ՀՈԳԵԳԱԼՈՒՍՏ

31 մայիս 2020-ին, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին պիտի նշէ Հոգեգալուստի տօնը, որ մեզի կը յիշեցնէ այն դրուագը պատմութեան ընթացքին՝ երբ Սուրբ Հոգին Երուսաղէմի մէջ՝ Վերնատան մէջ հաւաքուած Յարուցեալ Յիսուսի աշակերտներուն վրայ իջաւ՝ լուսաւորեց ու իմաստնացուց զանոնք, ինչպէս նաեւ զանոնք վերածեց մարմնացեալ Բանին աշխարհին բերած լոյսին աւետարանիչները: Հոգին Սուրբ, սակայն, միայն այդ ատեն չիջաւ, այլ՝ մինչեւ այսօր կ՚իջնէ, կու գայ անոնց վրայ, որոնք մաքուր սիրտով եւ զօրաւոր հաւատքով կը խնդրեն զԻնք, կը փնտռեն զԻնք:

Այս յօդուածով գրաբարէ թարգմանաբար ընթերցողներուն ուշադրութեան պիտի ներկայացնեմ Գէորգ Սկեւռացի Վարդապետէն («Մեկնութիւն Գործք Առաքելոց»էն) եւ Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի Եռամեծար Վարդապետէն («Ձմեռան» հատորէն) հատուածներ՝ Հոգեգալուստի մասին անոնց գրածներէն:

Այսպէս, Գէորգ Սկեւռացի Վարդապետը իր մեկնութեան մէջ այսպէս կը գրէ.

• «Յանկարծ սաստիկ հովի մը սուլոցին պէս ձայն մը հնչեց երկինքէն» (Գրծ 2.2):

Եփր. Սաստիկ հովի ձայն մը եղաւ այդ տան մէջ, ուր Յիսուսի աշակերտները հաւաքուած էին, եւ անուշ հոտ մը, որ կը բուրէր հովին սաստկութեէն եւ ամբողջ տունը կը լեցնէր:

Յոհ. Եւ ինչո՞ւ համար առանց զգալի օրինակի կը կատարուէր Հոգիին գալուստը: Կ՚ըսեմ, թէ հրեաներուն համար, որովհետեւ եթէ այսքան քաղցուալիս հաւաստութիւններով հանդերձ կը բամբասէին զանոնք, եթէ այդպէս չըլլար՝ ի՞նչ չէին յանդգներ ըսել: Եւ ոչ թէ բաց արձակ էր հնչումը, այլ՝ երկինքէն, ուրկէ Տէրը իջաւ, անկէ դիմելով կու գայ նաեւ Հոգին, որովհետեւ Աստուած է, որ ո՛չ թէ կողմէ մըն է, այլ՝ վերէն կ՚երեւի, երկինքէն որոտալով եւ բարձունքէն տալով Իր ձայնի զօրութիւնը: «Սաստիկ հովի մը նման եկաւ»: «Եկաւ» կ՚ըսէ ինքնիշխանաբար՝ Հոգիին Աստուածութիւնը յայտնելով: Իսկ այն, թէ «սաստիկ հովի մը պէս»՝ վայելչապէս. փշրել իբրեւ Յովնանինը Թարշիշի մէջ Աստուծմէ փախչողներուն նաւը, եւ ցոյց տալ, թէ ոչինչ կրնայ յաղթել զԻնք ընդունողներուն, այլ՝ հովէն կը ցնդին անոնց հակառակորդները:

«Եւ լեցուց ամբողջ տունը, ուր անոնք նստած էին» (Գրծ 2.2):

Եփր. Նիւս. Եւ ինչպէ՞ս հովը կը լեցնէր տունը: Յայտնի է՝ անուշ հոտով եւ պայծառ լոյսով:

Յոհ. Եւ շատ էր Հոգիին հեղումը, որպէսզի այդ վայրին մօտ եղողները հաւատան եւ արժանի ըլլան Անոր, որովհետեւ իբրեւ ջուրի աւազան մը լեցուց տունը՝ մկրտելով, որոնք վարն էին: Տակաւին, որովհետեւ այդ տունը աշխարհին օրինակ էր, որ Հոգին լեցուց իբրեւ շատ ջուրերով: Այլ՝ որպէսզի օրինադրէ մարմինի տունը մաքրել, նախ՝ բարձրագոյն վարքով, խորհուրդով վերնատունը զարդարելով՝ ուր Աստուած եկաւ, եւ ապա Հոգին հոգիները կը լեցնէր: Անոնց հետ կը նկարագրէ նաեւ եկեղեցին, ուր նախ աւազանի ջուրին մէջ իջնելով Հոգին, կը ծնի մկրտուածները Իր շնորհքով որպէս Աստուծոյ որդիներ, որով կ՚աղաղակենք՝ «Հայր մեր երկնաւոր» (Մտ 6.9): Ապա կը դնէ ահագին օրինակը:

«Բոլոր ներկաները Սուրբ Հոգիով լեցուեցան եւ սկսան տարբեր լեզուներով խօսիլ, ինչպէս որ Հոգին խօսիլ կու տար» (Գրծ 2.4):

Հոգին առնելով՝ նախ այս նշանը ցցուցին, որովհետեւ այլեւայլ լեզուներ սկսան խօսիլ, ո՛չ թէ որովհետեւ միւս նշաններէն աւելի մեծ էր, այլ՝ որովհետեւ նոր էր ու անծանօթ, քանի որ լսողները զարմացան:

Տակաւին, այդ ատեն այլ նշանի պէտք չունէին հռչակելու համար կատարուածները: Թողենք ասիկա. որովհետեւ անոնց դիմաց կար ազգերուն ու լեզուներուն քարոզելը. սկիզբը լեզուներով հարստացան, որպէսզի խիզախ կերպով համարձակին քարոզութեան: Որպէսզի աշտարակէն բաժանուածները եւ բազմաստուածութեան մէջ ցրուածները, սիրով մէկ աստուածպաշտութեան հաւաքեն: Եւ ինչպէս այնտեղ՝ մէկ լեզուն բազմաթիւ լեզուներու բաժնուեցաւ, նոյնպէս ալ այստեղ՝ բազմաթիւ լեզուներ մէկ-մէկ մարդու մէջ հաւաքուած եղաւ, որովհետեւ միեւնոյն Հոգին կը գործէր թէ՛ այստեղ եւ թէ՛ ալ այնտեղ: «Ինչպէս որ Հոգին խօսիլ կու տար» (Գրծ 2.4): Ի՞նչ կ՚ուզէ ըսել մեզի խօսիլ տալով, եթէ ոչ այս՝ թէ պէտք չէր միայն ինքն իր մէջ խորհրդաւոր կերպով խօսիլ, այլ՝ յառաջաբերական խօսքերով յայտնապէս բարբառիլ:

«Կ՚ըսէ, զարմացած կը սքանչանային բոլորը» (Գրծ 2.7):

Յոհ. Իրապէս, որովհետեւ նոր ու չքնաղ էր սքանչելիքը, վաղվաղակի առաքեալներուն կը նայէին ու իրարու կ՚ըսէին. «Այս խօսողները բոլորն ալ գալիլիացիներ չե՞ն միթէ. ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ որ մեր ծննդավայր երկիրներու լեզուներով կը խօսին, ինչպէս ահաւասիկ կը լսենք: Չէ՞ որ ահա մեր մէջ կան՝ Պարթեւներ, Մարեր, Ելամացիներ, հրեաներ եւ հրէութենէ դարձած Կրետացիներ եւ Արաբիացնիներ: Եւ ահա բոլորս ալ մեր խօսած լեզուներով իրենցմէ կը լսենք Աստուծոյ մեծամեծ գործերուն մասին» (տե՛ս Գրծ 2.7-11):

Յոհ. Արդարեւ, տե՛ս, արեւուն ելլելու տեղէն մինչեւ մայր մտած տեղը անոնց հասածը, որովհետեւ աշխարհի բոլոր կողմերէն այնտեղ հաւաքուած էին, եւ այս մէկը կը զօրացնէր առաքեալները, քանի որ եթէ խօսուածը պարթեւերէն էր, իրենք որ կը խօսէին՝ չէին գիտեր, այլ՝ զիրենք լսողներէն կ՚իմանային: Եւ թէ անունով յիշեց հրեաներուն թշնամի եղող ազգերը, ցոյց տալու համար, թէ առաքեալները բոլորին ալ յաղթեցին:

Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացին կ՚ըսէ.

Այլ, այստեղ այս հարցումն է նախ, թէ առաքելաները ինչքա՞ն պարգեւներ ստացան Սուրբ Հոգիին էջքով:

Վարդապետները կ՚ըսեն, թէ վեց տեսակի գլխաւոր պարգեւներու արժանացան անոնք:

Նախ՝ մաքրութիւն մահուան չափ մեղքերէ, որովհետեւ Հոգիին իջումէն ետք այլեւս չտիրեցին անոնց:

Երկրորդ՝ հրաշագործելու կարողութիւն:

Երրորդ՝ քարոզութեան համարձակութիւն՝ առանց երկիւղի խօսելու խօսքը ազգերուն, ժողովուրդներուն եւ թագաւորներուն դիմաց: Ինչպէս Պետրոս նոյն այդ ժամին երեք հազարը հաւատքի բերաւ:

Չորրորդ՝ կատարեալ իմաստութիւն գիտութեան՝ մարգարէներու կտակարաններուն, ըստ այնմ. «այլ՝ մեզի Սուրբ Հոգին յայտնեց, որովհետեւ Հոգին գիտէ Աստուծոյ նոյնիսկ ամենածածուկ խորհուրդները» (տե՛ս Ա. Կր 2.10):

Հինգերորդ՝ անբաժանելի միացումը Քրիստոսի սիրոյն, որ խաչելութեան ժամանակ ձգեցին ու փախան, Հոգիին էջքէն ետք բոլորն ալ Անոր անուան համար չարչարուեցան ու մեռան, ըստ այնմ. «Ո՞վ կրնայ մեզ Քրիստոսի սէրէն բաժնել, նեղութիւննե՞րը, չարչարանքնե՞րը, եւ այլն» (տե՛ս Հռ 8.35):

Վեցերորդ՝ բոլոր ազգերուն լեզուներուն գիտութիւնը, ըստ այնմ. «Սկսան տարբեր լեզուներով խօսիլ, ինչպէս որ Հոգին խօսիլ կու տար» (Գրծ 2.4):

Երկրորդ հարցումը, թէ ինչպէ՞ս տարբեր-տարբեր լեզուներ կը խօսէին:

Կ՚ըսեմ, թէ անոնցմէ է, ուր անոնք հաւաքուած էին. առաքեալ մը լեզուով մը կը խօսէր եւ իւրաքանչիւրը իր ձայնով [լեզուով] կը լսէր. Այսպէս կ՚ըսէ Նիւսացին: Իսկ Աստուածաբանը կ՚ըսէ. ուր որ պէտք էր բոլոր լեզուներով խօսիլ՝ կրնային [կը խօսէին], որպէսզի շնորհքը խօսողներուն ըլլայ եւ ո՛չ թէ լսողներուն:

Երրորդ հարցում, թէ Հօր Աստուծոյ [տօն] ինչո՞ւ չենք տօներ, ինչպէս Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին:

Կ՚ըսենք, թէ նախ համաբուն եւ համապատիւ է Սուրբ Երրորդութիւնը, որովհետեւ մէկուն փառքը՝ երեքինն է, եւ երեքինը՝ մէկուն: Դարձեալ, որովհետեւ Հայրը մարմինով չերեւցաւ ինչպէս մարմնացեալ Բանը, կամ ինչպէս Սուրբ Հոգին՝ աղաւնակերպ եւ հրաձեւ:

Վեցերորդ հարցումը, թէ ինչո՞ւ համար Քրիստոսի մկրտութեան ժամանակ Սուրբ Հոգին աղաւնակերպ երեւցաւ, իսկ առաքեալներուն վրայ՝ հրակերպ:

Կը պատասխանենք, թէ նախ Քրիստոսի մկրտութեան ժամանակ դեռ խռովութիւն էր Աստուծոյ եւ մարդուն միջեւ. Սուրբ Հոգին աղաւնակերպ իջաւ՝ որ Աստուծոյ հաշտութիւնն ու քաղցրութիւնը կը նշանակէր: Որովհետեւ աղաւնին՝ դառնութեան լեղի ընդհանրապէս չունի: Այսպիսով, Քրիստոսի մկրտութեամբ՝ Հայրն Աստուած քաղցրացաւ ու հաշտուեցաւ մարդկային բնութեան հետ. եւ անասուն ու ընտանի աղաւնին ղրկեց, որպէսզի վայրենացած մեր բնութիւնը Իր հետ տանի մեր հայրենի տունը, ուրկէ՝ երկինքէն իջաւ Սուրբ Հոգին Աստուած:

Իսկ առաքեալներուն վրայ հրակերպ երեւցաւ, ինչպէս որ վերը պատճառը ըսինք:

Դարձեալ, աղաւնին աւետաբեր է շնորհներու. ինչպէս Նոյի տապանին ձիթենիին շիւղը բերաւ. կը ցուցնէ մկրտուածներուն զանազան շնորհները. «Որովհետեւ մէկու մը Հոգիէն տրուած է իմաստութեան խօսք, եւ գիտութեան, եւ այլն» (տե՛ս Ա. Կր 12.4-11):

Իսկ հուրը կրկնակի յատկութիւն ունի, որ է լուսաւորելն ու այրելը: Կը նշանակէ, թէ Սուրբ Հոգին, որ լոյս է սրբութիւն հաւատացեալներու հոգիներուն: Իսկ անհաւատներուն՝ պատժող եւ դատապարտող, ինչպէս Անանիան ու Սափիրան դատապարտեց:

Այդ պատճառով մաղթենք եւ պաղատինք մեր հեծութիւններուն մէջ անմռունչս կերպով՝ Սուրբ Հոգի Աստուծոյ՝ շնորհներու բաշխողին, որպէսզի ազատէ մեզ յանցանքներու դատապարտութեան պատիժէն. եւ լուսաւորութեան շնորհներու ու սրբութեան պարգեւներուն սուրբ առաքեալներուն՝ մեզ եւ Իր բոլոր երկրպագուներուն հաղորդակից դարձնէ: Որ եւ Հօր Աստուծոյ՝ զԻնք Ղրկողին, եւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին, եւ էակից ու փառակից Սուրբ Հոգիին, երեք անձնաւորութեանց եւ միաբուն Տէրութեան ու Աստուածութեան, փառք, պատիւ եւ երկրպագութիւն, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

25 մայիս 2020, Վաղարշապատ  

Հինգշաբթի, Մայիս 28, 2020