Ամուսնութեան Երկո՞ւ Առաջարկ…

Կրենթ Թրիպէթ 29 տարեկան երիտասարդ մըն է, որ Միզուրի նահանգի Սէյնթ Լուիզ քաղաքէն փոխադրուելով հաստատուած էր Ինտիանա նահանգի Ուեսթ-ֆիլտ քաղաքը։ Հոն՝ ան ծանօթացած էր 26 տարեկան Քասանտրա Ռեսչըրի, որ ունէր հինգ տարեկան աղջնակ մը՝ Ատրիանա անունով։

Կրենթ՝ հաւնած ըլլալով Քասանտրան, կ՚ուզէ ամուսնական առաջարկ մը ներկայացնել իրեն։ Ան կ՚ուզէ, որ այդ առաջարկը ըլլայ իւրայատուկ։ Ուստի կ՚որոշէ վայրը՝ որ փայտէ կամուրջ մըն է (տես նկարը), Ֆիշըրս քաղաքի անտառոտ մէկ շրջանին մէջ։ Ան նոյնիսկ կը հրաւիրէ իր մէկ ընկերը, որպէսզի գաղտնաբար նկարէ զիրենք։

Ուրեմն որոշեալ օրն ու ժամը երբ կը հասնի, Կրենթ ծնկաչոք նախ կ՚առաջարկէ Քասանտրային, որ ամուսնանայ իրեն հետ եւ ապա երկրորդ առաջարկով մը կը ներկայանայ Քասանտրայի դստեր Ատրիանային՝ որ ընդունի զինք որպէս հայր։

Ապշահար եւ զգալիօրէն ուրախ՝ իրեն վերապահուած անա-կընկալէն, Քասանտրա անմիջապէս կ՚ընդունի ամուսնական առաջարկը։ Իսկ Կրենթ՝ դրական երկու պատասխաններէն ետք, կը սկսի ծրագրել հարսանիքը, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Դեկտեմբերին, 125 հրաւիրեալներով։

Ինծի համար միշտ հարց եղած էր՝ կը խոստովանի Քասանտրա, թէ եթէ նորէն ամուսնանամ, արդեօք նոր ամուսինս պիտի ընդունի՞ Ատրիանան որպէս հարազատ զաւակ։ Եւ ահա, կ՚եզրակացնէ ան, իմ փափաքս իրականացաւ Կրենթի երկրորդ առաջարկով։

Ան հասաւ իր մուրազին՝ դուք ալ հասէք ձեր մուրազին, պիտի ըսէր հայ հէքեաթագիրը…

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՈԴԻՍԱԿԱՆԸ…

Քարմէն եւ Լուփիթա Անտրատէ երկուորեակ քոյրեր են, որոնք մարմնով ալ միացած են իրարու (տես նկարը)։ Անոնց մայրը՝ Նորմա Սոլիս, Մեքսիքայէն զիրենք փոխադրած էր Քընէթիքէթ նահանգի Նիւ Միլֆըրտ քաղաքը՝ երբ անոնք տակաւին երեխայ էին։

Հիմա երկուորեակները 16 տարեկան դեռատի աղջիկներ են եւ դէմ յանդիման կը գտնուին ուրիշ խոչընդոտի մը, որուն համար սկսած են պայքարիլ։ Անոնք՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ կեցութեան օրինաւոր դրութիւն չունին եւ կրնան մէկ օրէն միւսը աքսորուիլ, եթէ իրենց մօր աշխատանքի իրաւունքը չնորոգուի։ Սա Նախագահ Թրամփի ծրագիրներէն մին է, որու հիման վրայ ան շահեցաւ ընտրապայքարը։

Հիմա անցնինք միաւորուած երկուորեակ քոյրերու մարմնի կազմութեան մանրամասնութեանց, առ ի գիտութիւն ընթերցող հասարակութեան։ Ուրեմն, իւրաքանչիւրը ունի իր անհատական սիրտը, թոքերն ու ստամոքսը։ Սակայն անոնց մարսողական, արեան շրջագայութեան եւ արգասաւորման կազմերը հասարակաց են եւ առ այդ՝ վիրաբուժական գործողութեամբ զանոնք անջատելը անհնարին է։

Այժմ անոնք կը պատրաստուին համալսարանական ուսման դիմելու, երկրորդական վարժարանը աւարտելէ ետք։ Անոնք հաշտուած են իրենց իրավիճակով եւ յաճախ զիրար կը սփոփեն, երբ դժուարութեանց հանդիպին։

Հոս պէտք է աւելցնեմ, որ վերոյիշեալ երկուորեակները բաւական համարձակ են եւ չեն վարանիր երբեք արտայայտելու իրենց որդեգրած ուղեգիծը՝ ըլլայ այդ ընկերային, քաղաքական թէ բարոյական բնագաւառներէն ներս։

Գիտէք ինչ, ըլլալ «հաշմանդամ» եւ ընդունիլ զայս ու տակաւին պայքարիլ իրենց դաւանած սկզբունքներուն ի նպաստ՝ քաջութիւն է ու մեզի կը մնայ յաջողութիւն մաղթել իրենց ու վերջ։

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Երկուշաբթի, Օգոստոս 28, 2017