ՏՊԱԳԻՐ ԹԵՐԹԵՐՈՒ ՄԻՋՈՑԱՒ ՔՈՐՈՆԱԺԱՀՐ ՉԻ ՓՈԽԱՆՑՈՒԻՐ

Քորոնաժահրի տարածման ուսումնասիրութեամբ զբաղող գիտնականներ քանի մը օր առաջ հաստատած են, որ ոչ հարթ  թուղթի մակերեսներ, ինչպէս՝ օրաթերթերունը, որ բաղդատած այլ թուղթի տեսակներու կամ այլ մակերեսներու՝ ողորկ կամ սահուն չէ,  չի կրնար վայրկեաններէ աւելի այդ ժահրը կրել:

Արդարեւ, Ըրլ Ճ. Ուիլքինսըն, գլխաւոր եւ գործադիր տնօրէնը Միջազգային լրատու մետիայի միութեան (INMA), ինքն է, որ առաջին անգամ յայտարարած է այս մասին, առկայ ուսումնասիրութիւններէն բացի նաեւ հիմնուելով այն փաստին վրայ, որ ցարդ կայ պաշտօնական ոչ մէկ հաստատուած պարագայ, որ իր վարակը ստացած է տպագիր մամուլէ:

Ուիլքինսըն խթանուած բազմահազար ընթերցողներու նամակներէն գիտնականներու մասնակցութեամբ ուսումնասիրութիւն մը կազմակերպած է օգնութեամբը չորս միջազգային լուրջ վարկ ունեցող հաստատութիւններու՝ ՄԱԿ-ի Համաշխարհային առողջապահական կազմակերպութեան (WHO), Հիւանդանոցային վարակներու պարբերականի (JHI), Ազգային դիւրազգացութիւններու եւ տարափոխիկ հիւանդութիւններու հիմնարկի (NIH) եւ Ճոն Իննս կեդրոնի:

Վերոյիշեալ ուսումնասիրութիւնը փաստած է, որ քորոնաժահրը համեմատաբար երկար կ՚ապրի սահուն մակերեսներու վրայ, ինչպէս՝ փլասթիքի կամ մետաղի: Սովորական՝ որոշ ողորկութիւն ունեցող հաստ թուղթի կամ խաւաքարտի վրայ ընդամէնը քանի մը ժամ կրնայ ապրիլ, մինչ օրաթերթի թուղթին վրայ ընդամէնը՝ վայրկեաններ:

Հիմնուելով արդիւնքներուն վրայ՝ Ուիլքինսըն աւելցուցած է, որ տպագիր մամուլը այլ ազդակ մըն ալ ունի ապահով ըլլալու: Այդ մէկը տպագրութեան համար գործածուած մելանին ալքոհոլի պարունակութիւնն է, ինչպէս նաեւ տպագրութեան մեքենաները՝ բնական օրերուն ալ  հականեխիչ հեղուկներով մաքրելու սովորութիւնը: Իսկ ինչ կը վերաբերի ցրւումի ատեն առկայ վտանգին, ապա տուեալներն ու փորձը ցոյց կու տան, որ ցրւումի աշխատանքէն մինչեւ ընթերցողին թերթը բռնելու պահը բաւականին ժամանակահատուած սպառած կ՚ըլլայ: Այս մէկը աւելի եւս կ՚ապահովէ ժահրին չէզոքացման պարագան:

WHO-ի պատասխանատուներ, իրենց կարգին հաստատած են, որ տպագիր մամուլը ամենաանվտանգ արտադրութիւնն է այս օրերուս եւ միշտ կարելի է մեր նախասիրած թերթը անհոգ կարդալ: «Օրաթերթին վարակ կրելու հանգամանքը  յանհունս (infinitesimal) փոքր է» հաստատած են անոնք:

Այլ պատասխանատու մը կատակով նշած է, որ ի զուր չէ, որ տարիներ առաջ դասական Ֆիշ էնտ Չիփսը օրաթերթի մէջ փաթաթուած կը ծախուէր փողոցներուն վրայ...:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Երկուշաբթի, Ապրիլ 27, 2020