ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐԵՐԷՆ ԿԱՄ ՔԵՍԱՊԻ ՇՈՒՆՉՈՎ

Շուտով պիտի բոլորենք երկրորդ ամիսը այն ծանր օրէն, երբ աղէտալի երկրաշարժ մը հարուածեց Թուրքիան։ Երկրաշարժին ցնցումները զգալի դարձան մինչեւ Պէյրութ եւ Նիկոսիա, իսկ Սուրիոյ բազում քաղաքներ եւ գիւղեր (որոնց շարքին՝ Հալէպը եւ Քեսապը) անցուցին դժուարին ժամանակներ։

Այս ընդհանուր մթնոլորտին մէջ անգամ մը եւս լոյսին բերուեցան կարգ մը շրջաններ, որոնք իրենց էութեամբ եւ դրոշմով ունէին հայկական շունչ ու ոգի։ Անվերապահօրէն այդ շէներէն մին է Սուրիոյ սահմանային հատուածին վրայ գտնուող Քեսապ աւանը։

Այս առումով ալ գեղեցիկ զուգադիպութեամբ, երբ օրեր առաջ Երեւանի մէջ բնիկ քեսապցի մտաւորական Յակոբ Չոլաքեանին նուիրուած յատուկ միջոցառում մը տեղի ունեցաւ, մեզմէ շատ-շատերուն համար նորութիւն եղաւ այն, որ Չոլաքեան ո՛չ միայն պատկառելի արտադրութիւն ունեցած ու որակաւոր գիրի հեղինակ է, այլ ան պատրաստած է Քեսապ հայկական աւանին մասին շահեկան աշխատասիրութիւններ։

Այդ հատորներէն մին, որ կը կրէ «ՔԵՍԱՊ-Ա-» վերտառութիւնը (Հրատարակուած ՝ Հալէպ, 1996-ին), աւելիով հարստացած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի (յետագային՝ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց) ստորագրած յառաջաբանով։ «Սրտի խօսք մը» խորագրիը կը կրէ յառաջաբանը, զոր իր շահեկանութեան համար կը ներկայացնենք ստորեւ, այն բարի մաղթանքն ունենալով, որ հայկական Քեսապը, ինչպէս նաեւ Այնճարն ու Վաքըֆլըն անվտանգ ու ապահով կերպով դուրս կու գան տագնապներէն ու վերանորոգ շունչով շարունակեն իրենց դարաւոր երթը։

*

Քեսապը ծանօթ է արտասահմանի հայերուն. բայց շատերուն համար՝ սոսկ անունով կամ համբաւով եւ կամ տարտամ մտապատկերացումով: Մայր Հայրենիքի՝ Հայաստանի մէջ ալ մեր ժողովուրդէն շատերը, որոշ չափով, ծանօթ դարձան, մասնաւորաբար հայրենադարձութեան տարիներէն (1946-1947) ասդին, երբ Քեսապի զաւակներէն շատեր հայրենիք մեկնեցան եւ այնտեղ հաստատուեցան, բայց միշտ յիշելով իրենց ծննդավայր ու բնակավայր հայրենի գիւղերը եւ իրենց հայաստանաբնակ հայրենակիցներուն պատմելով իրենց հայրենական գիւղի կեանքին ու սովորութիւններուն մասին: Անոնցմէ շատերը իրենց զաւակներուն եւ թոռներուն շրթունքներուն վրայ նոյնիսկ իրենց գաւառաբարբառը կենդանի պահեցին:

Հայկական սփիւռքի մէջ Քեսապը ունի իր իւրայատուկ տեղը: Գաղութ չէ, այդ բառին նեղ իմաստովը: 19-րդ կամ 20-րդ դարուն, բռնութեամբ եւ կամ հարկաւորաբար «արտասահմանեալ» Մայր Հայրենիքէն, կամ կամաւոր մեկնումներով կազմուած հայկական հաւաքականութիւն չէ Քեսապի հայութիւնը, այդ իմաստով յար եւ նման ըլլալով այն միւս նոյնաբարբառ եւ նոյնաւանդ ու դարերու դրացնութեան մէջ ապրած ժողովուրդին, որ Մուսա լերան մէջ դարերով իրագործեց իր կեանքը եւ սակայն արտասահմանուեցաւ Մեծ Եղեռնին, բայց մանաւանդ 1939 թուի(…):

Հոն, Քեսապի թէ Մուսա տաղի մէջ, դարերը իրենց տեղն ու խօսքը ունին, առկայ, կենդանի ներկայութեամբ եւ ոչ թէ սոսկ պատմական յիշողութեամբ, անցեալի տեսական կամ մտապատկերային, երեւակայական վերարտադրութեամբ: Հոն քարն ու հողը, գետակներն ու ծովափները, անտառներն ու լեռները, դաշտերն ու այգիները, աղբիւրներն ու ջրաւազանները, եկեղեցիներն ու ուխտատեղիները, կրթական օճախներն ու հասարակական կազմակերպութեանց կեդրոնները պատմական բովանդակութեամբ հարուստ բառամթերք եւ լեզու ունին: Հոն կեանքը ուրիշ համ ունի: Ո՛չ քաղաքներու յատուկ եւ արուեստականութեամբ այնքան տիրապետուած, բնութեան հետ հաղորդակցութենէ կտրուած եւ աղմուկով ու խճողումով խեղդուած կեանքը: Այլ՝ բնութեան մէջէն աստուածային ստեղծագործութեան անխառն ներկայութիւնը զգացնող մարդկային հարազա՛տ կեանքը միախառնուած բնութեան իսկ տարրերուն հետ: Ո՛չ սոսկ ներկայի տրոփով կշռութացող կեանքը, այլ պատմական ժառանգութեան հարուստ տուեալներով եւ ուժեղ ներգործութեամբ ապրուող կեանքը, ուր երէկը այնքան սերտօրէն այսօրին է խառնուած, դէպի ապագայ ընթացող կենսագնացութեան ճամբուն վրայ, եւ ուր այսօրուան ձայներուն մէջէն ուժգին շեշտով կը հնչեն անցեալի ձայները եւ կը նուագեն հին, բայց անմաշ «գործիքները» հայ հոգիի ինքնարտայայտութեան:

Ես չեմ կրնար աւելին ըսել կամ գրել առանց դառնալու անձնական եւ զգացական: Որովհետեւ, ամէն անգամ որ Քեսապ բառը հնչեմ, լսեմ, կամ տեսնեմ՝ ձայներ այնքան մտերիմ ներսուզութեամբ կ՚արձագանգեն իմ մէջէն իմ մէջ: Սոսկ ծննդավայր չէ ան: Ո՞վ չունի ծննդավայր: Ո՛չ մէկ ծննդավայր որպէս աշխարհագրական վայր ծնած երեխային համար նշանակութիւն ունի: Վայրը վայր է՝ ուր ալ ըլլայ այս երկրագունդին վրայ, նոյն հողն է, նոյն արեւը, նոյն օդը: Ծննդավայրը իմաստ եւ արժէք կը զգենու, երբ կը դառնայ սննդավայր: Կեանքի կազմաւորման օճախ: Անոր սկզբնադրոմշ կնիքը կը մնայ անաղարտ, անջնջելի: Մէկ խօսքով՝ երբ ծննդավայրը կը խառնուի մարդու ողջ հոգեղէն գոյութեան՝ այն ատեն կը դառնայ այն ինչ որ կարմիրն է արիւնին համար:

Հետեւաբար, այստեղ պիտի չփորձեմ արտայայտուիլ Քեսապի մասին, որուն պատկերը, պատմական, աշխարհագրական, ազգագրական, կրօնական, կրթական, տնտեսական, կենցաղական եւ ընկերային երեսներով այնքան հարազատ նկարագրումով եւ վերլուծումներով տրուած է այս հատորով, որ իր այնքան հարուստ բովանդակութեամբ եւ գիտական առողջ մօտեցումով ու մեթոտով իր տեսակին մէջ, անտարակոյս առաջինն է եւ ցարդ եղածներուն մէջ անբաղդատելիօրէն լաւագոյնը:

Այս հատորի հրատարակութեան ուրախութենէն մղուած՝ պիտի ուզէի սրտի խօսքս բաժնել իմ համագիւղացի հարազատներուն եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն, որոնց հետ, տարբեր-տարբեր երանգաւորումով, կը բաժնեմ նո՛յն արիւնը, նո՛յն հաւատքը, նո՛յն ժառանգութիւնը եւ նո՛յն ճակատագիրը:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Մարտ 27, 2023