«ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՀԱՆԴԷՊ ԱՌԿԱՅ ԴԺԳՈՀՈՒԹԻՒՆԸ ԲՈՂՈՔԻ ՆՈՐ ԱԼԻՔ ՊԻՏԻ ԲԵՐԷ»

Մինչ աշխարհի տարածքին քորոնա վարակը սկսած է նահանջել (մասնաւորապէս Եւրոպայի տարածքին, անդին խոցելի կը շարունակէ մնալ Հարաւային Ամերիկայի՝ Պրազիլիան, Միացեալ Նահանգներն ու Ռուսաստանը), Հայաստանի մէջ իրավիճակը բաւական մոխրագոյն, նոյնիսկ անմխիթար է։

Ամէն օր, առանց չափազանցութեան, վարակակիրներու թիւերը կը բազմանան եւ այդ մէկը անշուշտ մտահոգիչ կը դառնայ, որովհետեւ անոնց թիւին աճը կրնայ ամբողջապէս փլուզել երկրի առողջապահական համակարգը, ինչ որ կրնայ առաջնորդել առողջապահական համընդհանուր քաոսի։

Քորոնայի ընդհանուր տուեալները նշեցի պարզապէս անցում կատարելու համար քաղաքական դրութեան, որովհետեւ ամէն բանէ աւելի ու ամէն բանէ վրդովեցուցիչը եղաւ այն, որ մեր պետական մարմինները, իշխող քաղաքական ուժը, նաեւ խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական բոլոր ուժերը չգիտակցեցան ստեղծուած իրավիճակին ու դեռ ալ կը շարունակեն նոյն սխալներով, աններելի սխալներով առաջնորդուիլ։

Անշուշտ այս բոլորի մասին կ՚արժէ գրել այլ առիթով մը, սակայն աւելի քան բացայայտ է, որ Հայաստանի մէջ ներկայ քաղաքական պատկերը ոչ միայն աղօտ է, այլ նաեւ մտահոգիչ։

Իշխանութիւնները սկսած են (իրենց իսկ գործած սխալներուն հետեւանքով) տեղի տալ, իսկ միւս կողմէ ընդդիմադիր ուժերը՝ իւրաքանչիւրը իր հաշիւներէն տարուած անգամ մը եւս (եւ այս քանիերորդ անգամն ըլլալով) կը մոռնան, որ իրենց վերադարձը անհնար է (գոնէ ներկայ փուլին), այդպէսով ստեղծելով համընդհանուր անորոշ դրութիւն մը եւ Հայաստանի քաղաքացին կանգնեցնելով «կոտրած տաշտակ»ի առջեւ։

Ամէն պարագայի յաւելեալ յստակութիւն բերելու եւ քաղաքական կեանքի «փակ» համարուած կարգ մը փակագիծեր բանալ փորձելու համար, օրերս հեռավար կապով զրուցեցի Հայաստանի մէջ վերջին տարիներուն հիմնադրուած «Քաղաքացու որուշում» կուսակցութեան խորհուրդի անդամ՝ Սուրէն Սահակեանին հետ։

*

-Պրն. Սահակեան ինչպէ՞ս կը գնահատէք ներկայիս Հայաստանի մէջ տիրող ներքին քաղաքական իրավիճակը։

-Եթէ բժշկական առումով նկարագրեմ, ապա կայուն ծանր։ Կազմաքանդուած քրէա-սակաւապետական համակարգը կը ձգտի վրէժխնդրութեան։ Ընդ որում, համակարգը պատրաստ էր յանձնուելու եւ յանձնուած էր։ Այն, որ վրէժը հնարաւոր է, համոզեցին նոյն ինքն կառավարող ուժի երերուն քայլերը՝ յաճախ անվստահ, յաճախ անհեթեթութեան հասնող, յաճախ շտապողական եւ յաճախ ալ՝ անթոյլատրելի դանդաղ։ Նախկին համակարգը անմիջապէս հասկցաւ, բանիմաց, իրավիճակը պատկերացնող խումբերու մեծ մասը իրենց վերահսկողութեան տակ է եւ օրկանական անհամատեղելիութիւն ունի նոր կառավարութեան հետ։ Այս խումբերը էական պաշտօններ ստացան պետական կառավարման համակարգին մէջ, ուժեղացնելով հին համակարգի ազդեցութիւնը։ Տեսանք նենգադուլ տարրեր։ Բացի այդ, նոր կառավարութեան ու վարչապետի յուզական, մենատիրական եւ փոփոխական կառավարման ձեւը ամբողջ կառոյցը զրկեց ստեղծագործականութենէն։ Նոյնիսկ հին համակարգի ազդեցութեան տակ չգտնուող պաշտօնեաներ կը խուսափին աւելորդ նախաձեռնողականութիւն դրսեւորելէ։ Բաւականին որակեալ մասնագէտներ լքեցին համակարգը, չհաշտուելով հին կերպով գործող նոր կառոյցին հետ։ Ասոր հեռապատկերին վրայ աշխուժացաւ հիներուն հաւատարիմ պաշտօնական քաղաքական դաշտը։ Եւ այսօր օրէ օր քաղաքական ճգնաժամը կը խորանայ։

-Վերջին օրերուն երկու կարեւոր զարգացումներու ականատես դարձանք. առաջինը՝ Ռոպերթ Քոչարեանի գրաւի փոխարէն կալանքէն ազատումն էր եւ երկրորդը՝ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանի ԱԱԾ-ի կողմէ կալանաւորման առաջարկի տապալումը։ Այս երկու զարգացումներուն միջեւ որեւէ առընչութիւն, կապ կը տեսնէ՞ք։

-Հին քաղաքական համակարգը չէր կրնար գոյութիւն ունենալ առանց կախեալ դատարաններուն։ Առաջին բանը, որ քրէա-սակաւապետական համակարգը ըրած է, դատական համակարգը իւրացնելն է։ Ժամանակի ընթացքին քաղաքական շերտն ու դատական համակարգի ներկայացուցիչները սերտ կապերով միահիւսուած են իրարու։ Սակաւաթիւ դատաւորներ դուրս մնացած են այս համակարգէն։ Մնացածին, որուն կը դիտարկէք, «քաւոր-սանիկական» եւ բարեկամական այլ կապերով կապուած են պայմանական հիներուն հետ։ Անոնք նոյնպէս սերտ անհամատեղելիութիւն ունին նոր կառավարիչներուն հետ, անոնց սկզբունքներու ու կառավարման եղանակներուն հետ։ Երբ կը տեսնեն, որ նոր կառավարիչները կը տապալեն հին համակարգը եւ տեղը նորը չեն ներդներ, կը սկսին աշխատիլ անոր դէմ։ Ըստ էութեան, կարելի է ըսել, որ մեղմ պատերազմ կ՚ընթանայ մէկ կողմէ դատական համակարգին եւ միւս կողմէ գործադիր ու օրէնսդիր մարմիններուն միջեւ։ Վատն այն է, որ այս գործընթացէն դժուար է դատական համակարգի անկախացումը սպասել։ Դատական համակարգը կա՛մ պիտի շարունակէ հաւատարիմ մնալ հին համակարգին, կա՛մ ալ վարկաբեկումներու ճնշումին տակ պիտի կատարէ կառավարող ուժին պատուէրները։

Կառավարող ուժը յայտարարած էր անցումային արդարադատութեան ծիրէն ներս իրականացուող դատաւորներու զտման քաղաքականութեան մասին։ Սակայն այդ մնաց խոստումներու մակարդակին վրայ։ Գործը տեղէն առաջ չգնաց եւ այն ժամանակ ակնկալուող արդիւնքը արդէն դժուար որ ստացուի։ Այս ձախողութիւնը եւս կարելի է համարել կառավարող ուժի բացասական կէտերէն մին։

-Մետասաներորդ պահուն, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հրաժարեցաւ Մոսկուա երթալէ։ Այս որոշումը քաղաքական հիմք ունի՞, թէ պայմանաւորուած է Հայաստանի մէջ տարածուած համաճարակի սաստկացումի երեւոյթին հետ։

-Շատ դժուար է այդ վարկածներէն որեւէ մէկուն մասին համոզուած պնդում ընել։ Ես կրնամ ըսել, որ համաճարակի տարածման ու անոր դէմ պայքարին ներկայ վիճակը զիս չէր կրնար ստիպել հրաժարելու որեւէ հանդիպումէ։ Իմ պարագային այդպիսի որոշում քաղաքական հիմքեր պիտի ունենար։

-Վարչապետին բացակայութիւնը կ՚ազդէ՞ արդեօք Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւններուն վրայ։

-Այդ առումով, վարչապետի ներկայութիւնը կամ բացակայութիւնը կրնայ հետեւանք ըլլալ, ոչ թէ պատճառ։ Այնուամենայնիւ, եթէ Մոսկուա չմեկնիլը քաղաքական հիմքեր ունէր, ապա այդ վերաբերմունքը հնարաւոր կ՚ըլլար որեւէ այլ կերպով արտայայտել։ Ինքնին այդ փաստը որոշիչ ազդեցութիւն չի կրնար ունենալ։

-Ձեր կարծիքով, Հայաստանի ժողովուրդը յոգնա՞ծ է «Թաւշեայ» ճանապարհով իշխանութեան հասած քաղաքական խումբէն. արդեօք այդ յոգնածութիւնը կը վերածուի՞ համընդհանուր քաղաքական բողոքի ալիքի մը ստեղծման։

-Այո՛, ի հարկէ, որոշակի դժգոհութիւն կայ եւ այդ հիմքով նոր ներուժ մը հիմա արդէն սկսած է կուտակուիլ։ Այդ ներուժը դուրս գալու եւ փողոցը դրսեւորուելու յատկութիւն ունի, առաւել եւս, երբ Ազգային ժողովի կազմը չ՚արտացոլեր հանրութեան տրամադրութիւնները։ Ես, որպէս հանրային, այդ ներուժի փողոց դուրս գալու շարք մը դէպքերու կիզակէտին մէջ յայտնուած մարդ, կը զգամ այդ ներուժի կուտակումը։ Սակայն անիկա դեռ բաւարար չէ «կործանիչ» ուժ ձեռք բերելու համար։ Բացասական ներուժը դեռ կը շարունակուի կուտակուիլ եւ օր մը անպայման կը պայթի։

-Դուք մտահոգ է՞ք, որ նախկին իշխանութիւնները կը վերադառնան քաղաքական թատերաբեմ։

-Քաղաքական թատերաբեմէն զանոնք ոեւէ մէկը չքշեց։ Անոնք մասնակցեցան ընտրութիւններուն, հիմա ալ քաղաքական դաշտին վրայ տարբեր դէմքերով կը վերարտադրուին։ Սակայն այո, հնարաւորութիւն չեմ տեսներ, որ անոնք վերագրաւեն կառավարական լծակները։ Նախկին կառավարիչները մերժելու գործընթացը շատ խորքային երեւոյթ էր, որ դեռ երկար ժամանակ չի ջնջուիր ժողովուրդի յիշողութենէն։ Անիկա մէկ դրուագով գործողութիւն չէր, որ յաջորդ պահուն մոռցուին այն պատճառներն ու խորունկ վէրքերը, զորս այդ երեւոյթը հասցուցած էր քաղաքացիներուն։ Երբ կ՚ըսուի, թէ ժողովուրդին յիշողութիւնը կարճ է, նկատի չունին երկու տարուայ ժամկէտը։ Անոնք դեռ երկար պէտք է անցնին քաւարանի միջով եւ նոյնիսկ վերջաւորութեան կը կասկածիմ, թէ ներումի հնարաւորութիւն ստանան։

-Որպէս կուսակցութիւն ի՞նչ ծրագիրներու վրայ կ՚աշխատիք։

-Անկեղծ ըսած, սկիզբը մենք կը մտածէինք, թէ հնարաւոր է իրական քաղաքական աշխատանք տանիլ, օրէնսդրական, սահմանադրական փոփոխութիւններու վրայ աշխատիլ, ներկայացնել, բանավիճիլ ու այդպէս, մեր ծրագիրները իրականացնելով մասնակցիլ երկրի կառավարման։ Անշուշտ այդ պէտք է ըլլայ որեւէ քաղաքական ուժի եւ կուսակցութեան հիմնական նպատակը, սակայն ներկայիս քաղաքական կոչուող դաշտը, անոր դերակատարաներու փիլիսոփայութիւնը, գործելաոճը դէպի յետին ծրագիր մղած են իրական քաղաքականութիւնը։ Կուսակցութիւններու համար, հռչակուած նպատակները իրականացնելու քայլերը, մեծ հաշուով, դարձած են անիմաստ։ Լսող չկայ, բանավէճ չկայ, նոյնիսկ հարթակ չկայ, ուր այդ բանավէճերը հնարաւոր ըլլան։ Հետեւաբար մենք կը ծրագրենք մեր հնարաւորութիւններու չափով փոխել իրերու այս դրութիւնը։ Մեզի իրական քաղաքականութեան համար պայմաններ պէտք են։ Այլ տարբերակ չկայ։ Այդպիսի պայմաններ ստեղծելու մասին ալ կը մտածենք։ Անոր համար գուցէ 2018 թուականի նման գործընթաց մը հարկաւոր ըլլայ։ Եթէ այդպէս է, ապա մենք պատրաստ կ՚ըլլանք անոր, երբ այլեւս այլ ճանապարհ տեսանելի չըլլայ։

-Սփիւռքի կտրուածքով ձեր կուսակցութիւնը ի՞նչ ծրագիրներ ունի։

-Վերջին տասնամեակին, Հայաստանի մէջ սփիւռքի մասնակցութեամբ քանի մը համաժողով տեղի ունեցած է։ Ես չեմ յիշեր, որ կապերը սերտացան, առաջնահերթութիւնները փոխուեցան, գործակցութիւնը աւելի արդիւնաւէտ դարձաւ։ Մարդիկ հաւաքուած են, կենացային ճառեր ըսած են եւ իւրաքանչիւրը ետ գացած է իր մշտական բնակութեան վայրը։ Կը կարծենք, թէ այդ հետեւանք է, որ իրարմէ ակնկալիքներու ու իրարու հանդէպ պարտաւորութիւններու վերաբերեալ պատկերացումները տարբեր են։ Օրինակ, եթէ յստակեցուի, թէ սփիւռք բնակող իւրաքանչիւր հայ ինչ ակնկալիքներ ունի Հայաստանի Հանրապետութենէն, հնարաւոր կ՚ըլլայ պարզել, թէ պատրա՞ստ է արդեօք Հանրապետութիւնը ատիկա բաւարարելու։ Եթէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը յստակեցնէ, թէ ինչ ակնկալիք ունի սփիւռքի մեր ազգակիցներէն, ապա համաժողովին կը ներկայանան անոնք, որոնք այդ ակնկալիքները պատրաստ են բաւարարելու։ Այդ պարագային, համաժողովները աւելի արդիւնաւէտ կ՚ըլլան։ Եթէ այդ հնարաւոր չէ ընդհանուրին համար իրականացնել, ապա պէտք է ամէն առանձին դէպքին անհատական, թէկուզ որեւէ տիպի պայմանագիր կազմել եւ կնքել։ Թէ ոչ այնպէս ստացուած է, որ Հայաստանի սփիւռքի վերաբերեալ ակնկալիքը միայն դրամական արտայայտութիւն ունեցած է, իսկ արտօնութիւններու, իւրայատուկ վերաբերմունքի մասին սփիւռքի ակնկալիքները՝ անարդար են, հայաստանեան միւս տնտեսվարողներու նկատմամբ։

Այստեղ ես ոչ թէ սփիւռքի, այլ Հայաստանի Հանրապետութեան դերին կարեւորութիւն կու տամ։ Հայաստանի կողմէ սփիւռքին ներկայացուած այդ առաջարկը պէտք է բխի պետութեան լաւ մշակուած իրաւա-քաղաքական հռչակուած նմոյշէ մը։ Այդ նմոյշին մէջ պէտք է նշուի, թէ Հայաստան ինչպէս կը դիրքաւորէ ինքզինք աշխարհի մէջ, ինչ նիւթական կամ ոչ-նիւթական բարիք պատրաստ է տալու աշխարհին եւ ինչ կ՚ակնկալուի փոխարէնը, պետութեան համար ինչ կը նշանակէ սփիւռք հասկացողութիւնը եւ աշխարհի մէջ ապրող իւրաքանչիւր հայ ինչպէս կը պատկերացնէ իր իրաւունքներն ու ստանձնած պարտաւորութիւնները ամբողջ գործընթացներուն մէջ։ Այսպիսի երեւոյթներու հանդէպ այսօր Հայաստանի մէջ ներկայ գիտակցութիւնը ցաւալիօրէն հեռու է իտէալական ըլլալէ։

ՊԷՅՐՈՒԹԸ՝ Կ՚ԸՆԿՂՄԻ՞

Քիչ առաջ Պէյրութէն ստացած լուրերս կը յուշեն, որ Մերձաւոր Արեւելքի երբեմնի սիրտ եւ կեդրոն համարուող մայրաքաղաքը դանդաղ քայլերով կը մօտենայ համընդհանուր «Լոք տաուն» իրավիճակին։

«Լոք տաուն»ը պայմանաւորուած չէ քորոնա վարակի «պարտադրած» իրավիճակով, այլ կապուած է տնտեսական ամեհի եւ բոլոր «կարմիր գիծերը» հատող զարգացումներու հետ։

Այդ զարգացումներու ամենէն առանցքայինը, անշուշտ, ամերիկեան տոլարի աներեւակայելի (շրջանի մը համար այո աներեւակայելի էր, որ Լիբանանի մէջ տոլարը կրնայ հատել 3000 լիբանանեան ոսկիի սահմանները) մագլցումը, երբ միայն երէկ տոլարի սակը կ՚անցնէր 7000 ոսկիի սահմանը։

Տոլարի այս սղաճը իր արագ եւ աւերիչ ազդեցութիւնը պիտի ունենայ երկրի ամենատարբեր ոլորտներու վրայ ու շատ հաւանական է, որ քաղաքացիները անգամ մը եւս (եւ այս անգամ անկասելի եւ նոյնիսկ անկարավառելի) բարձրացնեն բողոքի ալիք մը, որու ընթացքին կրնան տեղի ունենալ համայնքային բնոյթի առճակատումներ։

Միւս կողմէ, այս պատկերին դիմաց երկրի քաղաքական մարմինները, որոնք գրեթէ անզօր են ազդելու երկրին մէջ ընթացող զարգացումներուն, կը շարունակեն խրատատուի ճապաղ դերով հանդէս գալ։ Անոնք լաւ գիտեն, թէ այնքան ժամանակ, որ չեն կրնար կասեցնել երկրի արժեդրոյթին արժեզրկումը, անոնց կողմէ հնչած կամ հնչող որեւէ խօսք պիտի համարուի անհեթեթութիւն։

Անցեալ հոկտեմբերին Լիբանանի մէջ սկիզբ առած տնտեսական-ընկերային «պայքար»ը մտած է բաւական մտահոգիչ փուլ ու աւելի քան յստակ է, որ այս խաղին ետին կանգնած ուժերը առանց վարանելու, առանց բարոյականութեան եւ առանց խիղճի կը միտին Լիբանանը «այրել», մէկ կողմէ տոլարի լափլիզող հրդեհներուն, իսկ միւս կողմէ՝ աղբին մէջէն իրենց սեւ հացը փնտռել ու գտնել փորձող արդէն իսկ սոված փորեր ունեցող շուարած ու շփոթահար քաղաքացիներուն միջեւ։

Այդ քաղաքացիները եւ հասարակութիւնը ապահովաբար լարուած ուժանակներ են Լիբանանը իրողապէս այրել ցանկացողներուն համար, որոնք կը փորձեն ամէն գնով միաւորներ կուտակել Իրան-Միացեալ նահանգներ մինչեւ հիմա տարուող մեծ պայքարի ուղիին վրայ։

Լիբանանը դարձած է մեծ պատանդ, իսկ լիբանանցիներու կարեւոր մէկ տոկոսը յուսահատութեան ճիրաններուն մէջ ինկած եւ անձնասպանութեան քայլերու նետուող «յեղափոխականներ» են։

Այս ալ Լիբանանի յեղափոխութեան մասին, որուն համար երկար ժամանակէ ի վեր պարարտ հող կը պատրաստուէր եւ որուն դահիճները նոյնքան ալ ներսէն են, որքան հեռու-հեռուներէն եւ Միջերկրականի ջուրերուն վրայ իր ոտքերը փռած գեղեցիկ Լիբանանէն։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Յունիս 27, 2020