկէ՝ աւելի լաւ հասու դառնալու անոր ստախօսութեան։ Ուստի, պարզամիտ ձեւանալով՝ կը սկսի խօսակցութեան այլ առարկայ առաջարկել, որպէսզի անոր ստաբանութեան ամբողջ տարազը «որսայ» եւ ապա մերկացնէ: Իսկ յիմարացած ստախօսը մտքին մէջ յաղթանակողի հոգեբանութեամբ տոգորուելով, կը խնդայ եւ կը շարունակէ սուտին վրայ սուտ աւելցնել՝ իր խօսքը հաւաստի դարձնելու համար: Զարմանալին թշուառացած ստախօսի խայտառակութիւնն ու նրբամիտ ունկնդրի քօղարկուած հնարքներն են: Մէկը անգիտութեամբ գողունին գողնալ կու տայ՝ կարծելով, թէ իր ճարտար լեզուով ունկնդիրը իր մագիլներուն մէջ վաղուց առած է. իսկ ունկնդիր-լռակեացը իսկութեան մէջ անոր գաղտնիքը կը գողնայ, բայց չի յայտներ, որ ինքն ալ ստախօսութեան «համբերատարգող» մըն է: Այստեղ պէտք է տեսնել խնդրոյ առարկային՝ ստախօսին եւ «քաւութեան նոխազին»՝ լսողին իրարու վրայ նետուող զարմանալի հայեացքներն ու կեղծ խնդամտութիւնները: Մէկը պարտուելով կը ջախջախէ, բայց չի զգար իր անկումն ու պարտութիւնը, իսկ միւսը կը յաղթէ, բայց ցոյց կու տայ, թէ յաղթուած ու ճնշուած է: Եթէ ստախօս ես, ապա կեանքիդ մէջ ի՞նչ շահած ես։ Ժողովրդականութի՞ւն ունեցած ես, աստիճան մը ե՞ւս բարձրացած ես, դրամարկղի փողե՞րդ գերապատկուած են, մարդոց կողմէ յարգանքի՞ արժանացած ես, ամէնուրեք թեմա՞դ սկսած է արծարծուիլ…։ Ստախօսութեամբդ ուրիշներու քեզի հանդէպ ունեցած վստահութիւնը ամբողջապէս կը վերանայ եւ ոչ թէ կ՚ամրապնդուի։ Զուր տեղը չէ ըսուած. «Ստախօսը իր ստախօսութեամբ միայն մէկ բան կը շահի. երբ ճշմարտութիւնը կ՚ըսէ, ոչ ոք անոր կը հաւատայ»:

Ոմանք իրենց ստախօսութիւնը մեղմացնելու եւ իրենք զիրենք արդարացնելու համար՝ նոր տեսութիւն-բառ մը յայտնաբերած են՝ «առաքինի սուտ»։ Ինչպէս չարը բարութիւն չունի, նոյնպէս ալ սուտը՝ առաքինութիւն։ Նմանատիպ մարդիկ կը պատճառաբանեն, թէ սուտ կը խօսին իրենց դիմացինին ցաւ չպատճառելու եւ կամ անոր կեանքը փրկելու համար։ Հարկադրուած ստաբանելը երբեք արդարացում չունի, որովհետեւ նոյն ընտանիքին ու չարիքին կը պատկանի։ Ստախօսութիւնը արտաքին երեւոյթներէն չի՛ գոյանար, այլ մարդ արարածի՛ն մտքէն ու սրտէն կ՚արտաբերուի։  Ուրիշին բարի՞ք կ՚ուզես ընել. անոր սիրոյն սուտ խօսելու, անոր մոլութեանց եւ յանցագործութեանց մեղսակից ըլլալու փոխարէն՝ ուղղութիւն եւ խորհուրդ տուր, խրատէ, որ ճշմարտութիւնը դաւանի եւ անոր պաշտպանը դառնայ։

Հին Չինաստանի մէջ ստութիւնը բացայայտելու յատուկ ձեւ մը կար։ Մեղադրեալ անձի ստախօսութիւնը ստուգելու համար, անոր բերանը հում բրինձ կը լեցնէին եւ կը ստիպէին իր մեղադրանքը լսել: Եթէ բրինձը չոր մնար, կը նշանակէր, որ ան իրօք կը ստէր. որովհետեւ ըստ չինացիներու՝ վախի պատճառաւ մեղադրեալի թքարտադրութիւնը կանգ կ՚առնէր:

21-րդ գերզարգացած դարուս գոյութիւն ունի «սուտը բացայայտող գործիք» (lie detector), զոր հիմ-նըւելով մարդու զարկերակի չափման, քրտնարտադրութեան, թքարտադրութեան եւ ձայնի տատանման չափումներու արդիւնքներուն վրայ` եզրակացութիւններ կը կատարէ: Եթէ մեղադրեալը ստէ. գործիքի ցուցանիշները ամենաչնչին յուզումէն եւ գերլարուածութենէն կը տատանուին։ Այսպիսով գործիքը կիսով չափ օգնած կ՚ըլլայ ոստիկանութեան եւ կամ հարցախոյզ մարմնին՝ մեղադրեալի ստախօսութիւնը երեւան հանելու համար։ Բայց կան այնպիսի խաբեբայ ստախօսներ, որոնք վարժ են իրենց հոգեկան, զգացական յոյզերը հակակշռելու եւ ապա խոյս տալու նմանօրինակ գործիքներու արդիւնքներէն։ Սուտը մարդու կեանքին չափանիշն է դարձած եւ որպէս սովորական երեւոյթ՝ անոր արեան մէջ է անցած։ Եթէ մարդը ի վիճակի է խորամանկութեամբ շրջանցել ճշմարտութիւնը եւ թաքնուիլ ստութեան պատեանին մէջ, ապա ո՜ւր մնացին մարդկային բարոյականութիւնը եւ արժանապատուութիւնը։ Յո՞ երթաս հայ երիտասարդ…։

Քրիստոս ցոյց տալով ստախօսութեան կործանարար բնոյթը՝ կը զգուշացնէ մեզ ըսելով. «Չկայ ծածուկ բան որ չյայտնուի եւ կամ գաղտնի բան՝ որ չգիտցուի եւ երեւան չգայ» (Ղկ 8.17)։ Հաւանաբար ստախօսութեամբ ու ճարպիկութեամբ մեծ բարձունքներ նուաճած ես, բազմաթիւ փողեր դիզած ես եւ կամ մեծ վարք ու համբաւ ձեռք բերած ես։ Բայց մի՛ մոռնար, որ միակ ծածկատեսն ու կանխատեսը նոյնինքն Աստ-ւած է, որ իւրաքանչիւր քայլափոխիդ կը հետեւի եւ քեզ զգաստութեան կը հրաւիրէ։ Իսկ առակագիրը կ՚ըսէ. «Տէրը վեց բանէ կը զզուի ու Անոր հոգիին առջեւ եօթը բան պիղծ են։ Ամբարտաւան աչքեր, ստախօս լեզու, անմեղ արիւն թափող ձեռքեր, չար խորհուրդ հնարող սիրտ, չարութիւն ընելու համար շուտ վազող ոտքեր, ստութիւն խօսող անիրաւ վկայ ու եղբայրներու մէջ կռիւներ ցանող մարդ» (Առ 6.16-19)։ Ստախօսութիւնը բոլոր չարիքներու ակնաղբիւրն է եւ մարդու աչքի բիբը խաւարող մոլութիւն մը, որուն պատճառով խիղճդ անխօս կը դառնայ, իսկ բարութիւնդ՝ չարութեան կը փոխակերպուի։ Ստախօս միտքերը լեզուո՛վ է, որ կ՚արտաբերուին, մարմին կը ստանան եւ չարութեան գործիքի կը վերածուին։

Սողոմոն իմաստուն կ՚ըսէ. «Մահն ու կեանքը լեզուին ձեռքն են. անոնք որ զայն կը սիրեն. անոր պտուղը կ՚ուտեն» (Առ 18,21): Լեզուն ծառ մըն է, որ մեր անհոգութեան, եսակեդրոնութեան եւ ինքնասիրութեան պատճառով կրնայ մահաբեր պտուղ բերել. իսկ եթէ հոգատարութիւն ցուցաբերենք անոր հանդէպ՝ անմահութեան պտուղ կու տայ։ Լեզուն կեանքի կ՚առաջնորդէ՝ եթէ դաւանի զԱստուած, սակայն մահուան կ՚առաջնորդէ՝ եթէ ուրանայ եւ անիծէ զԱյն: Մա՛հ է լեզուն, երբ կը բամբասէ, կը զրպարտէ, կը հայհոյէ, կը ստէ ու կ՚անիծէ, բայց կեա՛նք է լեզուն՝ եթէ կը մխիթարէ, կը գօտեպնդէ, կը քաջալերէ, կ՚ուրախացնէ ու կ՚օրհնէ: Մա՛հ է լեզուն՝ երբ խռովարար է, յուսալքող է, գայթակղեցնող ու խրտչեցնող է, իսկ կեա՛նք է լեզուն՝ եթէ խաղաղասէր է, քաղցրախօս, սիրալիր ու հոգելիր է: «Մարդիկ կան որոնց անմիտ խօսքերը սուրի պէս կը խոցոտեն. բայց իմաստուններուն լեզուն բժշկութիւն է» (Առ 12,18):

Օր մը աթենացի իմաստասէրներէն մէկը Սոկրատին կը մօտենայ եւ կը սկսի ծանր բառերով իր ընկերներէն մէկը զրպարտել: Յոյն իմաստասէրը անմիջապէս իր խօսակցութիւնը կ՚ընդմիջէ եւ հարց կու տայ.

-Այս բոլոր խօսքերդ, որ հիմա ինծի կ՚ըսես, նախապէս երեք մաղերէ անցուցի՞ր։

-Չեմ գիտեր, թէ ի՞նչ են այդ մաղերը.- աթենացին շփոթուած կը պատասխանէ։

-Լսէ՛։ Առաջինը ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ մաղն է: Ստուգեցի՞ր, որ քաղած լուրերդ ճի՞շդ են:

-Ո՛չ, լսածս քեզի ըսի,- կը պատասխանէ աթենացին:

-Երկրորդ.- Սոկրատ բարկացած կը շարունակէ.- ԱՌԱՔԻՆՈՒԹԵԱՆ մաղէն անցուցի՞ր եւ ստուգեցի՞ր, թէ այդ զրպարտութիւնները ի՞նչ օգուտ կամ վնաս պիտի տան քեզի:

-Այդ մասին դժբախտաբար չմտածեցի։

-Երրորդ՝ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԵԱՆ մաղէն անցուցի՞ր, թէ այդ տեղեկութիւնները կարիք կա՞յ հրապարակելու կամ ոչ:

-Ո՛չ։

-Քանի որ այս երեք մաղերը չգործածեցիր, որպէսզի այս տարաձայնութիւններու աղբիւրը ստուգես, բառ մը իսկ չեմ ուզեր լսել։

Սիրելի՛ ընթերցող, ստութիւնը ճարպիկութիւն եւ խորամանկութիւն չէ, այլ տկարութիւն է։ Տկարամիտ եւ ծոյլ մարդիկը սուտին կ՚ընկերակցին, որովհետեւ չունին մաքառելու ոգի, իրենց նպատակին հասնելու եռանդ եւ ճշմարտութեան հետ առերեսուելու քաջութիւն…։ Այդ իսկ պատճառով իրենց համար ընտրած են ճանապարհորդակից-ընկեր մը՝ ստախօսութիւն կոչեցեալը, որ իրենց իւրաքանչիւր քայլափոխին կ՚ընկերանայ եւ անել կացութեան ժամանակ զիրենք «կը փրկէ»։ Տկարութեան վարագոյրին՝ ստախօսութեան ետին պահուըտելով, կրնայ ըլլալ ժամանակաւորապէս շատերու գովքին արժանանաս, սակայն վաղ թէ ուշ շողոմ նկարագիրդ եւ «շարասիւնուած» ստաբանութիւններդ երեւան պիտի ելլեն։

Առակագիրը կ՚ըսէ. «Սուտ շրթունքը Աստուծոյ զզուելի՛ է, բայց հաւատարմութիւն ցոյց տուողները անոր հաճելի են» (Առ 12.22)։ Դուն ո՞ր դասուն կը պատկանիս. երեւութապաշտ մարդո՞ց, թէ՞ խորք ունեցող մարդոց։ Հրապարակներու անկիւնները կանգնող դատարկապորտ սուտասաններո՞ւն, թէ՞ ոչ ճշմարտութիւնը պաշտպանողներուն։ Մարդորսորդներո՞ւն, թէ՞ ճշմարտութիւնը դաւանողներուն։ Նախքան ստելդ, մտաբերէ, որ Աստուած ի վերուստ ամէն ինչ կը տեսնէ…։

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Յուլիս 26, 2017