ԳՈՅԱՏԵՒՈՒՄ

Վստահաբար ամբողջ Տիեզերքը իր համակարգով կ՚ընթանայ պայմանաւորուածութեամբ. մեզի յայտնի է արեգակնային դրութիւնը, յարաշարժ ու ժամանակացոյցի նման ընթացքով Արեւ լուսին աստղեր: Բայց մենք  գանք մեր Երկիր մոլորակին, ոտքերնիս թող դեգերի ցամաքամասերու վրայ, ինչ որ արդէն եղած է ու կը շարունակուի իբրեւ տեղափոխութիւն կամ գաղթ որպէս, ինչպէս որեւէ կենդանութիւն այս մոլորակի: Պրպտող մարդ արարածը հանգիստ չի կրնար մնալ թէ՛ հարցումներով եւ թէ անոնց պատասխաններով պայմանաւորուած է կարծես իր գոյութիւնը, մանաւանդ՝ գոյութեան  իմաստը, ինչ որ մարդու  յատուկ է: Մարդ արարածը, նայած իր ապրած աշխարհագրական դիրքին, վայրին, ունեցած է մասնայատուկ գոյն, ձեւ, կենցաղ, խառնուածք, որով կը տարբերի ա՛յլ վայրի  բնակիչներէն, որմէ՝ ցեղային տարբերութիւններ, կրօնական մտածելակերպի, որմէ՝ կենցաղավարութիւն, հագուստ կապուստ, մանաւանդ լեզու եւ ըմբռնումներ, որոնք բազմահազար տարիներու ընթացքին ձեւաւորուած ու կազմաւորուած են, որոնցմէ մին նաեւ հայը. այսինքն՝ մենք: Անձնապէս այս ՄԵՆՔ բառը կը դժուարանամ  գործածել, այնքան կրկնուած ու չարչարուած բառ մըն է, աւելի քան Դանիէլ Վարուժանի  Տալիթան: Սակայն փախուստ չկայ, պիտի գործածենք, եթէ պէտք ըլլայ մանրամասնութեան, պէտք է յստակեցնել:

Հօրս քով տարիքոտ անձ մը կու գար իբր այցելութիւն, եւ շատ կարճ խօսակցութեան մէջ արդէն կը լսուէր «Այնթապցի թող ըլլայ, ցեխոտ թող ըլլայ» (ի հարկէ թրքերէն, քանի որ Այնթապ, Քիլիս, Մարաշ եւ այլն ստիպուած էին տեղական լեզուն խօսիլ): Կիլիկիա չմնաց Ֆրանսան, ձգեց զայն տեղացիներուն, իսկ հայեր ապաստանեցան Ֆրանսայի հովանաւորութեան տակ մնացած Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ: Գաղթական հայեր նոր կեանքի սկսան։ Եւ ի՜նչ կեանք. բայց պէտք է ապրիլ. ապրիլ հայօրէն. եկեղեցի, դպրոց, ակումբ ընդհանուրին իսկ ընտանիքներ՝ ամէն ոք իր հասողութեան չափով։ Թիթեղ, փայտի  կտորներ, անհրաժեշտութիւններ էին «տուն» մը ունենալու, թէեւ կային նաեւ աւելի յարմարաւէտ բնակարաններ, որոնք  հասու չէին շատերու: Իմ յաճախած դպրոցս ալ՝ Սահակեան վարժարանը, կ՚ըսէին թէ զինուորական ախոռ եղած է։ Բայց ընդարձակ էր եւ ունէր դաշտ, խաղավայր: Ձմրան  տանիքը կը կաթկթէր… բայց հայը կը կերտուէր.- դպրոցներ, եկեղեցիներ, ակումբներ սունկի նման աճեցան: Հին օրերը փոխուեցան, նո՛ր մտայնութեամբ պայմանաւորուեցան: Կիլիկեան յուշերը անդենականի անցան: Նոր երկիր, նոր դար, նոր բարքեր. այս անգամ քիչ մը արաբականացած։ Տարուինի խօսքը գործնականացաւ. «Յարմարուողը կը գոյատեւէ»: Այդ յարմարուածութիւնը մարդ ի՛նք իր մէջ պիտի ունենայ նախ. բայց երբ հաւաքականութեան հետ է մեր գործը, կը նշանակէ նաեւ՝ տարակարծութիւններ անխուսափելի են, ինչ որ բնական է։ Բայց իբրեւ լոզունգ երբ «մէկ հայութիւն» ըսենք, այդ ի հարկէ կ՚ըլլայ կեղեւ եւ ոչ թէ՝ կորիզ, խօսք եւ ոչ թէ՝ գործք ու կը յիշես Կապուտիկեանի «Փշրուեցինք աստղերի պէս ու ցրուեցինք աշխարհում»ը: Աշխարհ. այսինքն՝ ձուլարան: Իսկ ով ինչ կը փնտռէ, կարելի է այս նոր դարուն։ Անկարելիութիւններ եղեր են կարելիութիւններ ու աշխարհը շրջուած է ամբողջութեամբ,  հին հասկացողութիւններ տեղի տուած են նորերու։ Հայրենիք հասկացողութիւնն ալ մանաւանդ՝ շնորհիւ «Նոր աշխարհ»ներու գրաւչութեան, ձեւով մը մեզի համար «Ուր հաց հոն կաց» գործնականացուած է լայն չափանիշով ու դեռ կը քաջալերուի ազատութեան, մարդավայել  կեանքի պիտակի տակ:

«Անձը թէ գանձը», արդէն անձ եւ գանձ միաձուլուած են այս դրամատիրական աշխարհի մէջ, որու մէջ մեր Հայրենիքն ալ կ՚ընդգրկուի… ի՞նչ ըսել։ Հարցի մը պարագային ընդհանրապէս թեր, դէմ եւ ձեռնպահներ կը գտնուին «Մէկ Հայաստան մէկ հայութիւն» լոզունգին վերոյիշեալ երեք թեւերն ալ գոյ են թէ՛ պատմական անցեալի  եւ թէ ներկայ իրավիճակի իբրեւ արդիւնք։ Հայաստան  տակաւին լինելութեան  ճամբուն վրայ է փոթորիկներով առլի։ Հին ուժեր, նոր  իրականութիւն, հայութիւնը  կ՚անհանգստացնեն. Ձայներ չեն պակսիր ոչ մէկ անկիւնէ, աշխարհի  չորս ծագերէն, մանաւանդ՝ Աւետեաց Երկրէն: Ո՞վ պիտի հանդարտեցնէ փոթորիկը, ո՞վ պիտի տայ հասարակ յայտարարը, երբ արդէն դուրսի ուժեր եւս օրն ի բուն կ՚ուզեն  ոչ միայն հայու վերացումը, այլ՝ համայն ազգերու, յանուն մէկ հասարակութեան:

Եկէք ջուր չտրամադրենք այս ազգակործան ջաղացքին:

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Շաբաթ, Յունիս 27, 2020