Ի՞ՆՉ ԲՆՈՅԹԻ ԲԱՌԱՐԱՆ ԿԸ ՊԱԿՍԻ ՄԵՐ ԲԱՌԱՐԱՆԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԲԱԶՄԱԲՆՈՅԹ ՆՄՈՅՇՆԵՐՈՒՆ ԿՈՂՔԻՆ

Ճիշդ է, որ ամէն բնոյթի բառարան ունինք. թէ՛ բացատրականն ու թարգմանականը, թէ՛ ստուգաբանականն ու դարձուածաբանականը, թէ՛ բարբառայինն ու մասնագիտականը, թէ՛ բառակազմականն ու ուղղագրականը եւ այլն: Կարելի է «Նայիրի» կայքէջը մտնել ու այս բոլորը ստուգել հոն տեղւոյն վրայ. մէկը միւսէն արժէքաւոր աշխատութիւններ: Սակայն մեր բառարանագրութեան բազմաբնոյթ նմոյշներուն կողքին մեզի կը պակսի հատ մը եւս, այո՛, ոչ-նուազ կարեւոր, քան վերոյիշեալները:

Հեղինակային նորակազմութիւններու բացատրական բառարան մը...

Թերեւս ոմանք ինքնաբերաբար մտաբերեն Ֆրիտրիխ Խլղաթեանի Բառարան տեղեկատուն (Նոր բառեր եւ իմաստներ, 1982), Փառանձեմ Մեյթիխանեանի Նոր բառերի բացատրական բառարանը (1996), Սեդա Էլոյեանի Արդի հայերէնի նորաբանութիւնների բառարանը (2002), ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետուեան Գիտութեան ազգային ակադեմիոյ Հրաչեայ Աճառեանի անուան լեզուի ինստիտուտի գիտական խորհուրդին որոշումով հրատարակուած «Նոր բառեր»ը՝ երեք պրակներով (2015, 2016, 2017), ու իրաւացիօրէն հարցնեն, թէ ասոնք ի՞նչ են, եթէ ոչ նորակազմութիւններու բառագիրքեր:

Շատ տեղին հարցում մը:

Առաջին հերթին, եթէ դէմ չէք, մէյ մը արագ ակնարկ մը նետենք յիշեալ մի քանի բառարաններուն վրայ՝ տեսնելու համար, թէ ի՛նչ բնագաւառներէ վերցուած են հոն ընդգրկուած նորակերտ բառերը: Օրինակ՝ Ֆրիտրիխ Խլղաթեան իր յառաջաբանին մէջ կը գրէ. «Ժամանակագրական տեսակէտից բառարանը հիմնականում համապատասխանում է 70-ական թուականներին, մինչեւ 1980 թուականը ներառեալ: Նիւթերը քաղուած են այդ շրջանի մեր հանրապետական մամուլից» (էջ 4): Շեշտենք՝ «70-ական թուականներին, մինչեւ 1980 թուականը ներառեալ» եւ «հանրապետական մամուլ»: Իսկ Փառանձեմ Մեյթիխանեան կ՚ըսէ. «[...] սոյն բառարանը փորձում է [...] ներկայացնել վերջին երկու տասնամեակների հայոց լեզուի նոր բառապաշարը՝ ըստ մամուլի, ազգային եւ թարգմանական գեղարուեստական գրականութեան, գիտատեխնիկական նիւթի» (էջ VI): Այստեղ մամուլէն բացի ունինք նաեւ այլ բնագաւառներ ու համեմատաբար աւելի երկար ժամանակահատուած մը՝ երկու տասնամեակ:

Միւս բառարաններուն մէջ ալ գրեթէ նոյն բացատրութիւնը պիտի գտնէք:

Ա՛րդ, իմ առաջարկածս բոլորովին տարբեր է վերոյիշեալներէն: Բացատրեմ, թէ ի՛նչ է ան. բառարան մը, որ պիտի ընդգրկէ մեր դասական հեղինակներուն (արեւելահայ ու արեւմտահայ) բոլոր նորակազմութիւնները (բառաբարդում ու բառածանցում) անխտիր՝ իրենց իմաստներով: Կարեւոր չէ, թէ այդ նորակերտ բառերէն որո՛նք քաղաքացիութեան իրաւունք ստացած են մեր մէջ, որո՛նք՝ ո՛չ, որո՛նք կը համապատասխանեն հայերէնի բառակազմական օրէնքներուն, որո՛նք՝ ո՛չ: Ասոնք ուրիշ հարցեր են:

Այստեղ միջանկեալ նշեմ, որ, օրինակ, Նոր բառերի բացատրական բառարանին մէջ կարելի է հանդիպիլ որոշ հեղինակներու՝ Յովհաննէս Շիրազի (թափառավաչ, ժայռաբերձ, ծեծընթաց, յուսավիշտ, մահախոնջ եւ այլն), Պարոյր Սեւակի (ժանգաթոյն, ինքնաբեկել, ճշմարտածին, նորաքանքար, որդեսերում եւ այլն), Ռազմիկ Դաւոյեանի (աբելածին, բազմազեհ, դեղնաթիկնոց, զուգահանդէս, լուսաթաւիշ եւ այլն) եւ այլոց բառաբարդութիւններուն: Նոյնը կը վերաբերի նաեւ Արդի հայերէնի նորաբանութիւնների բառարանին, ուր նմանապէս կան բազմաթիւ ՀԱՅՐԵՆԻ հեղինակներ, ինչպէս՝ Համօ Սահեան, Վահագն Դաւթեան, Հրանդ Մաթեւոսեան եւ այլն, ու անոնց յօրինած նոր բառերը, որոնք, սակայն, տրուած են որոշակի ընտրութեամբ ու, հետեւաբար, չեն ներկայացներ այս գրողներուն բառաստեղծական ամբողջ վաստակը:

Ինչո՞ւ կարեւոր է այս բառարանը:

Նախ որովհետեւ անոր շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ վերջնականապէս լուծել հիմնական խնդիր մը. նորակազմութիւններու հեղինակային պատկանելիութիւնը: Այս ուղղութեամբ կա՛ն անշուշտ ուսումնասիրութիւններ, այն ալ մեծ թիւով, օրինակ՝ Լուսինէ Աւետիսեանի «Տիրան Չրաքեանի պոէտիկան» (2005, Երեւան), ուր «Չրաքեանի ոճի առանձնայատկութիւնը» գլուխին մէջ անդրադարձ կատարուած է Ինտրայի՝ բացառապէս «Ներաշխարհ» գիրքին մէջ գործածած բառաբարդումներուն, ինչպէս նաեւ Պարոյր Աղպաշեանի «Արեւմտահայ գրողներու լեզուամտածողութիւնն ու բառապաշարային շերտաւորումները» (2006, Պէյրութ) աշխատասիրութիւնը, ուր վեր հանուած են շարք մը գրողներու՝ Արփիար Արփիարեանի, Եղիա Տէմիրճիպաշեանի, Մելքոն Կիւրճեանի, Թլկատինցիի, Գրիգոր Զոհրապի, Տիգրան Կամսարականի, Լեւոն Բաշալեանի եւ Մուրացանի ստեղծագործութեանց բառապաշարի շերտերը: Կան նաեւ առանձին յօդուածներ, զորս կարելի չէ հոս մէկ-մէկ յիշատակել. կը գոհանանք այս երկու օրինակներով: Որքան ալ արժէքաւոր ըլլան այս հետազօտութիւն-ուսումնասիրութիւնները,- եւ ե՛ն բնականաբար,- անկարելի է կանխել շփոթը, որուն հաւանականութիւնը շատ մեծ է, եւ խուսափիլ սխալներէ: Ահա թէ ի՛նչ կը գրէ Սուսաննա Գրիգորեան իր «Նորակազմութիւնները Կոստան Զարեանի չափածոյում» գիտական յօդուածին մէջ. «Իհարկէ, չպէտք է մոռանալ, որ քանի դեռ հրապարակի վրայ չկան բոլոր գրողների ու բանաստեղծների բառարանները, հեղինակային նորաբանութիւնների ստոյգ որոշման խնդիրը յղի է սխալներով ու թիւրիմացութիւններով, եւ դժուար է ճշգրտօրէն որոշել որեւէ գրողի հեղինակային նորակազմութիւնները. դրանց հեղինակային պատկանելութեան մասին կարելի է խօսել միայն որոշակի վերապահումով» («Հայերէնագիտութեան հիմնահարցեր եւ զարգացման հեռանկարներ», էջ 49, 2015, Երեւան): Մնաց որ արդէն յիշեալ ուսումնասիրութիւնները կեդրոնացած են ընդամէնը մէկ կամ մի քանի հեղինակներու ու անոնց նորաբանութիւններուն վրայ՝ այն ալ առանց բառիմաստային դոյզն բացատրութեան (միայն Լ. Աւետիսեանը մի քանի բառերու նշանակութիւնը տուած է): Իմ առաջարկածիս ամենամօտը կարելի է նկատել Արտաշէս Պապոյեանի «Պարոյր Սեւակի չափածոյի բառարան»ը՝ թէ՛ ձեւով ու թէ՛ բնոյթով: Այդտեղ ընդգրկուած են Սեւակի կազմած շուրջ 1150 նոր բառերուն գրեթէ մեծամասնութիւնը՝ իմաստներով հանդերձ:

Երկրորդ՝ այս բառարանին շնորհիւ՝ այն բոլոր նորակազմութիւնները, որոնք տարածում չեն գտած մեր գրական լեզուին մէջ ու դուրս կը մնան բոլոր բացատրական բառարաններէն, պարզ ու հասկնալի պիտի դառնան ընթերցող լայն հասարակութեան համար: Անոնց գրքային կամ զուտ հեղինակային կարգավիճակ ունենալը պայմանաւորուած է զանազան հանգամանքներով. բառակազմական օրէնքներու հետ անհամապատասխանեցում, բարդ կամ ո՛չ-թափանցիկ կառոյց, դիպուածական կամ արհեստական բնոյթ եւ այլն: Այս բոլորը ըմբռնելի են: Սակայն ինչ ալ ըլլան անոնց կառոյցն ու բնոյթը, ընթերցողին ամենատարրական իրաւունքներէն մէկն է հասկնալ զանոնք: Կարելի չէ ակնկալել, որ ան ինքնիրեն ենթադրութիւններ կատարելով կռահէ անոնց նշանակութիւնը: Անոնք, որոնք պէտք եղած ենթահողը ունին, այսինքն՝ բաւարար չափով գիրք կարդացած են, կրնան որոշ չափով գլուխ հանել այս դժուարին գործը, բայց միւսնե՞րը: Օրինակ՝ առնենք Ինտրայի բառաբարդումներէն մի քանին՝ զոհրայրք, ծովաժուարդ, բալրջերանգ, վարդոսկեհուր, ժանտարերք, ոսկելաժուարդ, ծածկայուն, թրթռողկոյզ եւ այլն: Ա՛րդ, եթէ ընթերցողը որեւէ բառարան չունենայ իր կողքին, ինչպէ՞ս, ո՞ր երկնային ուժով ան պիտի յաջողի ընկալել ասոնց իմաստային նրբերանգները: Կա՛մ ինք պիտի փորձէ «ձեռնարկել» այդ աշխատանքին, ու իր բոլոր ջանքերը ձախողութեան պիտի մատնուին, կա՛մ ուրիշի մը պիտի հարցնէ, որ նոյնպէս վստահ չէ, ու կիսատ-պռատ պատասխաններ պիտի ստանայ: Այլ խօսք, որ արդէն Ինտրայի ոճը բարդ է առանց այս բառային նորաբանութիւններուն, ու զայն ամբողջապէս հասկնալու համար պէտք է կա՛մ բանասէր ըլլալ, կա՛մ ալ գրականագէտ:

Ահա թէ ինչու անհրաժեշտ է ունենալ Հեղինակային նորակազմութիւններու բացատրական բառարան մը, որ, սակայն, այնքան ալ դիւրին գործ չէ: Ան կը պահանջէ, ամէն բանէ առաջ, անվերջ պրպտում եւ ուսումնասիրութիւն, մեծ բծախնդրութիւն ու, ամենակարեւորը, համբերութիւն, որովհետեւ սա երկար տարիներու աշխատանք է, կարելի չէ մէկ օրէն միւսը այսպիսի ծաւալուն ծրագիր մը կեանքի կոչել: Բացի այդ՝ մէկ հոգի չի կրնար այս բոլորին «տակէն ելլել»: Անհրաժեշտ է ձեւաւորել առնուազն տասը հոգինոց խումբ մը, ուր քով-քովի գան այս ոլորտին մասնագէտները ու միասին լծուին աշխատանքի: Եւ այնպէս մը չէ, որ այդ մասնագէտները կը պակսին մեզի: Չէ՛, ունի՛նք, փա՜ռք Տիրոջ, ոչ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ սփիւռքի մէջ: Այդ առումով մտահոգուելու տեղիք չկայ:

Սակայն խնդիրը այսքանով չ՚աւարտիր: Նման մեծ ծրագիրներ կը պահանջեն նոյնքան մեծ դրամագլուխներ, ապա թէ ոչ մի՛միայն ծրագիր կը մնան անոնք: Բայց ո՞վ պիտի յատկացնէ այդ դրամագլուխը,- մեծ հաստատութիւն մը, ինչպիսին է՝ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւնը: Կան նաեւ այլ հաստատութիւններ ալ, մանաւանդ Հայաստանի մէջ, որոնց հետ կարելի է գործակցիլ այս նպատակով:    

Ծրագիրը կա՛յ, մարդուժն ալ կա՛յ, կը մնայ զայն նախաձեռնելը։

ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2020