ՊԱՄ, ԵՐԵՒԱՆ, ՊԱՄ (17)

Մեթրոն յանկարծակի կանգ առաւ. գրեթէ գետին պիտի նետէր Զանան, բայց քեռիին ձեռքն հասեր էր։

Այդպէս արթնցաւ Զանան բաց աչքերով երազէն, որուն հերոսները քիչ առաջուայ կայարանին մէջ համբուրուող երիտասարդներն էին։ Այդպիսի բան կեանքին մէջ տեսած չէր Զանան։ Իսկ քեռին դժգոհ էր անշուշտ. բարոյական աղաւաղման քամին անխուսափելի էր ոչ-մահմետական այս երկրին ու հասարակութեան մէջ - այդպէս համոզուած էր ինք -, բայց այնուամենայնիւ շատ շուտ հասեր էր Զանային...

Դուրս ելան մեթրոյի կեդրոնական կայարանէն։ Ամպերը կիսաբացեր էին երկինքը, արեւը ինկեր էր երկրի վրայ։ Զանայի դիմաց բացուած էր լայն ու սիրուն հրապարակը քաղաքին։ Ժամացոյցի ուղղութեամբ դարձան անոր շուրջ։ Տիգրան Մեծ փողոցի մօտ քեռին կանգ առաւ, մատով ցոյց տուաւ պարսկական ճաշարան մը, որ փակ էր այդ ժամուն, եւ ըսաւ Զանային, թէ տէրը ծանօթ մարդ էր ու վստահելի։ Յետոյ քալեց դէպի հանդիպակաց փողոց՝ Ամիրեան, զմայլած Զանան տանելով ետեւէն։

Որոշ խանութներ բացուած էին արդէն։ Զանան ուշադիր՝ մարդիկը կը զննէր։ Թէ՛ նման էին իր ճանչցած տեսակին, թէ՛ տարբեր։ Ոմանք աւելի նման էին, ուրիշները պակաս։ Կանայք, ի՛նչ խօսք, շատ տարբեր էին, իրենց հագուկապով յատկապէս։ Զանան աշխարհ մը կը բացայայտէր գրեթէ...

Ամիրեանն անցան, հասան Մաշտոցի պողոտայ։ Քեռին ձախ թեքեց անտեսանելի ղեկն իր, ու շարունակեց հաստատակամ ու շտապողական քայլերը նետել։ Ո՞ւր կ՚երթային այդպէս, մտքէն չէր անցըներ Զանան։ Անցան փողոց մըն ալ, քիչ մըն ալ յառաջացան, եւ յանկարծ կանգ առաւ Ֆարզատ քեռին։ Ձախի պատը այնքա՛ն հարազատ թուեցաւ Զանային։ Ու յանկարծ, անսպասելիօրէն, պարսկերէն տառերով կարդաց ան պատին ամրացուած ցուցանակին. «Երեւանի կապոյտ Մզկիթ»։

Քեռին հրեց դուռը, սպասեց որ ներս մտնէ Զանան։ Եկուքով քալեցին ներքին բակին մէջ, անցան պարտէզին միւս կողմը, ուր դուռ մը կար փայտեայ։ Քեռին թեթեւակի զարկաւ անոր ցուցամատի ոսկորովն իր։ Դուռը շուտով բացուեցաւ։ Փոքր աչքերով, կեռ քիթով ու կոկիկ մօրուքով շէյխ մը նայուածքը ուղղեց Զանային, յետոյ քեռիին։ Վերջինս տեսնելով՝ ժպտացին աչքերը. շէյխը բացաւ թեւերը եւ գրկեց Ֆարզատ քեռին։ Յետոյ նայեցաւ Զանայի վրայ, բարի գալուստ մաղթեց ու դարձեալ քեռիին դիմելով՝

-Թէյ կը խմէք, չէ՞...

ԵՐԱՄ

•շարունակելի

Չորեքշաբթի, Մայիս 27, 2020