ԿՈՏՐԱԾ ՏԱՇՏԱԿԻ ՎՐԱՅ

Հայաստանի առկայ քաղաքական ճգնաժամի, նախատեսուած արտահերթ ընտրութեան եւ Կովկասի նոր տարածքաշրջանային իրավիճակին շուրջ զրուցեցինք Երեւանի Պետական համալսարանի դասախօսներէն՝ քաղաքագէտ Գարիկ Քեռեանի հետ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք մեր տեսակցութեան սղագրութիւնը։

*

-Պրն. Քեռեան, Հայաստանի մէջ այսօր ի՞նչ գործընթացներ տեղի կ՚ունենան։ Խօսքը, անշուշտ, արտահերթ ընտրութիւններու օրակարգին մասին ալ է եւ, ըստ երեւոյթին, այդ առումով ընդդիմութեան շարքերուն մէջ որոշ խնդիրներ կան: Կարծէք թէ՝ խաղ մը կը ձեւաւորուի քուլիսներու մէջ: Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք քաղաքական դաշտի ընդհանուր պատկերը։

-Հայաստանի մէջ արդէն բաւական երկար ժամանակ է, որ կ՚երկարաձգուի ներքին քաղաքական ճգնաժամը: Այս վերջինը հետեւանքն է առաջին հերթին գործող իշխանութիւններու օրինականութեան անկման, ինչ որ, իր հերթին, հետեւանքն էր վերջին պատերազմին Հայաստանի ծանր եւ խայտառակ պարտութեան: Այսինքն՝ մինչեւ պատերազմը, պարզապէս, ընդդիմութիւն-իշխանութիւն պայքարը կ՚ընթանար ընկերային, տնտեսական, հակափտածութեան հարցերուն շուրջ եւ քաղաքական «սեւացրէք»ի ճանապարհով։ Պատերազմը կարծես վերջակէտ դրաւ եւ ամբողջ քաղաքական պայքարը տեղափոխեց այլ հարթութիւն: Այդ հարթութիւնը հետեւեալն է. ընդդիմութիւնը կը պնդէ, որ կայ քաղաքական ճգնաժամ եւ իշխանութեան օրինականութեան անկում, հետեւաբար պէտք է երթալ արտահերթ ընտրութիւններու: Փաշինեանի քաղաքական ուժը քանի մը անգամ իր դիրքաւորումը փոխեց։ Սկիզբին անոնք յայտարարեցին, որ չ՚ըլլար այդպիսի բան։ Յետոյ ընդունեցին եւ առաջարկեցին ընտրութիւններ. այս անգամ ալ ընդդիմութիւնը մերժեց՝ ըսելով, որ միայն Փաշինեանի հրաժարականէն յետոյ հնարաւոր է ընտրութիւններու երթալ։ Ապա հարցը տեղափոխուեցաւ երրորդ փուլ: Երբ ընդդիմութիւնը, ըստ էութեան, չկարողացաւ ժողովրդական ճնշմամբ ստիպել Փաշինեանը հրաժարական տալու եւ Փաշինեան նկատեց, որ չի կարողանար բացայայտ առաւելութիւն ձեռք բերել ընդդիմութեան դէմ, տեղի ունեցաւ իշխանութիւն-ընդդիմութիւն ուժերու միջեւ հաւասարակշռում։ Փաշինեան կատարեց երկրորդ յայտարարութիւն մը՝ արտահերթ ընտրութիւններու վերաբերեալ։ Սա էականօրէն փոխեց քաղաքական իրողութիւնները, որովհետեւ ընդդիմութեան երկու յառաջատար կուսակցութիւնները՝ «Բարգաւաճ Հայաստան»ը եւ Վանէցեանի գլխաւորած «Հայրենիք»ը յայտարարեցին, որ պիտի մասնակցին ընտրութիւններուն: Մէկ այլ ընդդիմադիր ուժ՝ «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւնը, որ թէեւ չէր միացած փողոցի պայքարին, բայց խորհրդարանին մէջ արմատական ընդդիմութիւն է՝ նոյնպէս յայտարարեց, որ կ՚ընդունի ընտրութիւնները: Եւ այսպէսով երկրորդ առաջարկը, որ ըստ պարտաւորութեան կ՚ըսէ, թէ պիտի ըլլան ընտրութիւններ, քաղաքական պայքարը տարաւ նոր իրավիճակի եւ, բնականաբար, հանգուցալուծումը պէտք է ըլլայ ընտրութիւններով: Բայց ես կ՚ուզեմ ըսել, որ այդ հապճեպ ընտրութիւնները կրնան չլուծել քաղաքական ճգնաժամը, որովհետեւ ենթադրենք, եթէ ընտրութիւններուն յաղթէ Նիկոլ Փաշինեան, ապա կը կարծեմ՝ այս պարագային ընդդիմադիր ուժերը պիտի յայտարարեն, որ իշխանութիւնը օգտագործած է գործադիր վարչութեան իր միջոցները եւ այդպէսով հասած յաղթանակի։ Արդարեւ, հիմա անոնց ամբողջ քարոզարշաւը կը յենու այն կէտին վրայ, թէ գործող իշխանութիւնը չի կրնար կազմակերպել արդար ու անաչառ ընտրութիւններ: Ուրեմն, այս պարագային, ճգնաժամը չի յաղթահարուիր, որովհետեւ պարտուած ընդդիմութիւնը պիտի չընդունի իր պարտութիւնը: Իսկ եթէ իշխանութիւնները պարտուին, ապա այդ պարագային շատ հաւանական է, որ պարտութենէն ետք ըլլան ներքին քաղաքական անդրքուլիսեան մանիփիւլասիոններ։ Որպէս հետեւանք՝ այժմու իշխանական ուժը, որ ամէն պարագայի՝ կը կարծեմ, թէ 25-30 տոկոսի ներկայութիւն մը պիտի ունենայ, կարող է պաշտօնաբաժանումի կամ արտօնութիւններու բաժանման միջոցաւ կազմել համախոհական կառավարութիւն մը՝ այլ կուսակցութիւններու պատգամաւորական խմբակցութիւններու հաշուին։ Եւ, բնականաբար, սա նոյնպէս ձեւով մը կրնայ բարդացնել իրավիճակը: Եւ երրորդ վարկածը. եթէ իշխանական կուսակցութիւնը զգայ, թէ շատ աւելի ծանր պարտութիւն մը պիտի կրէ, այդ կէտէն սկսեալ զանազան պատճառներ հնարելով կրնայ ընտրութիւնները չկատարել։ Պատրուակ կրնան ծառայել քորոնաժահրի վարակումներու բարձր թիւեր կամ սահմանային իրավիճակի լարում։ Նոյն նպատակին կրնայ ծառայել նաեւ նոր ընտրական օրէնսգիրքի մը ընդունուիլը, որովհետեւ այդ մէկը պատրաստ չէ եւ այդ պատրուակով ընտրութիւնները կը յետաձգուին մինչեւ աշուն: Հիմա հարիւր տոկոսով կանխատեսելի չէ, թէ այս երեք վարկածներէն ո՛ր մէկը պիտի իրականանայ եւ ի՛նչ հունով պիտի ընթանայ քաղաքականութիւնը։ Բաւական դժուար է ենթադրել: Որպէս քաղաքագէտ՝ ես այս երեքէն դուրս ուրիշ բան չեմ տեսներ:

-Խօսելով ընտրական օրէնսգիրքին մասին, ձեր կարծիքով, ո՞րն է աւելի ճիշդ։ Համամասնակա՞ն թէ բաց համամասնական (ռէյթինկային) ընտրակարգը… Արդարեւ, այսօր խօսակցութիւններու հիմնական նիւթ դարձած է, թէ Հայաստան ինչպիսի՞ օրէնքով մը պէտք է ձեռնարկէ ընտրութիւններու։

-Իշխանութիւնները այդ օրէնքը խիստ կը քննադատէին, երբ իրենք ընդդիմութիւն էին: Երբ 2017 թուականին ռէյթինկային ցուցակով յաղթեց Հանրապետական կուսակցութիւնը, Սերժ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ, ամբողջ ընդդիմադիր դաշտը եւ մենք՝ փորձագէտներս համոզուեցանք, թէ այդ ռէյթինկայինը շատ անյարմար բան մըն է։ Սա ո՛չ համամասնական է եւ ոչ ալ մեծամասնական: Պատկերացուցէք, որ 1.5 միլիոննոց երկրին մէջ 2000-է աւելի թեկնածու կար։ Այնպիսի խառնաշփոթ մըն էր, որ ես՝ քաղաքագիտութեան դասախօս ըլլալով հանդերձ, ուսանողներուս չեմ կրցած բացատրել, թէ ի՛նչ կը կատարուէր: Թէ ո՞ր երկրի փորձառութենէն օգտուելով ընդունած էին այդ օրէնքը, չեմ գիտեր։ Ես չեմ հանդիպած, սակայն, կ՚ըսէին, թէ մէկ-երկու երկրի մէջ փորձուած է այդ մէկը։ Բոլոր ժողովրդավարական երկիրները կա՛մ մաքուր մեծամասնականը որդեգրած են (ինչպէս՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Անգլիա) կամ ալ մաքուր համամասնականը (ինչպէս՝ Ֆրանսա եւ Իտալիա): Շատ հին ժողովրդավարական աւանդութիւնններով երկիրներու մէջ պարզ է. երբ մարդը կը քուէարկէ կուսակցութեան մը ի նպաստ, կուսակցութիւնը իր պատգամաւորական տեղերը կը ստանայ՝ համաձայն իր հաւաքած ձայներուն: Ի հարկէ, պէտք է մտցնել համամասնական պարզ սովորական համակարգ: Բայց որքան տարօրինակ է, որ այժմու իշխանական քաղաքական ուժը մեծ հաճոյքով չընդունեց նոր ընտրական օրէնսգիրք պատրաստել եւ 2018-ի դեկտեմբերին իրենք ընտրութիւններուն մասնակցեցան՝ ռէյթինկային ընտրակարգով՝ իբրեւ թէ չհասցուցած ըլլալով փոխել։ Բայց ապրիլէն մինչեւ դեկտեմբեր՝ ահագին ժամանակ կար այդ մէկը փոխելու համար։ Եւ մինչեւ հիմա՝ 2021 թուականը, նորէն չէ փոխուած ատիկա եւ այժմ այս հարցը կրկին կը բարձրացնեն ընտրութիւններէն առաջ: Ես կ՚ենթադրեմ, որ ամէն պարագայի այդ համակարգը ստեղծուած է՝ մէկ քաղաքական ուժի մենատիրութիւնը ապահովելու համար։ Ասոր համար հնարաւոր է, որ հիմա ալ ձգձգուի, չընդունուի նորը եւ ընտրութիւնները կատարուին հին օրէնսդրութեամբ, իսկ որոշ ընդդիմադիր ուժեր կը նախընտրեն այժմու օրէնքով ընել ընտրութիւն, որպէսզի յանկարծ 20 յունիսի ընտրութիւնները չտապալուին: Ճիշդը այն է եւ ընդհանուր քաղաքական ճգնաժամի յաղթահարման տրամաբանութիւնն ալ այն է, որ ընդունուի պարզ, հասարակ համամասնական, թէկուզ ժամանակաւոր ընտրակարգ մը, արագ կատարել ընտրութիւնները։ Եւ մինչեւ միւս ընտրութիւնները աշխատիլ եւ աւելի կատրելագործուած ընտրական օրէնսգիրք մը կազմել։

-Այնպէս կը թուի, թէ Արեւմուտք-Արեւելք, այսինքն՝ ԱՄՆ-Ռուսաստան մեծ պայքարի ընդհանուր ծիրին մէջ Կովկասէ ներս իրավիճակը չթէժացնելու ճիգ մը կայ։ Արդեօք համաձա՞յն էք այս տեսակէտին։ Եւ կ՚ըսուի, որ այդ «ձեւաչափ»ը պահպանելու կոչուած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան։ Կա՞յ նման բան մը: Այս բոլորէն բացի արդէն իսկ ակնյայտ սկսած է դառնալ, որ Արեւմուտքը շատ ալ հետաքրքրուած չէ Կովկասով՝ թողելով, որ տարածքաշրջանի մէջ առկայ ռուս-թրքական պայմանաւորուածութիւնները միս ու ոսկոր ստանան։

-Նախ հաստատենք, որ Արեւմուտքը գործած է բազմաթիւ ռազմավարական սխալներ։ Արեւմուտքը թոյլ տուած է, որ Ատրպէյճան հակամարտութեան լուծման երթայ ռազմական ճանապարհով։ Արեւմտեան պլոքը եւ ԱՄՆ ունէին լծակներ՝ այդ բանը թոյլ չտալու համար։ Արդարեւ, այս պատերազմին Ատրպէյճան յաղթեց շնորհիւ Թուրքիոյ մասնակցութեան, իսկ Թուրքիան ՆԱԹՕ-ի անդամ է եւ ԱՄՆ կրնար դերակատարութիւն մը ունենալ: Բայց տեսանք, որ ԱՄՆ ընդհանրապէս չխառնուեցաւ՝ պատճառաբանելով, որ ընտրութիւններ ունի։ Իսկ Եւրոպական Միութեան առաջատար երկիրները «խուլ եւ համր» եղան՝ բացառութեամբ Ֆրանսայի մէկ-երկու յայտարարութիւնը: Բնականաբար, պատերազմի աւարտէն վերջ Արեւմուտքը տեսաւ, որ, ըստ էութեան, դուրս մնաց Կովկասէն եւ այստեղ արդէն հարց լուծողը Ռուսաստանն է եւ Թուրքիան։ Այս վերջնոյն կրտսեր գործընկերն է Ատրպէյճանը: Իրավիճակը աւելի բարդացաւ այն հանգամանքով, որ Իրան նոյնպէս չպաշտպանեց Հայաստանը եւ աւելին՝ շնորհաւորեց Ատրպէյճանը: Հիմա հասկնալով, որ կորսնցուցած են ազդեցութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ՝ Սպիտակ տունէն կամ Փենթակոնէն կը հնչեն յայտարարութիւններ, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը աւարտած չէ։ Սա չի նշանակեր, որ անոնք մեր շահերը կը պաշտպանեն... Եթէ հայկական շահերը պաշտպանելու ըլլային, ապա երեսուն տարուայ մէջ կը ճանչնային Լեռնային Ղարաբաղի ինքնորոշման իրաւունքը։ Ինչո՞ւ, օրինակ, Քոսովայինը հապճեպ ճանչցան, իսկ Լեռնային Ղարաբաղինը՝ ոչ։ Որովհետեւ այնտեղ շահեր ունէին, իսկ այստեղ առանձնայատուկ հետաքրքրութիւն չունէին եւ դեռ ալ չունին: Նաեւ իրենց աւելի շատ կը հետաքրքրէր Ատրպէյճանը՝ աշխարհագրական իր դիրքով եւ ուժանիւթի ճամբաներով: Հիմա Արեւմուտքը կը փորձէ վերակենդանացնել հարցը եւ բանակցային գործընթացի մը սկիզբը ապահովել, որպէսզի դարձեալ իր բաժինը ունենայ այդ գործընթացներէն: Բայց, ռուս-թրքական, նաեւ Ռուսաստան-Թուրքիա-Իրան համագործակցութեան ձեւաչափը թէ՛ Սուրիոյ եւ թէ Հարաւային Կովկասի մէջ շատ լաւ կ՚աշխատի։ Բացի այդ, Հայաստան այլընտրանք չունի դաշնակցի հարցով, ստիպուած է ռուսական թելադրանքով յառաջ երթալ։ Հետեւաբար ներկայ պահուն, չեմ տեսներ, որ Արեւմուտքի լուրջ միջամտութիւնով մը այստեղ կրնայ փոխուիլ իրավիճակը:

-Դուք Հայաստանի անվտանգութեան վերաբերեալ մտավախութիւններ ունի՞ք՝ Արցախի, Տաւուշի եւ Սիւնիքի կապակցութեամբ:

-Ես մտավախութիւն չունիմ, որովհետեւ այդ մէկը արդէն հարուածի տակ կը դնէ Ռուսաստանի շահերը։ Պարզապէս, մեր հայկական դիւանագիտութիւնը տհաս է եւ անհեռատես, չունի այդ ռազմավարական-քաղաքական միտքը։ Նոյնիսկ եթէ ինծի պէս մարդիկ կան, ապա անոնք այս լսարանէն անդին չեն աճիր: Ռուսաստանի համար թիւ մէկ խնդիրը Ատրպէյճան մուտք գործելն էր ռազմական ներկայութեամբ եւ այդ մէկը ինքը փայլուն կատարեց: Ան Լեռնային Ղարաբաղը կը պահէ ո՛չ թէ որպէս երկիր կամ պետութիւն, այլ իրեն համար՝ որպէս յենարան, իր ռազմակայանը եւ ռազմական ներկայութիւնը ապահովելու եւ ամենէն կարեւորը՝ որպէս «մահակ» Ատրպէյճանի քիթին հարուածելու համար: Ռուսաստան չթողեց, որ Ատրպէյճան ամբողջ Լեռնային Ղարաբաղը գրաւէ, ատրպէյճանցիք շատ հանգիստ կրնային ընել այդ բանը։ Թուրքերը զայրացած էին Ալիեւի վրայ, որ դանդաղեցաւ: Ռուսերը մտան եւ փաստօրէն պաշտպանեցին այդ մահակը. մահակ մը, որ պէտք է թէ՛ Հայաստանի գլխուն հարուածելու եւ թէ Ատրպէյճանի գլխուն խփելու համար։ Այս է ռուսական քաղաքականութեան ամբողջ իմաստը: Այսօր Ռուսաստանի շահերէն չի բխիր այս 30 հազար քառակուսի քիլօմեթր երկրի ոչնչացումը (նկատի ունի՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը)։ Որովհետեւ այստեղ կայ երկրորդ ռազմակայան մը, որովհետեւ սա ճամբայ մըն է դէպի Իրան, նաեւ մահակ մըն է Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն մէջ, որպէսզի ռուսերը կարենան կացութիւն ստեղծել։ Այդ հրադադարի պայմանագիրի կամ սահմաններու հարցին միջոցով անոնք կը ջանան զիջումներ «կորզել», եւ երբ ստանան այդ զիջումը, դարձեալ կը փաթթուին թուրքերուն հետ եւ կ՚ողջագուրուին, իսկ մենք կրկին կը մնանք կոտրած տաշտակի վրայ:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Մարտ 29, 2021