«ԿԵՍԱՐԻ ՕՐԷՆՔ»ՈՎ ԱՄՆ ՍԱՍՏԿԱՑՈՒՑ ԻՐ «ՊԱՏԵՐԱԶՄ»Ը ՍՈՒՐԻՈՅ ԵՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԴԷՄ

Հակառակ «Քովիտ-19» համավարակով պայմանաւորուած իրավիճակին, Մերձաւոր Արեւելքի դրութիւնը կը շարունակէ մնալ պայթուցիկ։

Խօսքը այս անգամ միայն զինուորական-ռազմական զարգացումներուն մասին չէ, այլ այն ինչ որ տեղի կ՚ունենայ, առընչուած է ամիսներէ ի վեր առկայ տնտեսական պատերազմին, որուն միջոցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ կը փորձէ տիրանալ այն բոլորին, որուն չկարողացաւ հասնիլ 2011 թուականէն ի վեր։

Այլ խօսք, որ Միացեալ Նահանգներ նման դրամական ճնշումներու ճամբով, կամ «Կեսարի օրէնք»ի ուժով պիտի հասնի՞ իր մուրազին, աւելի քան բացայայտ է, որ Սուրիոյ եւ մասնաւորապէս Լիբանանի մէջ հասարակութեան ամենատարբեր շերտերը յայտնուած են հիւծման ճանապարհին, ինչ որ աւելիով կրնայ երեւելի դարձնել այս երկիրներուն համար նախատեսուած ներքին քաոսը։

Ի դէպ, ԱՄՆ-ի կողմէ գործի դրուած այս նոր քաղաքականութեան կիրառումը առաջին անգամ երեւելի դարձաւ նախկին նախագահ Պարաք Օպամայի օրերուն։ Այդ օրերուն էր, որ Սպիտակ տան թիւ մէկ բնակիչը եկաւ այն եզրակացութեան, թէ հասարակութեան համար աւելի քան ցնցիչ է երկրի սահմաններէն դուրս տարբեր պատերազմներու ընթացքին ամերիկացի զինուորներու զոհուելու երեւոյթը, որ ոչ միայն կ՚ազդէր քուէարկողներու ընդհանուր տրամադրութեան վրայ, այլ նաեւ կրնար ներամերիկեան տագնապերու դուռ բանալ։

Այսօր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կը շարժի նոյն մարտավարութեամբ, որն է հեռու մնալ «ամերիկեան արիւն» թափելու կամ «նուիրաբերել»ու ընթացքներէն եւ փորձել ամերիկայի հակառակորդները ծունկի բերել «դրամական պատերազմ»ին միջոցաւ։

Անշուշտ Տանըլտ Թրամփ այս խաղը առաջ կը տանի բաւական բարձր արհեստավարժութեամբ՝ գործի դնելով ԱՄՆ-ի գաղտնի սպասարկութեանց խնդրի եւ Մերձաւոր Արեւելքի մասին հաւաքագրած ամբողջ «տաթա պէյս»երը, հասնելու համար վերջնական նպատակի մը, որուն իրականացումը, կամ հանգուցալուծման կարեւոր մէկ հատուածը պէտք է իրականացուի նախքան Ամերիկայի նախագահի ընտրութեան ընթացք առնելը։

Առկայ խաղը, որ մասնաւորաբար սկսաւ կիրարկուիլ շուրջ տասն օր առաջ, յայտնի է (ինչպէս վերը նշեցի) «Կեսարի օրէնք» անունով, որուն կիրառմամբ ԱՄՆ խստագոյն պատիժներու պիտի ենթարկէ բոլոր անոնք, որոնք ուղղակի կամ նոյնիսկ անուղղակի կապեր ունեցած են Սուրիոյ իշխանութիւններուն հետ։

Այստեղ ուշագրաւ է նաեւ, որ այս պատիժները թիրախ պիտի դարձնեն այն մարդիկն ու ընկերութիւնները, որոնք տարբեր ճանապարհներով կարողացած են մեծ քանակութեամբ ամերիկեան տոլար մատակարարել եւ ուղարկել դէպի Սուրիա, այդպէսով ապահովելով այդ երկրի ներքին շուկայի հիմնական պէտքերը։

Նոյնը կը կատարուի Լիբանանի պարագային, ուր տեղի ունեցած «տոլարի պատերազմ»ը թիրախ դարձուցած է ոչ միայն «Հիզպուլլահ»ը, այլեւ ամբողջ երկրի հասարակութիւնը՝ հեռահար նպատակ ունենալով ստեղծել ներքին լարուածութիւն, նաեւ համաժողովրդային բողոքի ալիք, որու իբրեւ արդիւնք երկիրը տանիլ ամբողջական փլուզման եւ քաոսի։

Ամէն պարագայի Սուրիոյ ընդհանուր պատկերը ունենալու նպատակով՝ օրերս հեռավար զրոյց մը ունեցայ հալէպահայ գրող եւ հասարակական գործիչ Յակոբ Նալպանտին (Տըլտլեան) հետ, որուն անունը զանազան առիթներով երեւցած է թերթի սիւնակներուս մէջ։

Ստորեւ հարցազրոյցը՝

ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԱՂԷՏԱԼԻ ԻՐԱՎԻՃԱԿ. ԹԱՐՄ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐ՝ ՀԱԼԷՊԷՆ

-Ի՞նչ բանի կը վերագրէք Սուրիոյ տնտեսութեան ապրած այս ծանր եւ տագնապալի իրավիճակը. ի՞նչ են իրական պատճառները։ Սուրիական թղթոսկին ալ անկանխատեսելի անկում կրեց, այս ընթացքով դէպի ո՞ւր կ՚ընթանայ երկիրը։

-Պատերազմը տարբեր երեսներ ունի՝ զինուորական, քաղաքական եւ տնտեսական: Սուրիան վերոշեալ պատերազմի բոլոր հանգրուանները խորապէս ապրեցաւ, յաղթանակներ ու պարտութիւններ ունեցաւ: Այժմ միջազգային հանրութիւն կոչուած մեծ մեքենան շատ ուժեղ ձեւով կը ճնշէ Սուրիոյ արդէն քայքայուած տնտեսութեան վերջին գործօններուն վրայ:

Տասը տարի պատերազմ մղող, շրջափակման մէջ գտնուող երկրի մը տնտեսութիւնը անխուսափելիօրէն պիտի կրէր ծանր հարուածներ: Լիբանանի դրամատնային համակարգին մէջ տեղի ունեցած վտանգաւոր փոփոխութիւնները շատ խոր ազդեցութիւն գործեցին Սուրիոյ տնտեսական համակարգին վրայ, որովհետեւ Սուրիան գտնուելով շրջափակման մէջ, Լիբանանի դրամատնային համակարգը կ՚օգտագործէր որպէս կամուրջ՝ Սուրիոյ եւ համաշխարհային տնտեսութեան միջեւ։ Դէպի Սուրիա կատարուող տնտեսական գրեթէ բոլոր գործարքները տեղի կ՚ունենային լիբանանեան դրամատուներու միջոցով։ Իսկ երբ Արեւմուտքի կողմէ դիտաւորեալ ծագած Լիբանանի տնտեսական ճգնաժամի պատճառով սուրիացի վաճառականներու միլիառաւոր տոլարներու հասնող գումարները յանկարծ փոշիացան եւ, ըստ որոշ աղբիւրներու, նոյնիսկ այդ գումարները ծրագրուած ձեւով դուրս հանուեցան Լիբանանի դրամատնային համակարգէն, սուրիական լիրան ստացաւ մեծ հարուած եւ արձանագրեց իր պատմութեան ամենացած ցուցանիշները։

Սուրիական ներքին ճակատին վրայ նոյնպէս տեղի ունեցաւ ահռելի տնտեսական պատերազմ, որու հիմնական դերակատարը Էսատի քեռորդին՝ Ռամի Մախլուֆն էր, որ վերջին 30-40 տարիներու ընթացքին ձեւաւորուած էր տնտեսական որոշակի համակարգ: Պետութիւնը ուզեց այս համակարգը դարձնել աւելի թափանցիկ եւ արդիւնաւէտ՝ ի շահ սուրիական տնտեսութեան: Այս ցնցումը եւս շատ բացասականօրէն ազդեց սուրիական արդէն իսկ մաշած տնտեսական համակարգին վրայ:

Տնտեսական այս անկայուն վիճակը նոյնիսկ պատճառ դարձաւ, որ Պեշար Էսատ միջամտէ եւ դադրեցնելով վարչապետի լիազօրութիւնները, նոր վարչապետ նշանակէ Հիւսէյին Արնուսը: Այժմ սուրիական լիրայի վիճակը ձեւով մը անկումներէն սանձուած վիճակ ունի, իսկ երկրին մէջ կան ահռելի տոկոսներ գնաճի, որու ծանրութեան տակ երկրին մէջ սովի սահմաններուն մօտեցող տնտեսական լարուած եւ փխրուն իրավիճակ կը տիրէ:

-Տնտեսական իրավիճակի սրացումը ձեւով մը դարձած է Արեւմուտքի համար նոր զէնք՝ Սուրիոյ վրայ ճնշումներ գործադրելու համար. համաձայն է՞ք այս տեսակէտին եւ ի՞նչ կը նախատեսէք։

-Արեւմուտքը այս գոյացած տնտեսական իրավիճակին երկար սպասած էր եւ զայն բծախնդրօրէն ծրագրած։ Երբ Արեւմուտքը իր նպատակին չհասաւ զինուորական դասական ձեւերով, գործի դրաւ, այսպէս կոչուած, «Plan B»ն, որ տնտեսական հզօր ճնշումներու ճամբով Սուրիոյ կառավարութենէն պիտի փորձէ զիջումներ կորզել։ ԱՄՆ-ն նոյնիսկ Քոնկրէսէն եւ Ծերակոյտէն ներս օրէնք ընդունեց «Կեսարի օրէնք»ի անուան տակ, որ 17 յունիսին ուժի մէջ մտաւ։ Այդ օրէնքը իր մէջ կը պարունակէ ծանր կէտեր եւ անոր միջոցով Սուրիան պիտի յայտնուի տնտեսական շատ ծանր իրավիճակի մէջ: Այստեղ հետաքրքրական պիտի ըլլայ դիրքորոշումը Ռուսաստանի, որն, ի դէպ, սուրիական ծովեզերեայ քանի մը նաւահանգիստներ աշխատցնելու իրաւունք ձեռք ձգած է Սուրիոյ կառավարութեան որոշմամբ:

-Ինչպիսի՞ն է հալէպահայութեան վիճակը: Տնտեսական այս ծանր վիճակները ի՞նչ ազդեցութիւն կ՚ունենան հայկական համայնքին վրայ։

-Հալէպահայութիւնն ալ անմասն չի կրնար մնալ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած տնտեսական այս ծանր տագնապի հետեւանքներէն: Սուրիոյ բոլոր խաւերու մակարդակով կը տիրէ տնտեսական աղէտալի վիճակ: Թերեւս այս վիճակը հալէպահայութիւնը մղէ հիմնաւորուած եւ աւելի լուրջ կերպով մտածելու հայրենադարձութեան մասին, որովհետեւ հորիզոնին վրայ տակաւին խաղաղութեան ծիածանի երանգները չեն ուրուագծուած Սուրիոյ մէջ:

-Եթէ Սուրիան կարողանայ դիմակայել տնտեսական բնոյթի այս պատերազմին, ի՞նչ զարգացումներ կրնան տեղի ունենալ։

-Գուշակութիւններ չեմ կրնար ընել, թէ Սուրիան ինչպիսի ձեւերով եւ մեթոտներով պիտի դիմակայէ այս տնտեսական ծանր վիճակը, որուն մէջ յայտնուած է: Ամէն ինչ կախեալ է մեծ տէրութիւններու տնտեսական եւ ժէօ-փոլիթիք շահերու իրարու բախման արդիւնքներէն։ Եթէ միջազգային մեծ դերակատարները հասնին ընդհանուր յայտարարի՝ Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծման շուրջ, ապա հնարաւոր է, որ Սուրիան վերածուի տնտեսապէս զարգացած, իւրայատուկ երկրի մը, կամ ալ, հակառակ պարագային, Սուրիան պիտի վերածուի Սոմալի կամ Աֆղանիստանի նման անկայուն երկրի մը:

-Ի՞նչպէս կարողացաւ Սուրիան դիմագրաւել «Քովիտ-19» համավարակը եւ ի՞նչ գնահատականներ կարելի է տալ երկրի առողջապահական ընդհանուր իրավիճակին։

-Բարեբախտաբար Սուրիոյ մէջ «Քովիտ-19»ը բացասական ազդեցութիւն չունեցաւ, երկրին մէջ արտակարգ դրութիւնը դադրած է, կեանքը կ՚ընթանայ բնականոն հունի մէջ: Ես Սուրիոյ մէջ ինքնամեկուսացող առաջին քաղաքացիներէն էի. երբ վերադարձայ Երեւանէն, պետութիւնը մեզ Դամասկոսի մէջ մեկուսացուց եւ բարձր մակարդակի վրայ սպասարկեց՝ բժշկական եւ այլ առումներով: Այն հանգամանքը, որ Սուրիան պատերազմի պատճառով մեկուսացման մէջ կ՚ապրի եւ օդակայանները օդանաւեր համարեայ չեն իջներ, դրականօրէն ազդեց «Քովիտ-19»ի նուազ տարածման գործընթացին վրայ, ինչ որ անշուշտ բարեբախտութիւն մը եղաւ սուրիացիներուն համար։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յունիս 29, 2020