ՑԱՒԱԿՑԱԳԻՐ՝ ՊՈԼՍԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ

Սիրելի պոլսահայ բարեկամներ եւ գործակիցներ,

Եթէ իրաւամբ կորսնցուցինք մեծ լուսանկարիչ եւ արուեստագէտ մը՝ բայց նաեւ առիթն ունեցած եմ հանդիպելու Արային եւ նոյնինքն իր արուեստի շունչով լեցուած եւ իր անունը կրող «քաֆէ»ին մէջ։ Գործակիցս՝ Թամարը յարմար նկատեց, որ Պոլիս իմ այցելութեան մը ընթացքին՝ շատ տարիներ առաջ՝ նաեւ կրնամ հանդիպիլ եւ վայելել Արան եւ անոր մեծ տաղանդը։ Տաղանդ մըն էր ի՛ր արուեստով եւ մեծ՝ իր վաստակով։ Եւ այդ իմ կարճ հանդիպումը իր այնքան գեղեցիկ «քաֆէ»ին մէջ՝ ինծի համար մնաց արժէքի յիշատակ մը։ Արան ալ ապրեցաւ արժէքի այս կեանքը եւ մեր բոլորին տուաւ նոյնինքն այս արժէքի կեանքի հետեւելու աւանդը։ Եւ այս արժէքի աւանդի կեանքն է, որ կը շարունակուի եւ չի մահանար։ Եւ Արան ու անոր արուեստը կը մնայ։

Պոլսահայ գաղութը՝ բայց նաեւ համայն հայութիւնը հպարտ է Արայի նման արուեստագէտներ ունենալով։ Եթէ տխուր ենք իր մեկնումով՝ բայց լիցքաւորուած ենք իր արժէքի աւանդով եւ անոր կեանքով՝ զոր մեզի ձգեց որպէս ժառանգ։

Աշխարհագրականօրէն հեռու՝ բայց սրտով մօտ՝ կը բաժնեմ ձեր տխրութիւնը եւ ցաւակցութիւններս կը յայտնեմ Արայի հարազատներուն եւ ձեր բոլորին։ Սուրբ Հոգիին մխիթարութիւնը կը հայցեմ ձեր բոլորին համար։

Ցաւակցօրէն՝

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Ընդհանուր քարտուղար,
Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութիւն

 

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 27, 2018