ՆՈՐ ԳՈՐԾՕ՞Ն, ԹԷ ԳՈՐԾԻՔ

Վերջին շաբաթներուն միջազգային հանրութեան համար գլխաւոր օրակարգ մը կայ՝ Աֆղանիստան։

Ձեւակերպում, որ Հարաւային Ասիոյ տարածքաշրջանը մտած է բոլորովին նոր փուլ մը։ Չափազանցութիւն չէ, եթէ պահ մը հաշուի նստինք այն փաստին հետ, որ Աֆղանիստանի հարեւանները այսօրուան կտրուածքով կը համարուին միջազգային գլխաւոր գերտէրութեան՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մեղմ ըսած՝ մրցակիցները։

Խօսքը մասնաւորապէս Չինաստանի մասին է, որուն Աֆղանիստանի հետ ունեցած սահմանը զանազան առումներով կը համարուի ճանապարհային մեծ հանգոյց ու Չինաստանի «երազ»ին՝ «Մետաքսի ճանապարհ»ին գլխաւոր դռներէն մին։

Մինչ այդ, քիչ մը աւելի հեռուն երթալով Աֆղանիստանի անվտանութիւնը, ապահովութիւնն ու կայունութիւնը անհրաժեշտ են Ռուսաստանի կշիռով ապրող նախկին Խորհրդային Միութեան կազմէն շարք մը երկիրներու համար, որոնք նոյնպէս սահմանակից են Աֆղանիստանին։

Միւս կողմէ, անշուշտ կայ Իրանի պարագան, որ բոլոր զարգացումներուն առընթեր ակնդէտ կերպով կը հետեւի զարգացումներուն՝ միշտ փորձելով «ձեռնպահ» մնալ եւ Քապուլի մէջ կատարուած խմորումները դիտարկել սառն ու հաւասակշռուած մօտեցումներով։

Ամէն պարգայի աւելի քան հետաքրքրական է, որ մինչեւ Քապուլի Թալիպան շարժումի տիրապետութեան տակ իյնալը օրակարգը բոլորովին այլ էր, իսկ այսօր բոլորովին այլ։

Այդ օրերուն յառաջ կը քաշուէին դաւադրական «համ ու հոտ»ով բազմապիսի վարկածներ, որոնք բոլորն ալ հինցած եւ ուռած վէրքի մը պէս «գլուխ» կը կազմէր ու կը պայթէր թալիպանններու նոր-հին գործիչ ըլլալու «փաստ»ին վրայ, որ սակայն մինչեւ օրս չունեցաւ ամբողջական պատկեր եւ իմաստաւորում։ Այս վարկածը յառաջ քաշողները շատ մը պարագաներու իրաւացի են, այն իմաստով, որ ԱՄՆ-Թալիպան բանակցութիւնները վերջին օրերուն չիրականացան, նաեւ այն կարեւոր հանգամանքը, որ Թալիպան վեց ամսուան փոխարէն ընդամէնը շաբաթներու մէջ կարողացաւ տարածուիլ ամբողջ երկրով մէկ ու անխափան ձեւով հասնիլ մայրաքաղաք Քապուլ։

Քապուլի անկումը այս տեսանկիւնէն դիտուած բաւականին մեծ զարգացում պէտք է համարել ո՛չ միայն Աֆղանիստանի ներքին զարգացումներու տեսակէտէն, այլեւ՝ տարածքաշրջանային առումով։

Դէպի ո՞ւր կը վազէին Թալիպ զինեալները մինչ այդ գրաւումը եւ հիմա դէպի ո՞ւր կը յարեն իրենց աչքերը։ Ի՞նչ է անոնց հեռակայ նպատակը ու ամենակարեւորը՝ «գործօն» ըլլալու կարեւոր հիմունքէն ետք, անոնք գետնի վրայ պիտի դառնան ԱՄՆ-ի այնպիսի գործիք մը, որ քաղցկեղի պէս տարածուին Հարաւային Ասիոյ շրջաններուն մէջ ու այդպիսով ալ օգնութեան հասնին՝ ամերիկացիներուն։

Անշուշտ, այս բոլորը երկար ժամանակի վրայ տրուած կարեւոր հարցադրումներ պիտի հանդիսանան՝ հաշուի առնելով յատկապէս այն փաստը, որ Աֆղանիստան որպէս երկիր եւ որպէս տարածք ունի բաւականին խճճուած ու խայտաբղէտ պատկեր մը։

Քապուլը «սիրելի» մայրաքաղաք եւ մեծ երազ համարած Թալիպան շարժումին համար կարեւոր ժամանակներ են, այն իմաստով, որ այս անկիւնադարձային օրերուն պիտի վճռուի անոնց ընելիքը ու անոնք աշխարհին հետ պիտի խօսին, կամ կրնան խօսիլ բոլորովին նոր ծրագրով։

Աւստրալացի յայտնի լրագրող Սթէն Կրենթ վերջերս իր հրապարակած յօդուածին մէջ կը խօսէր «Վատ Թալիպան»ի եւ «Լաւ Թալիպան»ի տեսակներու մասին, որոնք ունին բոլորովին տարբեր առաջնահերթութիւններ ու մօտեցումներ։ Մինչ առաջին խմբաւորումը ունի «ահաբեկչական» մօտեցումներ, անդին երկրորդ՝ «Լաւ Թալիպան»ը կրնայ երկար տարիներէ ի վեր արիւնագամուած եւ վիրաւոր Աֆղանիստանի եւ տանջուած աֆղանցիներուն «բուժիչ»ը դառնալ։

Այս առումով է նաեւ, որ վերը գրածս անգամ մըն ալ կը կրկնեմ, ըսելու համար, որ այդ մեծ երկիրը՝ ճանապարհներու եւ Ասիոյ դռները բացող երկիրը կ՚ապրի բոլորովին նոր փուլ մը, որուն մէջ մեծ դեր պիտի ունենայ դեռ մինչեւ երէկ ահաբեկչական շարժում համարուող Թալիպանը։

Ամէն պարագայի այս բոլոր զարագումներուն զուգահեռ՝ կայ մեծ եւ օրակարգային խնդիր մըն ալ, որ կը խօսի այդ երկրի ընդհանուր նկարագրին մասին, ըստ որուն, ինչքան ալ մեծ ու հզօր ըլլան զայն իշխելու միտող ուժերը, մէկ է Աֆղանիստանը եւ պիտի մնայ անպարտելի։

Աֆղանցիք գեղեցիկ խօսք մը ունին, որ առնուազն վերջին քսան տարիներուն «կը շպրտէին» ամերիկացիներու երեսին։ Այդ խօսքը մասնաւորապէս կ՚ըսէր ՝ «Դուք Աֆղանիստանը գրաւողներ ձեր ձեռքին ունի շքեղ ժամացոյց, սակայն կը մոռնաք, որ ժամանակը մենք ենք... մենք այս հողի տէրն ենք, այստեղ ծնած ենք, այստեղ ապրած ենք, այստեղի համար պիտի կռուինք ու եթէ հարկ ըլլայ, պիտի մեռնինք յանուն այս հողին...»։ Գեղարուեստական ոճով «խմբագրուած» այս խօսքը միայն խօսք չէ, որովհետեւ աֆղանցին, ինչ ալ ըլլան պայմանները, կը սիրէ իր երկիրը ու կառչած է իր հողին...։

Իսկ նոյն Թալիպները ինչքանո՞վ ունակ են ստանձնելու գործօնի իրենց նոր դերը։ Այդ հարցումին պատասխանը պիտի թողունք ժամանակին, յուսալով նաեւ, որ անոնք իրենց համար լարուած զանազան թակարդներուն մէջ չեն իյնար ու այդ տանջահար երկիրն ու ժողովուրդը դուրս կը բերեն ամեհի ցաւերէն ու կորուստներէն։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

*

Մեր մեկնաբան աշխատակից Սագօ Արեանի յառաջիկայ երկուշաբթի օրուան հերթական սիւնակին մէջ կարդալ՝ Աֆղանիստանի վերաբերեալ յայտնի մասնագէտ Վահէ Պոյաճեանի տեսակէտները, որոնք ան յայտնած է հեռավար ձեւաչափով։

Շաբաթ, Օգոստոս 28, 2021