«ԳՐԷ՛»

«Գրէ՛»,- կը հրամայէ միտքը:

«Ի՞նչ գրեմ»,- կը պատասխանէ ձեռքը, որ կարծես չ՚ուզեր ենթարկուիլ միտքին, բայց կը շարժի սպիտակին վրայ, կը խծբծէ շրջանակներ, վեր ու վար խառն գիծեր՝ սրտի զարկերը հաստատող մեքենայէն դուրս հոսող գիծերուն պէս:

«Գրէ՛»,- դարձեալ կը լսուի հրամանը:

«Պիտի չգրե՛մ»,- կ՚աղաղակէ ձեռքը,- «Չե՛մ ուզեր գրել նոր ու հին արիւնոտ տպաւորութիւններդ, չե՛մ ուզեր...»:

Միտքը կը շարունակէ իր լուռ պնդումները, կը վիճի ան ձեռքին ու սրտին հետ: Վէճին հետեւանքով զգացումներու հզօր հոսք մը կ'առաջանայ սրտին մէջ, զոր միտքը իսկոյն, առիթը օգտագործելով, կ'ուղղէ ձեռքին կցելով հոյլ մը պատկերներ:

Ձեռքը կը շարունակէ խծբծել, պատկերները կը յաջորդեն իրարու եւ իւրաքանչիւրը զգացում մը գրկած յորդումով մը կը բռնկի ու կը թափի էջին վրայ:

Յաղթական միտքը կը հետեւի անցուդարձին, ականատեսը կ՚ըլլայ իր կուտակներուն թօթափումին, մաքրումին եւ հանգիստ հետեւումով մը կ՚ուզէ դիտել տառերուն հոսքը ձեռքէն, բառերուն խաղը նաեւ, պարբերութիւններուն հիւսքը զգացումներուն հետ: Կը հետեւի պատկերներուն մի առ մի հոսումին եւ նիւթականանալուն:

Միտքը կ՚որոնէ բառեր տեսածներուն մէջ, բայց խծբծանքը կը շարունակուի...: Ան չ՚ուզեր ընդհատել աշխատանքը եւ կը մնայ լուռ հետեւողի դերին մէջ:

Էջին կեդրոնական հատուածի պատկերը գիծ առ գիծ կը ձեւաւորուի, կը դառնայ նախ սիւն մը, ապա ռմբակոծուած առաստաղ մը կը գծուի սիւներուն վրայ. քիչ անդին գմբէթը՝ վերանորոգուած՝ կորացած եւ սրբավայրը կը յստականայ... եւ շղթաներու օղակներ կը շարուին կառոյցին շուրջ, ուր ինկած զոյգ հրեշտակներու քանդակներուն բեկորները երկինքը կը դիտեն, իսկ ընդհանուր կառոյցին կողքին, ստուերապատ պատկեր մը կ՚երեւի, որ ատենին կառոյցին մուտքը զարդարող սրբապատկեր մըն էր, առաքեալ մը՝ բանալին ձեռքին:

Էջին վերի ձախ անկիւնը խումբ մը մարդիկ կ՚երեւին՝ հարիւրաւոր աղաղակող դէմքեր, որոնցմէ տասնիննին աչքերը փակ են, դէմքերը՝ արիւնապատ...

Հանդիպակաց՝ աջ անկիւնին վրայ կ՚ուրուագծուի անկախութենէն յուշ մը, փլատակ կոթող մը՝ «9 Մայիս 1992» փորագրութեամբ:

Էջին յատակը կը զարդարեն տապանաքարեր, գերեզմանաքարեր, հին ու նոր մեռելներու պատկերներով քարակոյտեր, որոնք մեքենաներով կը յղկուին, կը տաշուին, պատկերներէն կը մաքրուին ու ամբարձիչով կը տեղափոխուին եւ կ՚օգտագործուին նոր կառուցուող ճամբաներու համար:

Գերեզմանաքարերով կառուցուած ճամբան կը շարունակուի տարբեր ուղղութիւններով, կ՚անցնի նոր բարձունքներու, լիճերու կողքէն...

Միտքը կը շարունակէ դիտել, թէեւ ան տառեր չի տեսներ, բայց կը սպասէ վերջին հպումներուն:

Ահա ի վերջոյ միտքը զուարթութեամբ կը համակուի, երբ կը նկատէ տառերուն, բառերուն տեսքը՝ գիծերուն եւ պատկերներուն մէջ: Կը տեսնէ դպրոցի նմանող գծագրութեան մը յստականալը եւ դասարաններուն գրատախտակներուն վրայ գրուած ազատագրման նուիրուած երգերուն խառն բառերը, տառերը կը նշմարէ, սակայն հոն, գրասեղաններուն ետին ծուարած մանուկներուն փակուած բերանները տեսնելով, կը պատռի անոր զուարթութեան շապիկը եւ կը շշնջայ ինքնիրեն՝ «Երանի՜ չպնդէի»...

Ձեռքը կը շարունակէ արտայայտել յորդումը զգացումներուն: Էջին ամբողջ տարածութիւնը կ՚ուրուագծէ տարբեր, վառ գոյնով եւ կը պարուրէ պաստառը կարծես ընդհանուր շրջահայեաց գիծերով: Կը սկսի վերի ձախ անկիւնէն՝ հարիւրաւոր աղաղակող գլուխներուն գոյութեան վայրէն եւ գիծ առ գիծ կը յստականայ իգական ձախ թեքուած դէմք մը, որ դիմակերպ օղակի նման կ՚ընդգրկէ ամբողջութիւնը: Դէմքին փակ աչքէն կը հոսին չանկախութեան երեք կաթիլներ:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱ­ԶԱ­ՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Մայիս 28, 2021