ՍՈՒՐԻԱ ՄՈՍԿՈՒԱ ՆՈՐ ԴԵՐ ՄԸ ՊԻՏԻ ՎՍՏԱՀԻ ԳԱՀԻՐԷԻՆ

Իսրայէլի մէջ մեծ հետաքրքրութեամբ կը հետեւին Սուրիոյ զարգացումներուն: Այս առումով եւ յատկապէս վերջին քանի մը շաբաթներուն կարեւոր նոր «խաղացող» մը աւելցած է Սուրիոյ մէջ ազդեցութիւն ունեցող երկիրներու ցուցակին վրայ: Խօսքը այս պարագային Եգիպտոսի մասին է, որ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն մասնակցութիւնը Թել Աւիւի կողմէ կը համարուի ողջունելի մասնակցութիւն մը:

Երբ Գահիրէի սուրիական տագնապին մէջ դեր մը ունենալու մասին կը խօսինք, պէտք է անպայման նկատի առնենք, որ այս «սպասուած» դերը կը կատարուի Մոսկուայի «օրհնութեամբ»: Իսրայէլեան «Հաարէթց» պարբերականի վերլուծաբան Ցեւի Պարիիլի կարծիքով, Գահիրէի յատկապէս Դամասկոսի արեւելեան Ղութայի եւ Հոմսի կարգ մը շրջաններէն ներս ունեցած դերակատարութիւնը պէտք է համարուի դրական: Պարիիլ բնականաբար նկատի ունի հաշտութեան այն գործընթացները, որոնք տեղի կ՚ունենան այդ շրջաններուն մէջ պատերազմող խմբաւորումներուն միջեւ։ Ըստ վերլուծաբանին, այս փուլին անոնք յառաջ կը տարուին Գահիրէի ուղղակի մասնակցութեամբ:

Սուրիական տագնապին հանդէպ պաշտօնական Թել Աւիւի ունեցած հետաքրքրութիւնը նորութիւն մը չէ: Իսրայէլի Վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահու տարբեր առիթներով քննադատած է Սուրիոյ իշխանութիւնները, սակայն սուրիական գետնի վրայ առկայ վիճակին հետեւանքով եւ «հեռու չերթալ»ով իր կեցուածքներուն մէջ, նախընտրած է լուռ մնալ: Սրածայր կողմեր ունեցող եւ բազմագլխանի վիշապի նմանող սուրիական պատերազմը «յոգնեցուց» Սուրիոյ կառավարութիւնը եւ ուղղակի վնասներ հասցուց անոր բանակին ու պետութեան ռազմաքաղաքական կարողականութեան:

Միջին Արեւելքի զարգացումներուն հետեւողներուն համար այս բոլորը, այսինքն՝ Սուրիոյ «նախատեսուած» կազմաքանդումը, տկարանալը եւ ընդհանուր ընկճուածութիւնը «աստեղային ժամ» էին Թել Աւիւի համար: Իբր այդ ալ, իսրայէլացիք իրենց կատարած յայտարարութիւններուն մէջ հանդէս կու գային «ուրախ», բայց «զգուշաւոր»ի դիրքերէն:

Ուրեմն Իսրայէլի համար առաջնային կը մնար, որ Սուրիոյ կազմաքանդումի կողքին, երկրին մէջ երեւցող որեւէ փոխանցման ուժ ըլլայ անկար: Ինչպէս շատեր՝ Թել Աւիւ եւս դէմ յանդիման դարձաւ նոր եւ անսպասելի փուլի մը, որուն առաջատարները եղան Թեհրանն ու անոր գլխաւոր դաշնակիցը՝ «Հիզպուլլահ»: Այս առումով էր նաեւ, որ Իսրայէլ կանգնելով փաստի առջեւ, եւ իր երէկուան ենթադրութիւնները մէկդի դնելով, կը փորձէր ու կը փորձէ նուազագոյնի իջեցնել իրանեան ուժերուն ընդհանուր ազդեցութիւնը Սուրիոյ մէջ:

Այս նախաբանը ներկայացնելու հիմնական նպատակս էր զուգահեռներ գծել մէկ կողմէ Եգիպտոսի նոր «հասունցող» դերին իսկ միւս կողմէ՝ Թել Աւիւի կատարած ու դեռ ալ կատարելիք քայլերուն մասին: Բնականաբար Մոսկուայի հետ տեղ մը համաձայնութեան եկող Իսրայէլի համար նախընտրելի է, որ սուրիական «խաղ»ին մէջ աւելի ազդեցիկ դեր ունենայ Գահիրէն։ Այս վերջնոյն մասնակցութեամբ է նաեւ, որ Թեհրան եւ իր դաշնակիցները կամացուկ մը ետքայլ պիտի կատարեն, այդպէսով ալ գոհացում պատճառելով իրենց մեծ դաշնակցին՝ Մոսկուային: Խորքին մէջ վեց տարիէ ի վեր ընթացող եւ գետնի վրայ արիւնալի ու սարսափելի պատկերներով «հարուստ» սուրիական պատերազմին սկիզբէն ի վեր նման խուսանաւումներու եւ ծրագրերու մասին խօսուած է տարբեր առիթներով: Գրուած է նաեւ, որ Մոսկուայի համար շատ կարեւոր է. այս պատերազմին հետեւանքով ան ընդհանուր խզումի չերթայ սիւննի աշխարհին հետ: Այսինքն, եթէ Մոսկուայի համար այս փուլին կարեւոր է, որ Սուրիոյ մէջ իշխանութեան վրայ շարունակէ մնալ Պեշար Էսատ, ապա նոյնպէս կարեւոր ու կենսական է, որ այս պատերազմէն որպէս յաղթող դուրս չգան իրանցիք, հետեւաբար՝ շիիները: Ընթերցողներուս յիշեցնեմ, որ շաբաթ մը առաջ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի այս սիւնով գրած էի Սուրիոյ մէջ լուծման նոր ձեւաչափերու մասին, որոնց հիմնական կէտերէն մին Սուրիայէն իրանցիներու եւ անոնց դաշնակիցներուն հեռանալու առաջադրանքն էր: Հետեւաբար այս խմորումները կը կատարուին այնպիսի փուլի մը, որ կը յատկանշուի քաղաքական լուծումներ մէջտեղ բերելու առաջադրանքներով: Ու պատահական չէ, որ յատկապէս վերջին օրերուն վերլուծական մի քանի կայքեր եւ աղբիւրներ սկսած են բացայայտօրէն խօսիլ Գահիրէին վստահուելիք կարեւոր դերերու մասին:

ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՆԴԷՊ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԿԵՑՈՒԱԾՔԸ

Սուրիոյ հանդէպ Եգիպտոսի ունեցած ընդհանուր ընթացքին եթէ անդրադառնանք, հարկ է յիշեցնել, որ երկրի ներկայ նախագահ զօրավար Ապտըլ Ֆաթթահ Ալ Սիսի Սուրիոյ հանդէպ ունեցաւ իր նախորդին՝ իշխանազուրկ նախագահ Մուհամմէտ Ալ Մուրսիի հակասական կեցուածքը:

Մինչ Մուրսի Եգիպտոսի յարաբերութիւնները խզեց եւ ծանր մեղադրանքներ հնչեցուց Էսատի դէմ, անդին Սիսի հանդէս եկաւ աւելի մեղմ արտայայտութիւններով եւ բազում անգամներ նշեց, որ իրենց համար կարեւոր ու կենսական է ոչ միայն Սուրիոյ պետականութեան եւ երկրի միասնականութեան պահպանումը, այլ քիչ մը աւելի հեռուն երթալով հաւաստեց, որ «Էսատ սուրիական լուծումին մաս պիտի կազմէ»: Այս կեցուածքին պատճառով էր նաեւ, որ բաւական մեծ սրացում ապրեցան Գահիրէ-Ռիատ յարաբերութիւնները։ Այս պատճառով ալ Ռիատ տարբեր մակարդակի «պատիժներ» սահմանեց Գահիրէի դէմ: Ճիշդ է, որ շրջանի երկու գլխաւոր սիւննի տէրութեանց միջեւ յարաբերութիւնները չխզուեցան, որովհետեւ Ռիատ նախազգաց, որ Գահիրէի հետ յարաբերութեան սրացումի կամ խզումի վնասանները յատկապէս քաղաքական առումով շատ աւելի ծանր պիտի ըլլան, քան նման քայլի մը երթալու օգուտները:

Գահիրէ ընկալելով Ռիատի կողմէ իրեն հանդէպ եղած «ժեսթ»ին արժէքն ու իմաստը, այս անգամ Քաթարի դէմ երեւցած «տնտեսական տագնապ»ին մէջ դիրք գրաւեց Սէուտական Արաբիոյ եւ անոր դաշնակիցներու կողքին:

Այս բոլորէն անդին յստակ է, որ Սիսիի Սուրիոյ պետականութիւնը եւ այդ երկրի ամբողջականութեան համար որդեգրած կեցուածքները կապ ունին ընդհանուր մտահոգութիւններու շղթայի մը հետ, որուն կիզակէտին է նաեւ Եգիպտոսի անվտանգութիւնը: Այսինքն մինչ շրջանային մէկէ աւելի երկիրներ «կ՚երազեն» կամ աւելի ճիշդը՝ «կ՚երազէին» տեսնել Սուրիոյ ամբողջական կազմաքանդումը, անդին Գահիրէ կը հաւատար ու դեռ ալ կը հաւատայ, որ Սուրիոյ ընդհանուր փլուզումը աղէտ մը պիտի ըլլայ ոչ միայն Սուրիոյ, այլ ամբողջ շրջանին համար:

Այս բոլորին հետ զուգընթաց յստակ է նաեւ, որ Մոսկուա լաւ հասկցած է Եգիպտոսին «վստահուելիք» ընդհանուր դերին խորութիւնն ու կարեւորութիւնը: Խորհրդային Միութեան միջինարեւելեան ընդհանուր քաղաքականութեան մէջ կարեւոր եւ առանցքային դեր ունեցած է Գահիրէն: Եթէ Սուրիոյ նախկին նախագահ Հաֆըզ Էսատ կը համարուէր Խորհրդային Միութեան կարեւորագոյն դաշնակիցներէն մին, ապա նոյնը կարելի է ըսել Եգիպտոսի համար կեդրոնական դեր ունեցած Ճեմալ Ապտըլ Նասըրին մասին, որ Էսատի հետ միասին կը հանդիսանար Քրեմլինի Միջին Արեւելքի վստահելի գործընկերը:

Այսօր ալ դրութիւնը նոյնն է: Մոսկուա իր ամբողջական նեցուկը յայտնած է Սիսիին: Բացի բոլոր ոլորտներուն մէջ երեւելի դարձած յարաբերութիւններուն զարկ տալէ, Մոսկուա հետամուտ է նաեւ «ընդհանուր խաղ»ին մասնակից դարձնել Գահիրէն, որուն ոչ-արմատական եւ բանակի հանդէպ մեծ կարեւորութիւն ցուցաբերող զինուորական նախագահը դարձած է իրաւ եւ վստահելի գործընկեր մը, որուն կարելի է վստահիլ առանցքային դեր:

Մոսկուա այս «քար»ով երկու թռչուն պիտի զարնէ: Նախ պիտի գոհացնէ Իսրայէլը, Սուրիոյ մէջ Թեհրանի դերին «արգելակ» մը դնելով, ապա պիտի փորձէ շահիլ վստահութիւնը եւ «համակրանք»ը սիւննի աշխարհին:

Չմոռնանք, որ երբ արաբականութեան մասին կը խօսուի, այդ դերին, քաղաքական ըմբռնումին եւ գաղափարական ատաղձին հիմնական կրողը Գահիրէն է, որ ըստ երեւոյթին կը պատրաստուի կարեւոր եւ շինիչ դերի մը:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Օգոստոս 26, 2017