ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԷՆ ԱՆԴԻՆ. ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿԱՆԳՆԱԾ Է ԺԱՄԱՑՈՅՑԻ ՍԼԱՔՆԵՐՈՒՆ ԴԻՄԱՑ

Այն ինչ, որ տեղի ունեցաւ օրեր առաջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կամարներուն ներքեւ, տակաւին յստակ չէ։ Հանդիպում, որուն հաւանաբար կը սպասէր իւրաքանչիւր հայ մարդ, որ այսօր ալ սրտցաւօրէն կը հետեւի Հայաստան-Ատրպէյճան ընդհանուր լարուածութեան։

Փաստ է, անշուշտ, որ Ատրպէյճանի ուժերը շնորհիւ ռազմական բացայայտ առաւելութեան, կարողացան մխրճուիլ Հայաստանի սահմաններէն ներս՝ շուրջ 9 քիլօմեթր խորութեամբ։ Այս մասին յայտնեց  Հայաստանի ընդհանուր սպայակոյտի նախագահը։ Մտահոգիչ էին ռազմական գործողութիւնները, որոնց հետեւանքով ալ հայկական բանակի նահատակուած զինուորներուն պաշտօնական թիւն ու ընդհանուր ցուցակը ինչ-ինչ պատճառներով հանրութեան չէ ներկայացուած։ Պատերազմի բերած ահէն անդին, ամենամեծ մտահոգութիւնը այսօր այն է, որ Ատրպէյճանի ուժերը տակաւին կը շարունակեն մնալ հայկական տարածքներէն ներս ու այդ առումով ալ տարածուած լուրերը, թէ կարգ մը վայրերու մէջ անոնք պաշարման օղակի մէջ են, անստոյգ են։

Հայաշխարհով մէկ կ՚ապրինք տեղեկատուական բարդ եւ անցեալ պատերազմին հետեւանքով մարմին ստացած անվստահութեան մթնոլորտ մը, որ հետեւանքն է, անշուշտ, ներկայ իշխանութիւններու անլուրջ եւ յաճախ կասկածի տեղի տուող գործողութիւն-արարքներուն։

Հիմա հաւանական նոր պատերազմի մը շղթայազերծման ռիսքը կը շարունակէ մնալ բարձր՝ հակառակ անոր, որ Ջերմուկի, Սոթքի եւ այլ շրջաններու դէմ Ատրպէյճանի յարձակումը դարձաւ միջազգային շրջանակներու ուշադրութեան առարկայ, նաեւ կարգ մը պարագաներով բաց քննադատութեան թիրախ։ Այս բոլորին առընթեր, յստակ է նաեւ, որ Կովկասի տարածաշրջանային գլխաւոր խաղացողը համարուող Ռուսաստան մեծ հաշուով կորսնցուցած է իր նախկին կշիռը ու կը գործէ պարզապէս իրերու հակադարձութիւն մը ընելու տրամաբանութեամբ։ Օրինակ մը տալու համար այստեղ հարկ է յիշեցնել, որ մինչեւ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Նենսի Փելոզիի Երեւան այցելութիւնը՝ Մոսկուա կը շարժէր բացարձակ դանդաղութեամբ։ Մեր մտահոգ մտքերուն մէջ կը ստեղծուէր այն տպաւորութիւնը, թէ ան զբաղած է Ուքրայնայի ճակատին հետ եւ «ուր որ է պիտի հասնի…»։ Այս առումով ալ Փելոզիի այցելութիւնը եղաւ դարձակէտ, որմէ ետք նկատուեցաւ ՀԱՊԿ-ի պատուիրակութեան այցը՝ դէպի Երեւան ու սահմանային հատուածներ։ Խօսք եղաւ նաեւ, որ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին յառաջիկային Երեւան պիտի այցելէ։ Հարկ է նշել, որ մեծ յոյսեր պէտք չէ դնել ԱՄՆ-ի կողմէ փրկութեան մը հասնելու վարկածներուն վրայ։

Այս բոլորը, անշուշտ, ցոյց կու տան, որ Հարաւային Կովկասի մէջ կայ եռուն իրավիճակ մը, որ յառաջիկային կրնայ բիւրեղանալ եւ ջուրի երես հանել՝ մեզի համար տհաճ կամ անբարենպաստ վարկածներ։ Այս բոլորը դիտարկելով՝ մեզմէ շատեր արդէն բացայայտօրէն կը խօսին, որ Հայաստանի առջեւ դրուած է ճակատագրական ժամացոյց մը, որուն սլաքները եւ սլաքներուն ուժգնութիւնը անպայման չեն բխիր հայկական շահերու ընդհանուր պրիսմակէն, այլ, ընդհակառակն, այդ արագ թիք-թաքներուն մէջ կը խօսուի ամենահիմնարար եւ ամենակարեւոր դրուածքին՝ Հայաստանի ինքնիշխանութեան կորուստի լուրջ վտանգին մասին։ Սա, յոռեգոյն պարագային, անշուշտ, իսկ լաւագոյն պարագային Հայաստանէն մաս մը կտրելու եւ երկրին համար խիստ կարեւոր Իրանի հետ ցամաքային սահմանի ի չիք դառնալու մասին կը խօսուի։

Նման պարագաներու մէջ, երբ պատերազմի փողերը կը հնչեն եւ թնդանօթները կը սկսին լեզու առնել, կը դադրի ամէն ձեւաչափ, ամէն տեսակի բանակցային խաղ եւ ընթացք կ՚առնէ նոր պատկեր մը, որուն իսկական գծագրողները երկու հակառակորդ բանակներն են։ Քանի Հայաստանի ռազմական կշիռը՝ մասնաւորապէս 44-օրեայ պատերազմէն ի վեր, բազմակողմանիօրէն խոցելի համակարգի մը հանրագումարն է, ապա այդ պատճառով ռազմական գործողութիւններու վերսկսման պարագային հայկական կողմը իսկապէս կրնայ յայտնուիլ համընդհանուր փլուզման մը վտանգին դէմ յանդիման։

ՀԱՄԱՏԱՐԱԾ ԼՌՈՒԹԻՒՆ

Բնականաբար, պէտք է գրել Փաշինեան-Էրտողան հաւանական հանդիպման մասին. հանդիպում, որմէ շատ բան կախեալ է եւ որուն միջոցաւ ալ Փաշինեան պիտի փորձէ իր ռուս գործընկերներու բոլոր մակարդակի մտավախութիւնները փարատել։ Սպասուած հանդիպումը, եթէ իրականանայ, մեր աչքերուն առջեւ յստակօրէն պիտի պարզէ Թուրքիոյ նոր դերը, նաեւ ազդեցութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ։ Բաց աստի,  Անգարա այդ հանդիպումը տեղ մը եւ ինչ որ առումով պիտի ներկայացնէ՝ որպէս ժեստ առաւելաբար Մոսկուայի ի նպաստ եւ ըսելու համար, թէ Ուաշինկթընի կողմէ Կովկասի իրականութեան մէջ մտնելու որեւէ փորձ պիտի դարպասուի եւ գետնի վրայ բոլոր մակարդակի շահարկումները եւ Հայաստանը դէպի Արեւմուտք տանելու նախաձեռնութիւնները պիտի տապալին։

Այդ մասին վերլուծութիւններու համար տակաւին անպայման ժամանակ կ՚ըլլայ։ Այսօր ամենաէականը Հայաստանի ներքին քաղաքական իրականութեան մասին արտայայտուիլը պիտի ըլլայ, ինչ որ մեծ հաշուով ալ կախեալ է՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Ամենայն Հայոց Հայրապետի բարձր նախագահութեամբ տեղի ունեցած փակ հանդիպման ընդհանուր արդիւնքէն։ Մինչեւ այս պահը, մեծ հաշուով, լռութիւն կը պահուի այս մասին։ Կայ հաղորդագրութիւն մը, որ զանազան մեկնաբանութիւններու դուռ բացաւ եւ անոր գլխաւոր կէտն էր, որ հանդիպումները պիտի շարունակուին։ Մինչ ընդդիմութեան՝ յատկապէս «Հայաստան» դաշինքի կարգ մը ներկայացուցիչներ կը խօսին ժամանակի սակաւութեան մասին, անդին կան լուրեր, ըստ որոնց հանդիպումը եղած է բաւական լարուած ու թէժ։ Ներկաները, բնականաբար, քննարկած են Հայաստանի այսօրուան բարդ իրավիճակը եւ անկէ բխած մտահոգութիւններն ու յատկապէս անվտանգային սպառնալիքները։ Յստակ է նաեւ, որ նման մակարդակի հանդիպում մը չի կրնար երկրին մէջ նոր վիճակ մը ստեղծելու մասին շեշտադրումներ կատարել, սակայն, մեծ հաշուով կրնայ համախոհութիւն մը ստեղծել առկայ հարցերուն վերաբերեալ։

Այս հանդիպման առանցքային երկու կէտերը հետեւեալներն են։ Այս փուլին իշխանափոխութիւն իրականացնելու ընդդիմութեան առաջարկը առնուազն պէտք է մէկդի դնել, որովհետեւ Մայր Աթոռը, իր գահակալ Հայրապետով եւ համակ միաբանութեամբ, դէմ պիտի արտայայտուի երկրին մէջ կտրուկ քայլերու երթալու՝ կարգ մը կողմերու շեփորումներուն։ Երկրորդ՝ իրավիճակը իսկապէս այնքան մը լուրջ է, որ Մայր Աթոռը ուսերուն վրայ առած է՝ տարբեր փուլերու ընթացքին իրարու դէմ թոյն եւ մաղձ թափած առաջնորդները քով-քովի բերելու անշնորհակալ պարտականութիւնը։

Հանդիպման «էնթրիք»ը, անշուշտ, պիտի պահպանուի եւ յառաջիկայ օրերուն, բնականաբար, առիթ պիտի ունենանք նկատելու, որ հանդիպման ներկայ եղած առաջնորդները ինչքանո՞վ յանձնառու են, ի՞նչ եղած են առաջարկները, հանդիման մասնակիցները ի՞նչ կ՚ակնկալեն իշխանութիւններէն եւ ամենակարեւորը՝ ի՞նչ մեքանիզմներ կան Հայաստանը վտանգներու որոգայթէն ի վերջոյ դուրս բերելու համար։

Սպասենք։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 26, 2022