ԿԵԱՆՔԻ ԳԻՐՔԸ

Կ՚ըսեն, թէ մարդուս միտքն է իր գիրքը, 
Ուր ամէն օր բառ մը կ՚աւելնայ սրտատրոփ,
Կամ յոյս մը աղօտ, սէր մը ցաւոտ,
Եւ կամ հինցած երազ մը կասկածոտ։

Կ՚ըսեն, նաեւ թէ մարդուս սիրտն ալ գիրք մըն է,
Որ իր տարիքին չափ մեծ ու հին, 
Բազմատեսակ իր էջերով, 
Անցեալն կը կապէ իր ներկային։ 

Շատեր կ՚ըսեն, թէ մարդուս հոգին է իր գիրքը, 
Որ իբրեւ սաղմոս, շատ յաճախ,
Կը թղթատուի երկիւղով, եւ որուն մէջէն կը բխին,
Խունկն ու աղօթք անսահման։ 

Բայց… ինծի համար՝ 

Կեանքս, բաց գիրք մըն է յստակ,
Որ, իբրեւ տարիքիս հարազատ հայելի,
Աչքերուս մէջ ամրացած տեսիլքներով, 
Սրտիս՝ մխրճուած յոյզերով, 
Եւ հոգւոյս մէջ դրոշմուած ապրումներով, 
Ու մանաւանդ մտքիս հեքիաթային երազանքներով, 
Ամէն օր մատներովս ուրախ եւ ազատօրէն,
Եւ յաճախ ալ արտասուքովս է, 
Որ զայն կը թղթատեմ ջերմօրէն։ 

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Շաբաթ, Յունուար 27, 2024